Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հայ Դատի Հաւատամքով

Դեկտեմբեր 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոկ յայտագրի յարմարեցում մը չէր, բնականաբար զբօսաշրջական բնոյթ ալ չունէր ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակին կազմակերպած ժողովը, որուն բացման հանդիսութիւնը շաբաթասկիզբին տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, ապա յաջորդ քանի մը օրերուն շարունակուեցաւ Գորիսի եւ Ստեփանակերտի մէջ:

Հակառակ աննպաստ օդին եւ ապահովական ոչ շատ համոզիչ պայմաններուն` յայտագիրը այդպէս որոշուած էր: Յատուկ պատճառ մը եւ նպատակ կար: Եթէ պայմանները թոյլատրէին, Երեւանի իշխանաւորներուն ստեղծած ցնդաբանական ՃԻ. ՓԻ. ԷՍ.-ի դրութիւնը չպարտադրուէր եւ դիւրութիւնները ստեղծուէին, վստահաբար նիստ մըն ալ կարելի էր կազմակերպել Մեղրիի մէջ, որուն վրայով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի երազած «Զանգեզուրի միջանցք»-ը տեղ ունի Հայ դատի օրակարգին վրայ` իբրեւ հրատապ ու «տաք» հարցերէն մէկը:

Եթէ այս ակնոցով դիտենք եւ վերլուծենք, կրնանք դիւրութեամբ համոզուիլ, որ Հիւսիսային պողոտայի մօտակայքը ստեղծուած բոլոր դիւրութիւնները մէկդի դնելով` այդ հաւատաւոր գործիչները ճամբայ ելած են եւ կլիմայական ու այլ աննպաստ պայմաններու մէջ մղոններ կտրած են` իրենց զօրակցութիւնն ու նեցուկը յայտնելու պատմութիւն կերտած Սիւնեաց աշխարհին եւ թէեւ վիրաւոր ու խոցուած` սակայն միշտ ալ խրոխտ Արցախին:

Հայ դատի հաւատաւորները մեկնեցան հարաւ ու արեւելք, հայո՛ւն Զանգեզուրին, Գորիսին, Կապանին, Մեղրիին եւ Արցախի «Տատիկ ու մամիկ»-ին ցոյց տալու, որ յատկապէս այս օրերուն, երբ համաթուրանականութիւնը կը թակէ Հայաստանի դռները, երբ Երեւանի ներկայ ղեկավարութիւնը չի տեսներ կարեւորութիւնը արեան գնով պաշտպանուած պատմական սարերուն, երբ դիւանագիտական բնագաւառէն ներս անփորձ ու անգէտ անձեր պաշտօնի կանչուած են, իրենք ա՛լ աւելի պարտաւոր կը զգան ահազանգ հնչեցնելու, վերադասաւորելու, համադրելու եւ ստեղծուած անել կացութենէն դուրս գալու եզրեր որոնելու եւ զանոնք գործադրելու:

Ստեղծուած պատկերը, զարմանալի ըլլալէն աւելի, վտանգաւոր ու անկիւնադարձային է: Այս անգամ օտարին հետ լոպիինկի աշխատանք տանելու եւ քարոզչական արշաւ կատարելու, Ովկիանիայէն մինչեւ Ամերիկաներ` ծերակուտականներու, բանալի անձնաւորութիւններու հետ ժամեր տրամադրելու եւ հարցերը բացէ ի բաց ներկայացնելու զուգահեռ, Հայ դատի համար աննահանջ ու անսակարկ գործող հայորդին սկսած է ժամանակ վատնել անտարբեր ու անտեղեակ ղեկավար «հայորդի»-ին հետ` բացատրելով, թէ որքա՜ն տեղքայլ ստեղծուած է ներկայ ղեկավարութեան կողմէ, ո՛չ միայն ազգային շահերը վտանգող հայրենասիրութեան եւ դաստիարակութեան վրայ, այլ նաեւ` կրթական, մշակութային եւ ընդհանուր առմամբ ապրելաձեւէն ներս:

Հետեւաբար պարզ յանկերգ կամ հռետորական կոչ պէտք չէ սեպել խորհրդաժողովի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանի հնչեցուցած ահազանգը, որ` «Հայաստանին ու Արցախին սպառնացող անմիջական վտանգը այսօր Հայաստանի թրքացումն ու Արցախի հայաթափումն է»:

Պարտութիւն չկայ Հայ դատին համար: Նոյնիսկ ամենադաժան պայմաններուն մէջ պայքարողներուն անսպառ գործ կայ:

Վերյիշենք. ցայտուն օրինակ մըն է դեռ անցեալ սեպտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի այն որոշումը, որ հաշուի առնելով 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական, անվտանգային եւ բարոյահոգեբանական մարտահրաւէրները` Հայ դատի համաշխարհային ցանցի կազմին մէջ գործի լծեց ՀՅԴ Արցախի Հայ դատի գրասենեակը: Աւելորդ չէ այստեղ մէջբերել եւ ընդգծել գրասենեակի բացման առթիւ ՀՅԴ Բիւրոյի լոյս ընծայած հաղորդագրութենէն հետեւեալ տողերը. «Արցախի մէջ ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակի հիմնադրումը յստակ քաղաքական ուղերձ է առ այն, որ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը, պատերազմի հետեւանքներուն վերացումն ու Արցախի վերականգնումը կը շարունակեն ըլլալ ՀՅԴ Հայ դատի համաշխարհային ցանցի գործունէութեան առանցքային խնդիրներն ու քաղաքական առաջնահերթութիւնները»:

Այժմէական եւ հրատապ խնդիր է պայքարիլ անտարբերութեան եւ պարտուողականութեան դէմ: Հայ դատը պիտի շարունակէ գործել անվհատ եւ վճռական կերպով, գործի լծել եւ գործադրել, որքան ալ որ աննպաստ ըլլան ներսէն ու դուրսէն փչող հովերը: Հայ դատին անխոնջ ծառայողներուն ձեռք բերած դրական արդիւնքներու պատմութիւնը կը վկայէ, որ պայքարողը քայլ առ քայլ տեղ կը հասնի ու կը հասցնէ մեր ժողովուրդը, մեր հայրենիքը:

Նախորդը

Առնօ Բաբաջանեանի Յիշատակին (1921-1983). Առնոն` 100 Տարեկան

Յաջորդը

Արցախի Մէջ Կամքն Ու Յոյսը Անմեռ Են

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?