Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Իրան
Գրիգորիս Քհնյ. Ներսէսեանին` Լանջախաչ Կրելու Իրաւունք
Ամիսներ առաջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ խորհուրդը, եկեղեցւոյ հովիւին` Գրիգորիս քհնյ. Ներսէսեանին մատուցած տարիներու բարի ծառայութեան առիթով, նամակով խնդրամատոյց եղած էր Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, որպէսզի քահանայ հօրը լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհէ:
Սրբազան հայրը ընդառաջելով խնդրանքին` դիմեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որպէսզի հայրապետական կոնդակով քահանայ հօր շնորհուի լանջախաչ կրելու արտօնութիւնը:
Առ այդ, 21 օգոստոսին, նախագահութեամբ սրբազան հօր, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետի կոնդակի ընթերցում, որուն մէջ ան լանջախաչ կրելու իրաւունք կը շնորհէր Գրիգորիս քհնյ. Ներսէսեանին:
Սրբազան հայրը յայտնեց, որ կոնդակը եկեղեցւոյ հովուապետին կողմէ յատուկ գնահատանք է եկեղեցւոյ մէջ ծառայող հովիւին: Ան նկատել տուաւ, որ քրիստոնեային կեանքի ձեւը տարբեր է ուրիշ կեանքի ձեւերէն, որովհետեւ մենք` որպէս քրիստոնեաներ, պարտաւոր ենք մեր կեանքը այնպէս ապրիլ, որ Աստուծոյ հաճելի դառնայ: Սրբազանը յայտնեց, որ Գրիգորիս քհնյ. Ներսէսեանը իր կեանքը կ՛արժեւորէ` որպէս Քրիստոսի խաչին վկայ անձնաւորութիւն, որպէս Քրիստոսի խաչին նաեւ խաչը կրող անձնաւորութիւն, եւ անկասկած այս գնահատանքը աւելի պիտի զօրացնէ զինք, որպէսզի առաւել ջանասիրութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ շարունակէ իր ծառայութիւնը եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի անդաստանին մէջ:
Սրբազան հայրը անդրադարձաւ նաեւ քահանայ հօր ունեցած գործունէութեան եւ իր գոհունակութիւնը յայտնելով` վկայեց եկեղեցւոյ պայծառութեան համար անոր կատարած աշխատանքներու մասին:
Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպուած հիւրասիրութեան ընթացքին սրբազան հօր ձեռամբ Գրիգորիս քհնյ. Ներսէսեանին շնորհուեցաւ լանջախաչը, ու այս առիթով ան հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով:
«Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք` Մենք Միասին Ապրելու Ենք» Խորագիրով Քննարկում
Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ դատի գրասենեակին, 19 օգոստոսին Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան, Արցախ, սփիւռք` մենք միասին ապրելու ենք» խորագիրը կրող հանրային քննարկում` մասնակցութեամբ Հայաստանէն հրաւիրուած «Հայկական նախագիծ» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան մասնագէտներ` արեւելագէտ եւ պատմական գիտութիւններու թեկնածու Սերգէյ Մելքոնեանի, քաղաքագէտ եւ Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու բաժանմունքի կրտսեր գիտաշխատող Էդկար Էլբակեանի, կովկասագէտ եւ հայ-ռուսական համալսարանի դասախօս Կարէն Իգիթեանի եւ թրքագէտ ու պատմական գիտութիւններու թեկնածու Վարուժան Գեղամեանի:
Ծրագիրը սկիզբ առաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով հայրենիքի պաշտպանութեան համար ինկած հերոսներու եւ օրեր առաջ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնի պայթումէն զոհուած հայրենակիցները: Այնուհետեւ օրուան հանդիսավար Մեղրի Ղուկասեան արտասանեց բացման խօսքը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Նոր Ջուղայի Հայ դատի գրասենեակի միջոցով պատրաստուած տեսերիզը, ուր ներկայացուած էին չորս բանախօսներու տեսակէտներէն եւ գրառումներէն հատուածներ:
Վերլուծական ելոյթներու առաջին բաժինով Վարուժան Գեղամեան բացատրութիւն տուաւ «Հայկական նախագիծ» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան մասին` մատնանշելով, որ կազմակերպութեան գործունէութիւնը կ՛ընթանայ չորս ուղղութիւններով` հետազօտական, կրթական, տեղեկատուական եւ հանրային իրազեկման:
Էդկար Էլբակեան անդրադառնալով Հայաստանի ներկայ վերնախաւի կառուցուածքին` յայտնեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ վերնախաւերը կոփուած են պայքարի մէջ` մեր երկրի ներկայ վերնախաւը ծնունդ առած է Հայաստանի մէջ գործող արեւմտեան կառոյցներու` NGO-ներու, հիմնադրամներու շարքերէն:
Կարէն Իգիթեան անդրադառնալով ներկայ իշխանութեան կողմէ դրսեւորուած այն քաղաքականութիւններուն, որոնք յանգեցան Հայաստանի յարաբերութիւններու վատացման Ռուսիոյ, Իրանի եւ Չինաստանի հետ, մատնանշեց, որ 2018 թուականէն սկսեալ ռազմական ծիրին մէջ անոնց գործողութիւնները նպաստեցին բանակի թուլացման եւ մարտունակութեան նուազեցման: Ան շեշտեց, որ հայկական բանակը չջախջախուեցաւ պատերազմի դաշտին մէջ, այլ ջախջախուեցաւ մինչեւ 2020 թուականը` իշխանութեան միջոցով: Իգիթեան նշեց, որ այժմ Հայաստանի իշխանութիւնը համակարգուած կերպով մեզ կը տանի անզօր եւ անպաշտպան ըլլալու, աւելցնելով, որ հայկական բանակը կրնայ վերազինուիլ եւ արդիւնաւէտ աշխատիլ, եթէ իշխանութեան գլուխ անցնի ազգային կառավարութիւն մը:
Իր կարգին, Սերգէյ Մելքոնեան դաշնակիցներու հետ յարաբերութիւնը նմանցնելով ծառի մը, որ շարունակ խնամքի կարիքը ունի, աւելցուց, որ Հայաստանը Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւնները զարգացնելու փոխարէն` շարունակ կը խզէ զանոնք, իսկ միւս կողմ`է` Ազրպէյճանը հետեւողականօրէն ոչ միայն իր ռազմաքաղաքական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ շատ բարձր մակարդակի հասցուց, այլեւ համատեղ պայմանագիր ստորագրեց Ռուսիոյ հետ:
Մելքոնեան անդրադառնալով նաեւ Հայաստանի իշխանութեան քաղաքականութեան սփիւռքի հանդէպ` շեշտեց, որ սփիւռքը գլխաւոր սպառնալիքն է հայ-թրքական եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու զարգացման, որովհետեւ սփիւռքը իր օրակարգին վրայ ունի Հայ դատը եւ Արցախի հիմնահարցը: Այսօրուան իշխանութիւնը սփիւռքը կը նկատէ որպէս սպառնալիք: Մինչեւ 2018-ը Հայաստանի դեսպաններու օրակարգին վրայ կային Արցախի եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցերը, այսօր ոչ միայն այդ երկու հարցերը դուրս ելած են ԱԳՆ-ի եւ դեսպանատուներու օրակարգերէն, այլեւ օրակարգին վրայ դրուած է խոչընդոտել նշուած երկու հարցերու ուղղութեամբ սփիւռքի քայլերը: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ սփիւռքի ձայնը եւ պայքարը շատ կարեւոր են ազգային ուժերու պայքարին համար:
Այնուհետեւ Վարուժան Գեղամեան ամփոփելով նախորդ երեք բանախօսներու ելոյթները` կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ եթէ մենք համաձայնինք նախապայմաններուն, անոնց գործադրուելէն ետք ոչ թէ հանգիստ պիտի ապրինք, այլ նոր նախապայմաններ պիտի դրուին օրակարգի վրայ, ինչպէս փաստուեցաւ, որ կատարուեցան երեք նախապայմանները` հայկական զօրքերու Արցախէն դուրս հանելը, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն հրաժարիլը եւ ըստ Կարսի պայմանագրի` տարածքներու ամբողջականութեան ճանաչումը, բայց անոնց շարունակութեան մէջ կու գան նոր նախապայմաններ: Իւրաքանչիւր զիջումէ ետք շատ աւելի դժուար կ՛ըլլայ նոր զիջումին դիմադրելը եւ ասոր մէջ է թրքական քաղաքականութիւնը:
Գեղամեան իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Հայաստանի իշխանութեան կողմէ սփիւռքի թիրախաւորման եւ պառակտման ուղղութեամբ գործադրուող քաղաքականութեան` շեշտեց յատկապէս, որ այս պայքարի կարեւորագոյն ճակատը հայկական սփիւռքն է` ոչ միայն առկայ հարցերը բարձրաձայնելով, այլ նաեւ անոնց շուրջ հնարաւոր ջանքերու համատեղումով ու պայքարով:
Միացեալ Նահանգներ
Արշակ Մեսրոպեան Մասնակցեցաւ ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի ՀԵԴ–ի Համագումարին
Աշխատանքային այցով Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատուներէն Արշակ Մեսրոպեան 28 օգոստոսին մասնակցեցաւ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութեան (ՀԵԴ) տարեկան համագումարին:
Ժողովի ընթացքին Մեսրոպեան զեկուցեց ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի կառուցուածքին, որդեգրած երիտասարդական ռազմավարական սկզբունքներուն, յանձնախումբերուն եւ համահայկական ծրագիրներուն մասին` անդրադառնալով նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ նախատեսուած աշխատանքներուն:
Յատկապէս քննարկուեցան Արցախի ծրագիրները, «Դէպի Սիւնիք» համապարփակ ծրագիրը եւ «Վերելք» ձեռներէցութեան նախագիծը Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ:
Հայրենիքի մէջ տիրող իրավիճակին հետ կապուած` կարեւոր նկատուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդականի առաջնային եւ էական ներգրաւուածութիւնը Դիմադրութեան շարժման պայքարին` որպէս առաջամարտիկի, սփիւռքի երիտասարդութեան մասնակցութիւնը եւ համագործակցութիւնը հայրենի երիտասարդներուն հետ եւ ընդհանուր առմամբ թուրք-ազրպէյճանական հակահայ գործընթացին դիմակայելու միասնական երիտասարդական ջանքերու խտացումն ու կրկնապատկումը:
Հանդիպում` «Փրկել Հայկական Յուշարձանները» Կազմակերպութեան Պատասխանատուներուն Հետ
24 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան ընդունեց «Փրկել հայկական յուշարձանները» կազմակերպութեան պատասխանատուները` դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեան եւ իրաւաբան Քրիսթոֆըր Փառնակեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան կազմակերպութեան վերջին ամիսներու աշխատանքն ու ծրագիրները, ներառեալ` Արցախի մէջ եկեղեցական վայրերու մաքրութիւնը, «Փրկել հայկական յուշարձանները» կազմակերպութեան կողմէ պատրաստուած դաստիարակչական նիւթերու բաշխումը Ազգային առաջնորդարանի ծուխերուն` կազմակերպութեան կողմէ, անոր մասնակցութիւնը Ուաշինկթընի մէջ 2022-ի կրօնական ազատութեան միջազգային գագաթաժողովին եւ ապագայ նախաձեռնութիւնները` 2022-ի աշնան եւ 2023-ի գարնան: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ տեղեկութիւններ ստացաւ այս կազմակերպութեան կողմէ Արցախ ուխտագնացութիւններու փորձերուն մասին:
«Փրկել հայկական յուշարձանները» հիմնուած է 2020-ին, որ Ազգային առաջնորդարանի ենթակայ կազմակերպութիւն մըն է եւ կը հետապնդէ հայ քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանումը Արցախի եւ շրջակայքին մէջ: «Փրկել հայկական յուշարձանները» կազմակերպութեան հիմնադիրն ու նախագահն է դոկտ. Վըրճինիա Տէյվիս, իսկ գործադիր տնօրէնն է Սիմոն Մաղաքեան: Դոկտ. Գասպարեան կազմակերպութեան խորհրդական է, իսկ Քրիսթոֆըր Փառնակեան իրաւական խորհրդատուն է: Կազմակերպութեան միւս խորհրդականներն են` փրոֆ. Քրիսթինա Մարանսի, Րաֆֆի Դանիէլեան, Նարեկ քհնյ. Թրթռեան եւ փրոֆ. Հեղնար Վաթընփօ:
Քանատա
Տէր Եմ Հայրենիքիս. Արցախի Զօրակցական Հաւաքներ Թորոնթոյի Եւ Մոնրէալի Մէջ
Սեպտեմբեր 3-ին եւ 4-ին յաջորդաբար Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ կայացան Արցախի անկախութեան նշման եւ արցախահայութեան զօրակցութեան հաւաքներ:
Նոր թափ առած Դիմադրութեան շարժման ծիրէն ներս, կիրակի 4 սեպտեմբեր 2022-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ «Տէր եմ հայրենիքիս» կարգախօսով ժողովրդային զօրակցական հաւաք: Հաւաքի բացման խօսքը արտասանեց Գրիգոր Պէպէճեան, որ անդրադարձաւ պահի լրջութեան` լուսարձակի տակ առնելով Հայաստանի ու Արցախի ճգնաժամային իրավիճակը եւ շեշտելով Թորոնթոյի հայութեան անվերապահ աջակցութիւնը Դիմադրութեան շարժումի գաղափարներուն, տեսլականին, քաղաքական ուղղուածութեան եւ պահանջներուն: Բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցան Դիմադրութեան շարժումի հաւաքէն հատուածներ: Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամ Արմէն Արթին ասմունքեց Րաֆֆի Սարգիսեանի «Հայրենիք Աղաւնոյ» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք ազգային երգերով իր աւարտին հասաւ հաւաքը:
«Այսօր քանատահայութեան զօրակցութեան ձայնը կը միանայ Դիմադրութեան շարժման, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին եւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը կը վերականգնենք միասին»: Այս խօսքերը հնչեցին սեպտեմբեր 3-ին ՀՄԸՄ Լաւալի կազմակերպած տարեկան ամառնային հաւաքին պատգամախօս ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանի կողմէ, որ նոյն հաւաքի ընթացքին նշուող Արցախի անկախութեան 31-րդ յոբելեանին առիթով ըսաւ. «Մենք առաջին պատերազմը շահեցանք, որովհետեւ միասնակամ էինք, որովհետեւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք աշխատեցան իբրեւ մէկ բռունցք: Ցաւօք, 2018-էն ի վեր այդ միասնականութիւնը խախտեցաւ, եւ երբ 2020 թուականին պատերազմը հասաւ մեր դռներուն, մենք բաժան-բաժան, սեւ ու սպիտակի վերածուած ազգ էինք: Այդ բաժան-բաժան ըլլալու պատճառով կորսնցուցինք պատերազմը»:
Ան շեշտեց նաեւ, որ յուսահատութեան վիհէն դուրս գալու անհրաժեշտութիւն է, եւ Արցախի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն միանալով` համահայկական ջանքերով պէտք է կերտենք Արցախի ազատագրումն ու Արցախի անկախութիւնը: «Եռամիասնութիւնը վերականգնելով` մեր պայքարը պիտի շարունակենք: Արցախը իր անկախութեան տիրացաւ բազմաբնոյթ պայքարով: Այսօր նոյն հրամայականին առջեւ են Արցախը եւ Հայաստանը` իրենց վտանգուած սահմաններով. Սիւնիքէն մինչեւ Տաւուշ եւ Սեւան պէտք է կազմակերպուի ազգային ազատագրական բազմաբնոյթ պայքար: Այլընտրանքը յանձնուիլն է: Այլընտրանքը Հայաստանի թրքացումն է: Պիտի շարունակենք պայքարը», հաստատեց ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը:
Նոյն հաւաքին զօրակցական իրենց ուղերձները յղեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի «Հայրենադարձներ»-ու յանձնախումբի համակարգող Ժիրայր Պէօճեքեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մոսիկ Թօփուզեան:
Վենետիկ
Համերգ` Հայ Աւանդական Երաժշտութեան
Նախաձեռնութեամբ «Պո-Արաքս» մշակութային ընկերակցութեան, 22 օգոստոսին Վենետիկի «Դանիէլի» պատմական պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ հայ երաժշտութեան երեկոյ` մասնակցութեամբ երաժիշտներ Արամ Իփէքճեանի (Աւստրիա-Իտալիա, տուտուկ եւ շուի), Ալեսանտրօ Ֆերարեզէի (Իտալիա, սալտերիօ եւ դաշնամուր) եւ Պուրակ Մեսրոպեանի (Աստրիա, տհոլ):
Համերգի ընթացքին հնչեցին հայ հոգեւոր երաժշտութիւն, ժողովրդային պարեղանակներ, նաեւ արդի երգահաններու գործեր, ինչպէս` Կանաչեան, Ղազարեան:
Աւարտին «Պո-Արաքս» մշակութային ընկերակցութեան անունով գնահատական խօսքով ելոյթ ունեցաւ միութեան նախագահ եւ դասընթացի վարիչ Լեւոն արք. Զէքիեան:
«Դանիէլի»-ն, որ աշխարհի սակաւաթիւ հնագոյն պանդոկներէն է, եւ որ այս տարի կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 200-ամեակը, առաջին անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէր հայկական համերգ մը: Պանդոկի ընդհանուր տնօրէնը յոյս յայտնեց, որ կրկնուին նման հայկական համերգներ:


