ՍԱՐՕ ԹՈՆԴԵԱՆ
Երէ՛ց ընկերուհիս` Ալիս,
Նախ եւ առաջ թոյլ տո՛ւր, որ ընթերցողներուն յստակացնեմ, որ, գոնէ քո՛ւ պարագայիդ, «Ընկերուհի» յորջորջումը սո՛սկ համազգայնական կամ ճեմարանական պարունակէն անդին կ՛անցնի եւ կը ներառէ հոգեհարազատ մարդկային ընկերութիւնը, նոյնիսկ եթէ կէս դարու տարիքային տարբերութիւն մը գոյութիւն ունենայ: Փաստը այն է, որ քո՛ւ հետդ յոգնակի եղանակով խօսիլը իսկապէս խորթ կը թուի` հակառակ անհո՛ւն յարգանքի առկայութեան:
Վստահաբար բնածին խառնուածքդ իր տեղը ունի, բայց կրնամ անվարա՛ն հաստատել, որ անոր վրայ եկած է աւելնալու գլխագի՛ր Մանկավարժի հանգամանքդ` անմիջականօրէն թրծուած ըլլալով անզուգակա՛ն Լեւոն Շանթին ձեռամբ: Այլապէս, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել, որ աւելի՛ քան 80 տարուան ճեմարանական երթիդ ընթացքին կարողացար կեանքդ բաժնել եւ մտերմանալ չո՛րս տարբեր սերունդներու պատկանող բիւրաւո՛ր աշակերտներու եւ պաշտօնակիցներու հետ:
Ճի՛շդ է, որ իմ սերունդիս աշակերտական տարիներուն ընթացքին, դժբախտաբար, դադրած էիր անձնապէս դասանիւթեր դասաւանդելէ, եւ մենք զրկուեցանք քեզի աշակերտած ըլլալու առանձնաշնորհէն, սակայն մենք քեզի ճանչցանք որպէս մեր «Հայ դպրութեան դարբնոց»-ին կրթական պատասխանատուն` «Օրիորդ Ալիս»-ը. պարտականութիւն մը, որ կը վարէիր ամենա՛յն բծախնդրութեամբ: Օրինակի համար, ի միջի այլոց, կը զարմանայինք, թէ ինչպէ՛ս, առօրեայ բազում պարտականութիւններուդ զուգահեռ, կրնայիր, առանց որեւէ յապաղումի, ամբողջ դպրոցին աշակերտութեան վիճակացոյցներուն էջերը լեցնել, մինչ, ամենա՛յն դիւրութեամբ, կրնայիր այդ պարտականութիւնը փոխանցել համապատասխան դաստիարակներուն:
Յատկապէս նախակրթարանի տարիներուն (օրին` հինգ), վայելած ենք ձեռնհասօրէն պատրաստուած թուաբանութեան հայատառ գիրքերը, որոնց երեք մասնագէտ հեղինակներէն մին կը հանդիսանայիր:
Հակառա՛կ լիբանանեան պատերազմին ստեղծած խառնաշփոթ ու անապահով կացութեան, իւրայատուկ «VW» ինքնաշարժիդ ղեկին ետին, հասար աշխարհագրականօրէն երկփեղկուած Ճեմարանի բոլոր կրթական պէտքերուն` թէ՛ իբրեւ անոր ընդհանուր կրթական պատասխանատուն, թէ՛ ալ, շրջան մը, որպէս տնօրէն խորհուրդի անդամ:
Սակայն ինծի համար մեր մտերմութեան խարիսխը դրուեցաւ Ճեմարանը աւարտելէս անմիջապէս ետք, երբ, յետպատերազմեան առաջին հնգամեակին ընթացքին, դուն լիովի՛ն մեր սերունդին ստանձնած իրերայաջորդ վարչական կազմերուն կողքին եղար, համեստօրէն` որպէս «օժանդակ» անդամ: Ամենա՛յն առարկայնութեամբ, կրնամ հաստատել, որ Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան պատմութեան մէջ յիշեալ հնգամեակը կը հանդիսանայ ամէնէն աւելի բեղուն գործունէութիւն ծաւալած ժամանակաշրջաններէն մէկը` հարուստ ընկերային, մշակութային եւ հասութաբեր ձեռնարկներու ճոխութեամբ մը, որ կ՛արտացոլայ այդ տարիներուն լոյս տեսած Շրջանաւարտից միութեան օրկանին` «Տեղեկատու»-ին թիւերուն մէջ, որոնց խմբագրական աշխատանքը գլխաւորաբար կը տարուէր մեր երկուքին կողմէ:
Քանի մը տարի ետք մեր մտերմութիւնը շա՛տ աւելի շեշտաւորուեցաւ, երբ, 2002-2003 տարեշրջանին ընթացքին, ինծի վստահուեցաւ Ճեմարանի յարկին տակ ծառայելու քաղցր պարտականութիւնը. կրկին անգամ դուն կողքիս էիր քու մանկավարժական լայն փորձառութեամբդ եւ խորհրդատուութեամբդ` հետեւելով ուսուցչական քայլերուս ու դժուարութիւններուս:
Բոլոր բնագաւառներէն ներս` թէ՛ Ճեմարանի յարկին տակ, թէ՛ «Հայագիտական»-ի շրջագիծին մէջ, թէ՛ իբրեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդի անդամ, ամէնուրեք, միշտ ալ եղած ես պարտաճանաչութիւն, բծախնդրութիւն, խստապահանջութիւն (բայց` անուշութեա՛մբ), փափկանկատութիւն, համեստութիւն, ժողովրդավարական սկզբունքներու հաւատարմութիւն եւ, սկզբունքային հարցերու պարագային, շեղելու անզիջողութիւն մարմնաւորող, յարգանք պարտադրող օրինակ մը:
Անցնելով քիչ մը աւելի անձնական բաժնի մը` թոյլ տուր, որ քեզի յիշեցնեմ դրուագ մը: Ասկէ վեց տարիներ առաջ այլեւս ինքնաշարժ չէիր քշեր. չեմ գիտեր` ի՛նչ փոխադրամիջոցով, հօրս տարելիցին առիթով, Սուրբ Նշան մայր եկեղեցի եկած էիր. հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք որքա՛ն դժուար եղաւ քեզ համոզելը, որ մենք քեզի հասցնենք Էշրեֆիէ. ա՛լ աւելի դժուար եղաւ քեզ համոզելը, որ քի՛չ մը սպասենք քեզի, մինչեւ որ ունեցած կարգ մը գնումներդ ընէիր, որպէսզի ծանրաբեռնուած չքալէիր մինչեւ տանդ թաղը: «Մէկու մը բեռ չըլլալու» հասկացողութեամբ, չափազանցուած փափկանկատութեանդ քաջածանօթ էի արդէն, բայց ա՛յդ օրուան յամառութեանդ տարողութիւնը իսկապէս զարմացուց զիս:
Միեւնոյն նկատառումով էր, որ վերջին տարիներուն կը մերժէիր տանդ մէջ քեզի ընկերակցող մը ունենալու գաղափարն իսկ, մինչեւ որ այդ մէկը այլեւս գրեթէ անխուսափելի դարձաւ ասկէ մօտ երկու տարի առաջ:
Դժբախտաբար վերջին տարիներուն մեր հաղորդակցութիւնը սահմանափակուեցաւ պարբերական հեռաձայնային կապերով կամ եղբօրորդիներուդ միջոցով. այս մէկը շեշտաւորուեցաւ անիծեալ «Քորոնա»-ի համավարակին ստեղծած ու պարտադրած տհաճ կացութեան պատճառով: Արդարեւ, զաւկիս ծնունդին առիթով, երբ խնդակցութիւնդ յայտնելու համար հեռաձայնեցիր, պայմանաւորուեցանք, որ հարկ է, որ մանչուկս շուտով քեզմէ ստանայ իր «Ճեմարանականի օրհնութիւն»-ը. բան մը, որ նշած էի նաեւ անցեալ տարուան յունիսին լոյս տեսած գրութեանս մէջ` ձօնուած Ճեմարանի 90-ամեակին:
Ինչ կը վերաբերի Պէյրութի նաւահանգիստին սահմռկեցուցիչ պայթումին, աստուածային նախախնամութիւնը քեզ զերծ պահեց գոնէ մարմնական վնասուածքէ:
Այսուհանդերձ, պատահեցաւ, որ անկէ հազիւ մի քանի ամիս ետք, յանկարծ, առողջութիւնդ նահանջէ եւ, շատ արագընթաց ձեւով, ֆիզիքապէս առյաւէտ բաժնուիս բոլոր սիրելիներէդ:
Ճի՛շդ է, որ, ինչպէս շա՜տ շատեր, այլեւս առիթը պիտի չունենանք անմիջականօրէն հետդ զրուցելու, խորհրդածելու եւ այլազան նիւթերու մասին խօսելու, սակայն վստա՛հ եղիր, որ դուն պիտի շարունակես մնալ մնայուն ներկայութիւն շատերու կեանքերէն ներս` շնորհիւ քու ջամբած կրթութեանդ, ժառանգ ձգած աւանդիդ եւ յետիդ թողած քա՛ղցր յուշերուդ …
Յիշատակդ` անթառա՛մ, անզուգական երէց Ընկերուհիս …
Ցը…