Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մականունի Մը Պատմութիւնը

Դեկտեմբեր 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգի մը պատկանող անհատներուն համար չափազանց դժուար եւ, բազմաթիւ պարագաներու ալ, գրեթէ անկարելի է պատրաստել գերդաստանի ծառը: Մեր պարագան ալ այդպէս է:

Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած երկու գերդաստաններու երրորդ սերունդին կը պատկանիմ: Հայրս` մարաշցի, մայրս` ուրֆացի: Հօրենական մեծ հայրս եւ մեծ մայրս` Յովհաննէս Ապտալեան եւ Թագուհի Սերայտարեան: Մօրենական մեծ հայրս եւ մեծ մայրս` Արմենակ Չուլճեան եւ Ազգանուշ Իշխանեան: Ինչ որ գիտեմ մեծ հայրերուս եւ մեծ մայրերուս ծնողներուն, հարազատներուն եւ ազգականներուն մասին, բնաւ բաւարար չէ, որպէսզի կարենամ գոնէ երեք սերունդ ետ երթալով` գերդաստանի ծառ մը պատրաստել: Գիտեմ, օրինակի համար, որ Թագուհի Սերայտարեանին հօրեղբօր տղան Յովհաննէս Ապտալեանի հօրեղբօր զաւակները եւ  հօրաքրոջ աղջիկը, Արմենակ Չուլճեանի հօրաքրոջ աղջիկը փրկուած են  ցեղասպանութենէն եւ Լիբանան կ՛ապրէին: Թագուհի Սերայտարեանին քոյրերը` Մայրանուշ, Սիրանուշ եւ Սիմա եւս փրկուած են, եւ ամէն մէկը երկիր մը ապրած ու մահացած է: Սիման` Լիբանան, Սիրանուշը եւ Մայրանուշը, եթէ չեմ սխալիր, Միացեալ Նահանգներ: Այս տեղեկութիւնը կրնայ սխալ ըլլալ, բայց ես այսպէս գիտեմ: Մօրենական մեծ մօրս` Ազգանուշի քոյրը ապրած ու մահացած է Փարիզ: Ունեցած է աղջիկ մը Մատլեն անունով: Այսքա՛ն: Գիտեմ նաեւ, որ Ազգանուշին հայրը քահանայ է, Պուրսայի եկեղեցիներէն մէկուն հովիւը, Մուրատ քահանայ Իշխանեան: Այսքա՛ն: Մօրենական մեծ հայրս` Արմենակը, ունէր եղբայր մը` Դաւիթ, որ որդեգրած է մայրս: Այս բաժինը փակելու համար պէտք է նշեմ մեծ հայրերուս եւ մեծ մայրերուս թաղման վայրերը, որովհետեւ իսկապէս բացառիկ ապացոյց մըն է, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ի՛նչ ահաւոր տարողութիւն ունեցած է ընտանիքներու եւ ամբողջ գերդաստաններու տարտղնման եւ անհետացման իմաստով: Յովհաննէս թաղուած է Լիբանան, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը: Թագուհի մեծ մայրս թաղուած է Լոս Անճելըս: Արմենակ մեծ հայրս թաղուած է Քոնէյթրա (Սուրիա), իսկ Ազգանուշ մեծ մայրս ալ թաղուած է Լաթաքիա: Այսինքն թէ՛ հօրս եւ թէ՛ մօրս գերդաստանները, ինչպէս` սփիւռքահայերուն մեծ մասը, գերդաստանի դարաւոր դամբարան չունին, պարզապէս որովհետեւ ցեղասպանութեան պատճառով ողջերը ցիր ու ցան եղած են:

Սակայն այս նախաբանէն ետք անմիջապէս պէտք է նշեմ, որ միշտ մտածած եմ, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ մեծ հայրս Ապտալեան, իսկ հօրեղբօրը զաւակները, որոնք Երեւան եւ Պուլկարիա կ՛ապրէին, Տեմիրճեան են: Մեր մականունը ինչո՞ւ Ապտալեան է, կը հարցնէի մօրս, որովհետեւ հայրս անտեղեակ էր: Երկրորդ դասարանէն Հայ աւետարանական Շամլեան- Թաթիկեան վարժարանէն դուրս եկած պատանի մը, որ կօշկակարի աշկերտ, ապա կօշկակար դարձած էր: Գրել-կարդալ ալ չէր գիտեր: Թրքախօս էր եւ եօթանասունական թուականներու «Թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանէ» նշանաբանով չափազանց օգտակար արշաւին շնորհիւ` խօսակցական հայերէն  սորված էր եւ միշտ կը ջանար հայերէն խօսիլ տան մէջ: Ուրեմն չէի ակնկալեր, որ գիտնար, թէ ինչո՛ւ Ապտալեան է մեր մականունը: Մեծ մայրս` Թագուհին գիտէր պատասխանը եւ պատմութիւնն ալ, թէ ինչո՛ւ Յովհաննէսը Ապտալեան է:

Հիմա ապտալ բառին մասին:

Զէյպէք պարը թէ՛ թուրքերը եւ թէ՛ յոյները կը պարեն: Անշուշտ` իրարմէ որոշ տարբերութիւններով: Թուրքերուն զէյպէքը աւելի տիրական է, որովհետեւ զէյպէք պատերազմիկներուն պատմութեան սերտօրէն առնչուած է: Սկսայ պրպտել այս պարին մասին, եւ այդ ընթացքին է, որ լոյսը փայլատակեց ապտալ բառին վրայ: Զէյպէքի թրքական տարբերակները շատ են եւ անոնցմէ մին կը կոչուի Abdal Zeybegi: Երբ այս տեղեկութիւնը կարդացի, մեր մականունին մասին մեծ մօրս պատմած պատմութիւնը իր իմաստը ստացաւ, որովհետեւ միտքիս մէջ որոշ շփոթ կար ապտալ եւ ափթալ բառերուն միջեւ: Առաջինը գոյական է, երկրորդը` ափթալ, ածական է, թրքերէն է եւ ապուշ կը նշանակէ: Կը մտածէի, թէ ինչո՛ւ Ապուշեան է մեր մականունը: Արդեօք ո՞վ էր ապուշը, որուն այդ «շնորհ»-ին պատճառով ալ մեծ հօրս մականունը Ապտալեան էր: Իսկ մինչ այդ մեծ մօրս պատմածն ալ անիմաստ պատմութիւն մը կը սեպէի, մինչեւ որ Abdal Zeybegi կարդացի, եւ ամէն ինչ յստակացաւ:

Սկսայ պրպտել: «Abdal zeybegi/ turkmen bektashi dervishes were often called Abdal. There was also Abdal tribe belonging to white Huns… White Huns for Armenians were Hephthal or Heptal and sometimes identified with Kushans»:

Հայոց պատմութեան մեր դասագիրքերուն մէջ հոները եւ քուշանները, ինչպէս նաեւ ալանները ներկայ են: Հարցը ատիկա չէ: Խնդիրը, որ յստակացաւ, մեծ մօրս պատմածին վաւերականութիւնն էր:

Ուրեմն, մեծ հօրս նախահայրերէն մին, որուն անունն իսկ չեմ գիտեր,  եղած է մեծահարուստ մը: Բայց դժբախտութիւն մը ունէր այս մարդը: Արու զաւակները կը մահանային երեք տարեկան չեղած: Օր մը տերվիշ մը կը մօտենայ եւ կ՛առաջարկէ արու զաւակ ունենալու պարագային զայն յանձնել ապտալ տերվիշներուն, որոնք մինչեւ եօթը տարեկան զայն պիտի պահէին, ապա յանձնէին ծնողներուն: Մեծ հօրս նախահայրը կը համաձայնի: Երբ կը ծնի արու զաւակը, զայն անմիջապէս կը յանձնեն ապտալ տերվիշներուն, որոնք եօթը տարի ետք պատանին կը վերադարձնեն ծնողներուն: Մեծ մայրս նաեւ կը պատմէր, որ իբր թէ պատանին վերադարձուցած են` անոր ծանրութեամբ ոսկիի փոխարէն: Այս տեղեկութիւնը քիչ մը հեքիաթային է, բայց ասիկա կարեւոր չէ: Այսպիսով, ան կը ստանայ Ապտալօղլու անունը: Եւ ահա Յովհաննէս Ապտալեան, որ նաեւ մարաշցի ըլլալով հանդերձ, «Իզմիրլի Վաննես» ալ կոչուած է, որովհետեւ որոշ շրջան մը Զմիւռնիոյ մէջ յոյն հրուշակագործի մը աշակերտած է: Ապա Պէյրութի մէջ 1940-ական տարիներուն թերթանուշ պատրաստելով` մեծ ափսէի մը մէջ փողոցները թերթանուշ վաճառած է: Ըստ մեծ մօրս, Յովհաննէսին պատրաստած թերթանուշին պահանջը մեծ եղած է: Կը յիշեմ`  մեծ մայրս ինչպէ՛ս կը պատրաստէր սարը պուրման: Սորված էր մեծ հօրմէս: Իրարու վրայ կը շարէր տասը գունդ, մէկ առ մէկ ափովը քիչ մը բանալով եւ անոնց միջեւ օսլա թափելով: Յետոյ գրտնակի մէկ անցումով տասը գունդերը կը վերածէր թափանցիկ թերթիկներու: Կը դիտէինք զմայլած:

Հիմա սկսայ հաւատք ընծայել մեծ մօրս պատմածին` Յովհաննէս Ապտալեանի մականունին մասին: Վստահ եմ, որ բազմաթիւ մանրամասնութիւններ կը պակսին: Նաեւ չափազանցուած բաժիններ ալ ունի պատմութիւնը: Կարեւոր չէ: Խնդիրը այն է, որ Ապտալեան մականունին իմաստը գտայ:

Կան բազմաթիւ մականուններ, որոնց ծագումը շատ յստակ է: Գազանճեան` կաթսայագործ, Գալայճեան` կլայեկող, Գասապեան` մսավաճառ, Նալպանտեան` դարբին, Չիլինկիրեան` փականագործ, Չաքմաքճեան` որեւէ բանի մը կրկնօրինակը պատրաստող: Պէրպէրեան` սափրիչ: Շարքը շատ երկար է: Մեր մականունը, սակայն, այս մեծ խումբին չի պատկանիր:

Մականուններու աշխարհը  գաղտնիքներ պարունակող մեծ, շա՜տ մեծ սնտուկ մըն է: Երանի ունենայինք կարելիութիւնը պրպտելու եւ երեւան հանելու իւրաքանչիւր մականունի ակունքը, պատմութիւնը, փոխաբերական կամ իսկական իմաստին տակ թաքնուած տեղեկութիւնները: Կը հաւատամ, որ եթէ ցեղասպանութեան չենթարկուէինք, աւելի դիւրին կ՛ըլլար այս խնդիրը: Ցեղասպանութիւնը իր բազմաթիւ ահաւոր հետեւանքներուն կողքին  ունի նաեւ ահաւոր հարուած մը: Սերունդներուն միջեւ կապը կտրուեցաւ: Ափսո՜ս:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (11 Դեկտեմբեր 2021)

Յաջորդը

Առնօ Բաբաջանեանի Յիշատակին (1921-1983). Առնոն` 100 Տարեկան

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?