Ուքրանիոյ Լարումը. Կամ` Ո՞վ Պիտի Վճարէ «Պայրաքտար»-ներու Գինը
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ Մեծ լարում կայ Ուքրանիա-Ռուսաստան սահմանային գօտիին: Ահռելի կուտակումներ` երկու կողմերէն, բայց մանաւանդ` ռուսաստանեան կողմէն, որ պիտի փորձէ անպայման խուսափիլ ռազմական գործողութեան որեւէ բեմագրութենէ: Խնդիրն այն է, որ Մոսկուա մեծ ճնշումներու տակ յայտնուած է, եւ արեւմտեան պլոքը կարծես նախազգալով, որ մնացեալ թէժ գօտիներուն մէջ ռուսաց վիճակը աւելի «յարմարաւէտ» է, ապա եկած է այն եզրակացութեան, որ առկայ գործընթացներուն զուգահեռ ամէնէն...




















