Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրիորդ Ալիս Գազանճեան` 80-Ամեայ Ճեմարանականը

Դեկտեմբեր 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

ՓԱՈՒԼԱ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Ալիս Գազանճեան Ճեմարան կը սկսի յաճախել 14 տարեկանին, 1940-1941 տարեշրջանին: 5 տարիներ ետք ան կը դառնայ Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ արդէն իսկ 1945-1946 տարեշրջանին Լեւոն Շանթի հրաւէրով կը միանայ Ճեմարանի ուսուցչական կազմին եւ կը դասաւանդէ հայերէն, թուաբանութիւն, իրագիտութիւն եւ աշխարհագրութիւն:

1940-էն սկսեալ, 80 երկար տարիներ, օրիորդ Ալիսը հերթաբար եղած է Ճեմարանի աշակերտ, շրջանաւարտ, ուսուցիչ, դաստիարակ, դասագիրքերու հեղինակ, խորհրդատու եւ կրթական տեսուչ. Ճեմարանը եղած է օրիորդ Ալիսի սիրտն ու ընտանիքը: Ճեմարանի հանդէպ իր անհուն սէրն ու անսակարկ նուիրուածութիւնը, իւրաքանչիւր աշակերտի հանդէպ իր ցուցաբերած գուրգուրանքն ու հոգատարութիւնը, իւրաքանչիւր ընտանիքի հանդէպ իր հետեւողական եւ մանրամասն ուշադրութիւնը, իւրաքանչիւր գործընկերոջ նկատմամբ իր բարեկամութիւնն ու յարգանքը միշտ եղած են յատուկ եւ եզակի. մէկ խօսքով, ան եղած է բոլորին գործընկերուհին եւ բարեկամուհին, քոյրը եւ խորհրդատուն:  Օրիորդ Ալիս եղած է` Լեւոն Շանթի դաստիարակութեամբ սնանած լաւ մարդը, տիպար հայը եւ գիտակից ու նուիրուած Ճեմարանականը:

Ճեմարանն ու ճեմարանականները կորսնցուցին զինք. Ճեմարանի մեծ ընտանիքի անդամները այլեւս պիտի չկարենան իրեն այցելել` լսելու համար Ճեմարանի մասին իր անհամար յիշատակելի պատմութիւնները, պիտի չկարենան խօսիլ հետը մեր սիրելի Ճեմարանի անցեալի, ներկայի ու ապագայի մասին եւ մանաւանդ պիտի չստանան օրիորդ Ալիսին` զիրենք ոգեւորող անակնկալ հեռաձայնները: Օրիորդ Ալիսին ազնիւ ժպիտը, խրախուսիչ ու քաջալերական խօսքերը եւ մանաւանդ հետեւողական, բծախնդիր, խստապահանջ ու արհեստավարժ աշխատանքը յաւերժ պիտի մնան Ճեմարանի հետ:

Սիրելի՛ օրիորդ Ալիս,

8 դեկտեմբեր 2020-ին դուն ալ միացար Ճեմարանի պահապան հրեշտակներու փաղանգին:

Միացար քեզի շատ սիրելի Ճեմարանի հիմնադիրներուն, որոնց ոգին ու շունչը շարունակ վառ պահեցիր ու մեզի փոխանցեցիր:

Վստա՛հ եղիր, օրիորդ Ալիս, որ մենք ալ, մեր կարգին, աշակերտ, ուսուցիչ, շրջանաւարտ եւ ճեմարանական` չափազանց կը գուրգուրանք եւ պիտի գուրգուրանք մեր սիրելի Ճեմարանին վրայ, Ճեմարանը կը սեղմենք եւ պիտի սեղմենք մեր կուրծքերուն եւ, վերջապէս, մեր բոլորիս ուխտավայր Ճեմարանի մանկավարժական սկզբունքները եւ հայապահպան ու մարդակերտման ջահը բարձր կը պահենք ու պիտի շարունակենք հպարտօրէն պահել:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, ննջէ՛ խաղաղութեամբ:

 

 

Նախորդը

Երկարատեւ Աշխատանքի Հերոսը` Ալիս Գազանճեան

Յաջորդը

Սուրի Պըրժ Շմալի Գաղթակայանին Մէջ Զինամթերքի Պահեստանոցի Պայթում

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?