Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. Յիշեցէ՛ք Փոսերը Եւ Շնորհակալ Եղէ՛ք

September 8, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններով եւ փորձարկութիւններով փաստուած է, որ յիշողութիւնը զօրացնելու համար կարեւոր են ուղեղային մարզանքները: Սուտոքու եւ  աչք- ուշադրութիւն-կեդրոնացում համակարգող համակարգչային խաղեր այս նպատակին կը ծառայեն եւ կրնան ամրապնդել յիշողութիւնը: Օրինակի համար, բջիջային հեռաձայնիդ վրայ կրնաս զոյգ-զոյգ փայտիկներ իրարու հետ համապատասխան դարձնել եւ ջնջել` զանոնք բանալով եւ գոցելով: Երբ փայտիկ մը կը բանաս, գծագրութեան կը նայիս եւ կը գոցես փայտիկը` ուրիշ մը բանալով: Երբ յիշես բացած փայտիկին ընկերը, զայն ալ կը բանաս եւ զուգորդելով` կը ջնջես երկուքը: Ասիկա հիանալի է յիշողութեան թափ տալու համար: Մտային մարզանք մըն է, որ շատ լաւ արդիւնք կու տայ:

Մենք` լիբանանցիներս, նման խաղերով ժամավաճառ ըլլալու պատճառ չունինք մեր յիշողութիւնը զօրացնելու համար: Ի պատիւ ճամբաներու եւ մայրուղիներու նորոգութեան եւ վերաշինութեան աշխատանքներու համակարգման պետական մարմիններուն, մեր յիշողութիւնը ամրապնդելու եւ մարզելու շատ լաւ միջոց մը ունինք: Ճամբաներու եւ մայրուղիներու  փոսերը:

Այժմ ելլենք ճամբայ:

Կը նստիս ինքնաշարժիդ ղեկին առջեւ եւ կը սկսիս քշելու: Կողմնակի փողոցներուն մասին չէ խօսքը: Այստեղ ընթացքը դանդաղ է  եւ բնականաբար առիթը ունիս խուսափելու փոսերէն: Այդքան ալ մեծ ճիգի պէտք չկայ: Խնդիրը եւ… մտային մարզանքը կը սկսին, երբ մայրուղի ելլես: Կը յառաջանաս: Եթէ խճողում չկայ, կը սուրաս: Կը դանդաղեցնես ինքնաշարժիդ ընթացքը, եթէ խճողումը մայրուղիին վրայ ինքնաշարժներու երկար եւ խիտ շարքեր յառաջացուցած է: Հոս է, որ կը սկսի մտային մարզանքդ: Տեսողութիւնդ, մետասաներորդ պահուն ղեկը աջ կամ ձախ դարձնելու կարողութիւնդ եւ ուշադրութիւնդ կրնան ինքնաշարժդ փրկել փոսերէ, որոնց մէջ եթէ իյնայ անիւը, ինքնաշարժդ հոն` ճամբուն մէջտեղ կրնայ մնալ: Ինքնաշարժ փոխադրող յատուկ փոխադրակառքը պիտի կանչես, յետոյ մեքենագործին հետ պիտի սակարկես, եւ ինքնաշարժդ քանի մը օր կանգ պիտի առնէ, որպէսզի նորոգութեան աշխատանքը աւարտի: Այս բոլորը պիտի չպատահի, եթէ յիշես փոսերուն տեղերը: Ո՞ւր փոս կայ, ո՞ր փոսը միւսէն աւելի խորունկ է: Ո՞ր դարձուածքին վրայ կոյուղիին կափարիչը չկայ: Ասոնք յիշելու համար ուշադրութիւնդ պիտի լարես, որպէսզի երբ հասնիս փոսին դիմաց, մէջը իյնալէ առաջ ղեկը դարձնես աջ կամ ձախ եւ ինքնաշարժդ ու գրպանդ փրկես: Դուն քեզի ալ խնայես աւելորդ տաղտուկ: Բայց մանաւանդ յիշողութիւնդ մարզես, որպէսզի ուղեղդ չընդարմանայ, եւ յիշողութիւնդ չտկարանայ: Ահա պատկան իշխանութիւններուն շնորհակալ ըլլալու առիթ մը, որովհետեւ մեզի ձրիօրէն պարգեւած են մեր տեսողութիւնը եւ մեքենական շարժումը ակնթարթային արագութեամբ համակարգելու բացառիկ առիթ մը` յիշողութեան մարզանքով մը:

Անշուշտ ասիկա չի վերաբերիր անոնց, որոնք ինքնաշարժ վարելու ընթացքին Ուաթց Ափ կը գրեն, Ֆէյսպուքի վրայ ասոր անոր նկարները կը դիտեն, Ինսթակրամի կամ Թիք-թոքի վրայ քլիփներ կը դիտեն: Ասոնք փոսեր յիշելու եւ մտային մարզանքի պէտք չունին, որովհետեւ ուրիշ դասակարգի կը պատկանին:

Չմոռնամ նաեւ նշելու, որ ասիկա առաջինն է այն տոմսերուն, որոնք այսուհետեւ ամէն հինգշաբթի լոյս պիտի տեսնէ: Կը խորհիմ, որ նիւթի պակաս չկայ: Բայց խնդիր մը գոյութիւն ունի: Նշուելիք հարցերուն եւ երեւոյթներուն թիրախը անձեր չեն, այլ` ինքնին երեւոյթը, որպէսզի անոր մասին հաւաքաբար մտածենք: Թէեւ ոմանք արդարօրէն հարց կրնան տալ, որ հաւաքաբար մտածելէ ետք ի՞նչ պիտի ըլլայ: Այդ ալ իր կարգին:

ԱՆՏՈՒՆ ՏՆԵՑԻ

Նախորդը

Երգի Մը Պատմութիւնը. «Շաղոյեան Փաշա» Երգի Քարոզչական Ու Դաստիարակչական Գործառոյթը

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.