Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Թիրախաւորուած Է Եւ Ականապատուած Սահմանադրական Կարգը

September 7, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեկտրածին մեքենաներու հայթայթած ելեկտրականութեան սակագիներու տոլարի շուկայական համարժէք պահանջը վերափոթորկեց լիբանանեան հասարակութիւնը, որ պայքար կը մղէ արագընթաց սղաճի պատճառով սակագիներու օրական մագլցողականութեան դէմ:

Հիմա, արդէն լիբանանեան լրատուադաշտը ողողուած է նոր յուսալքման առաջնորդող տեղեկութիւններով, թէ վառելանիւթի գիները եւս ելեկտրականութեան նման շուկայական տոլարի համարժէք սակագիներով պիտի ճշդուին:

Այս կը նշանակէ, որ քաղաքացիներու սպառման համար պետական զօրակցական նուազագոյն միջամտութիւնները եւս պիտի ջնջուին, եւ հասարակութիւնը ամբողջութեամբ պիտի յանձնուի շուկային, շուկան ղեկավարողներուն: Կենսական սպառումներու բոլոր բաղադրիչները այս ձեւով` հացէն մինչեւ վառելանիւթ, դեղորայքէն մինչեւ հիւանդանոցային բուժում, քաղաքացին կը դնեն շուկայի հետ ուղիղ յարաբերակցութեան մէջ, առանց պետական որեւէ սակագնային վերահսկողութեան կամ զօրակցական նպաստի: Այս բոլորին կը հետեւի նաեւ հաղորդակցական միջոցներու համակարգը` դասական հեռաձայնայինէն մինչեւ համացանց: Իսկ համացանցի անջատումը արդէն այսօրուան ընդհանուր աշխարհակարգէն անջատումի համազօր է, որ ո՛չ միայն կ՛անդամալուծէ Լիբանան-արտաքին աշխարհ կապը, այլ նաեւ ներլիբանանեան տարբեր մարզերու հաղորդակցութիւնը:

Լիբանանցին յայտնուած է փաստօրէն դրամատնային համակարգի կաթուածահար վիճակին, համացանցի ընդհանուր անջատման վտանգին եւ կենսական կարիքներ ապահովելով վերապրելու հրամայականին առջեւ:

Կառավարական որոշումները կը թուին, որ կը մնան օդին մէջ: Ընթացիկ աշխատանքներ վարելու լիազօրութիւն ունեցող կառավարութեան որոշումները չեն  իրականանար, որովհետեւ կը բացակայի պետական պիւտճէն: Ճգնաժամային պահէն դուրս գալու ելքային ժամանակաւոր դասաւորումներով է միայն, որ վառելանիւթը վերստին կը տրամադրուի կամ համացանցի կապը կը վերահաստատուի: Թթուածին հասցնելու վարչական ժամանակաւոր որոշումներու ականատես կ՛ըլլայ քաղաքացին` լաւ իմանալով, որ տագնապը պիտի վերադառնայ շուտով եւ աւելի ցաւոտ վիճակներ ստեղծելով:

Կացութիւնը դատապարտելու, մեղադրեալներ մատնացոյց ընելու պետական, օրէնսդրական  եւ քաղաքական գործիչներու հռետորական կրակոցները ճիշդ է, որ կարճաժամկէտ դրուածքով քաղաքացիներու համակրանքը կը շահին, այդուհանդերձ իրավիճակ փոխելու որեւէ նախադրեալ չեն պարփակեր իրենց մէջ:

Հարցերը նման ոճով բարձրացնողները ամէնէն առաջ եւ ամէնէն աւելի գիտեն, որ կացութեան բարելաւումը հրապարակային քննադատութիւններով, սպառնալից յայտարարութիւններով չեն փոխուիր, եթէ անշուշտ նպատակը քաղաքացիները հարուածող տագնապներու լուծումն է:

Քաղաքականօրէն խոր է գիտակցումը, որ պետական ամբողջ համակարգի մը կազմաքանդումը արտաքին ներշնչանք եւ ծրագիրի գործնականացում կ՛ենթադրէ: Հետեւաբար ճգնաժամերու կուտակում է, որ կ՛արձանագրուի եւ պիտի արձանագրուի, որուն դիմաց սնանկացող պետութեան միջոցները ի վիճակի պիտի չըլլան կասեցման գործողութիւններու ձեռնարկելու: Բնականաբար քաղաքականացուած են նաեւ այն բոլոր մօտեցումները, որոնք այս ահաւոր կացութեան պատասխանատուութիւնը կ՛ուզեն բարդել ներլիբանանեան համակարգի ժխտական իւրայատկութիւններուն վրայ:

Կան օրօրող գործընթացներ, որոնք կ՛ուզեն համոզել, որ ամերիկեան միջնորդութեամբ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանազատման համաձայնութիւնը շուտով պիտի իրականանայ: Ասիկա զուտ ժողովրդային ցանկութիւն չէ, այլ քաղաքականօրէն ծրագրուած շտապողականութիւն, որ շատ հաւանաբար կապ ունի ռուսական ուժանիւթի այլընտրանքային շուկաներ ստեղծելու աշխարհաքաղաքականութեան հետ:

Ամբոխահաճոյ հռետորաբանութեան եւ լաւատեսական աշխարհաքաղաքականութեան արանքին մէջ սակայն, լիբանանցին կը տուայտի, կը պայքարի, կը մաքառի սնունդի, դեղորայքի, վառելանիւթի եւ ջուրի ապահովման համար` կարենալ շարունակելու համար շնչել:

Փրկութեան կառավարութիւնը կը մնայ տեսութիւն. որովհետեւ կը բացակայի քաղաքական կամքը նոյնիսկ այս աննախընթաց պայմաններուն մէջ ընդհանուր յայտարարներ որոնելու եւ անոնց շուրջ երկխօսելու եւ գործակցելու:

Այլապէս, պետական դրութեան կազմաքանդման գործընթացով թիրախաւորուած է եւ ականապատուած ամբողջ սահմանադրական կարգը:

Ակնկալուած հակաճգնաժամային ճամբու քարտէսի կարեւորագոյն հասանելի կէտ կը մնայ` փրկութեան կառավարութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

Յ. Բագրատունի. «Պէտք Է Լաւապէս Հասկնալ Մարտահրաւէրները Եւ Գիտակցիլ Պահուան Լրջութեան` Երկիրը Դնել Կարենալու Փրկութեան Ուղիի Վրայ»

Յաջորդը

Պայտըն Ռուսիան Ահաբեկչութեան Հովանաւոր Երկիր Հռչակելուն Դէմ Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.