Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկարատեւ Աշխատանքի Հերոսը` Ալիս Գազանճեան

December 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

1945 թուականի յունիս ամսուն աւարտելէ ետք Հայ Ճեմարանը, Ալիս Գազանճեան նոյն տարուան հոկտեմբերին դարձած է Ճեմարանի նորաբաց նախակրթարանի ուսուցչուհի: Ան այլազան պաշտօններով Ճեմարանի ուսուցչական կազմին մաս կազմեց մինչեւ իր պատկառելի 90 տարիքը թեւակոխելը 2017-ին, ուղիղ 72 տարի: Սա երեւոյթ է: Ալիս Գազանճեան, Ճեմարանի օրիորդ Ալիսը, այնքան շաղախուած էր Ճեմարանի կեանքին, որ անկարելի էր դադրեցնել անոր պաշտօնավարումը: Աշակերտած ըլլալով Ճեմարանի հիմնադիրներու սերունդին` Լեւոն Շանթին, Նիկոլ Աղբալեանին եւ ուրիշներուն, ան Ճեմարանի մէջ արթուն պահակը հանդիսացաւ Հայ Ճեմարանը կերտողներուն մանկավարժական ըմբռնումներուն ու ազգային հայրենական համոզումներուն:

Հասուն տարիքին յաճախեց համալսարան ու տիրացաւ հոգեբանութեան ու մանկավարժութեան մագիստրոսի տիտղոսին: Նախակրթարանի մէջ գլխաւորաբար թուաբանութեան դասատու` ան գործակցաբար պաշտօնակիցներու պատրաստեց «Թիւ եւ հաշիւ» դասագիրքերու շարքը, անոնց ուսուցչի ուղեցոյցներով: Նշանակուեցաւ Ճեմարանի կրթական տեսուչ, աւելի ուշ` երկրորդական բաժնի պատասխանատու եւ դարձաւ տնօրէնին աւագ խորհրդականն ու հիմնական նեցուկը: Պէտք է թերթել իւրաքանչիւր տարեշրջանի համար իր պատրաստած թղթածրարները, տեսնելու համար բծախնդիր աշխատանքը մասնագէտ մանկավարժի մը, որ կը հետեւի իւրաքանչիւր աշակերտի յառաջդիմութեան ու իւրաքանչիւր ուսուցչի աշխատանքին արդիւնաւորումին:

Ճեմարանի պատասխանատուները, աւանդութեան կարգ անցած ըմբռնումով մը, միշտ եղած են աշխատասէր ու իրենց գործը չեն սահմանափակած որեւէ ժամանակացոյցով: Ալիս Գազանճեանը կարելի է, առանց դոյզն տատանումի, համարել աշխատանքի ախոյեան:

Ճեմարանի մէջ պաշտօնավարութեան կողքին, Ալիս Գազանճեան դասաւանդեց նաեւ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկին մէջ: Մեր դպրոցներու հայերէնի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչներէն շատեր, մամուլի ծառայողներ ու աշխատակիցներ իր ուսանողները եղած են:

Հասարակական մարզին մէջ, Ճեմարանի Շրջանաւարտներու միութեան կողքին, որուն տեղեկատուն երկար ժամանակ խմբագրած է  ամենայն բծախնդրութեամբ, Ալիս Գազանճեան գործած է նաեւ Համազգային մշակութային միութեան մէջ, նախ Էշրեֆիէի Ռուբէն Զարդարեան մասնաճիւղին, ապա Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամակցութեամբ: Մեծ է իր դերը Լեւոն Շանթ կեդրոնի շինարարութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի շինութեան ժամանակ դրամահաւաքի աշխատանքներուն մէջ:

Ճեմարանի մէջ պաշտօնավարման վերջին տարիներուն, երբ տնօրէնի խորհրդականն էր պաշտօնապէս, ան իրաւամբ դարձաւ խորհրդականն ու ուղեցոյցը ամբողջ ուսուցչական կազմին: Շաբաթական մանկավարժական ժողովներուն ընթացքին, երբ դպրոցի բաժիններուն պատասխանատուներուն կողմէ գաղափարներ կը յայտնուէին ու առաջարկներ կ՛ըլլային, ես կը նայէի օրիորդ Ալիսին ու ան անխօս, սակայն աչք ու ունքով ինծի ուղղութիւն կու տար: Տնօրէնութեանս ամբողջ ընթացքին, բոլոր կարեւոր որոշումներու կայացումէն առաջ ես ապաւինած եմ Ալիս Գազանճեանի առողջ խորհուրդին ու չեմ սխալած:

Գիտութեամբ, գաղափարական յագեցուածութեամբ անխոնջ աշխատանքով ու նուիրումով լեցուն ընթացք մը եղաւ Ալիս Գազանճեանի կեանքը: Միշտ սիրուեցաւ իր գործակիցներէն ու աշակերտներէն ու արդարօրէն գնահատուեցաւ: Երանի իրեն:

 

 

Նախորդը

Անխոնջ Դաստիարակը

Յաջորդը

Օրիորդ Ալիս Գազանճեան` 80-Ամեայ Ճեմարանականը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.