Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սահմանները Կապանքներ Չեն, Շղթաներն Էլ Կը Փշրուեն»

September 6, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

2 սեպտեմբեր 2022. Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 31-րդ տարեդարձին առիթով հանրահաւաքներ տեղի ունեցան Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ: Երկու օր առաջ, Պրիւքսելի մէջ, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած էր Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: Հանդիպման օրակարգային գլխաւոր նիւթը եղած է խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագիրի կնքումը: Որոշուած է, որ մէկ ամսուան ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի սկսին պատրաստելու այդ համաձայնագիրը: Նկատելով, որ հանդիպումէն ետք կատարուած յայտարարութիւնները չեն յիշատակեր Արցախը, կարելի է մտածել, որ` տուրք տալով Ազրպէյճանի պահանջին, Հայաստան դադրած է Արցախի ապագայ կարգավիճակի հարցը բանակցային նիւթ համարելէ: Պարզ խօսքով, Հայաստան հրաժարած է Արցախէն` զայն թողելով իր բախտին:

Երեւանի եւ Ստեփանակերտի հաւաքները, Արցախի անկախութեան տարեդարձի նշումը եկան հաստատելու, որ պատերազմի պարտութիւնը չէ թաղած արցախեան պահանջատիրութիւնը: Երեւանի հաւաքին ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան շեշտը դրաւ սկզբունքային երեք անշրջանցելու պահանջներու վրայ.

1.- Բացառել որեւէ լուծում, որ կ՛ենթադրէ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

2.- Բացառել Արցախի անկլաւային (պաշարուած) վիճակը:

3.- Բացառել Արցախի զինաթափումը:

«Դիմադրութիւն» շարժման համար այս երեք պայմանները սկզբունքային բնոյթ ունին. անոնք պէտք է դառնան բանակցութեան նիւթ, այսինքն առաջ տարուին Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն կողմէ: Իշխանութիւնները յայտնապէս հրաժարած են Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պահանջէն, նոյնիսկ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները պաշտպանելու իրենց պարտաւորութենէն` խաղաղութեան դարաշրջան բանալու խելացնոր քաղաքականութեան բերումով: Կը մնայ ուրեմն, որ ժողովուրդը յաջողի փոխել տալ պարտուողական, չըսելու համար դաւաճանական քաղաքականութիւնը: Քաղաքականութեան փոփոխութիւնը կ՛ենթադրէ իշխող սակաւապետութեան վտարումը եւ փոխարինումը ազգային շահերը պաշտպանելու պատրաստակամութիւն ունեցող նոր իշխանութեամբ մը:

Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութենէն հեռացման համար կայ երկու ճանապարհ` ենթակային ինքնակամ հրաժարումը վարչապետի պաշտօնէն կամ պաշտօնազրկումը Ազգային ժողովին կողմէ: Առաջին ընտրանքը բացառուած է, քանի որ Փաշինեան կը հաւատայ, որ պատգամաւորական ընտրութեան արդիւնքները իրեն կը պարգեւեն հնգամեայ օրինաւորութիւն մը, զոր ինք կը թարգմանէ իբրեւ ուզածը ընելու բաց իրաւունք: Կը մնայ երկրորդ ընտրանքը:

Պաշտօնազրկումի համար անհրաժեշտ է, որ Ազգային ժողովը անվստահութիւն յայտնէ վարչապետին: Գործընթացին սկսելու իրաւունք ունին 107 պատգամաւորներու առնուազն մէկ երրորդը` 36 պատգամաւոր: Նախագիծին պէտք է ընկերանայ միաժամանակ նոր վարչապետի մը թեկնածութիւնը: Անվստահութեան հարց կարելի է արծարծել կառավարութեան կազմութենէն առնուազն մէկ տարի ետք, այս պարագային` 2 օգոստոսէն սկսեալ: Որոշումը կ՛ընդունուի պատգամաւորներու պարզ մեծամասնութեան քուէով, այսինքն` առնուազն 54 ձայնով:

Ընդդիմութիւնը այժմ ունի 35 ձայն: Եթէ այս թիւը 36-ի վերածելը յարաբերաբար դիւրին կարելի է համարել, սակայն անվստահութիւն յայտնելու համար իշխանական ճամբարէն գէթ 18 քուէներու ապահովումը աւելի դժուար է: Անվստահութիւն յայտնելու պահանջը պէտք է քննուի 48-էն 72 ժամերու ընթացքին (2-էն 3 օր): Եթէ այս 2-էն 3 օրերու ընթացքին ժողովրդային մնայուն ճնշումը ստիպէ մեծամասնական պատգամաւորներու կարեւոր թիւի մը քուէարկութիւնը ի նպաստ անվստահութեան, պաշտօնազրկումը կարելի կը դառնայ: Ձախողութեան պարագային, յաջորդ անվստահութեան պահանջը կարելի է ներկայացնել առնուազն վեց ամիս ետք:

Վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու այս գործընթացը սահմանադրական պահանջ է: Տեսականօրէն կարելի է այս պահանջը ներկայացնել 2 օգոստոսէն սկսեալ, սակայն առանց վստահօրէն ապահոված ըլլալու անոր յաջողութիւնը, անիկա կրնայ վերածուիլ արկածախնդրութեան ու աւելի զօրացնել գործող իշխանութեան դիրքերը:

Իշխանափոխութիւնը անհրաժեշտութիւն է կասեցնելու համար Արցախի եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան, ապահովական դրութեան թաւալգլոր անկումը:  Բնականաբար` որքան շուտ, այնքան լաւ: Շտապողականութիւնը սակայն կրնայ յանգիլ աղէտի, ուրիշ խօսքով` յօնքը շինելու փոխարէն, աչք հանելուն:

Լսենք Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն հնչող ուղերձը. «Սահմանները կապանքներ չեն, շղթաներն էլ` կը փշրուեն»:

Հայաստան, Արցախ ու սփիւռք եռամիասնութիւնը համբերութեամբ կառուցենք, ազգը միաւորենք, դարձնենք ճնշումի ու պահանջատիրութեան հզօր միջոց ու ապահովենք մեր պատմութենէն թելադրուած յաղթանակը, որուն ոտնաձայնը կը լսէր, աւելի քան հարիւրամեակ մը առաջ, նահատակ բանաստեղծը` Դանիէլ Վարուժան:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիոյ Խաղաղութեան Սպառնացող Կողմեր

Յաջորդը

Թուրքիան Յունական Օդուժը Մեղադրած Է ՕԹԱՆ-ի Առաքելութիւն Կատարող Թրքական Օդանաւը Որսալու Փորձի Համար

RelatedPosts

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.