– Հարիւրաւոր Բժշկական Ամսագիրներ Միացած Են Կլիմայի Փոփոխութեան Հրատապ Կոչով-
– Պաշտպանական Մեքենականութիւններ(Defense Mechanisms)
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Հարիւրաւոր Բժշկական Ամսագիրներ Միացած Են Կլիմայի Փոփոխութեան Հրատապ Կոչով
(Նոյնիսկ Ջերմաստիճանի Փոքր Բարձրացումները Կրնան Կործանարար
Ազդեցութիւն Ունենալ Համաշխարհային Առողջութեան Վրայ)
Բժշկական աւելի քան 200 նշանաւոր ամսագիրներ, անցեալ ամսուան ընթացքին միացած են կլիմայի փոփոխութեան առնչութեամբ շտապ գործողութիւններու կոչ ուղղելով:
Միացեալ յայտարարութիւնը, որ հրատարակուած է NEJM-ի մէջ (The New England Journal of Medicine), կը նախազգուշացնէ, որ համաշխարհային ջերմաստիճանի արագ բարձրացումը կրնայ պատճառել «առողջութեան աղէտալի վնաս, որ անկարելի է վերականգնել»:
«Հակառակ աշխարհին «Քորոնա»-ով զբաղուածութեան` մենք չենք կրնար սպասել, որ համաճարակը անցնի այս վտանգը արագօրէն կանխելու համար», գրած են խմբագրութեան հեղինակ գիտնականները:
Յօդուածը կը գովաբանէ այն պետութիւնները, ֆինանսական հաստատութիւններն ու ձեռնարկութիւնները, որոնք սահմանած են նեթ-զերոյական արձակումներու(1) թիրախներ եւ նպատակներ` պաշտպանելու աշխարհի հողերու եւ ովկիանոսներու առնուազն 30 տոկոսը մինչեւ 2030 թուական: Սակայն հեղինակները կը շեշտեն, որ անբաւարար գործողութիւնները կրնան յանգիլ համաշխարհային ջերմաստիճանի 2 աստիճան սելսիուս (կամ 3,6 աստիճան Ֆ) բարձրացման, որ կը պատճառէ «աղէտալի հետեւանք` առողջութեան եւ շրջակայ միջավայրի կայունութեան համար»: Խուսափելու համար անկէ` առաջնորդներուն կոչ ուղղուած է առաւելագոյն ջանքեր գործադրելու, որպէսզի համաշխարհային ջերմաստիճանը 1,5 աստիճանէն նուազ բարձրանայ:
Խմբագրութիւնը մասնաւորապէս կոչ կ՛ուղղէ պետութիւններուն միջամտելու` աջակցելու համար երթեւեկային համակարգերու, քաղաքներու, սնունդի արտադրութեան եւ բաշխման, նիւթական ներդրումներու շուկաներու եւ առողջապահական համակարգերու վերափոխման:
Սթանֆորտ համալսարանի Գերզգայունութեան եւ ազմայի հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն, բժիշկ Մարի Փրունիցկի օդի ապականութեան եւ առողջութեան հետազօտութիւններու գծով կ՛ողջունէ միացեալ ջանքերը: «Հաւանաբար ներկայիս կլիմայի փոփոխութիւնը առողջութեան վրայ աւելի ազդեցութիւն պիտի ունենայ, քան` որեւէ այլ բան,- կ՛ըսէ ան: – Որքան ջերմաստիճանը բարձրանայ, այնքան աւելի վատ պիտի ըլլայ իրավիճակը»:
Նոյնիսկ քանի մը աստիճանի աննշան բարձրացումները կրնան առողջութեան համար վնաս պատճառել, ըստ բժ. Փրունիցկիի: Այնքան ատեն որ մոլորակը կը տաքնայ, կ՛ըսէ ան, աւելի շատ տարեցներ կը տառապին սիրտ-անօթային ու շնչառական խնդիրներէ, եւ երեխաներու ազմայի դէպքերը կը բազմանան:
Փրունիցկի կը նշէ, որ կլիմայի փոփոխութիւնը կրնայ յանգիլ շարք մը իրադարձութիւններու, որոնք կը քանդեն առողջութիւնը: Աւելի տաք ջերմաստիճանը աւելի շատ անտառային հրդեհներ կը պատճառէ: Անտառային հրդեհները կ՛աւելցնեն օդի ապականութիւնը: Օդի ապականութիւնը աւելի շատ շնչառական հիւանդութիւններ կը յառաջացնէ: Ջերմաստիճանի բարձրացումը կրնայ նաեւ աւելի շատ ջրհեղեղներու պատճառ դառնալ: Ջրհեղեղը կրնայ պատճառել աւելի շատ բորբոս(2) (mold), եւ եթէ բորբոսը աղտոտէ ջրամատակարարումը, այդ մէկը իր կարգին աւելի շատ հիւանդութիւններու պատճառ կրնայ դառնալ:
Այս խնդիրներով առողջապահական համակարգը կը դառնայ ծանրաբեռնուած: «Բացի անկէ, դուք պիտի ունենաք դպրոցական աւելի շատ բացակայութիւններ եւ աշխատանքի կորուստներ,- կ՛ըսէ Փրունիցկի: – Այս բոլոր գործօնները կ՛ազդեն ընտանիքներու վրայ»:
Խմբագրութիւնը կ՛եզրակացնէ, որ հրատապ, ընկերային-ժողովրդական մակարդակի վրայ լայնածաւալ փոփոխութիւններ պէտք է կատարուին: Այդ է, որ մեզի պիտի առաջնորդէ դէպի աւելի արդար եւ առողջ աշխարհ:
«Մենք` որպէս առողջապահական ամսագիրներու խմբագիրներ, կոչ կ՛ուղղենք պետութիւններուն եւ այլ առաջնորդներու գործել` 2021-ը նշելով աշխարհը վերջապէս իր ուղին փոխելու տարի», յիշուած է կոչին մէջ:
(1) Նեթ-զերոյական արձակումներ.- Այս հասկացողութիւնը կը վերաբերի արտադրուող ջեռոցային կազի (greenhouse gas) եւ մթնոլորտէն (atmosphere) հանուած քանակի հաւասարակշռութեան:
(2) Բորբոս.- Մանրադիտական սունկեր, որոնք մազանման կամ փոշենման զանազան գոյներու խաւ կը կապեն մեռած եւ փտելու մօտ եղող օրկանական մարմիններու վրայ:
Աղբիւր` «Էվրիտէյ հելթ»
Պաշտպանական Մեքենականութիւններ
(Defense Mechanisms)
Պաշտպանական մեքենականութիւնները անգիտակից ռազմավարութիւններ են, որոնցմով մարդիկ կը պաշտպանուին անհանգստացնող մտքերէ կամ զգացումներէ:
Պաշտպանական մեքենականութիւններն իրենց բնոյթով վատ չեն. անոնք կրնան մարդոց օգնել` ցաւալի փորձառութիւններու ժամանակ կողմնորոշուելու կամ աւելի արդիւնաւէտ ուղղելու իրենց ներուժը: Այնուամենայնիւ, անոնք կը դառնան խնդրայարոյց, երբ կը կիրարկուին շատ յաճախ կամ չափազանց երկար ժամանակի վրայ:
Այս հայեցակարգը ծագում առաւ Սիկմոնտ Ֆրոյտի եւ անոր դստեր` Աննայի աշխատանքէն: Ֆրոյտի աշխատանքը գրեթէ անկարելի է փորձառական կերպով հաստատել, եւ անոր մեթոտները այլեւս լայնօրէն չեն օգտագործուիր բուժումի մէջ: Այնուամենայնիւ, անոր տեսութիւնները եւ անոր որոշ գաղափարները, ինչպէս` պաշտպանական մեքենականութիւնները, զորս տակաւին գոյութիւն ունին, խթանեցին հոգեբանութեան յառաջընթացը: Բուժումի ժամանակ հիւանդին պաշտպանական մեքենականութեան մը (օրինակ` արտաձգութիւնը) կիրարկումը հաստատելը կրնայ օգտակար ըլլալ բուժումի գործընթացին մէջ:
Հիմնական տասը պաշտպանական մեքենականութիւններն են.-
Արտաձգութիւն (Projection) – Մէկու մը անընդունելի զգացումները կամ ցանկութիւնները ուրիշին վերագրելը: Օրինակ` եթէ կռուարար մը մշտապէս կը ծաղրէ իր ընկերը` անոր անապահովութիւններուն համար, ապա կռուարարը կրնայ ինքնագնահատականի հետ կապուած իր սեփական պայքարը արտաձգել դիմացինի վրայ:
Հերքում (Denial) – Հրաժարիլ իրական փաստեր կամ փորձառութիւններ ճանչնալէ կամ ընդունելէ, որովհետեւ անոնք անհանգստութիւն կը պատճառեն անձին: Օրինակ` թմրամիջոցներ օգտագործող մէկը կրնայ յստակ չտեսնել իր խնդիրը:
Բռնաճնշում (Repression) – Անհատի գիտակցութեան մէջ վատ ու դժուար մտքերու արգելափակում, ինչպէս, օրինակ, հոգեխոցէ մը (Trauma) ազատողի ողբերգական այդ դէպքին էջը փակելը:
Յետադիմութիւն (Regression) – Վերադարձ` անցեալի օրերու վարքագիծին կամ յոյզերուն, օրինակ` անձը երբ անհանգստանայ կամ վախնայ, իր վարքագիծը յաճախ կը դառնայ աւելի մանկական կամ պարզունակ, օրինակ` կրնայ անգամ մը եւս սկսիլ իր բութամատը ծծել:
Բանականութիւն (Rationalization) – Սխալը կամ խնդրայարոյց զգացումը հիմնաւորել տրամաբանական պատճառներով կամ բացատրութիւններով:
Տեղափոխում (Displacement) – Ուրիշէ մը զգացմունքային արձագանգի վերաուղղում մը այլ անձի: Օրինակ` եթէ տնօրէնը բարկացած պոռայ աշխատողի մը վրայ, ան ետ չի պատասխաներ, բայց կրնայ իր կարգին պոռալ իր կողակիցին վրայ նոյն այդ գիշեր:
Հակազդեցութեան ձեւաւորում (Reaction formation) – Իրական զգացումներու հակառակը վարուիլը կամ արտայայտումը: Օրինակ, տղամարդը, որ ինքզինք անինքնավստահ կը զգայ իր տղամարդկութեան նկատմամբ, կրնայ չափազանց վայրագ վարուիլ, կամ պատանի տղայ մը հեգնանքով կը խօսի աղջկան հետ, որովհետեւ ենթագիտակցական մակարդակի վրայ զայն կը հաւնի:
Վերացում(1) (Sublimation) – Սեռական կամ անընդունելի յորդորներու գործուն ելքի վերածուիլը, օրինակ` աշխատանքի կամ քմահաճոյքի: Օրինակ, մարզանքի եւ կորովի մրցումներու մասնակցիլը երբեմն կրնայ ըլլալ վերացման օրինակ: Այլ մարդոց հետ կռուելու անընդունելի յորդորներու փոխարէն` մարդիկ կրնան մրցունակ մարզանքով զբաղիլ` գերիշխելու եւ յաղթելու համար:
Իմացականութիւն (Intellectualization) – Կեդրոնանալով իրավիճակի ոչ թէ յուզական, այլ` առարկայական հետեւանքներու վրայ: Օրինակ` եթէ սենեկակիցը անսպասելիօրէն հեռանայ, անձը կրնայ մանրամասն նիւթական վերլուծութիւն կատարել` փոխանակ քննարկելու անոր վիրաւորուած զգացումները:
Բաժանում (Compartmentalization) – Մարդու կեանքի բաղադրիչներու (գործ, ընտանիք, եկեղեցի, խոհեր) մտովի բաժանում տարբեր հանգամանքներու (category)` հակասական յոյզերը կանխելու համար:
Պաշտպանական մեքենականութիւններու տեսութիւններ
Պաշտպանական մեքենականութիւնները հիմնուած են Ֆրոյտի անհատականութեան տեսութեան վրայ (theory of personality): Ըստ անոր տեսակի, միտքն ունի երեք կռուող ուժ. Ինքնութիւն (ID) (սնունդի, յարմարաւէտութեան եւ սեռային յարաբերութեան անգիտակից եւ պարզունակ մղումներ), գեր-եսը (superego) (մասամբ գիտակցուած մղում դէպի բարոյական եւ ընկերային արժէքներ) եւ եսը (ego) (մասամբ գիտակից ուժ, որ կը չափաւորէ ինքնութիւնն ու գեր-եսը):
Որպէս օրինակ` անձկութիւնը (anxiety) կը յայտնուի, երբ ինքնութեան կարիքները բախում կ՛ունենան գեր-եսի կարիքներուն հետ: Լարուածութիւնը մեղմացնելու համար եւ տհաճութիւններէ խուսափելու համար եսը կը կիրարկէ ինքնախաբէութեան ռազմավարութիւններ: Անընդունելի միտքերը կամ զգացումները կրնան հերքուիլ, բանականութեամբ ընդունուիլ կամ արտաձգուիլ ուրիշի վրայ:
Ֆրոյտի շատ մը գաղափարներ չեն կրցած դիմակայել ժամանակակից գիտական քննութիւնը: Բայց հոգեբանական պաշտպանական մեքենականութիւնները ապացուցուած են, որ գոյատեւող հասկացողութիւններ են, զորս հետազօտողները եւ բժիշկները կը շարունակեն ուսումնասիրել առ այսօր:
Այսօր հոգեբանները պաշտպանական մեքենականութիւնները ինչպէ՞ս կը պատկերացնեն:
Հոգեբանական մեքենականութիւններու գաղափարի օգտակար գործածութեան համար յետֆրոյտեան բազմաթիւ տեսաբաններ եւ հետազօտողներ անկախօրէն հասած են նոյն հայեցակարգին: Ալֆրետ Ատլեր մշակեց «Պաշտպանութեան ռազմավարութիւններ»-ու (Safeguarding strategies) նման գաղափար, մինչդեռ Կարէն Հորնի նկարագրեց պաշտպանական ռազմավարութիւնները, որոնք կ՛օգտագործուին չարաշահող կամ անտեսող ծնողներու երեխաներու կողմէ: Լէոն Ֆեսթինկըր մշակեց «Ճանաչողական անհամաձայնութիւն» (Cognitive dissonance) յայտնի հայեցակարգը, Քարլ Ռոճըրս քննարկեց պաշտպանութեան գործընթացը` որպէս ժխտողականութիւն եւ ընկալման խեղաթիւրում, իսկ Ալպերթ Պանտուր պաշտպանութիւնը վերագրեց «ինքնարդարացման մեքենականութիւններու»:
Ազդու հոգեբուժ Ճորճ Վայլան աստիճանաւորութեամբ կարգաւորեց պաշտպանութիւնը տհասէ հասունի` զանոնք սահմանելով որպէս «անգիտակից ինքնըստինքեան մեքենականութիւններ, որոնք կը նուազեցնեն յանկարծակի սթրեսի անկազմակերպ հետեւանքները»: Համակերպելու մեքենականութիւններու եւ յոյզերու կարգաւորման ընթացիկ քննարկումները կը մարմնաւորեն նաեւ պաշտպանուելու գաղափարը:
Ինչո՞ւ զարգացան պաշտպանական մեքենականութիւնները
Ինչպէս բոլոր կենդանի համակարգերը, այնպէս ալ մարդիկ ստեղծած են բազմաթիւ ռազմավարութիւններ` մեր գոյատեւման եւ ֆիզիքական ամբողջականութեան սպառնալիքներէն պաշտպանուելու համար: Դիմադրականութեան համակարգը (Immune system) օրինակ մըն է այս մասին եւ մեր ջղային համակարգին մէջ ներդրուած պայքարի կամ փախուստի (fight-or-flight) մեքենականութիւնը` այլ օրինակ մը: Նման պաշտպանական մեքենականութիւններ, ամենայն հաւանականութեամբ, զարգացած են` պաշտպանելու եւ խթանելու մեր հոգեբանական «ճարտարապետութեան» ամբողջականութիւնը` մեր անձի, ինքնութեան եւ յարգանքի զգացումը:
Արդեօ՞ք պաշտպանական մեքենականութիւնները առողջապահական չեն:
Ո՛չ միշտ. յաճախ քննարկուող պաշտպանական միջոցները, ինչպիսիք են հերքումը եւ արտաձգումը, կրնան անյարմար ըլլալ, եւ արժէ անդրադառնալ անոնց մասին բուժումի ժամանակ: Բայց պաշտպանական մեքենականութիւններու նպատակն է պաշտպանել անձը անհանգստութենէ կամ նեղութենէ, եւ երբեմն այդ մէկը լաւ բան է: Օրինակ, խնճոյքի հիւրը կրնայ օգտագործել հիւմորը` տհաճ իրավիճակը փարատելու համար, կամ զգացական աշխարհի հետ կապուած մասնագիտութեան տէր մէկը, օրինակ` ինքնասպանութեան դիմողներու խորհրդատու հոգեբանը, կրնայ որոշել իր աշխատանքը բաժնել` առօրեայ կեանքին մէջ աւելի լաւ գործելու համար:
Պաշտպանական մեքենականութիւնները առօրեայ կեանքին մէջ
Կեանքը լի է անսպասելի կամ դժուար իրավիճակներով, եւ պաշտպանական մեքենականութիւնները կրնան գործուն ձեւով մեղմել այդ անհանգստութիւնը: Անոնք, օրինակ, կրնան դրսեւորուիլ ժխտական-թշնամական վարքագիծով, երբ երկու ընկերներ չեն կրնար դիմակայել բախում մը, կամ երբ աշխատակից մը երեկոյեան ճաշի ժամանակ իր վարպետին վրայ բարկութիւնը կը փոխանցէ իր դստեր վրայ:
Անհատներու մօտ ե՞րբ կը զարգանան պաշտպանական մեքենականութիւնները:
Որոշ հոգեբաններու կարծիքով, կարգ մը մարդոց մօտ մանկութեան ժամանակ անապահովութիւններու պատճառով պաշտպանական մեքենականութիւնները կրնան աւելի խիստ եւ հետեւողականօրէն ի յայտ գալ: Երեխաները թերեւս չեն գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է պայքարիլ կամ յաղթահարել որոշակի մարտահրաւէրներ: Բան մը, որ կը ստիպէ զիրենք հարցաքննելու եւ այդ մարտահրաւէրներէն պաշտպանուելու ձեւեր զարգացնելու: Մեծահասակները այդ մարտահրաւէրները լուծելու ունակութիւնը ունին, սակայն անոնց մէջ զարգացած պաշտպանական մեքենականութիւնները երբեմն կրնան անգամ մը եւս յայտնուիլ` սթրեսը մեղմացնելու համար:
Պաշտպանական ո՞ր մեքենականութիւնները կրնան վնասել յարաբերութիւնները:
Մտերիմ յարաբերութիւնները յաճախ կը յառաջացնեն մեր ամենախոր զգացումները, եւ երբեմն մենք կը դիմենք պաշտպանական միջոցներու` այդ յոյզերը կառավարելու համար: Այնուամենայնիւ, այդ մէկը կրնայ յանգիլ աւելի մեծ անհանգստութեան` պատ մը քաշելով ամոլին միջեւ, ուստի կարեւոր է մտածել այն մասին, եթէ դուք կամ ձեր բարեկամը/կողակիցը կ՛օգտագործէք որոշակի պաշտպանական միջոցներ, որոնցմէ են.-
– Արտաձգութիւն.- Դուք կը մեղադրէ՞ք զայն ձեր սեփական թերութիւններու համար եւ փոխանակ զանոնք ընդունելու, կը մեղադրէ՞ք ձեր զուգընկերը խառնաշփոթ կամ անփոյթ ըլլալու համար:
– Հերքում.- Կը ձեւացնէ՞ք, որ բացասական պատահարներ չեն եղած: Կը փակէ՞ք ձեր աչքերը եւ կը կարծէ՞ք, որ ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ, նոյնիսկ երբ ձեր զուգընկերը նեղացած է:
– Փոխհատուցում.- Բացասական յոյզերը դիմակայելու փոխարէն` կը դիմէ՞ք ալքոհոլային խմիչքին կամ թմրանիւթին: Արդեօ՞ք աւելի դիւրին է գաւաթ մը գինի կամ գարեջուր խմելը, քան` զուգընկերոջ հետ ձեզ անհանգստացնող բաներու մասին խօսիլը:
Ծնողներն ինչպէ՞ս կրնան անդրադառնալ երեխայի պաշտպանական մեքենականութիւններուն:
Երբեմն օգտակար կրնայ ըլլալ երեխայի պատճառարկութիւններու (motivations) ուսումնասիրութիւնը` պարզելու, թէ արդեօ՞ք խանգարող կամ վատ վարքը կրնայ ըլլալ վատ յոյզերու եւ զգացումներու քողարկող պաշտպանական մեքենականութիւններ: Օրինակ, 5-ամեայ երեխան կրնայ ինքզինք փաստել-ցուցադրել նոր եղբօր/քրոջ մը ծնունդէն ետք: Զայրոյթը կրնայ քողարկել անոր տխրութիւնը` զգալով, որ ընտանիքին մէջ իր դիրքը կորսնցուցած է նորածինի պատճառով: Այնուհետեւ ծնողները կրնան դիմակայել զայրացած պոռթկումներուն` երեխայի հետ խօսելով փոփոխութեան մասին եւ, կարելիութեան պարագային, անոնց ուշադրութիւնը հաւասարակշռելով երկուքի միջեւ` երեխային հրամայելու կամ կարգի դնելու փոխարէն: Երեխայի ցաւոտ զգացմունքներն ընդունելու եւ տիրապետելու ունակութիւնը կ՛օգնէ անոր խմորուելու եւ դառնալու խելահաս չափահասի մը:
(1) Վերացում.- Հոգեբանութեան մէջ վերացումը պաշտպանական մեքենականութեան տեսակ մըն է, որուն պարագային ընկերային անընդունելի ազդակներ կամ իտէալականացումներ կը վերածուին ընդունելի գործողութիւններու կամ վարքի:
Աղբիւր` «Սայքոլոճի թուտէյ»