Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Արտալիբանանեան Օրակարգեր

Հոկտեմբեր 12, 2021
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ճգնաժամը կառավարութեան կազմութեամբ լուծուած տեսնելու պարզամտութիւնը չի կրնար համոզել ոեւէ մէկը: Կայ սակայն քաղաքական գործընթացի տեսանելի բեմագրութիւն մը, որ մէկ քայլ առջեւ-երկու քայլ ետեւ տեղապտոյտի շարժում կը ստեղծէ:

Սղաճէն բխող ծանր հետեւանքներ:

Սնունդի խոր տագնապ, միաժամանակ օժանդակութիւններու տրամադրում` ամբողջովին սովամահ չդարձնելու համար աղքատացած խաւը:

Վառելանիւթի հերթերու ցրուում` անոր գինի աստիճանական ազատականացումով: Այլ խօսքով` ոչ այնքան մը, որ ամբողջովին սառի երթեւեկը:

Դեղորայքի չգոյութիւն, որոշ դեղատեսակներու գիներու կտրուկ մագլցում, միաժամանակ քրոնիկ հիւանդութիւններու դեղերու նախկին գիներով սպասարկում, կամ` առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ թէկուզ ուշացումով տրամադրում:

Պետական ելեկտրականութեան  ամբողջական անջատում, միաժամանակ բանակին կողմէ վառելանիւթի պահեստէն տրամադրում` ամբողջական հոսանքազրկումի չերթալու:

Ազգային դրամանիշի արժեզրկում, աշխատավարձերու փոշիացում, միաժամանակ պաշտօնեաներու պարգեւավճարներու յատկացում եւ մանաւանդ արտաքին օժանդակութիւն:

Այս օրինակներուն շարքը կարելի է երկարել: Կը թուի, որ հասարակութիւնը ոտքի պահելու ծրագիր մը կը գործէ տարբեր ուղղութիւններով: Ժամանակի թիրախը` խորհրդարանական ընտրութիւններն են:

Այն տպաւորութիւնը ստեղծուած է, որ ընտրական եղանակը բացուած է արդէն եւ յայտարարութիւններ, կանխատեսումներ եւ  լրատուական հաղորդումներ նիւթը կը շօշափեն ուղղակի եւ հետզհետէ թափով:

Խորհրդարանական ընտրութիւնները միայն ներլիբանանեան օրակարգ չեն. արտաքին  պահանջ են եւ միջազգային ընտանիքի առաջադրանք նոյնիսկ:

Հիմա անցանք արդէն արտաքին-միջազգային հարթութիւն` այնտեղ նկատելու համար ուղերձներ, ուղղակի յայտարարութիւններ եւ գործնական քայլերու միտող նախադրեալներ: Պարզ է, որ կառավարութեան կազմութիւնը ունէր արտաքին համաձայնութիւն: Ձեւաչափը աւանդական է, եւ որքան ալ անկուսակցական նախարարներէ բաղկացած ըլլայ կառավարութիւնը, անիկա ունի համաձայնութիւնը համայնքային-կուսակցական համալիբանանեան դրուածքին: Կառավարութեան հիմնական գործառոյթը ընտրութիւններ կազմակերպելն է: Մինչեւ այդ ընտրութիւններու կազմակերպումը բարեկարգումներ իրականացնելն է: Ժամկէտները նեղ են, եւ կառավարութիւնը պէտք է վազէ քառասմբակ:

Միջազգային ընտանիքին համաձայնութեամբ իրանեան վառելանիւթը հասաւ եւ դեռ պիտի հասնի Լիբանան: Իրանեան վառելանիւթը չի լուծեր այս մարզին վերաբերող ընդհանուր տագնապը, բայց կը կատարէ թթուածինի գործողութեան դերը: Այս պարագային, ուշագրաւը արտօնութիւնն է: Հիմա Թեհրանը կը խոստանայ շարունակել ո՛չ միայն վառելանիւթի, այլ նաեւ տարբեր կենսանիւթերու առումով օժանդակութիւններ, պայմանով սակայն, որ համագործակցութիւնը ըլլայ կառավարութեան մակարդակով: Լիբանանի ֆինանսական պաշարումը թուլցնելու յայտարարութեամբ Իրան կը ճեղքէ նաեւ իր դէմ կիրարկուող պատժամիջոցային օղակը: Կը հետեւին այս բոլորին ամերիկեան յայտարարութիւնները` պատժամիջոցներու կարեւոր բաժինի վերացման գծով:

Պէյրութը աշխարհաքաղաքական օրակարգերու քննարկման ընդհանուր թղթածրարին մէջ նկատելի բաժին է արդէն: Իրանի արտաքին գործոց նախարարի այցելութիւնը Պէյրութ կը յաջորդէր անոր Մոսկուա կատարած գործուղման: Հիմա ճիշդ նոյն ճամբով Պէյրութ կու գայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին  օգնականը: Վերը արձանագրուած հաստատումները կը հիմնաւորեն պաշտօնական լրահոսի այն բաժինները, որոնք կը պարզաբանեն ամերիկացի դիւանագէտին այցելութեան նպատակը: Նախարարին օգնականը Պէյրութ կը ժամանէ քաղաքացիական շարժումներու ներկայացուցիչներուն եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ քննարկելու համար բարեկարգումներու գործադրութիւնն ու յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Պէտք չէ վրիպի ուշադրութենէ, որ լրահոսը քննարկումի իբրեւ կողմեր նախ կը ներկայացնէ քաղաքացիական շարժումներու ներկայացուցիչները, ապա գործող իշխանութիւնը: Տրուող առաջնահերթութիւնը քաղաքականութիւն կը նախանշէ:

Ֆինանսական պաշարում, ճգնաժամ, հետեւաբար` դժգոհ զանգուած: Դժգոհութեան ալիքի բարձրացում խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին: Լիբանանեան թղթածրարի շուրջ իրանաամերիկեան առեւտուր: Բացուող պատուհաններ` շնչահեղձ չդարձնելու համար փակուած տարածքներու վրայ ապրող ժողովուրդը, որ պէտք է վերածուի քուէի, միջոցի տարածաշրջանային-աշխարհաքաղաքական օրակարգերու լուծման համար:

Բարեկարգումը հրամայական է անշուշտ. բայց ոչ միջոց` արտալիբանանեան ծրագիրներու գործադրման:

«Ա.»

Նախորդը

Հռոմի Պապը Ընդունեց Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեանը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Ռուսական Անձնագիրներով 6 Մարդիկ Ձերբակալուած Են Լրտեսութեան Կասկածանքով

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?