Թ. Գ.
Այսպէս կը խրատէ 90-ամեայ բազմավաստակ ուսուցիչը, նուիրեալ մանկավարժը, հոգեբանը, ճեմարանականը` oրդ. Ալիսը, իր մահէն մօտ շաբաթ մը առաջ, հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին: Կ՛ամչնամ… Առանց անդրադառնալու կը դժգոհէի դասերու առցանց դրութեան դժուարութիւններէն, համաճարակին պարտադրած իրավիճակէն եւ այլն… Եւ ահա օրդ. Ալիսը կը թելադրէր չյուսահատիլ ու շարունակել աշխատանքը կարելի եղած թափով, չընկրկիլ օրուան մարտահրաւէրներուն դիմաց: Ճիշդ էր. ռումբերու տակ թէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ օրերուն, կրթական գործին ընդհանրապէս եւ Ճեմարանի առաքելութեան մասնաւորապէս հաւատացող Մեծերու սերունդը անխափան շարունակած էր իր ուղին: Դժուարութիւննե՞ր… մի՛շտ եղած են. հիմա՞ աւելի են անոնք, թէ՞ անցեալին. պէտք չէր քննարկել: Էականը` պայքարիլն է:
Օրդ. Ալիս… երբ կը մտածեմ, որ նոյնիսկ մահդ արժանավայել ձեւով չկրցանք սգալ, կը մտաբերեմ ազնիւ խօսքերդ ու ազնուական արարքներդ, որոնք կենդանի են ճեմարանական բազմաթիւ սերունդներու մէջ: Քիչ մը կը մխիթարուիմ, անմահներուն կորուստը չենք սգար եւ կը շարունակենք գոյատեւել իրենց աւանդով:
Ճեմարանի բոլոր բաժիններէն յարկ առ յարկ բարձրանալով, բազմաթիւ բախտաւոր սերունդներ հասած ենք երկրորդական բաժին ու վայելած քու մայրական գուրգուրոտ, միաժամանակ խստապահանջ ներկայութիւնդ: Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկ յաճախողներս ալ մեծ խանդավառութեամբ ըմբոշխնած ենք հոգեբանութեան դասապահերդ: Այնուհետեւ, սիրելի՛ օրդ. Ալիս, դուն իմ քայլերս վերստին ուղղեցիր դէպի Ճեմարան` ըսելով. «Ինչ որ Ճեմարանը տուաւ ձեզի, իրեն պէտք է վերադարձնել»: Մասնագիտական ուսման առիթը երբ ներկայացաւ, դարձեալ մղեցիր զիս դէպի ճիշդ ճանապարհը…: Ու դարձանք պաշտօնակիցներ, քանի որ Ճեմարանը մեծ ընտանիք մըն է (քու բնորոշումովդ), ուր գերադասի եւ ստորադասի հասկացողութեան փոխարէն, կան մեծ ու փոքր անդամներ, որոնք իրարու կ՛օգնեն եւ ձեռք-ձեռքի կ՛աշխատին յանուն նոյն նպատակին: Իսկ ամէնէն հաճելի ժամերը քեզի հետ եղան ուրբաթ օրերու երկար յետմիջօրէները, երբ յանձնախումբով մը սկսանք Ճեմարանի պատմութիւնը գրելու. երկարաշունչ աշխատանք մը, որուն ընթացքին ժամերը կը սահէին ու կանգ կ՛առնէին միայն այն ժամանակ, երբ դպրոցի պատուհաններէն կը տեսնէինք մութը…: Տարիներու աշխատանքի արգասիք հանդիսացող այս յուշամատեանը (ցարդ` անտիպ) պիտի ըլլայ ճեմարանական նոր սերունդներու ներշնչարանը, եւ անոր էջերուն մէջ անոնք պիտի զգան Ճեմարանի բոլոր տնօրէններուն հետ գործակցած, անզուգական օրդ. Ալիս Գազանճեանի շունչը:
Օրդ. Ալի՛ս, կեանքի անսպառ դասերդ կը մնան մեր ուղեցոյցը: «Խուլ եմ, կոյր եմ, համր եմ»-ը դարձուցած էիր աշխատանքի սկզբունք` դրական իմաստով, պարզապէս չլսելու եւ չտեսնելու համար մանրուքները, գերադասելով սերունդներու դաստիարակութեան գործը հեռու պահել ամէն տեսակ անարժան երեւոյթէ: Ձեռնարկներուն կը մերժէիր քեզի առաջարկուած առաջին կարգի աթոռները, այս գծով կարծիքդ մէկ էր. «Թող չմտահոգուին, այդ աթոռները սիրողներ շատ կան, պարապ չեն մնար: Իմ տեղս հոն չէ»:
Օրդ. Ալի՛ս` աշխատասիրութեան մարմնացումը կայ Ճեմարանի բոլոր յարկերուն վրայ. դժուար եղաւ առաջին վերամուտը առանց քու քաջալերական խօսքերուդ, երբ աւելի քան երբեք անոնց կարիքը կը զգայինք: Յաճախ կը կրկնէիր Լեւոն Շանթի գրականութենէն «Մահը ի՛ր ճամբով, կեանքը ի՛ր ճամբով» խօսքը, որուն ջերմ հաւատացողն էիր: Մենք ալ նոյն հաւատքով կը շարունակենք Ձեր ճանապարհը, ինչպէս որ կ՛ըսէիր. «Ջահը ձեր ձեռքն է հիմա…»: