ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Կ՛ըսէին, չէի հաւատար, որ արդի օրերու քարոզչամիջոցներ, իրենց տեսականի եւ բազմածաւալ տարողութեամբ, կրնա՛ն ոչ միայն զանգուածներու միտքն ու հոգին, հաւատքն ու համոզումները այլափոխել, իմաստազրկել, իրենց էութենէն պարպել, ոսկի ճշմարտութիւնն անգամ տիղմաթաթախ վիճակի հասցնել, այլ նաեւ լեռներ, ձորեր ու գագաթներ տեղաշարժել, տեղափոխել:
Եւ այս բոլորի մեկնակէտն ու վախճանական նպատակն է եղած, ցաւ ի սիրտ, պետութիւններու քանդում, ազգային օճախներու եւ արժեհամակարգի վերացում, արժեզրկում, հաւաքական աշխատանքի ստորագնահատում, վարկաբեկում, ազգերու թէ ժողովուրդներու առաւել ստրկացում, եւ վերջապէս` քայքայում:
Իրօք, ահա թէ ի՛նչ են 21-րդ դարու համաշխարհայնացումի, այսպէս ըսած, լուրջ եւ հետեւողական ծրագիրներու համայնապատկերը, թաքուն միտումները, բացայայտ գործունէութիւնը, բայց մանաւանդ` աշխարհաքաղաքական նկրտումները, որոնց լոկ թւումն ու ներկայացումը, սապէս, ահ ու սարսափի կրնայ մատնել ոեւէ քաղաքացի թէ գաղափարականի տէր անհատ, որ իրազեկ է նման կացութիւններու:
Մասնաւորելով մեր ըսածը, յայտնենք, որ Հայաստան ու հայութիւն դէմ յանդիման կը գտնուին իրենց պատմութեան ամէնէն դաժան մարտահրաւէրներու` լինել չլինելու, այլապէս իրենց գոյութենական պայքարին հունաւորումը ճշդելու, աւելի՛ն. բնաջնջումի պատերազմէն յաղթական դուրս գալու` թէկուզ արցախեան վերջին պատերազմի պարտութիւնը կրելով, Երեւանին սպառնացող արհաւիրքին ամէնօրեայ դառնութիւնը ապրելով:
ՀՅ Դաշնակցութեան 131-ամեակ:
Մեր մեծերը` դաշնակցական երէց սերունդի վաստակաւոր ընկերներ, շատ անգամ մեզ զգուշացուցած են ինքնագոհի եւ հաճոյակատարի սայթաքումներու զոհ դառնալէ, անտեղի հռետորաբանութենէ, անհեռանկար վիճարկումներու որոգայթին տուրք տալէ, պարզապէս որովհետեւ անոնք կեանքի փորձառութեամբ իսկ սորված են առիթ չտալ նախ` թշնամիին, ապա գաղափարական հակառակորդին, օգտուելու կամ շահագործելու որեւէ խօսք, միտք, երեւոյթ թէ արարք, որոնք շղարշուած ըլլան կեղծիքի, սուտի, շահամոլի, ապերախտի թէ քծնանքի պատեանով:
Սա չի նշանակեր, երբե՛ք, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ ծնունդն իսկ է իր ազգի տառապանքին ու ճակատագիրին, կրօնաբոյր հաստատութիւն մըն է, ուր ծառայած են ու տակաւին կը շարունակեն ծառայել բացառապէս անսխալական անհատներ, կատարեալ մարդիկ, որոնք բանիւ եւ գործով ունեցած են սրբակենցաղ կեանք, յուշ եւ յիշատակ: Սա անհնարին է եղած ամբողջ մարդկութեան համար, նաեւ` դաշնակցական իրականութեան:
Այդուհանդերձ, անառարկելի փաստ է եւ ողջ պատմութիւնը ոսկեայ գրիչով արձանագրած, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եղած է գործի ու հաւատամքի, գաղափարի եւ հայրենապաշտութեան դարբնոց, որ, իր կարգին, ծնունդ տուած է անկրկնելի տղոց եւ ղեկավար սերունդներու:
Փաստօրէն, իբրեւ աւանդական կուսակցութիւն, իր 131-ամեայ պատմութեամբ եւ ողջ գործունէութեամբ եթէ երբեք յաջողած է ցոյց տալ իր կենսունակութիւնն ու եռանդը, հայ ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութիւնն ու կամքը, նուիրումի եւ զոհողութեան եզակի նկարագիրը, ապա այս բոլորը կը պարտի կենսաշող իր Ծրագիրին եւ Կանոնագիրին, որոնց շաղախն է եղած ամբողջ տասնամեակներ ՀՅԴ գաղափարախօսութիւնը, դիմագիծն ու կազմաւորումը:
Բարեբախտութիւն եւ իմաստութիւն է եղած մեր կուսակցութեան` որդեգրել աշխատանքի ապակեդրոնացման սկզբունքը, զերծ մնալ անձի պաշտամունքի թէ կուռքի մարդկային թուլութենէ, ինչ որ զինք առաւել ուժեղացուցած եւ տոկալու կարողութեամբ օժտած է` իբրեւ հաւաքական միջավայր, մթնոլորտ եւ գործադաշտ:
Դաշնակցութեան հիմնադիր Երրորդութեան բնութագրումն անգամ ծնունդն է եղած դաշնակցականի գործին, հաւատամքին ու բարոյականի հասկացողութեան: Չէ պատահած, երբեւէ, որ դաշնակցականի (ֆետայի, գործիչ, ղեկավար, գրող, գործիչ հրապարակագիր եւ այլ) անձը, աւելի բարձր դասուի Դաշնակցութենէն, կամ ունենայ այնպիսի հզօր ազդեցութիւն, որ կարենայ ցնցումի առաջնորդել, պառակտել, նսեմացնել ամբողջ կառոյցը, կազմակերպութիւնը:
Իրօք, եղած են անկրկնելի հերոսներ, անվիճելի ղեկավարներ, բացառիկ մտքի ու նկարագրի տէր դաշնակցական տիպարներ, որոնց իւրայատուկ հմայքն ու տիպը ունեցած է որոշակի դերակատարութիւն, թողած է ժառանգ, այդուամենայնիւ, միշտ ու ամէն պարագայի եւ բոլոր ժամանակներու դաշնակցական անհատներ չեն կրցած իրենց տիրոյթը պարտադրել կազմակերպութեան, այլ խօսքով` տիրել, այսպէս ըսած, գահին ու ժառանգին եւ առաջնորդել կուսակցութիւնը ըստ քմայքի:
Միւս կողմէ, մտահան պէտք չէ ընել նաեւ իրողութիւն մը, որ էապէս կ՛առնչուի դաշնակցական կազմակերպական կեանքին, առօրեայ աշխատանքին, հեւքին ու անոր դէմ ցցուած բազմաբնոյթ դժուարութիւններ յաղթահարելու պարտադրանքին, երբ տուեալ ժամանակահատուածի ապրող սերունդի մը ներկայացուցիչներ, առանց երկմտանքի պատասխանատուութիւն ստանձնած են` ծառայելու, նուիրուելու եւ ի հարկին սեփական կեանքն անգամ զոհելու յանուն հայ ժողովուրդի բարօրութեան ու հայրենիքի անվտանգութեան պահպանման:
Եւ ահա, նման կացութիւններու թէ ստեղծուած իրավիճակներու մէջ, ի յայտ եկած են այնպիսի տիպար բարեմասնութիւններ ու առաքինութիւններ ունեցող դաշնակցական ընկերներ, որոնց հանդէպ ազգն անգամ խոնարհած է` մեծարելով անոնց հերոսական արարքը, պայծառամտութիւնն ու ղեկավարի փայլուն դէմքը:
Պատահած է մօտիկ անցեալին, կը պատահի նաեւ այսօ՛ր, որ քաղաքական, յեղափոխական, կազմակերպական թէ ընկերական տարբեր աշխատանքներու մէջ գտնուող դաշնակցականներ, դէմ յանդիման գտնուին, բերկրանքի ու երախտագէտի զգացումներու առընթեր, արհամարհանքի եւ նոյնիսկ` մեղադրանքներու տարափի, ատիկա ըլլայ կազմակերպական կեանքին մէջ թէ ժողովրդական շրջանակներու կողմէ, որ մէկ կողմէ պատճառ դարձած է անհատի վարկաբեկումին, հեղինակազրկումին, եւ միւս կողմէ` կուսակցութեան հմայքին ու դիմագիծին, գաղափարականութեան եւ հաւատոյ հանգանակի արատաւորումին:
Յիշեցնել է պէտք, որ դաշնակցական գիր-գրականութիւնը լաւագոյն ապացոյցն է եղած նման վկայակոչումներու, երբ աղբիւրագիտական, յուշագրական թէ հրապարակագրական պատկառելի աշխատութիւններ անդրադարձած են նմանօրինակ հարցերու եւ վարքագիծերու, եւ, ըստ էութեան, լոյսին բերած մանրամասնութիւններ:
Հոս, որքա՜ն դիպուկ կը հնչեն դաշնակցական Երրորդութեան մեզի ժառանգ թողած գործի, հաւատամքի, հաւատքի ու բարոյականի չափորոշիչները, այսինքն` ամէն օր քիչ մը աւելի դաշնակցականանալու սրբազան պատգամը:
Ի դէպ, այս օրերուն, շատերու համար վերոնշեալ մտածումներն ու սպիտակ թուղթին յանձնուած մօտեցումները կրնան դասական թուիլ, ըստ պատշաճի խօսքեր, այլեւս հնաբոյր դարձած ընդգծումներ, որոնք տասնամեակներ շարունակ լեցուցած են թերթերն ու բեմերը, այսպէս ըսած, լուացած են «մոլորեալ»-ներու ուղեղները:
Իսկ հիմա` «մոլորեալ»-ներու հեքիաթին մասին:
Զարմանալի կը մնայ այն, որ նոյնինքն դաշնակցական ակունքի մէջ թրծուած, հասակ առած, մեծերու շունչով դաստիարակուած, դաշնակցական կեանքի պաղ ու տաք օրերը ապրած անձինք, գործիչներ, գրողներ թէ հրապարակագիրներ, նոյնիսկ պատասխանատու դիրքեր վարած երբեմնի «լաւ» տղաներ, յանկարծ օր մը, պէս-պէս թէ պսպղուն պատճառաբանութիւններու լուծին տակ, կ՛ուրանան, կ՛այլակերպուին, կը դրժեն իրենց դաշնակցականի ուխտը, երդումը, կը վաճարեն նուիրական ամէն արժէք ու «կ՛անդամագրուին» հակադաշնակցական ճամբարին, ցոյց տալով` իբր թէ իրենց «ճշմարտախօսի, գիտակիցի, առաւել մտահոգի, իրաւ դաշնակցականի եւ անբասիր հայու» «տեսակ»-ը, այլապէս ինքնարդարացման ճամբով ներկայանալու միջավայրին ու շրջապատին:
Անոնք կը սկսին յորդորներ, բարեկարգումի դասեր թէ պիտակաւորումներ բաշխել հոս ու հոն` խնդրոյ առարկայ դարձնելով կազմակերպական համակարգը, դաշնակցականի կեանքն ու գործունէութիւնը: Աւելի՛ն. անոնք յաճախ կը մոռնան, որ նոյնինքն իրենց տիպի «տղաք», օրին ու երկար ատեն վայելած էին, այսպէս ըսած, ՀՅ Դաշնակցութեան փառքն ու իշխանութիւնը, ընձեռուած կարելիութիւններն ու գուրգուրանքը, որպէսզի ապրին, սիրուին եւ ուշադրութեան կիզակէտ դառնան®
Քննական միտք ունենալու հրաւէրներու տարափը:
Յօդուածի մը նեղ սահմանները չեն արտօներ, բաւարար չեն լոյսին բերելու անթիւ ու անհամար պատմագրական ճշմարտութիւններ, որոնք մաս կազմած են մեր կուսակցութեան գործունէութեան ու գաղափարական աշխարհին:
Փաստօրէն, ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր Ընդհանուր ժողովներու թէ բազմաբնոյթ օրակարգերու ընթացքին, միշտ ալ առիթ տուած է իր շարքերուն, որքան ալ դառն եւ սուր հայեացքներով համեմուած ըլլան անոնք, ըստ էութեան քննարկելու սեղանին դրուած հարցերը, մտահոգութիւնները, բացթողումները, սխալները, քաղաքական արեւելումի թէ ազգային գաղափարականի ուղղութիւններու թղթածրարները, որոնք կիզակէտը հանդիսացած են Դաշնակցութեան ողջ գործունէութեան:
Իրօք, նման թէժ ու շատ անգամ «անհաւասար» բանավէճերու ընթացքին եղած են «տուժող»-ներ, բայց յաղթանակը վերագրուած է բացառապէս ՀՅ Դաշնակցութեան, որ շնորհիւ իր կուռ տրամաբանութեան եւ ազգային բարձր ունակութեան, կրցած է շրջանցել առկայ հարցերը եւ նայիլ դէպի ապագայ:
Ի մասնաւորի յիշենք, ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր ժողովը (1907թ.), որ հանդիսացաւ դարձակէտ եւ վճռական որոշումներ տալու «կռուադաշտ», յանուն դաշնակցական, ազգային ու մարդկային ըմբռնումներու առաւել արմատաւորումին, կայացումին:
Հոս, միջանկեալ յայտնենք, եւ արդարօրէն, որ այդ ժողովներուն մասնակից էին դաշնակցական սերունդի այնպիսի տիտաններ, որոնց հեղինակութիւնն ու հմայքը անառարկելի էին օրին ու պիտի մնան առյաւէտ իբրեւ այդպիսին:
Արդեօք ճի՞շդ է հարցադրել ամէն քայլափոխի, թէ ո՞ւր են այսօր անոնք` Ռոստոմները, Զաւարեանները, Յոնան Դաւթեանները, Վանայ Իշխանները, Գարեգին Խաժակները եւ այլ նուիրական անուններ, որոնք թեւ ու թիկունք էին դաշնակցական խօսքին, մտքին, գործին ու տեսլականին:
Յարափոփոխ աշխարհի այսօրուան հրամայականը` եթէ երբեք մէկ կողմէ եղած է առաւել արդիականութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, ազատամտութիւն ու ամէն ինչ ըստ էութեան քննարկելու պահանջը, ապա միւս կողմէ մարդկութեան դէմ ցցուած են առհասարակ այնպիսի մարտահրաւէրներ (ծայրայեղ նիւթականացում, ընկերային թէ անհատական կարգ ու սարքի այլանդակում, կայսերապաշտական նորովի ընկալումներ եւ այլն), որոնց դիմակայումը հազիւ թէ կարենան ի գործ դնել հաւաքականութիւններ (ազգ, պետութիւն, կուսակցութիւն եւ այլն), որովհետեւ կեանքի, ապրելակերպի եւ յառաջդիմութեան գործօնները մեզ կը պարտադրեն նաեւ որդեգրելու այնպիսի վարքագծեր թէ գործելադաշտեր, որոնք հեռու են դասական եւ հնաբոյր ոճերէ եւ անպատեհութիւններու տեղիք կու տան ընդհանրապէս:
Արժանահաւատ խօսքին ու գործին կարեւորութիւնը:
Խոստովանինք, որ դաշնակցական իրականութեան մէջ անպակաս եղած են պահեր եւ ժամանակներ, որոնք դառնութեամբ յագեցած են` պարզ այն պատճառով, որ Դաշնակցութիւնը գտնուած է որոշում տալու հարկադրանքին տակ: Որոշում, որ կը բխի բացառապէս ազգային շահերու ի պաշտպանութիւն, պետական ու քաղաքական արեւելումի յստակատեսութեամբ:
Ահաւասիկ ա՛յս է եղած բոլոր ժամանակներու ՀՅ Դաշնակցութեան մեծագոյն մարտահրաւէրը. ըլլա՞լ հետեւորդ այլանդակ հոսանքներու եւ կամ քաղաքական կողմնորոշումներու, թէ՞ ըստ կարելւոյն պահել սեփական ուժի, կամքի եւ գործելու առանձնայատկութիւնը: Անշուշտ, չշփոթել, քաղաքական կեանքի պարտադրած գործնապաշտութիւնը, որ քաղաքականութեան հիմքն է, առաջնահերթութիւնը:
Փաստօրէն, վաղուց անտի, մութ թէ բացայայտ ուժեր մեզ կը մեղադրեն, կը հալածեն, կը փորձեն խծբծել ու արժեզրկել` հարուածելով կազմակերպական կեանքի իւրայատկութիւնը, ապա` որդեգրուած քաղաքական վարքագիծերը:
Նմաններ գիտեն, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, այսպէս ըսած, շատ անգամ կ՛ապրի ելեւէջներ, կ՛ունենայ դառնութիւններ, ներքին հարցեր եւ առճակատման խնդիրներ, այդուհանդերձ, մեր կազմակերպութիւնը կը փորձէ պահպանել իր մէկութիւնը, այլընտրանքային ճանապարհներ որոնելու ճիգերը, Արարատէն չզիջելու կամքն ու իր սեփական անցեալէն չխրտչելու հաւատամքը:
Այս օրերուն, սեփական կենսունակութիւն եւ առողջ մտածողութիւն պահելու համար լեռնացած կամքի ու ռոստոմեան գաղափարականութեան գիտակցութիւն է պէտք, յանուն արժանահաւատ խօսքի ու գործի շարունակութեան:
Եթէ երբեք 21-րդ դարու պարտադրանք է առաւել ուժեղացումի, արդիականացումի եւ թափանցիկութեան, այլապէս ալ հրամայական պահանջ է դուրս գալ կազմակերպական կեանքի թուլացումներէ, այլամերժի մտածողութենէ, քննական մտքի սահմանափակումէ եւ նետուելու բարեկարգումի ուղիներ փնտռելու աշխատանքին: Բարեկարգում չ՛ենթադրեր մերժել հինն ու անցեալը, տարուիլ նորաբնոյթ մտքերու յորձանուտին եւ աշխարհին ներկայանալ իբրեւ «ուղղամիտներ», այսինքն, այսպէս ըսած, արեւմտեան մտածելակերպի թէ կարգն ու սարքի ջատագովներ:
Յաճախ ընդգծած ենք, որ մե՛նք ենք տէրը մեր սեփական պատմութեան: Ունինք քաջութիւնը բարձրաձայն ըսելու մեր համոզումներն ու կեցուածքները: Չէ պատահած երբեւէ, որ ամչնանք ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ արձանագրուած դառն թէ փառահեղ էջերէն, ընդհակառակը, փորձած ենք հասկնալ, ըմբռնել եւ պայծառ տրամաբանութեամբ ընկալել իւրաքանչիւր դիպաշար, քաղաքական կողմնորոշում թէ վարքագիծ:
Այդուհանդերձ չենք զլացած յայտնելու մտահոգութիւններ, ընդգծելու սխալներ եւ ողջ կազմակերպութիւնը հրաւիրելու ինքնասրբագրութեան հայեացքներու որդեգրումին, որովհետեւ հաւատացած ենք ՀՅ Դաշնակցութեան խօսքին ու գործին, բայց մանաւանդ` ոգեղինութեանը: Յառաջդիմութիւնը լոկ ձեւական գործընթաց մը չէ, այլ դէպի ապագայ ճախրելու խրոխտ կեցուածք, կամք եւ վճռակամութիւն է:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը ունի՛ նման տեսլական եւ ապրելու իրաւունք:
4 դեկտեմբեր 2021