ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Արցախի 44-օրեայ պատերազմն ու անոր դաժան աւարտը փոթորիկ մը յառաջացուցած են հայրենիքի կարօտով տառապող, Արցախով ապրող եւ հայրենասիրութեան զգացումներով տոգորուած իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ:
Պատերազմի օրերու տեղեկութիւններուն տարափը, մերթ ապատեղեկատուութիւնը, մերթ հպարտութիւնը, մերթ անորոշութիւնը, մերթ վախը, մերթ ինքնավստահութիւնը եւ երբեմն նաեւ անակնկալները աւարտեցան նոյեմբերի առաջին օրերուն զուգադիպած դարուս մեծագոյն դաւաճանութեամբ` Շուշիի յանձնումով, եւ յաղթած ըլլալու 44-օրեայ պատրանքը ամբողջութեամբ ցնդեցաւ:
Նոյեմբեր 9-ի տխրահռչակ ու անձնատուական երկկողմ յայտարարութենէն անմիջապէս ետք ռուս խաղաղապահներու Արցախ մուտքին հետեւող աչքերս անկարող էին ուղեղս համոզել կատարուած իրողութեան մասին:
Սեւ գոյնը կրելու գաղափարին հետ ընդհանրապէս անհաշտ եւ անոր հանդէպ մերժողական մօտեցումս ճիշդ հակառակն էր ներաշխարհիս պարագային, հոն ինքնաբերաբար սուգ յայտարարուած էր, եւ կեանքը մեքենաբար կը շարունակուէր:
Բայց եւ այնպէս անկարելի էր հեռու մնալ Արցախէն, անկարելի էր շարունակել կեանքը` առանց երթալու եւ տեսնելու ծանօթներն ու բարեկամները, որոնք այնքան հարազատ են, եւ որոնք ամէնէն ծանր ու դժուար պայմաններուն մէջ կը շարունակեն գոյատեւել Արցախի սրտին մէջ:
Այս բոլոր ապրումներուն կողքին, սարսափելի էր հետեւիլ հայրենի լուրերուն եւ շօշափել պարտուած ու Ռուսիոյ կամակատարը դարձած վարչապետին ծածուկ միտումներն ու ծրագիրները, որոնց պատճառով ազրպէյճանցի զինուորները հասան նաեւ Գորիս-Կապան մայրուղի…
Արցախ երթալու որոշումը կայացած էր, իսկ հայրենի տարածքները թիզ առ թիզ թշնամիին զիջելու քաղաքականութիւնը` մղած, որ այդ որոշումը կայացնելու ընթացքին ի մտի ունենամ նաեւ Տաթեւի վանք այցելութիւնս, այն մտավախութեամբ, որ կրնայ անիկա վերջին այցելութիւնս ըլլալ:
Ապրուած յոռետեսական եւ հայրենիք կորսնցնելու սրտի սարսուռները սրբագրելու ընթացքին մէջ եղող միտքս կը չարչարուէր հաւասարակշռութիւնս եւ խաղաղութիւնս պահելու ուղղութեամբ:
19 հոկտեմբեր 2021-ին ուղղուեցայ Արցախ: Նախքան Արցախ հասնիլը` այցելեցի Տաթեւի վանք, որ մշուշի մէջ կորսուած էր եւ իր բարձր դիրքով ու խորհրդաւոր պատերով զօրութիւն կը ներշնչէր դիմակայելու համար վայրկեաններ ետք ապրուելիք ծանր զգացումները:
«Ազատ Արցախը ողջունում է ձեզ» ցուցանակը կանգուն կը մնայ իր տեղը, մինչ այդ վարորդը կը բացատրէ, որ մեր ճամբուն վրայ կը գտնուին 10 անցակէտեր, որոնք կը սկսին հայկականով եւ կ՛աւարտին հայկականով, իսկ անոնց միջեւ կան ութ ուրիշներ, որոնց կը հսկեն ռուս խաղաղապահները:
Անմիջապէս ետք կը հասնինք Աղաւնոյի վերեւ Արցախի մուտքին զետեղուած հայկական ոստիկանութեան կեդրոնը, ուր եռագոյնը եւ Արցախի դրօշները այլեւս իրենց տեղը զիջած են Ռուսիոյ դրօշին եւ ռուս զինուորներուն: Այն տպաւորութիւնը կը ստանաս, որ ռուսական նահանգ մը մուտք կը գործես:
Անցակէտը անցնելէ ետք աջիդ կը նշմարես կարմիր երդիքներով քաջ աւանը ու դարձեալ կը զգաս, որ Արցախ ես` «Առիաւան»-ն է:
Եւ այսպէս ճամբան կ՛երկարի` ռուս զինուորներ ամէնուրեք, ռազմամթերք, զինուորական կեդրոններ, անցակէտեր, զինուորական փոխադրատարներ եւ հայաստանցի քաղաքացիներուն նկատմամբ ցուցաբերուած բաւական ազնիւ ու հեզահամբոյր մօտեցում` խաղաղապահներուն կողմէ:
Այդ ճամբուն ամէնէն սիրելի բաժինը, որ կ՛առաջնորդէ դէպի Շուշի, դարձած է ամէնէն ցաւալին. Ազրպէյճանի դրօշն է, որ կը ծածանի հոն, իսկ հեռուէն կարմիրով գրուած «Շուշա»-ն ոչ միայն թրքերէն կը բուրէ, այլ իր գոյնով Թուրքիան կը խորհրդանշէ:
Վարորդին թելադրանքով կը փորձես չլուսանկարել եւ ցաւին դիմանալ ու կուլ տալ գերիշխանութիւնդ կորսնցուցած ըլլալու ահռելի կսկիծը:
Ինքնաշարժը դանդաղ կը յառաջանայ, եւ որովհետեւ անգիր գիտես ու մէջդ բնազդի վերածուած է, թէ ե՛րբ պէտք է դառնաս Ղազանչեցոցը տեսնելու համար, կը դառնաս ետեւ, սակայն բան չ՛երեւիր: Կայծակնային արագութեամբ կը մտածես, որ պէտք է կանաչով ծածկուած կառոյց մը փնտռես, այդ ալ չ՛երեւիր: Ցաւը սրտիդ` կը հասնիս Ստեփանակերտ, ուր ժամեր ետք պետական պաշտօնատարի մը կողմէ կ՛իմանաս, որ Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճարը լրիւ այլափոխած են:
Դարձեալ Արցախի մէջ եմ, եւ այդ է կարեւորը, կ՛ըսես ինքզինքիդ ու կը շարունակես քայլերդ:
Ծանօթներդ ու բարեկամներդ, որոնք պատերազմ ապրած են եւ կորսնցուցած են` հարազատներ, տուն ու տեղ, հողեր ու այգիներ, ջերմ կ՛ընդունին` քեզի ցոյց տալով կեանքը շարունակելու իրենց զօրութիւնը, սակայն անծանօթներ զարմացկոտ հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ Արցախ եկած ես: Այս հարցումը շատ տհաճ կը հնչէր ականջիս, եւ նոյն ինքնավստահութեամբ կը պատասխանէի. «Արդէն ուշացած եմ: Պէտք էր աւելի առաջ հոս ըլլայի` հաստատելու, որ ձեր կողքին եմ, ձեր ցաւը իմ ցաւս է, սփիւռքահայը ձեզի հետ կը ցաւի, կը ճաշակէ հայրենիքի կորուստին լեղի համը եւ զօրակից է արցախցի իր եղբօր: Եկած եմ ձեզի հետ կիսելու ձեր զաւակներուն եւ հարազատներուն կորուստին պատճառած ցաւը, իսկ եթէ մխիթարական խօսքեր չգտնեմ, կ՛ուզեմ ձեզի հետ լուռ մնալով մեղմացնել այդ ցաւը: Եկած եմ հաստատելու, որ մեր դաստիարակութիւնը այն է, որ միայն ուրախութեան եւ խնճոյքի համար իրարու հետ չենք, այլեւ` ցաւը կիսելու, տխրութիւնը միասին բաժնելու»:
Յանկարծ, սակայն, քեզի կը հարցնեն երկրորդ հարցում մը. «Լիբանանը ինչպէ՞ս է, մենք գիտենք, որ դուք ալ տագնապի մէջ էք»: Արցախցին իր ցաւին մէջ իսկ կը մտածէ լիբանանահայուն մասին եւ իր եղբայրական գուրգուրանքով կը մօտենայ անոր:
Ահա այդ է այն պահը, որ կը յուշէ, թէ իբրեւ հայ` ձեր կապը անքակտելի է:
Հոն է, որ կը մտածես, թէ հայութիւնը իր հաւաքական ուժով միայն կրնայ յաղթանակներ արձանագրել, եւ միակ փրկութիւնը Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը դարձեալ ամրապնդելու ու իբրեւ պետութիւն ամէն իմաստով վերակազմակերպուելու մէջ է մեր գոյատեւման բանալին:
Ճիշդ է, որ Ստեփանակերտի մէջ պատերազմի հետքեր չկան, ամէն բան գեղեցիկ է, այս պարագային` աշնանային, սակայն կայ լռութիւն մը, որ ինքզինք կը պարտադրէ: Կան անցորդ քաղաքացիներուն դէմքերն ու հայեացքները, որոնք իրենց լռութեան մէջ շատ բան կ՛արտայայտեն:
Իսկ երբ առաջնորդուիս դէպի «Սիրահարների այգի», տակաւին մայր փողոցէն կը նշմարես գունաւոր ծաղիկներ, որոնք կեանք կը ներշնչեն, մէկ երկու աստիճան իջնելէ ետք կը տեսնես, որ անոնք հոն կը գտնուին Արցախի պատերազմին զոհուած նահատակներուն լուսանկարները կրող պաստառներուն ներքեւ` իւրաքանչիւրի հարազատին յիշատակին համար:
Անզգալաբար քայլերդ կ՛արագանան, եւ կ՛երթաս դէպի պաստառները, մէկ առ մէկ կը նայիս լուսանկարներուն ու կը վկայես մատղաշ սերունդի մը մատաղ ըլլալու հոլովոյթը: Ցաւը խորն է, պահը` ազդեցիկ, սակայն կը զգաս, որ տապալեցար, երբ նշմարեցիր, որ երեխայ մը իր մօր ձեռքը բռնած` կը մօտենայ պաստառին, կամ` երբ այլ կողմ կը փորձես դառնալ ու կը նշմարես տարեց մը` անկարող իր արցունքները զսպել ու այլ պաստառի մը դիմաց:
Օրուան աւարտին կը մտածես, թէ ի՛նչ ծանր են պայմանները, եւ հոգիդ որքա՛ն տխուր է, սակայն անոր զուգահեռ, երբ կը վերապրիս արցախցիին հետ ունեցած պահերդ, անկասկած կը զգաս կամքի զօրութիւնը եւ յոյսի վառ օրինակները, որոնք տողանցեցին կեանքիդ մէջ այդ օր:
Գիշերը կ՛աւարտի այն եզրակացութեամբ, որ հայաստանցի քոյրերդ ու եղբայրներդ, որոնք սկսած են ազրպէյճանցիներուն գոյութենէն մտահոգուիլ, պարզ այն իրականութեան համար, որ անոնք հասած են Գորիս, ուշացած են մտահոգուելու, որովհետեւ Արցախը Հայաստան է եւ վերջ:
Յաջորդ առաւօտ ուղեւորութիւնը դէպի Գանձասար է: Ամբողջ ճամբուն տեւողութեան թեթեւ անձրեւ մը կարծէք կը լուայ շրջակայ անտառապատ տարածքները:
Գունաւոր անտառներ, որոնք աշնան գեղեցկութեամբ համակուած` կանգուն կը հսկեն հայրենի հողը:
Ամբողջ ճամբուն ընթացքին կը մտածեմ, որ օր մը դարձեալ այս ձեւով Շուշի պիտի ուղղուիմ: Հոգիս պահ մը ուրախ կը զգայ, որ տակաւին այդ շրջանները մեզի են, բայց կը մտածեմ անոնց տէր կանգնելու մասին…
Արցախցի մեր վարորդը հայրենասիրութեան մասին կ՛ունենայ արտայայտութիւն մը: Ապա մեր ժամանակը կը վերածուի վարորդին մենախօսութեան: Ան կը խօսի պատերազմին մասին, կ՛անդրադառնայ դաւաճանական աքթին, իսկ ամէնէն կարեւորը` ան կը խօսի Արցախի ապագային մասին:
Ան կը հաստատէ, որ արցախցին շատ երկար չի դիմանար այս իրավիճակին եւ անկարելի է հանդուրժել երկրին կարգավիճակին վերաբերող այս անորոշութիւնը:
Անոր աչքերուն հրայրքին մէջ կը տեսնեմ այն վճռակամութիւնը, որուն մասին օր մը առաջ արտայայտուած էի. այն համոզումը, որ Արցախի ճակատագիրը իր ժողովուրդը պէտք է որոշէ եւ ուրիշ ոչ ոք:
Կը հասնիմ Գանձասար` հաւատքով հաղորդուելու, խօսելու առ Աստուած, խոստանալու, խոստովանելու, բողոքելու, շնորհակալ ըլլալու եւ խնդրելու:
Գանձասարի մուտքին կը հանդիպիմ մոմ վաճառող պատասխանատու երիտասարդուհիին, որուն կրած շապիկին վրայ պատկերուած է 19 տարեկան երիտասարդի մը լուսանկարը:
Կը նայիմ երիտասարդին աչքերուն, ապա` աղջկան աչքերուն. նոյնն են: Կը հասկնամ, որ եղբայրն է եւ նահատակուած է տարի մը առաջ:
Միտքս կը հրահանգէ «Փառք անոր յիշատակին» ըսել, սակայն ձայնս կոկորդիս մէջ կը խեղդուի, եւ կը մնամ լուռ: Այլ հարցումներ կը հարցնեմ իր կեանքին ու ընտանիքին մասին, ի վերջոյ ուժերովս հաւաքելով` կը հաստատեմ, որ ինք առանձին չէ, եւ որ իր եղբայրը հերոս է:
Մէկ կողմէ այս բառերը կ՛ըսեմ համոզումով, իսկ միւս կողմէ` կը մտածեմ Արցախը հայաթափելու Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն քաղաքականութեան մասին, անիծելով պետական դաւաճանութեան ու անոր պատճառած չարիքի իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն:
Հրեշտակի մը չափ բարեսիրտ վարորդը կը փոխադրէ զիս նաեւ Ս. Յակոբավանք, որ Քոլատակ գիւղի տարածքին մէջ կը գտնուի:
Ինծի համար նոր բացայայտում մը նկատուող այս սրբավայրը դուրս կու գայ իբրեւ հոգեւոր կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը, ինչպէս նաեւ` Խաչէնի ուսումնական կարեւոր կեդրոններէն մէկը:
Հոգեկան բաւարարութեամբ լեցուած` կը հասնիմ Ստեփանակերտ: Կ՛ուղղուիմ մայրաքաղաքի ճաշարաններէն մէկը:
Պատուէրս ստանալու համար մատուցողը կը մօտենայ եւ առոգանութենէս կը գիտնայ, որ սփիւռքահայ եմ:
Հոն կը սկսի այլ մենախօսութիւն մը. մատուցողը կը սկսի խօսիլ բարիին ու չարին մասին: Ապա կ՛անդրադառնայ պատերազմին զոհուած հայ երիտասարդներուն եւ հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած ողբերգական նոր էջին: Իր խօսքերուն մէջ շեշտը միշտ բարիին վրայ կը կեդրոնանայ, ու յանկարծ կը սկսի խօսիլ համաշխարհային հարցերու մասին` անդրադառնալով այն իրականութեան, որ Արցախի պատերազմին ընթացքին ամբողջ աշխարհը կոյր ու խուլ ձեւացաւ:
Լուռ կը հետեւիմ անոր խօսքերուն` երբեմն ժպտելով, երբեմն գլխու թեթեւ շարժում մը կատարելով ու երբեմն զարմանքէն աչքերս քիչ մը աւելի լայն բանալով:
Ան իր խօսքը կ՛եզրափակէ` հաստատելով, որ Արցախին միակ օգնողը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է: Այս հաստատումէն ետք հարց կու տամ, թէ ի՞նչը կը մղէ զինք այդ եզրակացութեան յանգելու:
Ան մանրամասն կը պատասխանէ հարցումիս` թուելով այն բոլոր տեղեկութիւնները, որ գիտէ ՀՅԴ-ի գործունէութեան եւ Արցախի համար նուիրումով կատարուած բոլոր զոհողութիւններուն, նոյնիսկ Հայ օգնութեան միութեան, Ստեփանակերտի մէջ ՀՕՄ-ի կեդրոնին եւ անոնց գործունէութեան մասին:
Բնաւ չէի մտածեր, որ օր մը նման պահ մը կրնամ ապրիլ հայրենիքի մէջ: Հոգեկան բաւարարութիւնս հասած էր գագաթնակէտին:
Արցախին հրաժեշտ տալը միշտ դժուար եղած է, սակայն այս անգամ անիկա շատ աւելի դժուար էր:
Տխրութիւնը նաեւ զայրոյթով կը համակուէր, երբ վերադարձի ճամբուն վրայ կը նշմարէի ազրպէյճանցի զինուորներ, որոնք դիրքեր ունէին Շուշիի բարձունքին, Կարմիր Շուկայի մօտ եւ Արցախի հողին վրայ:
Այդ բոլորը կը հաստատեն, որ պատերազմը տակաւին չէ աւարտած: Համոզուած եմ, որ իր հայրենի հողին տէր կանգնելու հայու կամքը հզօր է: Հայրենիքը ազատագրելու ոգին կայ, հայրենասիրութիւնը ամուր է, սակայն պէտք է քաջ գիտնալ, որ յաղթանակներ արձանագրելու համար այս անգամ կարիքը ունինք մեր կամքը պարտադրելու միասնականութեան, հայութեան հաւաքական ուժին, քաղաքական ու զինուորական կազմակերպուածութեան, կռուելու հրահանգի եւ արհեստագիտութեան:
Արցախէն դուրս կու գամ շուտով վերադառնալու խոստումով եւ կառչած այն սկզբունքին, որ մենք հայրենիք չունինք զիջելու: