Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենանուէր Սրբազանը (Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի Եպիսկոպոսական Աստիճան Ստանալու 25-Ամեակին Առիթով)

Սեպտեմբեր 7, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹՈՐ ՆՈՐԱՅՐ ՄԱՆՃԵԱՆ

Սրբազանի աստիճան ստանալը  Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ վկայութիւն է, որ հոգեւորականը վեհ է եւ օժտուած է աստուածատուր շնորհքով:

Մեր եկեղեցականներուն մէջ այս աստիճանին արժանացող սրբազանները կը ծառայեն ազգին ու եկեղեցւոյ` աշխարհի չորս ծագերուն ծուարած գաղութներուն մէջ:

Աստուած Օգնական Իրենց

Սեպուհ արք. Սարգիսեան Լաթաքիա այցելութեան ընթացքին ինծի նուիրեց  «Հոգեյոյզ ցոլքեր» խորագրեալ գիրքերու հատորները: Ուրախութիւնս ու զարմանքս անսահման էին: Սրբազանը ուրկէ՛ գիտէր, որ գիրքերու սիրահար եմ: Այդ գիրքերը մինչեւ օրս ժամանակ առ ժամանակ կրկին ու կրկին կ՛ընթերցեմ:

«Հոգեյոյզ ցոլքեր»-ը սրբազանին գրած ու արտասանած քարոզներն են` զանազան առիթներով: Այդ գրութիւններուն մէջ կ՛արտացոլան սրբազանը յուզող սրտաճմլիկ հարցերուն առնչուող մօտեցումները, պայծառատեսութիւնն ու արշալոյսի ճանապարհը:

1990-ին սրբազանը Հայաստան էր` Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա.  կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. վեհափառներուն տնօրինութեամբ:

Այդ դժուարին տարիներուն եղաւ հայրենիք, Հայաստան աշխարհ: Իրեն համար հայութիւնը մէկ մարդ է` հաւատացեալ Աստուծոյ ու Հայաստանի: Կը պատգամէր հայորդիներուն. «Ամրօրէն սեղմէ հայրենակիցիդ ձեռքը եւ անոր մէջ մարդէն աւելի եղբայր մը տես»:

Սրբազան հօր խօսքերէն են` «Առանց հողի եւ առանց հայրենիքի անիմաստ է մեր գոյութիւնը, հայրենիքը մեր գոյութիւնն է»:

Գամիշլիի մերձակայքը եղող հայաբնակ Ճուխա գիւղը ծնած Սեպուհ արք. Սարգիսեան նախակրթական կրթութիւնը ստացած է Գամիշլիի Ազգային Եփրատ վարժարանին մէջ, 1961-ին մուտք գործած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, 1965-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ` Գարեգին եպս. Սարգսեանի (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ապա` Ամենայն Հայոց կաթողիկոս) ձեռամբ, 1968-ին աբեղայ` Տաճատ արք. Ուրֆալեանի ձեռամբ:

Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ, 1969-1970, իսլամական փիլիսոփայութեան ամպիոնի արաբական լեզուի եւ գրականութեան բաժինին մէջ: 1979-1981-ին ուսանած եւ մագիստրոսի աստիճանի տիրացած է Պերմինկհամի համալսարանէն, Անգլիա:

1971-ին վարդապետական մասնաւոր իշխանութիւն կը ստանայ` ձեռամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսին:

1970-1974 թուականներուն ծառայած է Իրաք, Պասրա, 1975-1977-ին Բերիոյ թեմի առաջնորդական փոխանորդ է, 1978-1992-ին` Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ-տնօրէն, Անթիլիաս: 1978-ին` Միջեկեղեցիներու խորհուրդի անդամ, Ասիոյ եկեղեցիներու

համաշխարհային խորհուրդներու անդամ:

1985-ին հայր սուրբը կը ստանայ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան, 1997-ին` եպիսկոպոսական, 2003-ին` արքեպիսկոպոսական աստիճան` Արամ Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ: Սրբազանը կը ծառայէ իբրեւ կաթողիկոսական փոխանորդ` Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներուն մէջ:

1999-ին կը նշանակուի Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ, իսկ 2000-ին` առաջնորդ:

Արքեպիսկոպոսը հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու, դասագիրքերու, յօդուածներու, հրատարակած է հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով:

Ահա հայաբոյր պատգամը Սեպուհ արք. Սարգսեանին` Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդին.

 

«Պայքարը շարունակել միշտ տեսիլքով ամբողջական հայրենիքի եւ ամբողջական ժողովուրդի, առանց սեւի եւ սպիտակի խտրութեան, ընդհակառակն, սիրոյ, փոխադարձ յարգանքի, համերաշխութեան եւ համագործակցութեան խաղաղաբոյր մթնոլորտի մէջ»:

 

Եկեղեցանուէր ու հայրենանուէր արքեպիսկոպոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառի օրհնութեամբ կը շարունակէ ծառայել:

Գերաշնո՛րհ սրբազան,

Ձեր նուիրական ծառայութիւնը թող առաւել լուսաւորէ աշխարհը եւ բոլոր հայորդիներուն սրտերը:

Ձեր սրբազնութեան եպիսկոպոսական աստիճանի 25-ամեակին առթիւ` շնորհաւորանք եւ բարեմաղթանք, երկար կեանք` ծառայելու բազմաչարչար հայ ժողովուրդին ու ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Վերամուտէն Անդին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?