Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առնօ Բաբաջանեանի Յիշատակին (1921-1983). Առնոն` 100 Տարեկան

Դեկտեմբեր 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երաժշտագէտ մը չեմ: Բայց երգն ու երաժշտութիւնը շատ սիրած եմ ու կը սիրեմ, որովհետեւ գիտեմ, որ «լաւ» երգը նաեւ լաւ տրամադրութիւններ կրնայ բերել ժամերուդ: Նաեւ համեստօրէն աւելցնեմ, որ մանկութենէս ի վեր, ու մինչեւ այսօր ալ, միշտ հայ երգով ու երաժշտութեամբ լեցուցած եմ մեր տան մթնոլորտը:

Թերեւս հիմա հարց տաք. ինչո՞ւ յանկարծ այս տողերը: Ըսեմ:

Այդ օր յուշատետրս ինծի կը յիշեցնէր, որ այս տարի Առնոն հարիւր տարեկան պիտի ըլլար: Բայց ո՞վ է այս Առնոն:

Առնօ Բաբաջանեան.- անկասկած ան մեր ժողովուրդի պանծալի եւ տաղանդաւոր զաւակներէն մէկն է, ծնած` Երեւան, 22 յունուար 1921-ին, մահացած` Մոսկուա, 11 նոյեմբեր 1983-ին:

Զինք աւելի մօտէն ճանչնալու, գնահատելու եւ նոյնքան ալ արժեւորելու համար դիմեցի երաժշտական բազմազան աղբիւրներու, որոնք բոլորն ալ այս մեծ հայուն երաժշտական աստուածատուր հսկայ տաղանդը եկան հաստատելու: Տաղանդ մը, որուն շնորհիւ ան արժանի դարձած էր ե՛ւ համահայկական գուրգուրանքի, ե՛ւ միջազգային համբաւ-քաջալերանքի: Ուղղակի հանճար:

Որովհետեւ ան իր ստեղծագործութիւններով երաժշտական աշխարհի մէջ, նոր շերտեր, իսկ երաժշտարուեստը ակօսելով, նոր ուղիներ բացայայտած էր:

Գիտեմ, որ շատ հաւանաբար շա՜տ շատեր  ծանօթ են բոլորիս սիրելի ու նոյնքան ալ պաշտելի Բաբաջանեանի «Կարապի երգը»-ին, «Նոկտիւրն»-ին եւ «Հերոսական բալլադ»-ին: Ուղղակի տաղանդ:

Ու յիշեցնեմ. մեր մեծերը միշտ ըսած են, որ` «Տաղանդաւոր մարդը, ամէն գործի մէջ տաղանդաւոր է»: Չէին սխալած: Որովհետեւ մեր գիտցած ու ճանչցած հայ երաժշտագէտ «Բաբաջանեան», իր ստեղծագործական կեանքի ընթացքին, երաժշտութեան ասպարէզին մէջ բերած էր ազգային նոր, հրաշալի եւ անկրկնելի «հիւսուածքներ»` միաժամանակ ընդլայնելով մեր երաժշտական գրականութեան շրջանակները, ինչպէս որ իրմէ առաջ նոյնը ըրած էին անմահն Կոմիտասն ու աշխարհահռչակ Արամ Խաչատուրեանը:

Երգահան եւ դաշնակահար Բաբաջանեան 9 տարեկանին արդէն երաժշտական իր առաջին ստեղծագործութիւնը գրած էր: Ապա, ուսանելով հայ եւ ռուս երաժշտանոցներու մէջ, տարուէ տարի բաւական գիտելիքներ «ամբարելով», իր հմտութեամբ ճոխացուցած էր ստեղծագործութիւններու իր ցանկը:

Բայց միայն գիտելիքներով չէ, որ դարձած էր համաշխարհային դէմք, այլ ունէր մեծ եւ անկրկնելի տաղանդն ալ: Վկայ` իր գործերը:

Կ՛ըսեն, որ ան ազնիւ եւ բարեսիրտ մարդ մը եղած էր: Նաեւ կ՛աւելցնեն, որ ան իր սրամիտ կատակներով, հիւթեղ պատմութիւններով, մարդամօտ բնաւորութեամբ, միշտ բարի ժպիտով դիմաւորած` իրեն ծանօթ կամ անծանօթ հիւրն ու խօսակիցը: Հաճելի ներկայութիւն մը:

Ա. Բաբաջանեանը նաեւ իր ստեղծագործական բոլոր գիծերուն մէջ, իր յօրինած երգերով ու գործիքային կատարումներով, նաեւ եղած էր փայլուն եւ տաղանդաւոր դաշնակահար մը:

Իր գործերը զինք հասցուցած էին համաշխարհային ճանաչման աստիճանին:

Իսկ միւս կողմէ` մեծ ու փոքր, հայ թէ օտար, բոլոր մրցանակները, պարգեւներն ու շքանշանները ճոխացուցած էին իր անունն ու տիտղոսը:

Մէկ խօսքով` անզուգական հայ արուեստագէտ մը: Տակաւին, անկախ այս բոլորէն, զինք մօտէն կամ հեռուէն ճանչցողներն ու իր արուեստին հետեւողները կրնան հաստատել, որ իբրեւ երաժշտագէտի եւ յայտնի դաշնակահարի` իր մասին հայ եւ օտար մամուլի մէջ երեւցած գնահատականները կրնան հատորներ լեցնել: Եւրոպական եւ ամերիկեան ցամաքամասերու մեծ համերգասրահներէն ներս ունեցած եւ հրամցուցած ելոյթները մեծ հիացումով դիմաւորուած էին հանդիսատեսներու կողմէ:

Մէկ խօսքով, Առնօ Բաբաջանեան ներքին եւ բացառիկ ականջ ունեցող, տաղանդաւոր ու գրաւիչ անուն մըն է, անզուգական հայ մը միջազգային երաժշտութեան աշխարհի մէջ: Ուրիշ խօսք կամ մակդիր կարելի չէ գտնել արժեւորելու համար այս մեծ արուեստագէտին անունը:

Այսօր իր կարիքը շատ կը զգացուի: Աւելի քան երբեք մենք կարիքը ունինք Բաբաջանեանի նման ստեղծագործ միտքերու, ստեղծագործութիւններու եւ տաղանդներու: Ո՞վ չի յիշեր կամ չէ լսած իր «Առաջին սիրոյ երգը», «Իմ Երեւանը», «Ազգ փառապանծը»: Տակաւին,  նաեւ կարելի է յիշել, որ ան գրած էր բազմաթիւ ժապաւէններու երաժշտութիւններ: Շատեր կրնան յիշել` «Իմ սիրտը լեռներում է», «Հարսնացուն հիւսիսից» եւ այլն: Տակաւին եւ մանաւանդ, ռուս բանաստեղծներու յօրինած ստեղծագործութիւններով մեծ թիւով երգեր ալ գրած էր, որոնք եկան ու հայ եւ օտար բոլոր շրջանակներէ ներս կրկնապատկեցին Բաբաջանեանի փառքը, լայն ճանաչում բերին հայ մշակոյթին ու միաժամանակ մեր երգարուեստի գանձարանը հարստացուցին զմայլելի գոհարներով:

Ներկայիս Հայաստանի մէջ կայ իր անունով հիմնադրամ, ինչպէս նաեւ` համերգասրահ, յուշարձան, եւ Մաշտոցի պողոտայի վրայ` յուշատախտակ: Նաեւ հանդիպած եմ իր անունը կրող յուշատախտակին` Դիլիջանի մէջ:

Ինք այս բոլորին արժանի էր, անկասկած եւ մանաւանդ` օրինակելի:

Արդ, կը հաւատամ, որ յոբելենական թուականները  անկիւնադարձային ազդեցութիւն ունին եւ կ՛ապահովեն մեր ժողովուրդի յարատեւութիւնն ու կենսունակութիւնը:

Իւրաքանչիւր յոբելեարի նշում խորքին մէջ մեր կեանքը վերարժեւորելու ձգտում մըն ալ ունի: Ամէն առիթով կրկնած եմ այս մէկը: Ահա ա՛յս «մէկը»: Եւ երբ զանոնք հրապարակային կերպով կը յիշենք, կը նշենք, կը յիշատակենք, կ՛ոգեկոչենք, կը նշանակէ, որ մենք զմեզ կ՛արժեւորենք: Լսած եմ, որ երեւանեան երաժշտական շրջանակներէ ներս, Առնօ  Բաբաջանեանի արուեստի աշխարհը նմանցուցած են հսկայ կաղնիի մը, որ իրերայաջորդ սերունդներուն շուք կու տայ: Ի՜նչ լաւ արժեւորում:

Թող յիշատակը մնայ անթառամ:

bedig43@aol.com

 

 

Նախորդը

Մականունի Մը Պատմութիւնը

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հայ Դատի Հաւատամքով

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?