Ազրպէյճանի Գլխաւոր Հիւպատոսը Կը Մեկնի Լոս Անճելըսէն` Ետին Ձգելով Խաբէութեան Հետք
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոս Նասիմի Աղայեւ օգոստոսի վերջաւորութեան մեկնած է Լոս Անճելըսէն` դառնալու համար իր երկրին նոր դեսպանը Գերմանիոյ մէջ: Աղայեւ իր ետին խաբէութեան հետք թողած է: Կը յուսամ, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի այս ազրպէյճանցի կասկածելի «դիւանագէտ»-ին: Սկսինք ամէնէն վերջին խայտառակութենէն: Անցեալ շաբաթ «Թուիթըր» եւ Դիմատետրի ընկերային ցանցերուն վրայ Աղայեւ հպարտութեամբ հրապարակեց վկայական...




















