Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Գլխաւոր Հիւպատոսը Կը Մեկնի Լոս Անճելըսէն` Ետին Ձգելով Խաբէութեան Հետք

Սեպտեմբեր 10, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոս Նասիմի Աղայեւ օգոստոսի վերջաւորութեան մեկնած է Լոս Անճելըսէն` դառնալու համար իր երկրին նոր դեսպանը Գերմանիոյ մէջ: Աղայեւ իր ետին խաբէութեան հետք թողած է: Կը յուսամ, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի այս ազրպէյճանցի կասկածելի «դիւանագէտ»-ին:

Սկսինք ամէնէն վերջին խայտառակութենէն: Անցեալ շաբաթ «Թուիթըր» եւ Դիմատետրի ընկերային ցանցերուն վրայ Աղայեւ հպարտութեամբ հրապարակեց վկայական մը, որ կը կրէր Լոս Անճելըսի գաւառի  հինգ վերահսկիչներէն չորսին ստորագրութիւնները. անոր մէջ  երախտագիտութիւն կը յայտնուէր` Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսի պաշտօնին իր ծառայութեան համար:

Առաջին ակնարկը, թէ բան մը սխալ էր, այն էր, որ վկայականին մէջ չկար Լոս Անճելըսի գաւառի  հինգերորդ վերահսկիչ Շէյլա Քիւլի անունը: Նման փաստաթուղթեր սովորաբար կը ստորագրուին բոլոր` հինգ վերահսկիչներուն կողմէ, ինչ որ դիւանագիտական արձանագրութիւնն է: Պէտք է որ յատուկ  պատճառ մը ըլլար, թէ ինչո՞ւ կը բացակայի  վերահսկիչ Քիւլի ստորագրութիւնը: Երբ  Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը  (Արեւմտեան  շրջան) հարցուց վերահսկիչ  Քիւլի  աշխատակազմի անդամներուն, թէ ինչո՞ւ անոր ստորագրութիւնը չկայ վկայականին վրայ, անոնք պատասխանեցին, որ խնդրած են Լոս Անճելըսի գաւառի արձանագրային գրասենեակէն` չաւելցնել անոր ստորագրութիւնը: Կը պարզուի, որ մնացեալ չորս վերահսկիչները նոյնպէս թոյլտուութիւն չեն տուած իրենց անունները աւելցնելու համար վկայականին:

Կարճ ժամանակ անց, երբ Աղայեւ վկայականը տեղադրեց իր թուիթըրեան եւ դիմատետրեան էջերուն վրայ, չորս վերահսկիչներէն իւրաքանչիւրը` Հոլի Միչըլ, Հիլտա Սոլիս, Քեթրին Պարկըր եւ Ճենիս Հան, թուիթըրեան առանձին գրառումներով Հայ դատի յանձնախումբին տեղեկացուցին, որ իրենց ստորագրութիւնները «սխալմամբ աւելցուած են վկայականին` առանց իրենց թոյլտուութեան»:

Չորս վերահսկիչները իրենց «Թուիթըր»-ին կցած են Լոս Անճելըսի գաւառի վերահսկիչներու արձանագրային գրասենեակի ղեկավար Լուրտ Սաապի կողմէ ներողութիւն խնդրելու նամակը: Նամակը յղուած է բոլոր չորս վերահսկիչներուն: Ահա՛ հատուած մը` վերցուած այսօրինակ նամակէ մը. «Լոս Անճելըսի գաւառի արձանագրային գրասենեակը սխալմամբ աւելցուցած է վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրի ստորագրութիւնը անցեալ շաբաթ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին ներկայացուած  վկայականին  եւ  կը փափաքի հրապարակայնօրէն նշել սխալը»:

Այն բանէն ետք, երբ ես կապ հաստատեցի Լոս Անճելըսի գաւառի գրասենեակի գործադիր տնօրէնի տեղակալ Պրենտա Տիւրանի հետ` անկէ խնդրելով պարզաբանել Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին սխալմամբ տրուած վկայականին կարգավիճակը, ան գրաւոր պատասխանեց. «Լոս Անճելըսի  գաւառի  արձանագրային գրասենեակը ներողութիւն կը խնդրէ որեւէ շփոթութեան համար: Վերահսկիչներու ստորագրութիւնները սխալմամբ կիրարկուած են: Համապատասխանաբար գրասենեակը կը յայտարարէ, որ չարտօնուած վկայականը անվաւեր է եւ պէտք է հեռացուի  ընկերային լրատուական բոլոր միջոցներէն կամ որեւէ այլ հարթակէ: Քանի որ Լոս Անճելըսի գաւառը կապուած չէ գրասենեակի կողմէ այդ գրասենեակի լիազօրութիւնները գերազանցող չարտօնուած եւ սխալ գործողութիւններու հետ, ոչ ոք պէտք է հիմնուի այդ վկայականին վրայ` իբրեւ Լոս Անճելըսի գաւառի որեւէ տեսակի յայտարարութիւն»:

Այսուհանդերձ, Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին սխալմամբ տրուած վկայականը տակաւին տեղադրուած է անոր թուիթըրեան եւ ֆէյսպուքեան էջերուն մէջ` այն կեղծ պնդումով, որ իբր թէ ան մեծարուած  է  Լոս  Անճելըսի  շրջանի վերահսկիչներուն կողմէ:  Այդ վկայականը ոչինչ կը նշանակէ, եւ սխալ տրուած այսպիսի վկայականի մը հրապարակումը անպարկեշտութիւն է: Ամչնալու փոխարէն` Աղայեւ քննադատած է Հայ դատի յանձնախումբը այս սխալ վկայականը վերահսկիչներու ուշադրութեան յանձնելուն համար:

Ոչ ոք պէտք է զարմանայ, քանի որ առաջին անգամը չէ, որ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը հանդէս կու գայ նման խայտառակ եւ անպարկեշտ պահուածքով: Կայ չորս օրինակ եւս: Անցեալ տարուան հոկտեմբերին ես յօդուած մը գրեցի` բացայայտելով, որ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը հրապարակած է Սեն Տիեկոյի քաղաքապետին կողմէ հրապարակուած եւ հետագային չեղեալ նկատուած հռչակագիրը: Քաղաքապետը ներողութիւն խնդրեց, յաջորդ օրը չեղեալ յայտարարեց իր հռչակագիրը եւ խոստացաւ Ազրպէյճանի վերաբերեալ հռչակագրեր չհրապարակել հետագային: Նմանապէս, Պոսթընի քաղաքապետ Մարտին Ուոլշ փետրուար 2021-ին հրապարակեց եւ աւելի ուշ չեղեալ յայտարարեց այսպէս կոչուած «Խոջալուի օր»-ը յիշատակելու մասին հռչակագիրը: Քաղաքապետը երկու շաբաթ անց չեղեալ յայտարարեց իր հռչակագիրը եւ ներողութիւն խնդրեց հայ համայնքէն:

Նոյն դէպքը կրկնուեցաւ Մէյն  նահանգի Փորթլենտ քաղաքին մէջ: Քաղաքապետ Քեթլին  Սնայտըր 17 փետրուար 2021-ին ի սկզբանէ հռչակագիր  հրապարակեց` ի յիշատակ «Խոջալուի յիշատակի օրուան»: Սակայն 1 ապրիլ 2021-ին քաղաքապետը գրեց. «Ես որոշած եմ չեղեալ համարել քաղաքապետին հռչակագիրը… Անգամ մը եւս կը հայցեմ ձեր ներողամտութիւնը` սոյն հռչակագրի հրապարակման պատճառած ցաւին ու վնասին համար»:

Վերջապէս, 15 հոկտեմբեր 2021-ին Քալիֆորնիոյ Թորընս քաղաքը հռչակագիր  հրապարակեց`  նշելու «Ազրպէյճանի օր»-ը: Նոյն օրը, աւելի ուշ, Թորընսի քաղաքապետ Փաթրիք Ֆիւրին ըսաւ, որ քաղաքապետարանը` «Սխալմամբ հռչակագիր հրապարակած է: Նախապէս քաղաքային իշխանութիւնները  հռչակած էին Ազրպէյճանի ազգային օր` անոր ուժի մէջ մտնելուն նոյն օրը: Հաշուի առնելով յարակից տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները` քաղաքային իշխանութիւնները յարգանքով խնդրած են Լոս Անճելըսի մէջ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութենէն` ջնջել յայտարարութիւնը լրատուական բոլոր միջոցներէն»:

Սակայն Սեն Տիեկոյի եւ Թորընսի չեղեալ նկատուած յայտարարութիւնները կը մնան գլխաւոր հիւպատոս Աղայեւի ֆէյսպուքեան էջին վրայ:

Զարմանալի է, որ նման ապաշնորհ եւ  անպարկեշտ  գլխաւոր հիւպատոսին պաշտօնանկ ընելու փոխարէն` աւելի կը բարձրացնեն` զայն նշանակելով Գերմանիոյ դեսպան: Նկատի ունենալով Լոս Անճելըսի մէջ Աղայեւի բազմիցս կրկնուող ոչ դիւանագիտական պահուածքը` նախագահ Ալիեւ աւելի վատ ընտրութիւն չէր կրնար ընել,  քան` դեսպանի կոչում շնորհել անոր:

 

 

Նախորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւար Տօներէն Խաչվերաց

Յաջորդը

Արցախահայութիւնը Վերահաստատեց Արցախի Հողերուն Վրայ Ինքնորոշուելու Իր Իրաւունքը

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?