Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արցախի Խորհրդարանի Նախագահը Տեսակցեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի Հետ
1 սեպտեմբերին Արցախի խորհրդարանի նախագահ Արթուր Թովմասեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեանի ընկերակցութեամբ, ընդունեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադիր-գեղարուեստական ղեկավար Զաքար Քէշիշեանը:
Թովմասեան ողջունեց Քէշիշեանը` պատասխանատու պաշտօնին վրայ ընտրուելուն առիթով, ընդգծելով, որ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբին օրինակը սփիւռքի կողմէ Արցախի մէջ իրագործած աշխատանքներէն լաւագոյններու շարքին է:
Հանդիպման ընթացքին Թովմասեան բաժնեկցեցաւ վերջերս Լիբանան եւ Կիպրոս կատարած այցելութիւններէն ստացած տպաւորութիւններով:
Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ Արցախ կը գտնուին Շուշիի «Վարանդա» մանկապատանեկան եւ երիտասարդական պետական երգչախումբին 30-ամեակը նշելու նպատակով: Այդ առիթով Ստեփանակերտի մէջ երգչախումբը համերգաշարեր պիտի տայ:
Հանդիպումին Մոսիեան անդրադարձաւ սփիւռքի ներուժի ներգրաւումով Արցախի մէջ մշակութային կեանքի աշխուժացման վերաբերող աշխատանքներուն:
ՀՕՄ–ականները Այցելեցին Սուրիոյ Դեսպան Նորա Արիսեանին
ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Համեստ Սասունեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց Սուրիոյ դեսպանատուն` շնորհաւորելու Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան դեսպան, ՀՕՄ-ի անդամ Նորա Արիսեանին: Հանդիպումը կայացաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Դեսպանը հետաքրքրական եւ արժէքաւոր տեղեկութիւններ տուաւ իր անցեալի փորձառութենէն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց համագործակցելու Հայ օգնութեան միութեան հետ` ի նպաստ հայրենի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ հայաստանաբնակ սուրիահայերու կեցութեան պայմաններու բարելաւման ու զարգացման: ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Շաղիկ Մարուխեան, իր կարգին, ներկայացուց ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրները: Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւած հանդիպումը աւարտեցաւ վերստին հանդիպելու եւ փոխադարձ աջակցութեան խոստումով: ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը, նախքան հրաժեշտ տալը, դեսպանին նուիրեց «ՀՕՄ արուեստ» ընկերային ձեռնարկութեան ձեռագործ աշխատանքներէն, որոնք պատրաստուած էին սուրիահայ կիներու կողմէ:
ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութիւնը Սեպտեմբեր 1-ին Դպրոցական Առաջին Զանգը Հնչեցուց Քաջարի Երասխի Մէջ
1 սեպտեմբերին ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը, ատենապետուհի Շաղիկ Մարուխեանի գլխաւորութեամբ, դպրոցական առաջին զանգը հնչեցուց Արարատի մարզի սահմանային քաջարի Երասխ գիւղին մէջ, ուր հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կատարուեցաւ գիւղի առաջին մանկապարտէզին: Թշնամիին քիթին տակ ինքնավստահութեամբ իր հողը պաշտպանող այս համայնքի մանկապարտէզի դասարաններու ամբողջական կահաւորումը ստանձնած էր պատուիրակութեան ընկերակցող ՀՕՄ-ի բարերարներ Սարգիս եւ Նորա Շիրիկեաններու դստեր ընտանիքը` Րաֆֆի եւ Գոհար Գոճայեանները: Գիւղի ղեկավարութիւնը, մանկապարտէզի անձնակազմն ու սաները իրենց ծնողներով ցնծութեամբ, ինչպէս նաեւ աղ ու հացով դիմաւորեցին ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը: Մանկապարտէզի մուտքին կարմիր ժապաւէնը կտրելէ ետք ներկաները շրջեցան մանկապարտէզի շէնքին մէջ, որ ամբողջութեամբ կահաւորուած եւ յագեցած էր արդի սարքաւորումներով:
Ներկաներուն երախտագիտութեան խօսք ուղղեցին Երասխի նախկին գիւղապետ Ռադիկ Օղիկեանը, որուն պաշտօնավարութեան օրերուն սկսած էր մարդասիրական այս ծրագիրը, եւ Արարատի խոշորացուած համայնքի ղեկավար Ասլան Աւետիսեանը: Ներկաներուն սրտի խօսք փոխանցեցին նաեւ իրենց ազգային պարտականութիւնը կատարած Նորա եւ Սարգիս Շիրիկեանները, որոնք մեծապէս գնահատեցին Երասխի քաջարի ժողովուրդը, որ անվախօրէն կառչած կը մնայ իր հողին: Անոնք խոստացան Երասխի մէջ շարունակել իր բարեգործութիւնը: Խօսքի աւարտին յաջողութիւն մաղթեցին մանկապարտէզի աշխատանքներուն եւ Երասխի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ նուէրներ յանձնեցին մանկապարտէզի առաջին քսան սաներուն եւ ծնողներուն:
Հանդիսութեան աւարտին ուրախ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Ներկաները առիթ ունեցան իրարու հետ ծանօթանալու, մտերմիկ զրոյց ունենալու եւ ունկնդրելու իրենց գիւղը պաշտպանած գիւղացիներու սխրագործութիւններու պատմութիւնները:
Նախնական Համաձայնութեան Իբրեւ Արդիւնք` Թաւրիզի Պետական Համալսարանին Մէջ Պիտի Ստեղծուի Հայագիտութեան Ամպիոն
Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Յովհաննէս Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ գործընկերներու հետ տեսակցութիւն մը ունեցան Թաւրիզի պետական համալսարանի նախագահ Սաֆար Նասրօլլահ Զատեհի հետ, որուն հետ քննարկեցին երկկողմ համագործակցութիւն հաստատելու քայլերը եւ այդ շրջանակին մէջ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ միացեալ ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւնները:
«Մեր բարեկամ Իրանի համալսարաններուն հետ համագործակցային յարաբերութիւնները մեզի համար կարեւոր են ո՛չ միայն կրթութեան եւ գիտութեան զարգացման, այլեւ զիրար աւելի լաւ հասկնալու, երկկողմ յարաբերութիւնները սերտացնելու եւ խորացնելու տեսանկիւնէ:
Սաֆար Նասրօլլահ Զատեհի հետ հանդիպման իբրեւ արդիւնք` համաձայնեցանք իրականացնել աշխատանքներ` ուղղուած երկու համալսարաններու ուսանողներու եւ մասնագէտներու փոխանակման ծրագիրներու, միացեալ հետազօտական նախագիծներու, ակադեմական եւ մշակութային տարբեր նախաձեռնութիւններ իրականացնելու:
Ասոնցմէ բացի` նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերինք Թաւրիզի պետական համալսարանին մէջ ստեղծել հայագիտութեան ամպիոն, որուն լիովին աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնեցինք, ինչպէս նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի իրանագիտութեան ամպիոնի շրջանակին մէջ ստեղծել Ատրպատականի ուսումնասիրութիւններու կեդրոն, որ կարեւոր հարթակ կը դառնայ տարածաշրջանային հետազօտութիւններու»:
«Ամերիկացի Բարի Սամարացիները» Ժապաւէնը Յաղթանակ Արձանագրեց Միջազգային Ասպարէզի Մէջ
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնի ֆինանսաւորումով «Ամերիկացի բարի սամարացիները» ժապաւէնը յաղթանակ արձանագրեց ամերիկեան «Վաւերագրական ժապաւէններ առանց սահմաններու» («Docs Without Borders International Film Festival») միջազգային շարժապատկերի փառատօնին: Այս մասին յայտնեցին նախարարութենէն:
Ժապաւէնը արժանացաւ նաեւ «Բացառիկ արժանիքներու համար» («EXCELLENCE») մրցանակի:
Հաղորդենք, որ ժապաւէնին բեմադրիչն է Արա Մնացականեանը, բեմագիրը` Ամբեր Կարլինսը (Միացեալ Նահանգներ), արտադրողը` Մանուէլ Սարիբեկեանը, նկարիչը` Աշոտ Մկրտչեանը, իսկ արտադրող ընկերութիւնը` «Ման փիքչերս փրոտաքշըն»-ը:
Ժապաւէնը նուիրուած է ազգերու փրկութեան նուիրեալներու յիշատակին` մարդոց, որոնք ի սպառ ոչնչացումէ փրկեցին քրիստոնեայ ժողովուրդներու զաւակները:
Նշենք, որ «Վաւերագրական ժապաւէններ առանց սահմաններու» փառատօնը բացառապէս վաւերագրական շարժանկարի եւ վաւերագրական տրամայի փառատօն է:
Չդադրող Ծափահարութիւններ Սիրոյ Յաւերժ Երգիչ Հայկոյի Յիշատակին` Անոր Ծննդեան Օրը
Վերջերս Երեւանի Կ. Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի փոքր դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտի յիշատակին նուիրուած երգահանդէսը` նախաձեռնութեամբ «Հայկ Յակոբեան մշակութային հիմնադրամ»-ի:
Կազմակերպիչներուն գլխաւոր նպատակն էր յիշել արուեստագէտը, անոր չհինցող եւ տարբերուող երգերը:
«Սէրը սիրելէ ետք` կարօտով…» խորագիրով համերգային ծրագրին մէջ հետաքրքրական արհեստագիտական, բեմադրական, երաժշտական լուծումներու, մեծ նուագախումբի շնորհիւ ներկայացուեցան սիրոյ յաւերժ երգիչին ստեղծագործութիւնները, ժապաւէններու համար գրուած երաժշտութիւնը, ինչպէս հեղինակները կը բնորոշէին` Հայկոյի աշխարհը, պոէզիան:
Հատուածաբար Հայկոն մեծ պաստառէն նաեւ բեմին վրայ էր` ընկերներու կողքին իր կատարումներով, հարցազրոյցներէ մէջբերումներով, մեկնաբանութիւններով:
Առանձնայատուկ էր անոր վերաբերումը ընկերներուն` իր խօսքով կեանքի արժէքները սիրող մարդոց հանդէպ: Ցուցադրուող արխիւային նկարներուն մէջ ընկերասէր էր ու ընկերութիւնը արժեւորող, կեանքով եւ ստեղծագործական գաղափարներով լեցուն, թերեւս նաեւ հոգիի խորքին մէջ` թախծոտ:
Հայկոն «Նոր հայեր» խումբին երգահանն էր: Գարիկ Մարտիրոսեան պատմեց, որ Հայկոն 1990-ականներու սկիզբը տակաւին ընդամէնը քանի մը երգ ունէր, բայց իրենց խումբի ելոյթներու երաժշտական ձեւաւորման համար ընտրուած առաջին եւ միակ թեկնածուն էր:
Հեղինակ-կատարողի երգի ու բանաստեղծութեան աշխարհով ներկաները իւրօրինակ ճամբորդութեան կարելիութիւն ունեցան:
Յայտնենք, որ երեկոն վարեցին կրկին անոր ընկերները` Նազենի Յովհաննիսեանը, Գարիկ Մարտիրոսեանը, Աւետ Բարսեղեանը եւ Խորէն Լեւոնեանը:
Ելոյթ ունեցան հայկական էսդրատային անուանի ներկայացուցիչներ եւ նաեւ օտար անուանի արուեստագէտներ: Երաժշտութիւնը միջազգային է, հետեւաբար օտար լեզուով թարգմանուած տարբերակով ալ Հայկոյի երգերուն նիւթը հասկնալի էր:
Սէրն էր գլխաւոր առաջնորդող ուժը թէ՛ կազմակերպման եւ թէ՛ կատարողի ստեղծագործութիւններու ներկայացման ձեւաչափի, երգահանդէսի ամբողջ տրամաբանութեան հիմքին մէջ:
Հայկ Յակոբեան` հայ երաժշտարուեստի շնորհալի անուն. անոր ձգած ժառանգութիւնը փայփայանքով կը պահպանեն ժամանակակիցներն ու հետագայ սերունդները:
Կրկին Հայկոյի եւ անոր երգերուն հանդէպ սէրն էր հանդիսատեսին եւ կատարողներուն միջեւ ամէնէն մեծ կապը:
Խօսքերը անգիր արտաբերելով` ամէն մէկ հնչիւն առաւել երգեցիկ էր, աւելի դիպուկ եւ զգայական: Առաջին անգամն էր, որ սիրուած մեղեդիները կը հնչէին առանց անոր, բայց եւ` անոր հետ:
Դժուար էր չյուզուիլ, յատկապէս Հայկոյի որդիին` Արման Յակոբեանի ելոյթի ընթացքին: Բեմէն ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` հայրիկին նուիրուած համերգին ներկայ գտնուելնուն համար:
Ջերմ խօսքեր հնչեցին նաեւ արուեստագէտին եղբօր եւ մայրիկին հասցէին: Երգիչին մայրը նաեւ անոր առաջին ստեղծագործութիւններուն խօսքերուն հեղինակն էր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ երգահանին անցած ուղիին եւ յաջողութիւններուն: Խօսուեցաւ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս երիտասարդ ստեղծագործողը մէկ օրէն միւսը դարձաւ ռոմանսներու յայտնի երգիչ, նուաճեց բազում հեղինակաւոր բեմեր եւ մրցանակներ:
Աւետ Բարսեղեանի դիտարկումով, Հայկոյի երաժշտութիւնը անփոխարինելի է նոր սիրահար զոյգերու, ինչպէս նաեւ այն մարդոց համար, որոնք կը սիրեն եւ կը գնահատեն որակաւոր երաժշտութիւնը:
Հայկոյի երկրային կեանքը աւարտեցաւ հինգերորդ տասնամեակը չլրացած, սակայն անոր մեղեդային ստեղծագործութիւնները կ՛ապրին անոր յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներու, աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ բնակող երաժշտասէրներու, գեղեցիկը գնահատողներու շնորհիւ:
Խորէն Լեւոնեան յիշեց իրենց ծանօթութիւնը 2006 թուականին, երբ Հայկոն հեղինակեց «Մի վախեցիր» ժապաւէնին երաժշտութիւնը: Ան պատմեց, որ մեղեդին յաճախ ուղեկցեր է իրենց նկարահանման հրապարակին մէջ եւ ոգեշնչեր է զիրենք: Հայկական շարժանկարի արտադրութեան վերջին տասնամեակներու լաւագոյն նմուշները դժուար է պատկերացնել առանց երգահանին ազդեցիկ երաժշտութեան: Հայկոյի հեղինակած սաունտթրեքերը, առանց բացառութեան, հայկական ժապաւէններու իւրօրինակ այցեքարտն էին:
Համերգի աւարտին յոտնկայս հնչող ծափահարութիւնները չէին դադրեր: Հայկոն այս ջերմութիւնը եւ գնահատանքը վաստակած էր ո՛չ միայն իր արուեստով, այլեւ` մարդկային արժանիքներով ու համեստութեամբ:
Համերգէն առաջ նախասրահին մէջ, ինչպէս նաեւ` դէպի մարզահամերգային համալիր տանող աստիճաններէն սկսեալ, Հայկոյի երգերը կը հնչէին: Իւրաքանչիւր հանդիսական դահլիճէն դուրս ելլելու ժամանակ դատարկաձեռն չհեռացաւ, անոնք իրենց հետ տարին ռոմանսներ կատարող երգիչին մեծ, աստուածատուր սիրտէն պատառիկ մը, անբացատրելի լուսաւոր ափսոսանք:
Մեր Կորսնցուցածին Դիմաց Կը Կառուցենք, Որպէսզի Արցախը Պահենք Հայկական. Արտակ Բեգլարեան
2 սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 31-րդ տարեդարձի ձեռնարկներու ծիրին մէջ մասնակցեցանք Ասկերանի շրջանի Աստղաշէն համայնքի նորակառոյց բնակավայրի բացման արարողութեան: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան:
«2 սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 31-րդ տարեդարձի ձեռնարկներու ծիրին մէջ մասնակցեցանք Ասկերանի շրջանի Աստղաշէն համայնքի նորակառոյց բնակավայրի բացման արարողութեան:
Ասկերանի վերին ենթաշրջանի բռնազաւթուած Սղնախ, Մոշխմհատ, Ջրաղացներ եւ Մադաթաշէն համայնքներու 95 տեղահանուած ընտանիքներ յառաջիկային պիտի տեղափոխուին իրենց նոր բնակարանները, իսկ բնակավայրին մէջ պետական միջոցներով կառուցուող տուներուն ընդհանուր թիւը 130 է: Այս դժուարին պայմաններուն մէջ մեր անկախութեան տօնի նշանաւորման լաւագոյն ձեւերէն մէկը բնակարանամուտ տօնելն է, որ կը ցուցադրէ հայրենի հողին կառչելու մեր մղումը:
Այսօր, ի հեճուկս բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, կրկին կ՛արարենք եւ կորսնցուցածի դիմաց կը կառուցենք, որպէսզի մեր կեցութեամբ, գոյութեամբ եւ արարումով Արցախը պահենք հայկական: Բնակարանային հարցերու կոմիտէն իրականացուցած է վիճակահանութիւն` նոր առանձնատուներու տրամադրման գործընթացը արդարացի եւ թափանցիկ կերպով կազմակերպելու նպատակով:
Շնորհակալութիւն շինարարներուն, բնակարանային հարցերու կոմիտէի խումբին` այս ծրագիրը յաւուր պատշաճի կեանքի կոչելուն համար, նաեւ շնորհաւորութիւններս եւ լաւագոյն բարեմաղթութիւններս` բոլոր շահառուներուն»: