ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Վաթսուն տարիներու մեր սերտ կապը սկսաւ 1962-ին, երբ ՀՄԸՄ-ի երկրորդ սկաուտ խմբապետս եղաւ ան, մինչեւ իր վերջին ելեկտրոնային նամակը, 21 ապրիլ 2022-ին, Զատկուան առիթով:
Պէյրութի Էշրեֆիէ շրջանի «Ազատամարտ» ակումբն ու դիմացի Ազգային Գէորգ Չաթալպաշեան վարժարանի բակն էին մեր սկաուտական հաւաքավայրերը, իսկ եղբ. Ժիրայրենց առաջին բնակարանը` ակումբէն դէպի զառիվայր, տակաւին կանգուն, երրորդ շէնքին մէջ:
1. Եղբ. Ժիրայր 1962-ին «Ազատամարտ» ակումբին առջեւ: 2. Մեր վերջին նկարը միասին. ձախին` Ժիրայր Սարգիսեան, յուլիս 2018-ին, Գիւմրի, Քըրք Գրիգորեանի արձանին մօտ, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով:
Առաջին վայրկեանէն իսկ համակրելի ղեկավարի մը բոլոր յատկութիւնները կը մարմնաւորէր ան. խստապահանջ` առանց խստութեան, պարզ ու համեստ, սակաւախօս, միշտ ժպտուն եւ սրամիտ, սակայն` բնականօրէն յարգանք պարտադրող: Խնդումերես եւ դրական, փոքր մանրամասնութիւններ նկատող, երբե՛ք հեգնական, ամէնէն բարդ ու կնճռոտ հարցի մը պարագային իսկ, կամ խիստ բարկացած մէկու մը պոռթկումին, բողոքին` ժպիտով, կատակով մը, կամ անցեալի զաւեշտալի դէպքէ մը, պատմուածքէ մը բոլորիս ծանօթ բառանշան մը կամ անուն մը տալով կը հանդարտեցնէր ներկաները` դրական մթնոլորտ ստեղծելով:
Իսկական ղեկավար մըն էր ան: ՀՄԸՄ-ի սկաուտական դաւանանքը եղած էր իր կեանքի ուղին:
Մեր սկաուտական հաւաքներուն անպայման նորութիւն մը կը բերէր եւ կը քաջալերէր, որ մենք ալ նորութիւններ բերէինք` սկաուտական նոր գիտելիքներ, նոր խաղեր, նոր կանչեր եւ այլն: Յատկապէս մեր խարուկահանդէսներուն գլխաւոր խորհուրդը, գլխաւոր զաւեշտալի ներկայացումին գաղափարը ի՛նք կը յղանար, եւ այդ նորութիւններուն շնորհիւ մեր խարուկահանդէսները մեծ յաջողութիւն կը գտնէին, այնքան, որ հակառակ մեր մասնաճիւղերուն միջեւ մնայուն մրցակցութեան` ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղին խնդրանքով Պուրճ Համուտի մէջ ալ կրկնեցինք այդ յայտագիրներէն մէկը:
Հօրս նման ոսկերիչ էր ան: Պատանեկութեանս, արձակուրդներուն կամ շաբաթ օրերը, երբ Պէյրութի ոսկերիչներու շուկայի հին շէնքին մէջ հօրս գործատեղին կ՛երթայի, անպայման կ՛այցելէի նոր շէնքին մէջ եղբ. Ժիրայրին գործատեղին, ուր սեղան մըն ալ ունէր նաեւ այն ատեն երիտասարդ աթլեթ, գունդ նետելու ախոյեան հանգուցեալ եղբ. Վարուժան Գէորգեանը: Յիշատակելի են այդ այցելութիւնները, քանի որ այնտեղ ՀՄԸՄ-ի կեանքէն հաճելի ու զուարճալի, նաեւ ուսանելի դրուագներ կը պատմէին անոնք:
3. «Ազատամարտ» ակումբի տանիքի մեր հաւաքավայրը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դիմաց, դրօշակի արարողութիւն: Ձախին` առանձին Ժիրայր Սարգիսեան, իսկ ես ալ` փողահարը: 4. Եգիպտոսի բանակումին հնավայր այցելութիւն մը, ՀՄԸՄ-ի Աղեքսանդրիոյ խմբապետին եւ 3 աստիճանաւորներու հետ: Ձախէն երրորդը` ինքս, չորրորդը` Ժիրայր Սարգիսեան, հինգերորդը` Լեւոն Տէր Սարգիսեան:
1964-ին` վեցերորդ արաբական սկաուտական բանակումին մասնակցեցանք Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մօտակայ Ապուքիր ծովեզերեայ բանակավայրին մէջ: Լիբանանեան պատուիրակութեան մէջ 12 ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ էինք, եւ եղբ. Ժիրայրը Լիբանանի պատուիրակութեան խմբապետական կազմին մէջ էր: Իր կարգադրութեամբ, ազատ օրերուն, բաժնուելով լիբանանեան խումբէն, այցելեցինք Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մեր ազգային կառոյցները եւ ակումբները` գիշերելով նաեւ «Յուսաբեր» օրաթերթի խմբագրատան մէջ:
Անմոռանալի էր 29 օգոստոս 1965-ին Սաննին լերան գագաթը մագլցելու մէկ գիշերուան բանակումը` ինք եւ երեք աստիճանաւորներս: Մէկը միւսէն հաճելի բանակումներ եւ արշաւներ կազմակերպած էր:
5. Սաննին լերան գագաթին եռագոյն դրօշակը զետեղեցինք: Ձախէն` Հրայր Սարգիսեան, Ժիրայր Սարգիսեան եւ ինքս, 1965: 6. Մեր լեռնային արշաւներէն: Ձախէն երրորդը` Ժիրայր Սարգիսեան եւ աջին` ինքս, 1966:
1970-ական տարիներու սկիզբը երկուքս գործով ճամբորդեցինք, ինք Ափրիկէ, ես Ամերիկա, ապա` Յորդանան: Պէյրութ կարճ այցելութիւններէս մէկուն, կարծես ժամադրուած ըլլայինք, ինքն ալ կարճ այցելութեամբ Պէյրութ եկած էր եւ այլ այցելութիւններու կողքին, մեր տունն ալ եկաւ իմ մասիս հարցնելու, երբ հազիւ ժամ մը առաջ հասած էի: Այդպէ՛ս միշտ կը հետաքրքրուէր իր սկաուտներով:
Մեր յարաբերութիւնը կրկին կենդանացաւ, երբ միասնաբար պաշտօնավարեցինք ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան մէջ, 1999-2003: Տասնամեակներ Ամերիկա կեցութիւնը ոչ մէկ ձեւով իր ազգային-միութենական եւ մարդկային արժեչափերուն վրայ ազդած էր, ան կը մնար բոլորիս ճանչցած, սիրած ու յարգած նո՛յն օրինակելի տիպարը:
Միասնաբար ծրագրեցինք յուլիս 2002-ի համա-ՀՄԸՄ-ական 6-րդ բանակումը եւ ներկայ գտնուեցանք ու հետեւեցանք այդ բանակումին, որ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի սեփական բանակավայրին մէջ, որուն ապահովման, շինարարութեան եւ յարդարումին համար իր բարոյական եւ նիւթական կարեւոր ներդրումը ունեցաւ ան: Եղբ. Ժիրայր նաեւ Հայաստանի մեր կազմակերպութեան` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի հիմնադրութեան եւ զարգացումին մէջ իր նիւթական եւ բարոյական կարեւոր ներդրումը ունեցաւ:
Տարիներու ընթացքին համեստօրէն, լուռ եւ անաղմուկ մեծագումար յատկացումներ կատարած է ՀՄԸՄ-ի զանազան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ` այլեւայլ ազգային նպատակներու եւ հաստատութիւններու:
Յուլիս 2018-ին` Լիբանան իր վերջին այցելութեան վերջին օրը միասին անցուցինք: Նախ այցելեցինք իրենց ընտանեկան դամբարանը, որուն անհրաժեշտ նորոգութիւնները ապսպրեց, ապա Հայաշէնի մեր սիրած թաղերէն անցնելով` հասանք Էշրեֆիէի իրենց առաջին բնակարանին շէնքը եւ վերջապէս երկուքիս սիրելի մեր երկրորդ տունը` ՀՅԴ «Ազատամարտ» ակումբը: Գրեթէ ժամ մը այնտեղ մնացինք` իրարու բազմաթիւ յուշեր թարմացնելով եւ պատմելով: Օրը աւարտեցինք գիւղական ճաշարանի մը մէջ, ուր կարճ ժամանակ մը մեզի միացան մեր օրերու Կեդրոնական վարչութեան երկու անդամներ: Երեկոյեան, երբ պանդոկ հասցուցի, գոհունակութեամբ ըսաւ, որ Լիբանան այս կեցութեան ամէնէն ուրախ օրը անցուցած էր, նոյնը կրկնելով նաեւ օրեր ետք Հայաստանի մէջ:
7. ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, 1999, Երեւան: Աջէն երրորդը` Ժիրայր Սարգիսեան, չորրորդը` ինքս: 8. Բիւրականի մէջ, Համա-ՀՄԸՄ-ական 6-րդ բանակումին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շեփորախումբին հետ: Ձախին` ինքս, կեդրոնը` Ժիրայր Սարգիսեան եւ համաշխարհային սկաուտութեան ընդհանուր քարտուղարը` Ժագ Մորէյոն, յուլիս 2002:
Մեր վերջին հաւաք-հանդիպումը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով: Շուրջ շաբաթ մը միասին անցուցինք: Յատուկ փափաքը ունէր Գիւմրի այցելելու, քանի որ Հայաստանի երկրորդ քաղաքին եւ անոր տեսարժան վայրերուն մասին նախօրօք զրուցած էինք, եւ արդէն Գիւմրին յայտագիրին մէջ էր:
Եղբ. Ժիրայր` իբրեւ սփիւռքահայ երկրորդ սերունդի անդամ, մեծ ներդրում ունեցաւ Լիբանանի, Ամերիկայի եւ ապա Հայաստանի ՀՄԸՄ-ի կազմաւորման եւ զարգացման, ի մասնաւորի` սկաուտական բնագաւառին մէջ: Ժիրայր Սարգիսեան եղաւ «Մի՛շտ պատրաստ» վաւերական, իսկական եւ օրինակելի ՀՄԸՄ-ականը եւ յանձնառու ազգանուէր հայու մարմնացումը:
Վա՛րձքդ կատար, եղբ. Ժիրայր:
3 սեպտեմբեր 2022
haroutchekijian.wordpress.com


