Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիոյ Խաղաղութեան Սպառնացող Կողմեր
Հալէպի օդակայանին հրթիռակոծումը կրկին լուսարձակի տակ կ՛առնէ Սուրիոյ տագնապին լուծումը ձախողութեան մատնելու փորձերը: Վերջին շրջանին, երբ երկրէն ներս տարբեր կողմեր հաշտութեան բերելու գործընթացներու մասին շշուկներ կը լսուին, Սուրիոյ դրացի երկիրներ, ինչպէս` Թուրքիա եւ արաբական կարգ մը երկիրներ, Սուրիոյ հետ մերձեցման եզրեր կ՛որոնեն, միւս կողմէ` սուրիական բանակը կը յառաջանայ հիւսիսային շրջանին մէջ, խաղաղութեան հաստատման քաղաքական եւ զինուորական ջանքերը խափանելու հերթական փորձեր...



















