ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Ռուբէն Դարբինեան (Արտաշէս Չիլինգարեան, 1883-1968), ՀՅԴ անդամ եւ հիմնադիր սերունդին գործակից, որ 1920 յունուար 10-ին շուրջ 4 ամիս Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար եղած է, ռուսերէնի փոխարէն` հայացնելով նախարարութիւնը, օրէնսգիրքերը, դատական իշխանութիւնը եւ լեզուն, նախապէս խմբագիր` Պոլսոյ «Ազատամարտ»-ին, Պաքուի «Արեւ»-ին, ապա «Գործ»-ին, Երեւանի «Յառաջ»-ին եւ վերջապէս` Միացեալ Նահանգներու «Հայրենիք» օրաթերթին 1 ապրիլ 1922-էն ցմահ` 14 յունիս 1968:
Յայտնի դաշնակցական գործիչը եւ հրապարակախօսը, Մոսկուայի ուսանողական օրերէն սկսեալ, իբրեւ ո՛չ ծայրայեղ ընկերվարական, կ՛ունենայ ծանօթութեան` օտար եւ հայ, լայն շրջանակ, որոնց մէջ նաեւ` Վահան Տէրեանի նման մոլեռանդ հակադաշնակցական հայ պոլշեւիկներ, որոնք քանիցս մինչեւ բանտերու գնդակահարութեան առաջնորդած են զայն եւ իր ընկերները, սակայն, ամէն անգամ հրաշքով փրկուած: 1912 դեկտեմբերին Պոլիսէն Գերմանիա կը գործուղուի քաղաքական հայանպաստ աշխատանք ծաւալելու, Պոլսոյ «Ազատամարտ»-ին կանոնաւոր թղթակցելու եւ ուսումը շարունակելու համար:
Հիանալի պարզութեամբ գրուած իր «Երկեր` կեանքիս գրքէն»-ը (1), շատ հետաքրքրական, այդ օրերու Կովկասի, Ռուսիոյ` յատկապէս յեղափոխութեան օրերուն, Պոլսոյ, Գերմանիոյ, Թիֆլիսի, Պաքուի եւ նորանկախ Հայաստանի իրադարձութիւններուն, կենցաղին, ժողովուրդներուն եւ անշուշտ իր կեանքին, ճամբորդութիւններուն, ուսումնական տարիներուն, գործունէութեան եւ բազում արկածախնդրութիւններուն մասին է: Ստորեւ 1913-ին Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած հետեւեալ անսպասելի դրուագը ամփոփ կը ներկայացնեմ (էջ 165-168).
«Այդ օրերուն էր, որ օր մը Պերլինի բնակարանս այցելութեան եկաւ փրոֆեսէօր Զոմմեր (Եոհան Սոմմըր, Johann Wilhelm Ernst Sommer 1881-1952*) անունով մէկը (ետքը` եպիսկոպոս) իր կնոջ հետ (2): Ինքզինք եւ կինը ներկայացուց մաքուր հայերէնով եւ շարունակեց հետս խօսիլ հայերէն:
«Իմ հարցումին, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս այդքան լաւ հայերէն սորվեր էր, պատասխանեց, թէ Խարբերդի քոլեճի փրոֆեսէօր եղած է քանի մը տարիներ եւ հոն ալ հայերէն սորված է: Որքան զարմանալի, այնքան հաճելի էր այդ տիպար գերմանացիին հայերէնը, որուն հնչումը այնքան հարազատ էր, որ եթէ զայն չտեսնէի եւ վարագոյրի մը ետեւէն միայն լսէի իր ձայնը, պիտի կարծէի, թէ խօսողը հայ մտաւորական մըն է:
«Մեր գերման բարեկամներէն իմացած էր իմ հասցէն եւ եկած` մօտս, անսպասելի խնդրանքով մը: Ըսաւ. «Դոկտ. Լոհմանի (Էհմանի, «Հայրիկ», Johannes Ehmann, 1870-1950*) (3) հետ նոր վերադարձած ենք երկար եւ խիստ հետաքրքրական պտոյտէ մը Թրքահայաստանի գաւառներուն մէջ: Ամէն տեղ պատեհութիւն ունեցանք ծանօթանալու նաեւ ձեր յեղափոխական ընկերներուն: Թէեւ շատ ուշագրաւ եւ տպաւորիչ բազում բաներ տեսանք, բայց ամէնէն աւելի խորունկ կերպով տպաւորուեցանք մա՛նաւանդ ձեր ղեկավար ընկերներէն, անոնց զմայլելի զոհաբերող ոգիէն, անոնց պարզ, նահապետական կենցաղէն, անոնց անհաւատալի այլասիրութենէն եւ ինքնամոռացումէն:
«Մեր ճամբորդութեան ընթացքին յաճախ մեզի կը թուէր, թէ ինկած ենք քրիստոնէութեան առաջին դարերու միջավայրի մը մէջ, եւ մեր առջեւ կը գտնուին այդ երանելի օրերու իրական քրիստոնեաները: Արդարեւ, ոչ թէ մենք` քրիստոնէական միսիոնարներս ենք իրական քրիստոնեաները, այլ անո՛նք, թէեւ մենք քրիստոնէութիւն կը քարոզենք, բայց անոնք, յեղափոխական ըլլալով հանդերձ, կ՛ապրին քրիստոնէական կեանքով, ինչպէս կ՛ապրէին քրիստոնէութեան առաքեալները եւ սուրբերը, ինչպէս եւ պէտք է ապրին իսկական քրիստոնեաները, եթէ հաւատարիմ են քրիստոնէական կրօնի ոգիին, սկզբունքներուն եւ աւանդութիւններուն»:
Հ.- Կրնա՞ք յիշել անունները մեր ընկերներուն, որոնցմով այդքան հիացած էք,- հարցուցի` ընդմիջելով դոկտ. Զոմմերի մեզի համար այնքան սրտապնդիչ խօսքերը:
Պ.- Այո՛, կը յիշեմ Արամը (Մանուկեան*), Իշխանը (Վանայ, Նիկոլ Պօղոսեան*), Սարգիսը, Վռամեանը (Արշակ*), տոքթ. Զաւրիեւը (Յակոբ Զաւրեան*) եւ ուրիշներ: Դոկտ. Լոհմանը եւ ես մեր ճամբորդութենէն վերադարձանք այն համոզումով, որ ոչ թէ մենք` եւրոպական միսիոնարներս պէտք է Թուրքիա կամ Հայաստան երթանք` քրիստոնէութիւն սորվեցնելու ձեր ժողովուրդին, այլ ձեր` դաշնակցական գործիչնե՛րը պէտք է գան Եւրոպա` իրենց կենդանի օրինակով իրական քրիստոնէութիւն սորվեցնելու մեր ժողովուրդին:
«Եկած եմ այժմ ձեր մօտ` խնդրելու, որ յանձն առնէք մեզի հայթայթելու կենսագրականները ձեր այն անձնազոհ ընկերներուն, որոնք այսօր, ձգած իրենց շատ աւելի հանգիստ կեանքը Կովկասի մէջ, գացած են Արեւմտեան Հայաստան եւ կը գործեն հոն: Այդ կենսագրականները մենք կ՛ուզենք հրատարակել մեր միսիոնարական պարբերաթերթին մէջ: Անոնց օրինակելի կեանքէն շատ բան կրնան սորվիլ մեր ընթերցողները»:
«Դժբախտաբար այն ատեն ես ի վիճակի չէի անձամբ կատարելու իր խնդրանքը: Տուի Ժընեւի մեր հասցէն` ըսելով, որ «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը կրնայ գէթ չափով մը գոհացում տալ իրենց, որով` լաւագոյնն է «Դրօշակ»-ին դիմել:
«Շատ ուշ միայն իմացայ, որ դոկտ. Զոմմեր դիմած էր, եւ այնտեղէն ալ ղրկած էին քանի մը պզտիկ կենսագրականներ, որոնք հրատարակուեցան դոկտ. Լոհմանի միսիոնարական կազմակերպութեան պարբերաթերթին մէջ: (Իսկապէս կ՛արժէ գտնել այս պարբերաթերթերը եւ թարգմանաբար հրատարակել, Յ. Չ.):
«Շաբաթներ ետք, երբ բժիշկ Զաւրիեւ Պոլսէն Պերլին եկաւ ծանօթանալու համար մեր Հայեւգերման կոմիտէի գործունէութեան եւ զեկուցում մը տալու մեզի` Պոլսոյ մէջ կատարուած աշխատանքներուն մասին, նկարագրեցի անոր դոկտ. Զոմմերի այցելութիւնը: Ան շատ ուրախացաւ եւ առաջարկեց ինծի միասին երթալ Ֆրանքֆորթ – ամ – Օտեր` փոխայցելութիւն մը տալու համար:
«… Յաջորդ օրն իսկ, առաւօտուն, ճամբայ ելանք գնացքով եւ շատ ջերմ ընդունելութեան արժանացանք: Դոկտ. Լոհման եւ Զոմմեր ամբողջ օր մը պահեցին մեզ իրենց մօտ եւ հիւրասիրեցին, ինչով որ կրնային:
«Դոկտ. Լոհմանի միսիոնարական հաստատութիւնը (կեդրոնը) տեղաւորուած էր բաւական ընդարձակ կալուածի մը մէջ, ուր կար միսիոնարական դպրոց մը` Մերձաւոր Արեւելքի պատանիներու եւ երիտասարդներու համար:
«Այցելեցինք, հարկաւ, նաեւ դպրոցը: Ծանօթացանք այնտեղ քանի մը հայ երիտասարդներու, որոնք բերուած էին Արեւմտեան Հայաստանէն եւ կը պատրաստուէին միսիոնարական գործունէութեան համար` հայկական գաւառներու մէջ:
«Դոկտ. Լոհման մեզի ցոյց տուաւ Արեւմտեան Հայաստան կատարած ճամբորդութեան ընթացքին իրենց հանած բազմաթիւ լուսանկարները, որոնք չափազանց հետաքրքրական էին: Կային նաեւ մեր գործիչ ընկերներուն նկարները, զորս դոկտ. Լոհման ցոյց տուաւ մեզի պարծանքով եւ հիացումով:
«Երկարօրէն խօսեցանք մեզ հիւրընկալող այնքան համակրելի գերման միսիոնարներուն հետ ո՛չ միայն իրենց առաքելութեան, այլեւ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրման մասին: Եւ հաճոյքով տեսանք, որ անոնց տեսակէտները շատ տարբեր ալ չէին մերինէն: Անոնք խոստովանեցան, որ իրենց գլխաւոր նպատակը ոչ թէ կրօնական է, այլ` մշակութային: Համաձայնեցան մեզի հետ, որ ծիծաղելի է քրիստոնեայ ազգերուն քրիստոնէութիւն քարոզել, եւ որ ներելի չէ հայ լուսաւորչականները հեռացնել իրենց ազգային պատմական եկեղեցիէն»:
Ահաւասիկ երկու վկայութիւն գերմանացի երկու կրօնաւորներու կողմէ` այն ատեն 23 տարեկան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ անոր ղեկավարներուն մասին` 1. իբրեւ իսկական քրիստոնեաներ, 2. անոնց զմայլելի զոհաբերող ոգին, 3. անոնց պարզ, նահապետական կենցաղը, 4. անոնց անհաւատալի այլասիրութիւնը եւ 5. ինքնամոռացումը: Անոնք այցելած էին Արամ Մանուկեանի նման ղեկավարին, որ կը բնակէր առանց կահ կարասիի մերկ սենեակի մը մէջ, հաւանաբար շրջապատի ամէնէն համեստ բնակիչէն նուազ բարւոք պայմաններով: Սակայն անոնք հիացած էին բոլո՛ր ղեկավարներուն կենցաղով, որոնց միա՛կ նպատակը իրենց հօտը` ժողովուրդը պաշտպանելն ու ընկերային արդարութիւն հաստատելն ու մարդավայել, արժանապատիւ կեանք ապահովելն էր:
131 տարիներ ՀՅ Դաշնակցութիւնը աշխարհի տարածքին եղած է ու կը մնայ հայ ժողովուրդին ամուր կռուանը: Գերմանացիներուն ծանօթ` նշուած ղեկավարները ժողովուրդին հետ ինքնապաշտպանութեամբ 5 մայիս 1915-ին կերտեցին Վանի կարճատեւ` 70-օրեայ անկախութիւնը, ապա 28 մայիս 1918-ին, կրկին ժողովուրդին մասնակցութեամբ, պարտութեան մատնեցին թշնամին ու կերտեցին Հայաստանի Հանրապետութիւնը` 543 տարի օտարի լուծին ենթարկուելէ ետք, եւ վերջապէս, 1990-ականներուն Դաշնակցութիւնը առաջամարտիկներէն էր Արցախի ազատագրական պայքարով մեր երկրորդ անկախ հանրապետութեան կերտումին մէջ:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ 131 տարի հայ ժողովուրդին ձգտումներուն մարմնացումը եղած է, իր հզօր կառոյցով եւ ազգային անխախտ գաղափարականով անգամ մը եւս ժողովրդային զգաստ ու ազգայնական ուժերով պիտի ազատագրէ մեր հայրենիքը այս դաւադիր իշխանութենէն եւ արտաքին թշնամիներէն:
8 դեկտեմբեր 2021
haroutchekijian.wordpress.com
* Լուսաբանութիւնները հեղինակին
1) «Երկեր կեանքիս գրքէն», Ռուբէն Դարբինեան, Ա. հատոր, Համազգայինի մատենաշար թիւ 306, հրատարակութեան խմբագիր Պօղոս Սնապեան, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան, 1972, Պէյրութ, 704 էջ, էջ 165-168:
2) https://en.wikipedia.org/wiki/Johann_Wilhelm_Ernst_Sommer
3) http://www.genocide-museum.am/eng/22.10.2017-EhmanJohannes.php