Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգեհարազատ Մանկավարժը Եւ Վաստակաշատ Կրթական Մշակը (Օրդ. Ալիս Գազանճեանի Քաղցր Յիշատակին)

Դեկտեմբեր 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Եթէ մեռնիմ ու պատահի` նորէն ծնիմ,
նորէն ուսուցիչ կ՛ըլլամ»
ԱԼԻՍ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

Մարդ էակը եսակեդրոն կեանք մը չի կրնար ապրիլ: Ան հաւաքականութեան իբրեւ անբաժան մէկ մասը` իտէալ մը, տիպար մը կ՛ունենայ` առաւել եւս ամրապնդելու իր անհատականութիւնն ու ապագայատեսիլ իր երազները: Այս առումով տիպար մը` ուսուցիչ, մանկավարժ, տնօրէն, ազգային գործիչ, բանաստեղծ, ապրուած կեանքով ու յուշերով անջնջելի դրոշմ ու հետք կը ձգէ անհատի յիշողութեան մէջ, եւ սերունդներ կը յիշեն զինք` իբրեւ արժէքաւոր մարդ եւ տոկուն հայ:

1995-ին, երբ երկրորդական ուսումս աւարտեցի,  հայոց լեզուի ուսուցիչիս` Կարօ Առաքելեանի քաջալերանքով մուտք գործեցի Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկ, որ նոյնինքն Նշան Փալանճեան ճեմարանի յարկին տակ կը գործէր: Ճեմարանի շրջափակը սրբավայրի համազօր էր, որովհետեւ Ճեմարանը շրջապատող պարտէզին մէջ յաղթանդամ կանգնած էին Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի դիմաքանդակները` պահ մը ապրելով անոնց ոգեղէն ներկայութիւնը ու այդ լռութեան մէջ ականջալուր ըլլալու կուռ պատգամին:

Հուսկ, Ճեմարանի աստիճաններէն երբ յամրաքայլ բարձրացանք Հայագիտական հիմնարկ, արդէն դիմաւորուեցանք հիմնարկի քարտուղարուհի օրդ. Արփի Էթիեմեզեանի ժպտադէմ ընդունելութեամբ: Կասկածէ վեր է, որ դասապահերն ու նիւթերը աւանդող դասախօսները արդէն կը յուշէին մարդակերտումի ու հայակերտումի դարբնոց ըլլալու իրողութիւնը: Հայագիտական հիմնարկի բազմավաստակ տնօրէն, մտաւորական ու հմուտ պատմաբան պարոն Երուանդ Փամպուքեանին շուրջ համախմբուած էին հոյլ մը դասախօսներ, որոնք ոչ միայն լաւապէս ընկալած էին իրենց դասաւանդելիք նիւթը, այլ նաեւ` երկար տարիներ սերունդներու ներշնչարան հանդիսացած: Այս յօդուածիս ճամբով իմ յարգանքի երախտիքս կ՛արտայայտեմ նախ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ ապա տնօրէնութեան ու դասախօսական կազմին` իրենց անդուլ աշխատանքին համար եւ այստեղ կ՛ուզեմ երախտիքս յայտնել նաեւ տարի մը առաջ կեանքին հրաժեշտ տուած հոգեհարազատ մանկավարժ, երկար տարիներու կրթական մշակ օրդ. Ալիս Գազանճեանի անձին ու վաստակին:

Հակառակ անոր, որ աւելի քան քսան տարի անցած է ուսումնական տարիներուս, սակայն այսօրուան պէս կը յիշեմ օրդ. Ալիսին ուրախ դէմքն ու հաղորդականութիւնը, բարութիւնը եւ իսկական մանկավարժի պայծառ անհատականութիւնը: Օրդ. Ալիս միշտ հպարտութեամբ կը յիշէր, որ ինք աշակերտած էր Լեւոն Շանթի եւ մեծ բան կը պարտէր անոր: Լեւոն Շանթի գաղափարներն ու տիպարը իւրովի կերտած էին օրդ. Ալիսին անձը: Մեր` ուսանողներուս  ուղղած երբեմն տարօրինակ հարցումներուն այնքան հեզահամբոյր ու մանկավարժական մօտեցումներով կը պատասխանէր եւ միշտ կը մղէր բոլորս` քննական միտք զարգացնելու, աշխատանքի փափաք եւ կամք զօրացնելու: Երբ կարծիք յայտնէինք, որ այս մանկավարժական մօտեցումները ժամանակավրէպ են, ան այնքան համոզիչ կերպով կ՛ըսէր. «Մանկավարժական մօտեցումները հիմքն են մանկավարժութեան, սակայն սերնդափոխութիւնն ու ժամանակի սրընթացութիւնը կը պարտաւորեցնեն յարմարիլ օրուան, ժամանակին եւ ձեւն ու միջոցը փոխել` առանց խախտելու հիմքը:

Օրդ. Ալիսին անհատականութեան բնորոշ յատկանիշն էր ընկերային ու մարդասէր մօտեցումը: Ան աւելի քան կէսդարեայ իր մանկավարժական փորձառութիւնը ի սպաս դրաւ հայագիտականի իր ուսանողներուն, իսկ Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի պարագային, ի սպաս դրաւ աշակերտներուն եւ ծնողներուն:

Օրդ. Ալիսին խօսքը, որ` «Եթէ մեռնիմ ու պատահի` նորէն ծնիմ, նորէն ուսուցիչ կ՛ըլլամ», որքան հնչեղ էր: Ան այնքան սիրած էր ուսուցչական ասպարէզը, որ իր ուսանողներուն տիպար հանդիսացած էր, եւ բազմաթիւ շրջանաւարտներ իր օրինակին հետեւած են ու այսօր սփիւռքահայ կրթօճախներուն մէջ կը շարունակեն մարդակերտումի եւ հայակերտումի երթը` յիշելով զինք, իր գաղափարներն ու հարուստ կեանքի օրինակը:

Լեւոն Շանթի տիպարն ու գաղափարները չմնացին լոկ ուսուցչական ասպարէզին մէջ, այլ առաւել ընդարձակուեցան ընդգրկուելու համար Համազգայինի մէջ, երբ իբրեւ Շրջանային վարչութեան անդամ մշակութային զարթօնքի մղիչ ուժը հանդիսացան ինք եւ միւս անդամները: Անոնք 1975-ին հիմնեցին «Ծնծղայ» մանկապատանեկան երգչախումբը, որ օրին իր ելոյթներով բաւական մեծ արձագանգ թողուց լիբանանահայ գաղութին մէջ: Ասոր վրայ կու գայ աւելնալու Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը հիմնելու նուիրական գաղափարը, որուն մէջ խումբ մը նուիրեալ անձերու մաս կազմեց: Այս կեդրոնը հիմնուեցաւ` հակառակ Լիբանանի դժնդակ պայմաններուն, եւ այսօր անոր բարիքները կը վայելենք: Ալիս Գազանճեան նաեւ հիմնադիր անդամ եղած է Համազգայինի «Ռուբէն Զարդարեան» մասնաճիւղին:

Լեւոն Շանթի գաղափարներով տոգորուած նման հայու մը պարգեւատրումը (2008-ին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան շքանշանակիր եւ 2015-ին Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի 25-ամեակի առիթով պարգեւատրում) կը հանդիսանայ երախտիքի արտայայտութիւն` կէսդարեայ ուսուցչութեան եւ մանկավարժութեան ճամբով հայ դպրութեան իր անձնուրաց վաստակին:

Որքան կը համընկնի Դանիէլ Վարուժանի «Պիտ՛ մընայ լոկ անոր այս մեծ մխիթարանք` թէ` իր կեանքն իր սաներուն մէջ կ՛ապրի՜ դեռ» բանաստեղծութեան բառերը` օրդ. Ալիս Գազանճեանի կեանքին, եւ ան կ՛ապրի ու պիտի ապրի իր յուշերուն ընդմէջէն`  բազմահարիւր աշակերտներու եւ շրջանաւարտներու մտահորիզոնին մէջ:

Վա՛րձքդ կատար` մեծ մանկավարժ, սերունդներու դաստիարակ օրդ. Ալիս:

ՈՒՍԱՆՈՂԴ`
ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Նախորդը

Զրոյց` Ճեմարանի Նահապետուհիին Հետ

Յաջորդը

Օրիորդ Ալիսը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?