Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բազմավաստակ Հոգեւորականը (Տէր Արսէն Ա. Քհնյ. Քէշիշեանի Յիշատակին)

Սեպտեմբեր 10, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Ջանա՛ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ,
այնպիսի մշակ մը, որ իր գործերուն համար
ամչնալիք բան մը չունի,
որպէս մէկը, որ ուղիղ կերպով կ՛ուսուցանէ
Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամը»

Բ. Տիմոթէոսի 2:15

Քահանայական կոչումը Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ արժանապատիւ տեղ կը գրաւէ: Անոր վստահուած է իւրայատուկ առաքելութիւն` ժողովուրդը ընդառաջ տանիլ Աստուծոյ, համերաշխութեան դրօշակիրը դառնալ մեր ժողովուրդի սրբութիւն ու գանձ համարուող հայ ընտանիքին, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ Քրիստոսի սիրոյ օրինակի մարմնացումը դառնալ ծխական ժողովուրդին ընդհանրապէս:

Դժբախտաբար մերօրեայ իրականութեան մէջ առաւել պակսած է քահանայ հօր անձին հանդէպ սէրն ու ակնածանքը, ինչ որ մեր սերունդի ներկայացուցիչներս լսած ենք մեր նախորդներէն, թէ երբ ճամբան, եկեղեցին կամ հասարակաց վայրի մը մէջ քահանայ տեսնէին, կը շտապէին անոր ու կ՛ըսէին «Օրհնեցէ՛ք, տէր հայր» կամ «Օրհնեա՛, տէր» պատշաճ բարեւելու ասոյթը եւ կը համբուրէին անոր աջը: Կը պատմուի նաեւ, թէ ինչպէ՛ս Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ արի հոգեւորական` լուսահոգի Յակոբ Ա. քհնյ. Արսլանեանի աղօթքները զանազան հիւանդութիւններ բուժած է: Մեր մեծերը իրենց յուշերէն նաեւ կը պատմեն, որ տէր Յակոբ կիրակի օր մը, պատարագի սկիզբը, երբ կը տեսնէ եկեղեցին դատարկ է, դուրս կ՛ելլէ եկեղեցիէն եւ կ՛երթայ Մարաշի մէջ գտնուող սրճարանը. կը յանդիմանէ տղամարդոց պատարագի ատեն այդտեղ գտնուելու համար եւ կը յորդորէ զիրենք շտապելու եկեղեցի, որովհետեւ այս եկեղեցին շրջանին ժողովուրդին համար կառուցուած է:

Վերջին տարիներուն լիբանանահայ նուիրեալ հոգեւորականներու տերեւաթափին մաս կազմեց նաեւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ երկար տարիներու բազմավաստակ հոգեւոր հովիւ, բնիկ մուսալեռցի Արսէն Ա. քհնյ. Քէշիշեան (աւազանի անունով` Յակոբ), որ վախճանեցաւ ուրբաթ, 29 յուլիս 2022-ին: Տէր հօր վերջին օծման եւ թաղման կարգը կատարուեցաւ կիրակի, 31 յուլիս 2022-ին Այնճար հայաւանի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի:

Ան ծնած է Մուսա Լերան Քեպուսիէ գիւղը: Մանկութիւնը անցուցած է ծննդավայրին մէջ, ապա 1939-ին տարագրուած է Այնճար, Մուսա Լերան հերոսամարտէն ետք, հոն կայք հաստատած է, բաւական դժուար պայմաններու մէջ ապրած եւ իր կնոջ` Շուշանին հետ կազմած հայկական գողտրիկ ու աւանդապահ ընտանիք մը: Ուսումը ստացած է նախ գիւղի, ապա Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան դպրեվանքին մէջ: Յակոբ Քէշիշեան ընտանիք կազմելէ ետք ազգապահպանման դարբնոց նկատուող հայ դպրոցին մէջ կը դառնայ հայ լեզուի ուսուցիչ` Լիբանանի եւ զանազան գաղութներու մէջ: Կը դառնայ դպրապետ, երգչախումբի խմբավար, համազգայնական: Այնուհետեւ քահանայ կը ձեռնադրուի 1977-ին` ձեռամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Ղեւոնդ արք. Չէպէեանի, վերանուանուելով տէր Արսէն քահանայ: Ազգային առաջնորդարանի մէջ զանազան պաշտօններ կը ստանձնէ, ինչպէս` առաջնորդական փոխանորդ, ազգային երեսփոխան, Դատաստանական խորհուրդի նախագահ, Կրօնական ժողովի ատենապետ եւ կը կատարէ զանոնք ձեռնհասութեամբ: Իր բեղուն ծառայութեան համար կ՛արժանանայ լանջախաչ կրելու (1991-ին) եւ աւագութեան տիտղոսի (2003-ին) կաթողիկոսական կոնդակներուն:

Տէր հայրը մօտէն ճանչնալու պատեհ առիթը ունեցած եմ, երբ սկսայ ծառայել նախ իբրեւ  դպիր, ապա կիսասարկաւագ եւ յետոյ սարկաւագ` Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ: Սկիզբը այն գաղափարը կազմեցի, որ տէր հայրը ծանրակշիռ բնաւորութիւն ունի, սակայն շուտով այդ կարծիքս փոխուեցաւ, երբ զինք մօտէն ճանչցայ: Ան գիտակից, համերաշխ եւ գործակցող քահանայի մը տիպարի մարմնացումն էր: Յիշողութեանս մէջ անջնջելի կը մնայ հետեւեալ դրուագը: Պատանեկութեանս շրջանին առիթով մը, հարցի մը պատճառով քէնցած էի ինծի տարեկից եկեղեցւոյ ծառայող դպիրներէն մէկուն հետ: Տէր հայրը իմանալէ ետք այս եղելութիւնը, մեզ` երկուքս, հրաւիրեց եկեղեցւոյ կպած քահանայից սենեակը: Նախ հարցապնդեց մեզ, ապա յորդորեց, որ եկեղեցւոյ ծառայողները քինախնդիր չեն ըլլար, որովհետեւ այս ծառայութիւնը եկեղեցւոյ է եւ ոչ` մարդոց: Ան մեզ հաշտեցուց եւ մինչեւ այսօր այս եզակի դէպքը եւ իր խօսքերը դրոշմուած են մեր մտահորիզոնին մէջ:

Մեր ազատ ժամերուն, երբ եկեղեցւոյ գրասենեակ կը հանդիպէինք, կը տեսնէինք տէր հայրը հանապազօրեայ հացը` «Ազդակ»-ը կ՛ընթերցէր եւ անպայման կը լուծէր խաչբառը, ի հարկին եթէ բառի մը պատասխանը չգտնէր,  բառարանի կամ բանիմաց հայորդիի մը օգնութեան կը դիմէր:

Տէր Արսէնին անձին յատկանիշները դրսեւորուած կը տեսնենք ընտանեկան բոյնին մէջ: Հոգատար հայր, ամուսին, մեծ հայր, խրոխտ մուսալեռցի, Քապուսիէի բարբառին բանիմաց էր Արսէն աւագ քահանան, եւ իր ազնիւ երէցկինին հետ կազմեցին հայկական իտէալ ու հարազատ բոյն մը եւ ազգին պարգեւեցին երեք հոգեհատորներ, յանձինս` Զաքարին, Վիգէնին եւ Եսթերին, որոնք իրենց կարգին ընտանիք կազմեցին, թոռներով ճոխացուցին իրենց օճախը: Անոնք այսօր մեր ազգային կեանքին մէջ եռուն գործունէութիւն ունին:

Տէր հայրը իր քահանայական հանգստեան շրջանը անցուց իր այնքան հոգեհարազատ հայկական գիւղին` Այնճարի մէջ: Հոն Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ ս. պատարագներուն: Ան մենութեան պահերուն եւ գիւղի զուլալ օդին ու ջինջ երկնակամարին տակ շարունակեց իր մտաւորական աշխատանքները` իր յուշագրութիւնները (164 էջերէ բաղկացած), զանոնք աւանդ թողելով իր զաւակներուն, թոռներուն, հայրենակիցներուն…

Ահաւասիկ տիպար քահանայ հօր ծառայական կեանքը, որ կը նմանի Աստուածաշունչի «Մշակ առանց ամօթի» համարին կատարելագործումին:

Մուսա Լերան բարբառով` «Աստուծ ուղուրմա հուգէն»:

Յարգանք քու վաստակիդ, սիրելի՛ տէր հայր:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

 

 

Նախորդը

Լուսաւոր Տէր Հայրը (Արսէն Աւագ Քահանայ Քէշիշեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւար Տօներէն Խաչվերաց

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?