Նշմար. Մարի Անթուանեթէն… Փաշինեան
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Նոյեմբերի կէսերուն կնքուեցաւ պարտուողական նորութիւն մը. ազերիական ուժերը, որոնք մօտաւորապէս տարի մը առաջ, Արցախի մեծ մասը կուլ տալէ եւ մեզ «դժբախտ ու տժգոյն Շուշի»-ի բեռէն ազատելէ ետք, թափանցած էին Սիւնիք, վերջնականացուցին Կապան-Գորիս մայր ճամբու մէկ մասին բռնագրաւումը եւ Ազրպէյճանին կցումը (ցոյց տալով, թէ ինչպէ՛ս կը հասկնան «սահմանագծում»-ը), Հայաստանի կառավարութեան իմացնելով, որ հոն մաքսատուներ պիտի հաստատեն եւ տուրք պիտի...



















