Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

Դեկտեմբեր 10, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մտքի Մարզանք` Հայրիշխանութիւն-
Ֆեմինիզմ Երկեակ
– Շատ Հակիրճ Յօդուած –

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Ի՞նչ կը նշանակէ կին ըլլալ: Ինչպէ՞ս կը բնորոշուի կինը տարբեր մշակոյթներու եւ ժամանակներու ընթացքին: Արդեօ՞ք աշխարհի բոլոր կիները նոյն հարցերէն եւ մարտահրաւէրներէն կը տառապին:

Կիներու իրավիճակին մասին ուսումնասիրող ժամանակակից մարդաբաններ անպայմանօրէն կ՛անդրադառնան ընկերութեան մէջ կիներու ստորադաս վիճակի պատճառներուն եւ ընդհանրացումին, ինչպէս նաեւ` կիներու եւ այրերուն միջեւ ստորադասման յարաբերութեան: Ընկերային համակարգեր ուսումնասիրելու համար մարդաբաններ լուսարձակի տակ առին ազգակցութիւնը, ընտանիքը, տունը եւ սեռային սովորոյթները, եւ հետեւաբար սեռերու փոխյարաբերութիւնը դարձաւ ուսումնասիրութիւններու առանցք: Ժամանակի ընթացքին թէեւ շատ մը տեսութիւններ առարկուեցան եւ փոփոխութիւններու ենթարկուեցան, սակայն հիմնականօրէն մնաց մէկ կեդրոնական հարցում` կիները մի՞շտ ստորադաս եղած են:

Հայրիշխանութիւնը կը հանդիսանայ կիներու յառաջդիմութեան գլխաւոր խոչընդոտը: Թէեւ զանազան ընկերութիւններուն մէջ հայրիշխանութիւնը տարբեր չափով եւ տեսակով կը բանեցուի կնոջ վրայ, սակայն բոլոր ընկերութիւններուն մէջ լայն վերնագիրը կը մնայ նոյնը` այրը կ՛իշխէ կնոջ վրայ: Աւելի հասկնալու համար այս իրողութիւնը, հարկ է ուսումնասիրել եւ վերլուծել այն համակարգը, որ կինը կը դարձնէ ստորադաս: Հայրիշխանութիւնը այրերուն կու տայ բացարձակ նախապատուութիւն` թէ՛ հանրային եւ թէ՛ ոչ հանրային տարածքներու մէջ, այնքան մը, որ նոյնիսկ կնոջ մարդկային իրաւունքները կը սահմանափակէ: Այս է պատճառը, որ կնոջական շարժումներ, ի մասնաւորի` ֆեմինիստ շարժումը, իր պայքարը կը մղէ հայրիշխանութեան դէմ:

Կիներու ստորադասումը կիներէն կը խլէ որոշում կայացնողի դիրքը եւ կը պատէ անզօրութեան զգացումներով: Այս խտրութիւնը կը վնասէ կնոջ, եւ, ի դէպ, ոեւէ անհատի ինքնավստահութիւնը: Կնոջ ստորադասութենէն կը բխին կինը տկար մակարդակի վրայ դնելու խնդիրն ու երկու սեռերու միջեւ ուժի յարաբերութիւն մը, ուր յստակօրէն այրը կ՛իշխէ կնոջ վրայ: Կիները այս ստորադասումը կը դիմագրաւեն ամէնօրեայ դրութեամբ եւ զանազան կերպերով` խտրականութիւն, արհամարհանք, վիրաւորանք, բռնութիւն, շահագործում` ըլլայ ընտանիքին մէջ, գործատեղին թէ համայնքի զանազան միութիւններու մէջ: Նաեւ, համակարգեր իրենց կարգ ու կանոնին մէջ կը հաստատեն օրէնքներ, որոնք այս կամ այն կերպով կինը կը դնեն ստորադաս վիճակի մէջ, ինչպիսին է, օրինակ, Լիբանանի անձնական իրաւունքներու օրէնքները:

Վերոնշեալ հակիրճ անդրադարձէն ետք հարկ է նաեւ նշել, որ կիներ կը պայքարին հայրիշխանութեան բռնատիրութեան դէմ զանազան շարժումներու ընդմէջէն, որոնցմէ ամէնէն երեւելին ֆեմինիստական շարժումն է: Թէեւ գոյութիւն ունին ֆեմինիզմի տարբեր գաղափարախօսութիւններ, սակայն խորքին մէջ բոլորին ալ պայքարը մէկ է` լուսարձակի տակ առնել կիներու հանդէպ կիրարկուող բռնութիւնները եւ գործնական քայլերու դիմել` ազատագրելու համար կինը:

Իսկ վերադառնալով մեզ հետաքրքրող հարցումներուն, ընդհանուր պատասխան մը տալու փոխարէն, կ՛ուզեմ, որպէս մտքի մարզանք, հետեւեալը առաջարկել բոլոր կիներուն, ինչպէս նաեւ` բոլոր այրերուն. ամէն անգամ, որ ականատես ըլլանք սեռերու անհաւասարութեան պատճառով կնոջ մը ձայնին լռեցումին եւ կնոջ գոյութեան արժէքը հարցականի տակ դրուելուն, հասկնանք, որ եղածը հայրիշխանութեան կողմէ կիրարկուած բռնարարք մըն է եւ ոչ թէ` կեանքի բնական ընթացք կամ օրէնք: Ուստի հարկ է պայքարիլ միասնաբար` կին եւ այր, վերջ տալու այս անմարդկային վերաբերմունքին եւ մղել մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան պայքարը` առողջ ընկերութեան մը համար:

 

Բռնութեան Ենթարկուելու Պարագային
Դիմել Հետեւեալ Թիւերուն

Բռնութեան ենթարկուած կամ ենթարկուող ոեւէ անհատ, որ կարիք ունի օժանդակութեան` հոգեբանական բուժումի, ապաստանարանի, բժշկական օգնութեան, խորհրդատուութեան եւ ցուցմունքներու կրնայ կապուիլ հետեւեալ ընկերաբժշկական կեդրոններուն, կառոյցներուն եւ ոչկառավարական կազմակերպութիւններուն:

  • ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն  01-253796
  • «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն 01-258718
  • Ազգային առաջնորդարանի ընկերային  ծառայութեան բաժանմունք 01-258300
  • Abaad 01-283820
  • Himaya 03-414964
  • Idraac 01-583583
  • Embrace 1564
  • Kafa 1745
Նախորդը

Արթուր Մոսիյեան Այցելեց Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակ

Յաջորդը

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

RelatedPosts

Դժուա՞ր Բան Է Հայ Ըլլալը (Թարթափումներ)
Անդրադարձ

Կինը Եւ Պատերազմը

Մայիս 21, 2022
Հրաժեշտի Խօսք (Յովհաննէս Աբրահամեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Հրաժեշտի Խօսք (Յովհաննէս Աբրահամեանի Յիշատակին)

Մայիս 21, 2022
Ծառայութեամբ Յատկանշուած Համակ Կեանքը Մը (Տոքթ. Րաֆֆի Նալպանտեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Ծառայութեամբ Յատկանշուած Համակ Կեանքը Մը (Տոքթ. Րաֆֆի Նալպանտեանի Յիշատակին)

Մայիս 21, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In