Mirror Spectator
ԱԼԻՆ Ա. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Թարգմանեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Պոսթընի մէջ նոր կազմակերպութիւն մը կը յուսայ ստեղծել այնպիսի կառոյց մը, որուն միջոցով Հայաստանի մէջ նորարարներ` ըլլան անոնք գիտնականներ, ակադեմականներ կամ արուեստագէտներ, աջակցութիւն գտնեն իրենց սփիւռքահայ հայրենակիցներէն` իրենց մարզերուն մէջ բարձրագոյն մակարդակներուն հասնելու համար:
Նոր մարմինը, որ կը կոչուի Armenian Society of Fellows (ASOF), այս ամառ գումարեց իր անդրանիկ նիստը Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքի Ս. Ղազար վանքին մէջ:
Կազմակերպութիւնը հիմնուած է Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանի, Պրաուն համալսարանի եւ Քառնեկի հիմնադրամի նախկին նախագահ, հանգուցեալ դոկտ. Վարդան Գրիգորեանի գաղափարին վրայ, որ աւելի թափով առաջ մղուեցաւ 2020 թուականի աղէտալի պատերազմին պատճառով:
Նոր սկիզբ
ASOF կը ղեկավարուի գործադիր մարմինի մը կողմէ, որուն նախագահն է փրոֆ. Անի Աբրահամեանը` Ինտիանայի Նոթր Տամ համալսարանի միջուկային բնագիտութեան փրոֆեսէօր, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի մէջ Ա. Ի. Ալիխանեանի անուան ազգային գիտաշխատանոցի տնօրէնուհի:
Վերջերս Աբրահամեան եւ մարմինի քարտուղար փրոֆ. Վաչէ Սահակեան` Քալիֆորնիոյ Հարվի Մատ համալսարանի բնագիտութեան դասախօս, ներկայացուցին կազմակերպութիւնը` յուսալով որ ատիկա դրական փոփոխութիւն մը պիտի յառաջացնէ Հայաստանի մէջ:
Աբրահամեան բացատրեց ASOF-ի տեսլականը. «Մենք յոյսով ենք, որ ատիկա պարզապէս սփիւռքեան կազմակերպութիւն մը պիտի չըլլայ: Մենք իսկապէս կը ծրագրենք եւ ռազմավարութիւնը կը մշակենք, եւ մեր տեսլականն է զգալի փոփոխութիւններ իրականացնել մեր առաքելութեան թիրախին մէջ գտնուող բազմաթիւ մարզերուն մէջ: Ատիկա այլեւս պարզապէս սփիւռքեան կազմակերպութիւն մը չէ, որ կը կեդրոնանայ շատ հանճարեղ գաղափարի մը վրայ: Մենք իսկապէս կը զգանք, որ ժամանակն է ներգրաւելու Հայաստանի բոլոր մարդիկը, Հայաստանի կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ` սփիւռքը»:
Սահակեան նշեց, որ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմը այս կազմակերպութեան մղիչ ուժն էր:
«Միշտ ալ կը խօսուէր, ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով, սփիւռքի գիտնականները եւ մասնագէտները համակարգուած համախմբելու անհրաժեշտութեան մասին, սակայն տարբեր մարտահրաւէրներու պատճառով յստակ ոչինչ մշակուած էր,- բացատրեց Սահակեան:- Կը կարծեմ, որ բեկումնային պահը 44-օրեայ պատերազմն էր: Մինչ այդ նման ծրագիրի մը մասին որոշ քննարկումներ տեղի կ՛ունենային հիւսիսարեւելեան հայկական սփիւռքի շրջանակներուն մէջ ներգրաւուած մարդոց հետ»: Այդ մարդոց շարքին կը գտնուէին Գրիգորեանի նման մարդիկ եւ ՔորնԷլ համալսարանէն հանգուցեալ աստղագէտ, փրոֆեսէօր Երուանդ Թերզեանը:
«44-օրեայ պատերազմէն ետք զգացի անհրաժեշտութիւնը, որ այս օրակարգը այլեւս կարելի չէր յետաձգել,- ըսաւ Սահակեան: – Շատ ներշնչող քննարկում մը Գրիգորեանի հետ, որուն ընթացքին այս կազմակերպութեան հիմնական գաղափարները ծնունդ առին»:
Սահակեան յայտնեց, որ Գրիգորեանի վերջին խօսքերէն եղած է հետեւեալը. «Ես կարելիս պիտի ընեմ` ասիկա իրականացնելու»:
Դժբախտաբար Գրիգորեան մահացաւ այս խօսակցութենէն քանի մը շաբաթ անց, սակայն Սահակեան յաջողեցաւ ներգրաւելու շատ աւելի մարդիկ` ընդարձակելով ցանկը այն մարդոց, որոնք հետաքրքրուած էին այս նախաձեռնութիւնը ստեղծելու եւ անոր միանալու:
Աբրահամեան յայտնեց, որ ինքն ալ կը կիսէ Վաչէին մտահոգութիւնը, որ այլեւս ժամանակ չունինք: «Մեր գոյութիւնը վտանգի տակ է, բացի եթէ կարենանք այս նախաձեռնութիւնը յաջողցնել»:
«Հոս հաւաքուած ենք մեր ազգի լաւագոյն մասնագէտներէն քանի մը հոգիով: Մենք միացանք ոչ առանց դժուարութիւններու եւ մենք պատրաստ ենք ներգրաւուելու` ֆիզիքապէս Հայաստան գալով եւ փոփոխութիւն յառաջացնելով: Կասկած չկայ, որ մենք կարողութիւնը ունինք ատիկա ընելու: Ժամանակն է, որ հայկական հասարակութեան մնացեալ մասը մեզի օգտակար դառնայ, քանի որ ասիկա առանձին չենք կրնար ընել», աւելցուց Սահակեան:
Համագործակցութեան ոգին
Ըստ կազմակերպութեան կայքէջին, այս ծրագիրը կը հետապնդէ հետեւեալ նպատակները. «Ստեղծել յատուկ հանգամանքներ` խրախուսելու հայկական սփիւռքէն եւ անկէ դուրս գտնուող գիտնականներն ու մասնագէտները իրենց աշխատանքին մէկ մասը Հայաստան բերելու, իրենց այնտեղ ֆիզիքական ներկայութեամբ, ինչպէս անհրաժեշտ կը համարուի կազմակերպութեան կողմէ, վիրչուալ փոխազդեցութիւններու միջոցով, կապել Հայաստանէն անհատներ եւ հաստատութիւններ ամբողջ աշխարհին մէջ բարձրակարգ գիտահետազօտական եւ կրթական կեդրոններու հետ, ծառայել որպէս հովանաւոր կազմակերպութիւն, որ կը խթանէ նոր եւ գոյութիւն ունեցող ջանքերը` ուղղուած Հայաստանի մէջ կրթութեան, ճարտարագիտութեան, մարդասիրական, բնական ու բնագիտական գիտութիւններու եւ ընկերային գիտութիւններու մարզերուն մէջ գերազանց մակարդակի հասնելու, տրամադրել հարթակ մը` աշխարհի տարբեր երկիրներու ակադեմականներու եւ մասնագէտներու հաւաքներուն համար, որոնք հետաքրքրուած են Հայաստանի յառաջընթացով` կրթութեան, ճարտարագիտութեան, մարդասիրական, բնական եւ բնագիտական գիտութիւններու եւ ընկերային գիտութիւններու մարզերուն մէջ»:
Երկու փրոֆեսէօրները յայտնեցին, որ ASOF-ի կողմէ առաջարկուած եւ քաջալերուած այս լայն հարթակը ողջունուած է շատերուն կողմէ` ե՛ւ սփիւռքի, ե՛ւ Հայաստանի մէջ:
Աբրահամեան նշեց, որ «մրցակցութեան մթնոլորտ» չէ եղած այն կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք կ՛աշխատին նմանատիպ նպատակներու վրայ աւելի յատուկ մարզերուն մէջ, եւ անոնցմէ շատերը համաձայնած են մասնակցիլ եւ համագործակցիլ ASOF-ի հետ:
«Ես իսկապէս կը հաւատամ, որ ASOF-ի միջոցով առիթը ունինք փոփոխութիւն կատարելու: Ասիկա լուրջ նախաձեռնութիւն է, եւ ASOF-ի անդամները աշխարհի մէջ բաւական հանրածանօթ են: Մենք կը յուսանք, որ Հայաստանը մեզի հետ կը բարձրացնենք ճանաչումի եւ համաշխարհային ցանցի նոր մակարդակի», ըսաւ Աբրահամեան:
«Իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն, որ մեր մասին լսած է, եւ որուն հետ մենք կապուեցանք, կամ իրենք մեզի հետ կապուեցան, անոնց հետ տեղի ունեցաւ լայն համագործակցութիւն եւ գործակցելու պատրաստակամութիւն: Ասիկա ինծի համար աննախընթաց երեւոյթ է», աւելցուց ան:
Ծրագիրին աշխատելաձեւը լաւ կազմակերպուած է, տարբեր աշխատանքային խումբեր կը զբաղին յատուկ հետաքրքրութիւններու մարզերով:
Համաշխարհային ճանաչում ունեցող ակադեմականներ
«Ասիկա կազմակերպութիւն չէ, այլ` ցանց մը, գաղափարներու հարթակ մը: Հիմնական աշխատելաձեւը անդամակցութեան միջոցով է, որ հարթակին գաղափարներ կը բերէ քննարկելու համար: Եթէ գաղափարը հետաքրքրական է եւ բաւարար աջակցութիւն կը վայելէ, ապա ատիկա ինքնաբերաբար կը վերածուի ծրագիրի առաջարկի մը, որ իսկապէս բխած կ՛ըլլայ անհատ անդամներէ, որոնք խումբեր կազմած կ՛ըլլան իրենց հետաքրքրութիւններուն, ոլորտներուն եւ մասնագիտութեան հիման վրայ, եւ կազմակերպութեան դերը կ՛ըլլայ արձագանգել եւ օգնել ծրագիրը սկսելու»: Ան աւելցուց, որ ծրագիրը կազմակերպութեան չի պատկանիր:
«ASOF-ը գաղափարներու ծնունդ կու տայ եւ կը մշակէ», աւելցուց ան:
Այնուհետեւ գաղափարը կ՛առաջարկուի գործընկեր կազմակերպութեան մը: «Պէտք է տեղական հիմնարկ մը իր աջակցութիւնը յայտնէ այդ ծրագիրին,- ըսաւ Աբրահամեան: – Ծրագիրը ինքնին կը ղեկավարուի ASOF-ի այն անդամներուն կողմէ, որոնք այդ գաղափարը յղացած են»:
«Հիմնական բաղադրիչը, որ այս կազմակերպութիւնը կը զանազանէ ուրիշներէ, մարմինին աշխատելաձեւն է: Կ՛ուզենք մարդուժ ներառել: Իրագործուելիք ծրագիրներ առաջարկող անհատները կը դառնան ծրագիրի մասնակիցներ` Հայաստան մեկնելով», աւելցուց Սահակեան:
«Ճանապարհը դիւրին պիտի չըլլայ: Մենք մեզ չենք խաբեր, ո՛չ ալ կ՛ապրինք հեքիաթային աշխարհի մը մէջ` ըսելով, որ դիւրին պիտի ըլլայ», ըսաւ Աբրահամեան:
Սահակեան աւելցուց, որ ASOF-ի առաւելութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ որոշակի մարզերու մէջ հանրածանօթ ակադեմականներու մեծ թուաքանակը, ինչ որ կրնայ գրաւիչ ըլլալ եւ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն տալ ծրագիրի մը, որ ոեւէ մէկը փափաքի հիմնադրամ մը կամ կազմակերպութիւն մը առաջարկել այդ ծրագիրը ֆինանսաւորելու համար: «Տարբեր զգացում է, երբ դուք յղանաք գաղափար մը, որուն կ՛աջակցին 30-35 համաշխարհային մակարդակի ակադեմականներ` սփիւռքէն եւ ASOF կազմակերպութենէն, ըսելով, որ ատիկա հիանալի բան է: Ծրագիրին աջակցիլը անոր կարեւորութիւն եւ համբաւ կու տայ»:
Աբրահամեան նշեց, որ ինքը եւ Սահակեան այցելած են Իտալիոյ Թրիեսթ քաղաքի Տեսական բնագիտութեան միջազգային կեդրոնը: «Բոլոր ծրագիրներու ղեկավարները իսկապէս զմայլեցան, երբ մենք ցոյց տուինք նման գործունէութեան ետին կանգնած մտաւոր դրամագլուխը», աւելցուց ան:
Աշխատանքներ սկսած են Հայաստանի մէջ բնագիտութեամբ զբաղող կազմակերպութիւններու ֆինանսաւորման ուղղութեամբ:
«Նպատակը այն է, որ գոնէ բնագիտութեան մարզին վերաբերեալ ստեղծուի այնպիսի հիմնարկ մը, ինչպիսին է Պրինսթոնի Advanced Institute-ը … եւ ներգրաւել լաւագոյն տաղանդները ամբողջ աշխարհէն, որպէսզի գան եւ ժամանակ տրամադրեն ու աշխատին տեղական գիտնականներու հետ», ըսաւ ան: «Նպատակը այն է այդ փոխազդեցութեան մակարդակն ու համբաւը իրականութիւն դարձնել: Մենք այդ ուղղութեամբ կը մտածենք, ինչ կը վերաբերի բնագիտական գիտութիւններու մարզին», նշեց ան:
Այժմ կազմակերպութիւնը ունի 168 անդամներ, բայց կ՛ակնկալուի, որ այդ թիւը պիտի բարձրանայ:
«Վաչէն կապ հաստատեց հիմնական կորիզի մը հետ, եւ այդ կորիզը յաւելեալ անուններ տուաւ,- ըսաւ Աբրահամեան: Վաչէին կողմէ ատիկա հսկայական աշխատանք էր, մարդոց հետ զրոյցներ ունենալը` տեսնելու համար, թէ անոնք կը հետաքրքրուի՞ն այդ գաղափարով: Մեծ ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ բոլոր անոնց մօտ, որոնց հետ կապ հաստատեցինք»:
«Կազմակերպութեան կեդրոնը ակադեմական դաշտն է: Անդամներուն 85 առ հարիւրը փրոֆեսէօրներ են, բայց մեզի անհրաժեշտ է բոլոր տեսակի մարդոց փորձառութիւնը, ակադեմիայէն դուրս,- յայտնեց Սահակեան: – Եթէ փրոֆեսէօր ես, գիտաշխատող եւ տուեալ ոլորտին մէջ մասնագէտ, ատիկա արդէն լաւ սկիզբ է»:
Սահակեան նշեց, որ խորհուրդին յառաջիկայ նիստը վերջնական տեսք պիտի տայ կազմակերպութեան ճանապարհային քարտէսին: «Մեր գործընկերներուն 20 տոկոսը Հայաստանէն է, ուստի ներգրաւուածութիւնը [Հայաստանի հետ] արդէն կայ, եւ ատիկա միայն պիտի ընդլայնուի յառաջիկայ ծրագիրներով,- ըսաւ Սահակեան: – Ինչ կը վերաբերի ճանապարհային քարտէսին, ապա մենք պիտի ունենանք քանի մը փոքր ծրագիրներ, որոնք հայեցակարգին ապացոյցն են եւ պիտի նպաստեն վստահութիւն շահելու, եւ անոնք պիտի իրականացուին անմիջապէս յաջորդ ամսուան ընթացքին»:
Սահակեան տեղեկացուց, որ իրենք կը շարունակեն զրոյցները Հայաստանի մէջ կայացած խումբերու հետ, ինչպիսիք են Հայկական գիտութեան եւ արհեստագիտութեան հիմնադրամը (FAST) եւ տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնց շարքին` «Գիտուժը», որուն նպատակն է օգնել Հայաստանի մէջ գիտնականներուն:
Խումբը յոյս ունի, որ յաջորդ տարեկան համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Դիլիջան քաղաքին մէջ, ուր պիտի քննարկուին նոր գաղափարներ, ինչպէս նաեւ` նախորդ ծրագիրներու յառաջընթացը:
Սահակեանի համար ցանցային կապը եւ գիտութեան մէջ աճող ներդրումները կրնան հաւանական ապահովութեան աղբիւր հանդիսանալ ազգին համար: «Ես կը ցանկամ 20 տարի ետք Հայաստանը տեսնել որպէս արհեստագիտական, գիտական եւ մշակութային հզօր կեդրոն շրջանին մէջ, այն աստիճան, որ մեր անվտանգութիւնը քիչ թէ շատ երաշխաւորուած ըլլայ, քանի որ մենք յառաջացուցած ենք հասարակութիւն մը, որ կրնայ դիմակայել երկրին առջեւ դրուած մարտահրաւէրները: Եթէ այնտեղ հասնինք, ուրեմն յաջողած ենք»:
Հետաքրքրական փաստը այն է, որ կազմակերպութիւնը իր կանոնադրութեան մէջ ներառած է լուծարման կէտ մը, ուր կ՛ըսուի, որ եթէ 20 տարուան ընթացքին իր նպատակներուն չհասնի, ապա պիտի լուծարուի:
«20 տարուան ընթացքին մենք կա՛մ յաջողութեան կը հասնինք, կա՛մ կը ձախողինք, եւ իմաստ չունի նոյն ճանապարհով անցնիլ», ըսաւ Սահակեան:
«Մենք մեծ ծրագիրներ ունինք, եւ ես կը կարծեմ, որ մենք զանոնք պիտի իրականացնենք: Ես կը սիրեմ մեր կանոնադրութեան լուծարման կէտը. քսան տարին բաւական ժամանակ է, եւ մենք արդէն տեսած ենք բազմաթիւ գործողութիւններ: Ես իսկապէս կը կարծեմ, որ ատիկա պիտի յաջողի: Առաջին անգամն է, որ առանց մեր յայտարարութեան` բոլորը ինծի կը հարցնեն, թէ ինչպէս կրնան ներգրաւուիլ», ըսաւ ան:
«Կը կարծեմ, որ մեր ըրածը պատմական է, եւ շատ համեստ չըլլալու համար, պէտք է յաջողութեան հասնիլ. այլապէս, որպէս ժողովուրդ` մեծ մարտահրաւէրներուն դիմակայելու այլ ճանապարհ չեմ տեսներ: Ասիկա սկիզբ է եւ ատոր համար անհրաժեշտ է ամբողջ ազգի ներգրաւուածութիւնը, ասիկա կրնայ ըլլալ նիւթական աջակցութեամբ, կամ որպէս ակադեմականներ` մասնակցութեամբ, հիմա ժամանակն է», ընդգծած է Սահակեան:
Սահակեան նշեց, որ Վարդան Գրիգորեանի կարծիքը այս ծրագիրին մասին հետեւեալն էր. «Շատ յաւակնոտ է, բայց` շատ ուշացած»:
Կազմակերպութիւնը ձեռնարկած է դրամահաւաքի` իր գործունէութիւնը եւ աշխատանքները ֆինանսաւորելու համար, ներառեալ` Հայաստանի մէջ գիտական կեդրոնը: Նպաստելու կամ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելեցէ՛ք www.asof.am կայքէջը: Անդամակցութեան համար գրեցէք [email protected] ե-նամակի հասցէին: