Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուսաւոր Տէր Հայրը (Արսէն Աւագ Քահանայ Քէշիշեանի Յիշատակին)

September 10, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Տէր Արսէնը վախճանեցաւ քառասուն օրեր առաջ: Կիրակի կատարուեցաւ իր քառասունքը,  Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ` ներկայութեան հոգեւոր հայրերու, հարազատներու եւ տէր հօր յիշատակը յարգող հայորդիներու:

Տէր Արսէնը յետ այսու դժբախտաբար պիտի բացակայի մեր եկեղեցիէն եւ Այնճարէն, սակայն պիտի մնայ մեր երկնակամարին վրայ իբրեւ լուսաւոր աստղ մը` միշտ ցոյց տալով ազգին եւ հայրենիքին նուիրուելու իր կեանքի գեղեցիկ օրինակը:

Տէր Արսէնը եզակի հոգեւորական էր եւ իր կեանքը անցուցած էր շա՜տ դժուար պայմաններու մէջ, սակայն երբեք չէր յուսահատած եւ մանաւանդ` իր հաւատքը ամուր պահած էր ժայռի պէս:

Ծնած էր Մուսա Լերան Քապուսիէ գիւղը, 1929-ին, եկեղեցասէր եւ հայրենասէր ընտանիքի մէջ: Սկսած էր յաճախել գիւղի վարժարանը: Ընդհատուած էր իր  կեանքի բնականոն  ընթացքը 1939-ին, երբ մուսալեռցիք` մերժելով թրքական լուծը, գաղթական ելած էին իրենց պապենական գիւղերէն եւ եկած էին  կայք հաստատելու Լիբանանի հիւրընկալ ափերուն` բայց  անապատի մէջ, Այնճար:

Ճաշակելով նոր միջավայրի բոլոր դժուարութիւնները, սկսած էր յաճախել Այնճարի Ազգային Յառաջ վարժարանը, որ սկիզբը վրան էր եւ յետոյ միայն` քարեղէն դպրոց:

Ծնողքը աւելի նպատակայարմար կը գտնէ զայն ուսանելու ուղարկել Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքը` խումբ մը իրեն տարեկից ընկերներու հետ: Իր դասընկերները կ՛ըլլան Պօղոս Սնապեանը, Սարգիս Զէյթլեանը, Մովսէս Այնթապեանը, Գարեգին Սարգիսեանը (հետագային կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Ամենայն հայոց)…

Երուսաղէմի մէջ առիթ կ՛ունենայ լաւ ուսում ստանալու` ուսուցիչ ունենալով սփիւռքի ամէնէն նշանաւոր ուսուցիչներէն ` մտաւորական եւ գրող Յակոբ Օշականը: Մինչ այդ ներգաղթի զանգերը հնչած էին, եւ իր ընտանիքը ներգաղթած էր` զինք ձգելով առանձին:

Այնճար վերադառնալով` կը սկսի ուսուցչութեան, կազմելով նաեւ երգչախումբ: Կը սիրուի բոլորէն: Կը դառնայ դաշնակցական եւ կը ստանձնէ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարտուղարի պաշտօնը:

Կը ծառայէ նաեւ Պէյրութ, Պաղտատ եւ Պասրա, ուր նաեւ երգչախումբեր կը կազմէ`  խանդավառելով գաղութի հայութիւնը: Ուսուցչական ասպարէզին մէջ կը ծառայէ 25 տարիներ, որմէ ետք կը կոչուի հոգեւոր ծառայութեան: Կը դառնայ Պուրճ Համուտի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` աւելի քան 28 տարիներ: Այդ ժամանակամիջոցին կը դառնայ նաեւ Ազգային առաջնորդարանի Կրօնական ժողովի ատենապետ, Դատաստանական խորհուրդի նախագահ եւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ: Բոլոր պարտականութիւններն ալ կը կատարէ բծախնդրութեամբ եւ խղճով` միշտ հայ եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայելու բարձր գիտակցութեամբ: Ընտանիք կը կազմէ երէցկին Շուշան Քէնտիրճեանին հետ` բախտաւորուելով երեք զաւակներով` Զաքար, Վիգէն եւ Եսթեր:

Բնականաբար, հաւատարիմ իր սկզբունքներուն, զաւակներուն փոխանցեց ազգային եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն` զանոնք մասնակից դարձնելով ազգային-եկեղեցական կեանքին:

Հանգստեան կոչուելէն ետք, վերադառնալով իր հայրենի գիւղը` մնաց եկեղեցական ծառայութեան վրայ (45 տարիներ) մինչեւ իր վախճանումը: Միայն իր կեանքի վերջին երկու ամիսներուն բացակայեցաւ եկեղեցիէն, որովհետեւ չկրցաւ քալելով հասնիլ եկեղեցի:

Եւ այսպէս, կեանք մը անմնացորդ  նուիրումի եւ ծառայութեան` յանուն հայ ազգին եւ եկեղեցւոյ: Ուսուցիչ, քարտուղար, խմբավար եւ հոգեւորական, բայց առանց դոյզն հպարտութեան, այլ համեստութեամբ եւ սիրով  լեցուն ծառայութիւն մը, ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ:

Իր բարեհամբոյր նկարագիրը (չեմ տեսած զինք ջղային վիճակի մէջ կամ լսած իր  բարձրաձայն խօսակցութիւնը) եւ համեստութիւնը զինք սիրելի դարձուցին բոլորին:

Այո՛, տէր Արսէն Աւագ քհն. Քէշիշեանը ԵԶԱԿԻ ՏԷՐ ՀԱՅՐ ԷՐ, արժանի բոլորին յարգանքին:

Յարգեցի՞նք արդեօք իր յիշատակը ըստ արժանւոյն` վստահ չեմ: Պէտք էր աւելիով արտայայտէինք մեր յարգանքն ու սէրը մարդու մը հանդէպ, որ հպարտանալու իրաւունք կու տար  իր գործակիցներուն:

Սիրելի՛ տէր հայր, մենք հպարտ ենք քեզի նման հոգեւորականի մը մտերմութեան մէջ ապրած ըլլալով:

Լօյս թըղ իջնայ հուգգէտ պուպ (Լոյս թող իջնէ հոգւոյդ տէր հայր):

9 սեպտեմբեր 2022
Այնճար

Նախորդը

Կեղծ Ուտելիքներու Ցուցահանդէս

Յաջորդը

Բազմավաստակ Հոգեւորականը (Տէր Արսէն Ա. Քհնյ. Քէշիշեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.