Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անխոնջ Դաստիարակը

Դեկտեմբեր 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնակիցդ`
ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ

1977-1978 դպրոցական տարեշրջանին Ազգային Էհրամճեան վարժարանէն փոխադրուեցայ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան, Արեւմտեան Պէյրութ, պարոն Հրաչ Տասնապետեանին խնդրանքով: Բոլոր ուսուցիչներս, որոնց նկատմամբ մեծ յարգանք ունէի աշակերտած օրերուս, դարձան  պաշտօնակիցներս: Ստանձնեցի օրդ. Ալիս Գազանճեանին դասաւանդած նիւթը` թուաբանութիւնը, իսկ ինք եղաւ ընդհանուր կրթական պատասխանատու:

Այդ օրէն սկսաւ մեր մտերիմ եւ յարգալից յարաբերութիւնը: Ուսանած էր մանկավարժութիւն եւ հոգեբանութիւն, սակայն ինք կոչումով իսկական դաստիարակ էր: Իւրաքանչիւր հարցի նկատմամբ ունէր արդար եւ ճշգրիտ վերլուծում: Մէկ նախադասութիւն բաւարար էր փոխանցելու իր միտքը:

Օրդ. Ալիս ճեմարանէն ներս ունեցած է մեծ դաստիարակներ եւ մանկավարժներ, ինչպէս` Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Կարօ Սասունի, որոնց շունչին տակ ապագային դասաւանդած է` ամբարելով լայնածաւալ գիտելիքներ, որոնք տարիներ շարունակ փոխանցած է իրեն հետ պաշտօնավարող ուսուցիչներուն:

Շատ լայնախոհ, համեստ, հանդարտ եւ համբերատար` աշակերտներու, գործակիցներու եւ ծնողներու նկատմամբ: Ժպիտով կը կատարէր իր դիտողութիւնները բոլորին, եւ իւրաքանչիւր անհատ կ՛ընդունէր իրեն սխալը:

Պարտաճանաչ էր մեր ազգային հանդիսութիւններու, թատերական ներկայացումներու եւ հանդիսութիւններու նկատմամբ` իր ներկայութեամբ: Բացակայողներու հասցէին կը գանգատէր` ըսելով. «Երբ անհանգիստ չես, ներկայ պէտք է ըլլաս»:

Տարիներով օրդ. Ալիս առանց դժգոհելու երթեւեկած է արեւելեան Ճեմարանէն արեւմտեան Ճեմարան: Միշտ ներկայութիւն եղած է երկու բաժիններէն ներս մինչեւ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի բացումը` 1987-1988 տարեշրջանին:

Քանի մը տարուան դադարէ ետք, 1979-ին, կարգ մը շրջանաւարտներու հետ խորհրդակցաբար, գումարուեցաւ ընդհանուր ժողով եւ ընտրուեցաւ  նոր վարչութիւն, որուն մաս կազմեց օրդ. Ալիս եւ յաջորդական 16 տարիներուն շարունակաբար կատարեց իրեն վստահուած պարտականութիւնը.  մէկտեղեց բոլորը, կապ հաստատեց օտար երկիրներ բնակողներու հետ: Իր օրինակելի կեցուածքով կը մղէր աշակերտները եւ ուսուցիչները, որ գործակցին միութեան հետ` յաջողցնելու համար որեւէ ձեռնարկ:

Առողջական վիճակին պատճառով վերջին քանի մը տարիներուն հեռացաւ մարմնապէս իր պատշաճ հաստատութենէն` Ճեմարանէն, սակայն հոգուով միշտ հոն էր, տեղեկութիւններ կը ստանար դպրոցէն եւ Շրջանային միութենէն:

Հարցազրոյցներ կը մերժէր կատարել, իմ միջնորդութեանս կը դիմէին, որպէսզի բարեխօս ըլլամ: Հարցը կը լուծուէր:

Վերջին հարցազրոյցը տեղի ունեցաւ Ճեմարանի 90-ամեակին առթիւ, երկուշաբթի, 2 մարտ 2020-ին, Ճեմարանի աւարտական դասարանին կողմէ:

Յաճախ այցելուներ կ՛ունենար արտերկրէն ժամանած աշակերտներէն, որոնց շատ սիրայօժար եւ ուրախ տրամադրութեամբ կ՛ընդունէր:

«Քորոնա» ժահրը պատճառ դարձաւ, որ չկարողանանք յաճախակի այցելել իրեն, բաւարարուեցանք հեռաձայնով կապուելով հետը, փոխանցել ներքին ու արտաքին իրադարձութիւններու մասին տեղեկութիւններ:

Սիրելի՛ օրդ. Ալիս, պիտի չուզէիր լսել գովասանքներ քու մասիդ, սակայն հիմա կրնանք ըսել, որ Ճեմարանի վերջին մոհիկանը շիջեցաւ, բայց իր ունեցած կորովը, բծախնդրութիւնը, ճշդապահութիւնը եւ ազգային ոգին պիտի ըլլան մեր կեանքի ուղեկիցները:

 

 

Նախորդը

«Չըլլա՛յ Թէ Յուսահատիք, Մենք Ալ Շատ Դժուար Պայմաններու Մէջ Աշխատած Ենք…»

Յաջորդը

Երկարատեւ Աշխատանքի Հերոսը` Ալիս Գազանճեան

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?