Կիներն Ու Անոնց Իրաւունքները
Հայաստանի Մէջ
ՄԱՐՕ ՄԱԹՈՍԵԱՆ
Կիներու աջակցութեան կեդրոն, Հայաստան
Գործադիր տնօրէնուհի
Ես Հայաստան կը բնակիմ 1991-էն ի վեր եւ զգալի փոփոխութիւն տեսած եմ: 90-ականներուն ոչ ոք կը խօսէր կիներու իրաւունքներուն կամ ֆեմինիզմի մասին, հետեւաբար ոչ ոք կինը կը պաշտպանէր: Կամաց-կամաց զանգուածային շարժում մը սկսաւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու շնորհիւ: Երիտասարդ կիներ հետզհետէ սկսան դուրս գալ իրենց ընտանիքներու եւ շրջապատի սահմանափակումներէն ու պահպանողականութենէն եւ աւելի հետաքրքրուիլ կիներու հարցերով: Ուրիշներ ապահով տարածքներ կը գտնէին արտայայտուելու, մատնանշելու անարդարութիւնն ու անհաւասարութիւնը: Երիտասարդ կիներ նոյնպէս կը գիտակցէին, որ իրենք ուժ մը կը ներկայացնեն հայ հասարակութեան մէջ` կազմելով բնակչութեան աւելի քան 54 առ հարիւրը, սակայն անոնց հանդէպ վերաբերմունքը խղճալի էր:
Դժբախտաբար, անկախութենէն եւ ազատ շուկայի համակարգի ներմուծումէն ետք, մենք անմիջապէս լսեցինք այն պատմութիւնը, թէ կիները պէտք է տունը մնան եւ իրենց զաւակներուն հոգ տանին: Այդ տեղի ունեցաւ այն ժամանակ, երբ գործի առիթները քիչ էին, եւ աշխատանքի շուկային մէջ տղամարդը կինէն աւելի նախընտրելի էր:
Վերջին 10 տարիներուն, կրնամ ըսել, որ բաւական բան փոխուած է, սակայն տակաւին երկար ճամբայ ունինք կտրելիք: Կին գործիչները յոգնած են նահապետական նախապաշարումներէն, եւ անցեալէն օրինակներ փնտռելով յառաջ բերած են հայ կնոջ գիտելիքներն ու իրազեկութիւնը: Օրինակ, Զապէլ Եսայեան մեծ մասամբ ներկայացուած էր եւ օգտագործուած իբրեւ օրինակելի ֆեմինիստ, գործիչ եւ գրող, ինչպէս նաեւ Տիանա Աբգարը եւ ձախակողմեան ֆեմինիստ բանաստեղծուհի Շուշանիկ Կուրղինեանը: Հայաստանէն եւ սփիւռքէն կիներ կ՛աշխատին 15 ծանուցումի վահանակներ ստեղծելու համար` խթանելու կին արուեստագէտները, գիտնականները, գրողները, դիմադրութեան մարտիկները եւ այլն: Այսօր մենք նոյնիսկ ունինք ֆեմինիստական գրադարան, ուր կը յաճախեն կեանքի բոլոր մարզերէ բազմաթիւ գործիչներ:
Հայաստանի մէջ կին գործիչները սկսան պահանջել ոչ միայն իրաւունքներ աշխատանքային շուկային մէջ` պայքարելով առօրեայ կեանքին մէջ սեռային կարծրատիպերու դէմ, այլ նոյնպէս կրթական համակարգին մէջ, որ կը վերաբերի դասագիրքերուն մէջ սեռերու զգայուն բովանդակութեան, ղեկավար պաշտօններուն, կառավարութեան մէջ ներկայացուածութեան եւ սեռային բռնութեան դէմ պայքարին:
Աւելի ու աւելի շատ երիտասարդ կիներ կը հրաժարին սեռային կարծրատիպերէն եւ կը պահանջեն սեռային հաւասարութիւն, արդարութիւն եւ հաւասար ներկայացուածութիւն հասարակութեան մէջ:
Երբ հիմնեցի Կիներու աջակցութեան կեդրոնը (Women՛s Support Center) 2010-ին, մենք անծանօթ կազմակերպութիւն մըն էինք եւ հասարակութեան մէջ չէր խօսուեր ընտանեկան բռնութեան մասին: 2010 թուականը անկիւնադարձային էր, երբ ընտանեկան բռնութեան առաջին յայտնի պարագան քրէական հետապնդման ենթարկուեցաւ որպէս սպանութիւն` Զարուհի Պետրոսեանի սպանութիւնը, որ նաեւ քաջալերեց 5 ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ` ստեղծելու Կիներու դէմ բռնութեան դաշինքը: Կին գործիչները շատ աշխատանք կը տանին յաճախ` թշնամական միջավայրի մէջ: Մինչեւ այսօր մենք կ՛ենթարկուինք առցանց յարձակումի եւ ընդհանրապէս կը տեսնենք սեռային մեկնաբանութիւններ ընկերային ցանցերու վրայ: Ոմանք մեզ կ՛անուանեն օտար գործակալներ, սորոսական կամ իբր թէ մենք ընտանիքներ եւ աւանդական արժէքներ կը քանդենք… բոլորը անհեթեթ խօսքեր են, երբ հարցը կը վերաբերի կիներու կեանքերու փրկութեան:
Անծանօթ կազմակերպութենէն մենք դարձանք առաջին աջակցութեան ծառայութիւնը, որ Հայաստանի մէջ ունի բռնութեան զոհերու նախատեսուած միակ երկու ապաստարանները: Մենք անդամ ենք ընկերային հարցերու նախարարութեան Ընտանեկան բռնութեան խորհուրդին եւ տեղական մասնագէտներ կը նկատուինք Եւրոպական խորհուրդին կողմէ: Մենք մասնակցած ենք բազմաթիւ գիտաժողովներու եւ մամլոյ ասուլիսներու: Վերջապէս, երբ 2018 թուականին խորհրդարանին մէջ Ընտանեկան բռնութեան մասին օրէնքը կը քննարկուէր, մենք ներկայ էինք եւ մեր օգնութիւնը ստացողներէն/բռնութեան վերապրողներէն մէկը իր վկայութիւնը ներկայացուց խորհրդարանին մէջ: 2019-ին ընկերային հարցերու նախարարութիւնը եւ Կիներու աջակցութեան կեդրոնը կնքեցին ըմբռնումի համաձայնագիր մը, ըստ որուն, մենք իրաւունք ունեցանք պաշտօնեաներ ունենալու եւ մարզելու կիներու աջակցութեան կեդրոնները Հայաստանի 10 մարզերուն մէջ, նաեւ բանալու երկրորդ ապաստան մը: Ֆինանսաւորումը կատարուեցաւ Համահայկական հիմնադրամին կողմէ: Մարզերուն մէջ այս կեդրոններու գոյութեան պատճառով սեռային բռնութեան դէպքերու թիւը աճած է, քանի որ կիները աւելի շատ հասանելի դարձան աջակցութեան եւ արդարադատութեան:
Մենք նաեւ կ՛աշխատինք իրազեկելու եւ համայնքներ դաստիարակելու: Այս առումով մենք կը վերապատրաստենք ոստիկաններ, ընկերային ծառայողներ, երիտասարդներ եւ ամբողջ համայնքը, կը ցրուենք գրքոյկներ եւ այլ համապատասխան տեղեկատուութիւն: Յաճախ պատկերասփիւռային քննարկումներու կը մասնակցինք, հարցազրոյցներ կու տանք եւ կը փորձենք ըլլալ ձայնը այն կիներուն, որոնք լռութեան մատնուած են կամ կը վախնան հրապարակաւ արտայայտուելէ:
Իրազեկութիւն տարածելու զուգահեռ, մենք Կիներու դէմ բռնութեան դաշինքին հետ մասնակցած ենք դատարաններու եւ կառավարական շէնքերու առջեւ ցոյցերու, քալած ենք 8 մարտին` Կիներու օրուան առիթով, կազմակերպած ենք միջոցառումներ սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ պայքարի 16 օրուան ընթացքին եւ նաեւ պաստառներ փակցուցած ենք հանրակառքի կայարաններուն մօտ` ժողովուրդին տեղեկացնելու ընտանեկան բռնութեան պարագային օժանդակութեան հեռաձայնի թիւերուն մասին:
Այսպիսով, մեր կեդրոնին մէջ արձանագրուած է հեռաձայնողներու եւ օգնութիւն ստացողներու թիւի աճ: Տարեկան մենք կը սպասարկենք աւելի քան 300 կիներու, իսկ ապաստարաններուն մէջ` աւելի քան 70 կիներու եւ երեխաներու: Երկու նոր վերանորոգուած ապաստարաններու մէջ կրնան միաժամանակ տեղաւորուիլ 24 կին եւ 50 երեխայ:
Կեդրոնին եւ ապաստարաններուն մէջ մենք կիներուն կը տրամադրենք անվճար հոգեբանական խորհրդատուութիւն, ընկերային ծառայութիւններ եւ իրաւական պաշտպանութիւն: Ամէնէն կարեւորը, մենք կը հզօրացնենք կիները, կը կերտենք անոնց ինքնավստահութիւնը եւ կը վերականգնենք անոնց ես-ը, որ կոտրուած է բռնարարին կողմէ: Կիներու խնդրանքով եւ, դրամական միջոցներու կարելիութիւններուն համապատասխան, մենք կիները կ’ուղարկենք մասնագիտական վերապատրաստման, անոնց կը տրամադրենք միջոցներ` իրենց սեփական առեւտուրը սկսելու շատեր կը նախընտրեն աշխատիլ տունէն, քանի որ փոքր երեխաներ ունին:
Մենք հպարտութեամբ կ՛ըսենք, որ մեր օգնութիւնը ստացողներուն 73 առ հարիւրը կ՛ապրի բռնութիւններէ եւ վախէ զերծ կեանք մը, եւ ատիկա իսկական յաջողութեան պատմութիւն է: Զիրենք բռնութեան ենթարկածներու կողմէ մեկուսացնելէ ետք, վերապրածները կը վերահամարկուին հասարակութեան: Աւելի՛ն. շահերու պաշտպանութեան եւ իրազեկուածութեան բարձրացման շնորհիւ, ընտանեկան բռնութիւնը դարձած է իրական խնդիր հանրային քաղաքականութեան եւ հիմնական խօսակցութեան ծիրերուն մէջ:
Այդուհանդերձ, իրավիճակը հեռու է կատարեալ ըլլալէ: Մեզի անհրաժեշտ են բարելաւումներ` ընտանեկան բռնութեան օրէնսդրութեան մէջ: Մենք կը յուսանք, որ 2022 թուականի սկիզբը կը կատարուին շարք մը փոփոխութիւններ ընտանեկան բռնութեան օրէնքի եւ քրէական օրէնսգիրքին մէջ, քանի որ ատոնք ներկայացուցած ենք կառավարութեան: Հետզհետէ նախարարութիւնները աւելի պատրաստակամ կը դառնան եւ աւելի լաւ կը հասկնան բռնութեան զոհերը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը: Ցաւօք, մենք նախարարութիւններուն մէջ չունինք սեռային հարցերով մասնագէտներ, եւ այդ մարտահրաւէր կը ստեղծէ օրէնսդրութեան արագ բարեփոխման համար:
Ներկայիս ոչ մէկ յանցագործ բանտարկուած է, ինչպէս կը պահանջէ օրէնքը, բացի դանակահարութենէ կամ սպանութենէ: Դատաւորները վարչական տուգանքեր կ՛առաջարկեն բռնութեան ենթարկողներուն, ինչ որ այդ սխալ պատգամ կու տայ հասարակութեան: Ոստիկանները, քննիչները, դատաւորները աւելի շատ պաշտպանողական եւ ներողամիտ են բռնութիւններ իրականացնողներուն հանդէպ, քան` զոհերուն: Տուժողին հարցնելով` «ի՞նչ ըրած ես, որ քեզ ծեծեն»-ը, բռնութիւն իրականացնողը կը ներէ, ինչ որ մարդկային իրաւունքներու խախտում կը համարուի:
2021 թուականի առաջին 6 ամիսներուն ոստիկանութիւնը արձանագրած է ընտանեկան բռնութեան 326 քրէական գործեր, որոնցմէ 8-ը` սպանութիւն, 5-ը` անձնասպանութիւն` ընտանեկան բռնութեան հետեւանքով: Մենք գիտենք, որ ամբողջ աշխարհին մէջ դէպքերու միայն 20 առ հարիւրը հաղորդուած է ոստիկանութեան, ուրեմն հասարակական կազմակերպութիւններու աջակցութեան կեդրոններու թիւը շատ աւելի է: Քրէական գործերու 70 առ հարիւրը կը փակուի «ապացոյցներու բացակայութեան» պատճառով: Ոստիկանութիւնը կը համոզէ բազմաթիւ տուժողներ` հանել մեղադրանքը, քանի որ բռնութիւն իրականացնողը միայն տուգանք կը ստանայ, իսկ քրէական գործը սովորաբար կը տեւէ շուրջ 2 տարի, դատավճիռ կայացնելու համար: Բացի ատկէ, բազմաթիւ դէպքեր չեն արձանագրուիր ոստիկանութեան կամ պետական ընկերային ծառայողներու կողմէ: Այսպիսով, ոստիկանութեան տուեալները կաթիլ մըն են ովկիանոսին մէջ… Հայաստանի մէջ սեռային բռնութիւնը հայ ընտանիքներու 60 առ հարիւրին մօտ է: Զոհերու 97 առ հարիւրը կիներ են (որոշ պարագաներու բռնութիւն իրականացնողներ կեսուրներ են):
Ոստիկանութեան, ընկերային ծառայողներու, դատախազներու, քննիչներու, դատաւորներու, առողջապահական ասպարէզի մէջ աշխատողներու եւ դաստիարակներու շարունակական վերապատրաստութիւնը մնայուն կարիք է: Քանի որ ընտանեկան բռնութեան պատճառը սեռային անհաւասարութիւնն է, որ կը պահպանուի նահապետական հասարակութեան մէջ սեռային կարծրատիպերով, պարզ է, որ մեր մարտահրաւէրները հսկայական են: Հասարակութեան մէջ բաներ փոխելը շատ դժուար է: Ձեզ խրախուսելու եւ աջակցելու համար անհրաժեշտ են մարդիկ: Այդ իսկ պատճառով մենք լիայոյս ենք, որ կին գործիչներու թիւին հետ կը սկսի բարելաւուիլ Հայաստանի մէջ կիներու կարգավիճակը:
www.womensupportcenter.org
https://www.facebook.com/WomensSupportCenter
Բռնութեան Ենթարկուելու Պարագային
Դիմել Հետեւեալ Թիւերուն
Բռնութեան ենթարկուած կամ ենթարկուող ոեւէ անհատ, որ կարիք ունի օժանդակութեան` հոգեբանական բուժումի, ապաստանարանի, բժշկական օգնութեան, խորհրդատուութեան եւ ցուցմունքներու կրնայ կապուիլ հետեւեալ ընկերաբժշկական կեդրոններուն, կառոյցներուն եւ ոչկառավարական կազմակերպութիւններուն:
- ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն 01-253796
- «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն 01-258718
- Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունք 01-258300
- Abaad 01-283820
- Himaya 03-414964
- Idraac 01-583583
- Embrace 1564
- Kafa 1745
Մեր իրականութեան հետ առնչութիւն չունեցող այս նիւթը պէտք եղածէն աւելի քաշքշուեցաւ եւ սկսած է խաշած դդումի համ տալ: Ա՛լ վերջ տուէք, Աստուծոյ սիրոյն: