Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅ Դաշնակցութեան 131-Ամեայ Գաղտնիքը

December 10, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Ո՞ւր է գաղտնիքը Դաշնակցութեան, որ ահաւասիկ կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 131-ամեակը, եւ կուսակցութեան աշխարհատարած կառոյցները կը պատրաստուին մեծ շուքով նշելու այդ տարեդարձը: Ինչո՞ւ հայ մարդը, ո՛ւր որ ալ բնակի ան, աւելի՛ն կ՛ակնկալէ նախ Դաշնակցութենէն, քան` որեւէ ուրիշ քաղաքական ուժէ, որ գոյութիւն ունի հայկական կեանքին մէջ: Եւ վերջապէս, ի՞նչ պատճառով Դաշնակցութիւնը հայ կեանքին մէջ միշտ այս 131 տարուան ընթացքին, հիմա ալ, կը գտնուի իրադարձութիւններու կեդրոնին մէջ եւ ոչ թէ` անոնց լուսանցքին վրայ, երբեմն անիկա նոյնիսկ եղանակ ստեղծողի եւ թելադրողի դիրքին վրայ կը գտնուի, ի՛նչ ալ ըլլայ անոր դիրքը` իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր:

Այս կուսակցութեան գաղտնիքը` մեծութեան գաղտնիքը գիտնալու համար պէտք է վերադառնալ անոր պատմութեան առաջին երեսուն տարիներու ժամանակաշրջանին: Անիկա ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան գերազանցապէս հերոսական ժամանակաշրջանն է, եւ այդ ժամանակաշրջանին մէջ խտացած են կազմակերպութեան գաղափարի եւ գործի աւանդները: Այդ ժամանակաշրջանին է, որ ձեւաւորուած են կազմակերպութեան ապակեդրոնացման սկզբունքները, որոնք սոսկական կազմակերպական գործելաձեւի դրսեւորումներ չեն եղած. ապակեդրոնացումը ինքնին գաղափարախօսական հասկացողութիւն եղած է Դաշնակցութեան եւ անոր յեղափոխական գործին համար: Այդ ժամանակաշրջանին է, որ Դաշնակցութեան միջոցով ձեւաւորուեցաւ հայկական ազգայնութեան իւրայատուկ ըմբռնումը, որ նաեւ ընկերվարութեան դաշնակցական ըմբռնողութեան հետ համադրուելով` մինչեւ հիմա հիմնաքարը կը կազմէ կուսակցութեան գաղափարաբանութեան: Այդ ժամանակաշրջանին է, որ հայ ազգային-ազատագրական պայքարը` Հայկական Յեղափոխութիւնը դրոշմուեցաւ դաշնակցական կնիքով, եւ հիմա, հիմնադրութենէն 131 տարի ետք, Դաշնակցութեան Ծրագիրի մուտքին մէջ իսկ կը հաստատուի, որ` «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարը կը հիմնաւորէ ի՛ր գաղափարաբանութեամբ»: Այդ երեսուն տարուան ժամանակաշրջանի աւարտին է նաեւ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան վճռորոշ ու ղեկավար դերակատարութեամբ, հայ ժողովուրդը յեղափոխական անտեղիտալի պայքարէ, ինչպէս նաեւ վերջնականապէս այս աշխարհէն ջնջուելու դէմ մղուած գոյութենական գրեթէ յուսահատ պայքարէ ետք, վերականգնեց հայկական ազատ ու անկախ պետականութիւնը իր պատմական հայրենիքին մէկ փոքր բաժինին վրայ: Եւ անկէ ետք ու մինչեւ հիմա Դաշնակցութեան հիմնական նպատակակէտը դարձաւ հայ ժողովուրդին ամբողջացումը եւ հայոց հայրենիքին ամբողջացումը: Երբեք Դաշնակցութեան նպատակը չէ  եղած գաղափարաբանական ինչ-որ ցնորական ուսմունք մը կիրարկել այս աշխարհի կամ հայկական կեանքին մէջ: Անոր գլխաւոր, թիւ մէկ նպատակը ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայոց աշխարհն է` անոր իբրեւ իրաւական ու վաւերական փաստաթուղթ ունենալով Սեւրի դաշնագիրը եւ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռը:

Այս կուսակցութեան գաղտնիքը կը կայանայ մանաւանդ իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն զինք բնորոշած բազմատարրութեան եւ ներքին առումով կարծիքի ազատութեան մէջ: Յայտնի է, որ երբ 1890-ին Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւնը ստեղծուեցաւ, անոր բաղկացուցիչ տարրերը գաղափարաբանական ամէնէն տարբեր ուղղութիւնները կը ներկայացնէին` ձախէն աջ: Ներկայիս եւս ՀՅ Դաշնակցութեան Կանոնագիրը դաշնակցական անհատին լայն տեղ կու տայ իր կարծիքը ազատօրէն արտայայտելու ժողովներու եւ ներքին խողովակներու միջոցով, ներքին կարգով արտայայտուելու ընթացքին ալ գաղափարաբանական կամ կարծիքի որեւէ կաշկանդում տեղի չ՛ունենար անհատին նկատմամբ: Սա կարեւոր է ներքին կազմակերպական ստեղծագործականութիւնը խթանելու առումով: Կարծիքի տարբերութիւնները, սակայն, պատճառ չեն անջատական տրամադրութիւններու ի յայտ գալուն. պահելով հանդերձ անհատներուն իրաւունքը` ամէնէն տարբեր գաղափարները արտայայտելու, Դաշնակցութիւնը էն սկիզբէն գտած է միջոցը համադրելու տարբեր գաղափարներն ու ուղղութիւնները, եւ տարբեր ուղղութիւններու համադրման երդիքը Ծրագիրն ու Կանոնագիրն են: Խօսքի, կարծիքի, արտայայտութեան ազատութեան նկատմամբ այս խոր հաւատին շնորհիւ է վերջ ի վերջոյ, որ Դաշնակցութիւնը եւ անոր համակիր շրջապատը բնորոշուեցան ամէնէն շատ մտաւորականներու յայտնաբերումով, ամէնէն շատ մտաւորական արտադրանքով: Խօսքի ազատութիւնն է, որ կը խթանէ մտաւորական աշխատանքը, մինչդեռ խօսքի, կարծիքի եւ արտայայտուելու որեւէ կաշկանդում գերեզմանումն է իրաւ մտաւորականութեան:

ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան ժամանակաշրջանէն, հայ մարդը, հայ ժողովուրդը իր տարբեր հատուածներով միշտ ալ աւելին ակնկալած է այս կուսակցութենէն: Շատ յաճախ այն պայքարները, որ մղած է այս կուսակցութիւնը, իր, իր զանազան մարմիններուն ու կառոյցներուն եւ իր անդամներուն ուժերէն վեր պայքարներ եղած են: Բայց այդ պայքարները մղուած են աննկուն կամքով, մղուած են յեղափոխական անտեղիտալի վճռակամութեամբ` միշտ ալ թիրախ ունենալով հայ ազգի եւ Հայաստանի ազատագրումը: Այդ պայքարները մղուած են անկեղծութեամբ եւ առանց մութ հաշիւներու, որքան ալ ընդդիմախօսները փորձած են հակառակը ցոյց տալ: Այդ յեղափոխական ու գաղափարական պայքարներու շարքը ծաւալած ինչպէս զանազան տեսակի բռնակալական, միապետական, միակուսակցական եւ ամբողջատիրական վարչակարգերու դէմ, նոյնպէս ալ արդէն թշնամի ու բռնագրաւող պետութիւններու` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ, բայց նաեւ` հայրենիքի մէջ հաստատուած ապազգային, պարտուողական, օտար օրակարգերով առաջնորդուող իշխանութիւններու դէմ: Այս բոլոր պայքարները մղուած են մէկ առաջադրանքով` բովանդակ հայ ազգի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային շահերու պաշտպանութիւնը, այս արեւուն տակ հայութեան եւ Հայոց աշխարհի լիիրաւ ներկայութիւնը երաշխաւորելու համար: Ահա այս բոլոր պատճառներով է, որ հայութիւնը միշտ ալ աւելին պահանջած է եւ ակնկալած` ՀՅ Դաշնակցութենէն:

Վերը նշեցինք տարբեր գաղափարական ուղղութիւնները համադրելու եւ անոնցմէ կուռ գաղափարաբանական համակարգ ստեղծելու Դաշնակցութեան իւրայատուկ ունակութեան մասին: Այս ունակութեան շնորհիւ է, որ կազմակերպութիւնը յաճախ ինքզինք գտած է, մինչեւ հիմա ալ, իրադարձութիւններու կեդրոնին մէջ, յաճախ` եղանակ ստեղծողի կարգավիճակին մէջ: Այս համադրական իւրայատուկ մտածողութեան արգասիքն է նաեւ այն, որ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան մէջ ազգային ազատագրութեան եւ ընկերային ազատագրութեան պայքարները զուգահեռ կ՛ընթանան: Ասիկա` հակառակ այն իրողութեան, որ գործնական կեանքին մէջ, 131 տարուան ընթացքին, նախապատուութիւնը միշտ ալ ազգային հարցին տրուած է: Իր հիմնադրութենէն 131 տարի ետք անհրաժեշտութիւն կը ծագի, որ Դաշնակցութիւնը կարեւորութեամբ շեշտէ նաեւ իր գաղափարաբանութեան ընկերային բաղադրիչը, առանց որուն` քիչ մը դժուար պիտի ըլլայ յաղթահարել անցեալ տարի Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմին բազմաթիւ հետեւանքները: 131 տարի ետք ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը կոչուած է ըլլալու հարազատ արտայայտութիւնը իր զինանշանի բաղադրիչներուն` զէնքին, գրիչին, բահին, յեղափոխութեան կարմիր դրօշին եւ Դաշնակցութեան կամքին փոխանցած աւելի քան դարու մը պատգամներուն, որպէսզի, ինչպէս նախապէս բազմիցս եղած է, յուսախաբութեան այսօրուան պայմաններուն մէջ վերյառնելու կարելիութիւնը ունենանք ազգովին:

Կեցցէ՛, միշտ կեցցէ՛ հայութեան 131-ամեայ յեղափոխական կամքը:

 

Նախորդը

ՀՅԴ 131-Ամեակ. Գերմանացի Աւետարանիչներու Վկայութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Մասին

Յաջորդը

131-Ամեայ Աննահանջ Երթ. Հայութեան Անմիջական Կարիքը` Արդիական Կեդրոն-Ձախ Քաղաքական Ուժի

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.