Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդային Բռնատիրութեան Սարսափներն Ու Աւերները Հայաստանի Մէջ – Ա.

Սեպտեմբեր 9, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համադրեց` ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Փետրուարեան Ապստամբութիւն

Այդ անցեալը կը սկսի Հայաստանի խորհրդայնացումով, 1920-ի դեկտեմբեր 2-ին, իսկ կարմիր թուականով` նոյեմբեր 29-ին: Ծանօթ է պատմութիւնը այդ եւ հետագայ օրերու անցքերուն, երբ խորհրդայնացման հռչակումովն իսկ տիրեց ահ ու սարսափի մթնոլորտ մը, եւ ծայր տուին` բռնագրաւումները, հալածանքները, ձերբակալութիւնները, բանտարկութիւնները, սպանութիւններն ու աքսորները (սպաներուն զանգուածային աքսորը): Թիզ մը հասակի տէր Աւիս Նուրիջանեան անունով ճիւաղ մը դարձաւ ատելութեան թիրախը ամէն անոնց, որոնք այդ օրերուն ինկած էին Երեւանի բանտը: Ասոր նման ոճիրներն էին, որ պայթեցուցին Փետրուարեան ապստամբութիւնը, որուն շնորհիւ վերահաս մահէ փրկուեցան բազմաթիւ արժէքաւոր դէմքեր:

Խորհրդային համատարած մարդասպանութեան շրջանն էր, եւ, հետեւաբար, միեւնոյն բռնատիրութեան ենթակայ Հայաստանը պիտի չունենար տարբեր ճակատագիր մը: Ասկէ առաջ մէկ այլ հատորի մը մէջ գրուած էր, որ Լենին` ինքը, տարբեր կարծիք չունէր ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի բնաջնջման մասին: Երբ հայոց պաշտպանութեան մասին (թուրքերուն դէմ) հայ համայնավարներու մէկ պատուիրակութեան կողմէ դիմում եղած էր իրեն, Լենին պատասխանած էր. «Յեղափոխութիւնը 15 միլիոն մարդոց կեանքը արժեց մեզի. եթէ պէտք ըլլայ մէկ միլիոն հայեր ալ զոհել, այդ եւս պիտի կատարուի անհրաժեշտօրէն»: Այս խօսքերը դուրս կու գային անոր շրթներէն Հայաստանի խորհրդայնացման օրերուն, իսկ խորհրդայնացման յաջորդած Փետրուարեան ապստամբութենէն դաս առած` ի՛նք հրահանգեց աւելի տանելի քաղաքականութիւն մը վարել Հայաստանի մէջ:

«Մուստաֆա Եղբայրդ Է Գալիս»…

Խորհրդայնացումը եղաւ անմիջական հետեւանքներէն մէկը 1920-ի հայեւթուրք պատերազմին, որ պիտի կործանէր Հայաստանի անկախութիւնը: Հազարաւոր առիթներով պատմուած է, թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ միջոցներով սովետները օգնեցին թուրքերուն եւ ջանացին ջլատել հայկական բանակին ռազմական տրամադրութիւնները: Ջանացին եւ յաջողեցան, մինչեւ որ` «Վար դիր զէնքդ, Մուստաֆա եղբայրդ է գալիս» բացագանչութիւններով կրցան դասալիքներու բազմութիւններ հեռացնել ռազմաճակատներէն եւ ի վերջոյ պարտադրել Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը հայրենի կառավարութեան: Այդ իրադարձութիւններէն երկու տարի ետքն էր, որ քեմալական շարժման գլխաւոր փողահարը հանդիսացող Ռատեքը «Նիւ Եորք Հերըլտ Թրիպիւն»-ի Մոսկուայի թղթակիցին կ՛ընէր հետեւեալ պերճախօս խոստովանութիւնը (21 հոկտեմբեր 1922). «Ռուսաստան կանգնած է Թուրքիոյ թիկունքին, որովհետեւ ամէն ինչ, որ կը զօրացնէ միջազգային իմպերիալիզմի (կայսերապաշտութեան) կողմէ շահագործուած ժողովուրդները, կը զօրացնէ նաեւ Ռուսաստանը, որ կը գտնուի միեւնոյն իմպերիալիստական վտանգի շուքին տակ»:

Այդ յայտարարութիւնը կը հաստատէ, որ սովետները թուրքին օգնեցին ոչ միայն հայեւթուրք պատերազմի նախօրեակին, աւելի ճիշդը` ի նախապատրաստութիւն այդ պատերազմին, այլեւ` այդ պատերազմէն ետք, տարիներով, մինչեւ որ Մուստաֆա Քեմալ ցցեց իր հասակը աշխարհի առջեւ: (Ուշագրաւ է, որ Ռատեք իր այդ յայտարարութիւնը կ՛ընէր յունական բանակին ենթարկուած փոքրասիական աղէտէն եւ Զմիւռնիոյ պարպումէն ետք):

Այսօրուան համար ալ ուշագրաւն այն է, որ պարագայական թեթեւ ընդհատումներէ ետք սովետ-թուրք բարեկամութիւնը կը շարունակէ պահել իր գոյութիւնը` հակառակ Ատլանտեան դաշինքին անդամակցութեան գծով Թուրքիոյ հակախորհրդային դիրքաւորման: Մէկէ աւելի անգամներ պաշտօնական յայտարարութիւններով կրկնուեցաւ, որ սովետները հողային ոչ մէկ պահանջ ունին Թուրքիայէն, եւ, հետեւաբար, այժմու գոյավիճակը վերջնական է իրենց համար: Այս յայտարարութիւնները կ՛ակնարկէին անշուշտ հայոց ունեցած հողային պահանջներուն, որոնք պարագայօրէն արժանացած էին ժողովրդային ցոյցերու եւ արտայայտութեանց:

Դիւանագիտութիւնը իր դերին մէջն էր նաեւ այն պարագային, երբ Մեծ եղեռնի յիսնամեայ տարեդարձին առթիւ հակաթուրք ցոյցեր տեղի կ՛ունենային Հայաստանի մէջ: Թուրքի աչքին ծուռ չերեւալու համար էր, որ այդ ցոյցերը կը դատապարտուէին պաշտօնապէս, եւ անոնց պատասխանատու Կոմկուսի ընդհանուր քարտուղար Յ. Զարոբեանը կը հեռացուէր իր պաշտօնէն եւ Հայաստանէն:

Ղարաբաղի Ողբերգութիւնը

Այսօր այլեւս կարելի է հրապարակով արտայայտուիլ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական պահանջներուն մասին` Թուրքիայէն եւ նոյնիսկ անոր մանկլաւիկ Ազրպէյճանէն: Խորհրդային հայուրաց քաղաքականութեան պտուղն է թաթարներուն ծառացումը հայկական անմոռանալի, արդարագոյն պահանջներուն դէմ, Ղարաբաղի ազգային ինքնորոշման գծով: «Ղարաբաղը թաթարական է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ», կը յայտարարեն ազրպէյճանեան Կոմկուսի ղեկավարները` առանց հաշուի առնելու ջախջախիչ մեծամասնութիւն կազմող եւ դաժանօրէն ստրկացուած ժողովուրդի մը իրաւունքները: Եւ այս բոլորը` ընդ հովանեաւ միահեծան Խորհրդային Միութեան, որ Թուրքիոյ սիրոյն իր բարեացակամ վերաբերմունքին մէջ նախապատուութիւն կու տայ ոչ թէ Հայաստանին, այլ` Ազրպէյճանին:

Յիսնամեակի շրջանին Հայաստանի դէմ գործուած անիրաւութեանց կարգին երբեք պիտի չմոռցուի Ղարաբաղի ողբերգութիւնը: Պիտի չմոռցուի նմանապէս այն անիրաւութիւնը, որով Հայաստանէն անջատուեցան Նախիջեւանի եւ Ջաւախքի շրջանները` իբրեւ նուէր տրուելու համար մէկը դարձեալ Ազրպէյճանին եւ միւսը` Վրաստանին:

Անտանելի Կեանքը Այդ Տարիներուն

Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին փուլը նորատեսակ տառապանքի շրջան մը եղաւ հայրենի ժողովուրդին համար: Առաջին հերթին կար նոր ու խորթ կարգերուն, այլ մանաւանդ տնտեսական դժուարութիւններուն վարժուելու անհրաժեշտութիւնը: Կարճ ժամանակ մը Հայաստան ալ օգտուեցաւ ՆԷԲի (տնտեսական նոր քաղաքականութեան) ընծայած տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերական ազատութենէն, ետքը, սակայն, ապրուստի պայմանները դարձան իրական մղձաւանջ մը, որ շարունակուեցաւ տարիներով: Ամէն ինչ դարձաւ սեւ շուկայ, իսկ վաստակ չկար: Կար ուտեստեղէնի տագնապ, կար բնակարանային անբաւարարութիւն եւ յարակից այլ դժուարութիւններ, որոնք անտանելի կը դարձնէին կեանքը, մանաւանդ նորեկներուն, այսինքն` անոնց, որոնք ազատ երկիրներէ կու գային Հայաստան: Ժամանակին կը պատմուէր, որ 1927-ին Յունաստանէն «Ատրիաթիքի» շոգենաւով ներգաղթած յունահայերու բազմութիւնը Պաթումի մէջ դիմաւորուած է նախապէս գաղթած խումբ մը յունահայ հայրենադարձներու կողմէ յունարէն բացագանչութեամբ մը` «քայքաթէ», այսինքն` «այրեցաք», իբրեւ «բարի եկաք»-ի արտայայտութիւն:

Ճիշդ էր արտայայտութիւնը, որովհետեւ տանելի չէր կեանքը այդ տարիներուն, եւ այնուհետեւ երկար տարիներով, մանաւանդ` ծայր տուած ստալինեան սարսափներէն ետք, որոնք հետզհետէ պիտի առնէին ահաւոր համեմատութիւններ: Շատ չանցած` դէպի Տաճիկիստան կամ Սիպերիա աքսորի ճամբան պիտի բռնէին հայրենիքին մէջ տեղաւորուելու համար արտասահմանէն վերադարձած բազմութիւններ, որոնք, իբրեւ հակապոլշեւիկներ, կը մատնուէին Չեկայի գործակալներուն փէշերուն տակ գործող հայանուն լրտեսներու կողմէ:

Մեռնողը մեռաւ աքսորավայրին մէջ, իսկ ապրողը, հոգեհատորներ թաղած այնտեղ կամ ընտանեկան թուի միեւնոյն համրանքով, Ստալինի մահէն ետք վերադարձաւ հայրենիք` հիւծած, մաշած եւ նիւթապէս քայքայուած:

(Քաղուած` Կարօ Գէորգեանի խմբագրած
«Ամէնուն Տարեգիրքը» շարքին 1967-1968-ի հատորէն)

(Շարունակելի)

 

 

 

Նախորդը

Գալիֆորնիոյ Սանթա Քլարա Քաղաքէն Հպարտառիթ Լուր. 1 Սեպտեմբերը ՝ «Երուանդ Զօրեանի Օր»

Յաջորդը

Յուշեր. Խմբապետս` Ժիրայր Սարգիսեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?