Աբաս Միրզա` Իրանի Գահաժառանգ Եւ
Սկիզբ Դէպի Անդրկովկաս Արշաւանքին
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Գիւլիստանի մելիք Աբով իր ժողովուրդի ստուար համեմատութեան հետ Արցախէն Վրաստանի թագաւորութիւն փոխադրուած եւ Բոլնիսի մէջ բնակութիւն հաստատած էր:
Գիւլիստանցիք քաջ եւ անվեհեր կռուողներ էին եւ լաւ զինուած ու միակամ էին: Ռուսական բանակի տեղեկագիրներ իսկ կը վկայէին, որ գիւլիստանցիներուն նման զինուորներ չկան ամբողջ Վրաստանի մէջ:
Բոլնիս դարձած էր անառիկ ամրոց եւ գիւլիստանցիք կովկասեան լեռնային յելուզակներու յարձակումներուն դէմ սահմանապահ ուժ էին:
Բոլնիս աւանը կը գտնուի Բոլնիս գետակի ձախ ափին, Խաչենայ քերծ քարաժայռին ստորոտը, հովիտի մէջ եւ խաղողի այգիներով շրջապատուած է: Մօտը, լեռնալանջին, քանի մը բլուրներու վրայ տարածուած է Փոքր Բոլնիս կամ Խատիս-Սոփելի գիւղը: Շրջակայ գիւղերէն Քուէշ տարածուած է ընդարձակ դաշտի մը մէջ, Տաբախմելա` Մաշաւեր գետի ափին, բլուրի մը լանջին, իսկ գետի հանդիպակաց ափին Ախալշէնի գիւղն է: Մաշաւերի հովիտին մէջ կան քարայրներ, որոնք իբրեւ բնակարան ծառայած են:
Մելիք Աբով բազմաթիւ թշնամիներ ունէր վրացի իշխաններուն մէջ, որոնք կը նախանձէին անկէ եւ կ՛աշխատէին չէզոքացնել զայն:
Սակայն վրացի իշխանները չէին համարձակեր բացայայտօրէն մրցակցիլ մելիք Աբովի դէմ եւ կ՛աշխատէին վարկաբեկել զայն ու կասկածի տակ առնել վրաց գահին հանդէպ անոր հաւատարմութիւնը:
Վրացի իշխանները, որոնք ճորտատէրեր էին, ամէն գնով կը ջանային հայերը եւս ճորտութեան վիճակին հասցնել:
Վրացի ճորտերը մարդկային տարրական իրաւունքներէ զրկուած էին, եւ եկուոր հայերը եւս պէտք է նոյն վիճակին մատնուէին: Երեք սերունդէ բաղկացած ընտանիք մը սովորաբար 106 դեսիատին հող կրնար մշակել: Ճորտեր մինչեւ իսկ իրենց թխած հացին մէկ-վեցերորդը եւ պատրաստած գինիին մէկ-չորրորդը պարտաւոր էին աւատատէրին յանձնելու: Ճորտերը խարազանի հարուածներով պատժելը սովորական երեւոյթ էր: Ճորտերու եւ նոյնիսկ ընտանիքի անդամներու զատ-զատ իբրեւ ստրուկ վաճառքը արտօնուած էր եւ յաճախ կը գործադրուէր:
Վրաց աւատական ամէնէն մեծ եւ ազդեցիկ տոհմերն էին` Պարաթաշվիլի (Սամշվիլտէ, Դմանիսի եւ Թբիսի դղեակներուն տէրերը եւ ունէին հարիւրաւոր գիւղեր Քվեմօ Քարթլիի մէջ), Ամիլախվարի (Սխվիլօ եւ Ամիլախվարի դղեակներուն տէրերը եւ Սամթավիսի տաճարին հոգեւոր առաջնորդները), Դադիանի, Չիչուա եւ Չիքովանի (Միկրելիոյ մէջ), Խիմշիաշվիլի (Կախեթիի եւ Աճառիոյ մէջ եւ բէկութիւն ստացած էին օսմանցի սուլթաններէն), Դադեշքելիանի եւ Կելովանի (Սվանեթիոյ իշխաններ), Շարվաչիծէ (Աբխազիոյ իշխաններ), Ռաթիշվիլի (Քարթլիի մէջ) եւ Նակաշիձէ (Գուրիայի մէջ):
Վրացի աւատատէրերը միաբանելով Գէորգի ԺԲ. թագաւորին առջեւ մելիք Աբովը ամբաստանեցին իբրեւ հայրենիքի դաւաճան: Թագաւորական հրամանով մելիք Աբով ձերբակալուեցաւ եւ բանտ նետուեցաւ:
***
Պետր Կովալենսկի երբ ռուսական զօրքին հետ 1799 նոյեմբերին Թիֆլիս մտաւ, մելիք Աբովը հոն բանտարկուած գտաւ:
Պետերբուրգէն իրեն տրուած հրահանգին անսալով Կովալենսկի առանձնաբար զբաղեցաւ մելիք Աբովի, ինչպէս նաեւ միւս մելիքներու հարցերով:
Մելիք Աբովի վերագրուած ամբաստանութիւններուն գծով որեւէ ապացոյց չկար:
Կովալենսկիի միջնորդութեամբ մելիք Աբով ազատ արձակուեցաւ եւ ռուսական հրամանատարութեան կողմէ պատիւներու արժանացաւ:
Կովալենսկի Պետերբուրգ ուղարկած իր մէկ տեղեկագիրին մէջ կը գրէ. «Իմ առաջին գործն էր, տեղեկանալով (մելիք Աբովի) բանտարկութեան մասին, խնդրել նորին բարձրութեան (Գէորգի ԺԲ. թագաւորին) պատշաճ կերպով քննել անոր յանցանքը, եւ որովհետեւ որեւէ ապացոյց չկար անոր վերաբերեալ որեւէ բանի համար, ուստի իմ խնդրանքով ան ազատուեցաւ եւ ուղարկուեցաւ մօտս: Ես անոր հաւատարիմ հպատակութեան երդում ընել տուի, միւսներուն նման անոր ալ մետալ տուի թագաւոր կայսրի բարձրագոյն անունով, եւ անոր գերազանց յատկութիւններուն, ջանասիրութեան եւ եռանդին համար, որ ցոյց կու տայ ծառայութեան մէջ, ինչպէս եւ նախաձեռնող եւ պատերազմասէր ոգիին համար, իմ առանձին հովանաւորութեան տակ առի զայն, կարելի եղածին չափ խրախուսեցի եւ փաղաքշեցի: Իմ այս վերաբերմունքը ան կը զգար ամենասրբազան յարգանքով եւ երախտագիտութեամբ, ինծի հանդէպ ունենալով անսահման մտերմութիւն եւ վստահութիւն»:
***
Ազատ արձակուելէն եւ ռուսական հրամանատարութեան հովանաւորութիւնը ապահովելէն ետք մելիք Աբով արշաւանքի ձեռնարկեց դէպի Ղարաբաղի խանութեան սահմաններ:
Առաջին հերթին ան Գիւլիստանէն, իրեն հպատակ երեք հարիւր տուն հայեր Բոլնիս` իր մօտ փոխադրեց: Բոլնիսի մէջ հայութեան թիւը հետզհետէ ստուարացաւ:
Մելիք Աբով այժմ իր տրամադրութեան տակ ունէր հազար հոգինոց լաւ զինուած ու մարզուած բանակ մը:
Մելիք Աբովի ուժն ու հեղինակութիւնը նկատի ունենալով Գէորգի ԺԲ. թագաւոր անոր յանձնեց քարւանպաշիութեան (կարաւաններու անվտանգ երթեւեկութեան) պաշտօնը:
Մելիք Աբովի ահէն թուրքեր եւ կովկասեան լեռնական ցեղեր այլեւս չէին համարձակեր յարձակումներ կազմակերպել դէպի Վրաստանի սահմանները:
***

Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան մեծ համարում չունէր Գէորգ ԺԲ. թագաւորին նկատմամբ եւ նոյնիսկ արժանի չէր նկատեր հաւասարէ-հաւասար բանակցիլ անոր հետ:
Գէորգի թագաւոր առաջին հերթին թոյլ տուած էր որ Արցախէն հեռացող հայեր բնակութիւն հաստատեն իր թագաւորութեան սահմաններուն մէջ: Այդ հայերը լաւ զինուած էին, յարձակումներ կը կազմակերպէին դէպի Ղարաբաղ եւ միշտ վտանգ կը ներկայացնէին Շուշիի խանութեան համար:
Վրաստանի թագաւորութիւն տեղափոխուած արցախցիները մղձաւանջ էին Իպրահիմ Խալիլ խանին համար:
Միւս կողմէ, Գէորգի թագաւոր ռուսական հովանաւորութեան տակ մտած էր եւ ինքնուրոյն գործելու հնարաւորութիւն չունէր:
Վրացիներու եւ հայերու վրայ տարածուող ռուսական հովանաւորութիւնը ամէն գնով պէտք էր չէզոքացնել, Վրաստանը հարուածել եւ մելիքներու ուժերը ընկճել: Հարկաւոր էր խորամանկութիւն եւ վարպետ լարախաղացութիւն:
Իպրահիմ Խալիլ խան բանակցութեան մէջ մտաւ պարսից Ֆաթհ Ալի շահին հետ եւ աշխատեցաւ համոզել զայն յարձակելու Վրաստանի վրայ: Շուշիի խանը շահին ամէն տեսակ աջակցութիւն խոստացաւ: Այսպիսով Իրան կը վերականգնէր եւ կ՛ամրապնդէր իր գերիշխանութիւնը Կովկասի մէջ եւ կը դառնար շրջանային հզօր ուժ: Ռուսական ախորժակները կը սանձուէին, իսկ Ռուսիոյ հովանաւորութիւնը փնտռողները կը չէզոքացուէին:
Իպրահիմ Խալիլ խան միաժամանակ բանակցութեան մէջ մտաւ Պետր Կովալենսկիի հետ եւ հաւաստիացուց որ ինք Ռուսաստանի անկեղծ բարեկամն է ու կը ցանկայ ռուսական հպատակութիւն ընդունիլ:
Մինչ Իպրահիմ Խալիլ խան բանակցութիւններ կը վարէր պարսկական իշխանութիւններուն հետ, Գէորգի ԺԲ. թագաւորի խորթ եղբայր եւ վրաց գահին յաւակնորդ Ալեքսանդր իշխան փախաւ Պարսկաստան, ուր սկսաւ կազմակերպել իր ուժերը, արշաւանքի սկսելու համար իր թագաւոր եղբօր դէմ: Պարսկական կառավարութիւնը մեծ պատիւներով ընդունեց Ալեքսանդր իշխանը եւ կարեւոր տեղեկութիւններ հաւաքեց անկէ:
***

Աբաս Միրզա Ֆաթհ Ալի շահին երկրորդ որդին էր. մայրը` Այշէ խանում ֆաթհ Ալի խան Տեւելուի դուստրն էր: Ան ծնած էր 4 զու-ալ-հիճա 1203 (26 օգոստոս 1789)-ին, Մազանտարանի Նաւա աւանը: 1797-ին, ութ տարեկանին մասնակցած էր Աղա Մոհամէտ շահին դէպի Շուշի արշաւանքին: Աղա Մոհամէտ շահին սպանութենէն ետք Շուշիէն մեկնած էր Արտապիլի մօտակայ Ատինա Պազար աւանը եւ յետոյ Ռաշտի վրայով վերադարձած Թեհրան:
Աբաս Միրզա հօր սիրելին էր, մանաւանդ հօրենական գծով Գոյունլու եւ մօր կողմէ Տեւելու, ան իր անձով արքայական Ղաջար ցեղին երկու ճիւղերը կը միաւորէր եւ նաեւ խելացի էր ու իր խորհուրդներով նոյնիսկ ուղղութիւն կու տար հօրը:
Ֆաթհ Ալի շահ 13 շաուալ 1213 (20 մարտ 1799)-ին Աբաս Միրզան գահաժառանգ հռչակեց նայէպ-ալ-սալթանա տիտղոսով եւ զայն Ատրպատականի պէյլէրպէկի` կառավարիչ նշանակեց: Սիւլէյման խան Ղաջար եւ Միրզա Իսա Ֆարահանի (Միրզա Պոզորկ) անոր խորհրդական նշանակուեցան:
Աբաս Միրզա առաջին հերթին վճռեց ճնշել քրտական Տոնպոլի ցեղը, որ տասներկու հազար ընտանիք կը հաշուէր եւ կիսանկախ գոյավիճակ հաստատած էր Ատրպատականի մէջ: Անոնց ցեղապետ Հիւսէյն Ղուլի խան, որ Աղա Մոհամէտ շահին կողմէ Թաւրիզի, Խոյի եւ Արտապիլի կառավարիչ նշանակուած էր ամիր-ալ տովլա տիտղոսով, մահացաւ 1799-ի գարնան եւ անոր յաջորդեց հօրեղբայրը` Ջաֆար Ղուլի խան Տոնպոլի:
Աբաս Միրզայի բանակը 1799-ի յունիսին գրաւեց Թաւրիզը, Սալմաստը եւ սեպտեմբեր 17-ին նուաճեց Տոնպոլիները Խոյի մօտ: Ջաֆար Ղուլի խան փախուստ տուաւ դէպի Մակու եւ հոնկէ անցաւ Օսմանեան կայսրութիւն: Ջաֆար Ղուլիի թոռն է 1918-ի սեպտեմբերին Պաքուի հայերու ջարդարար Ֆաթհ Ալի խան Խոյսկի, որ 1920-ի յունիսին Թիֆլիսի մէջ սպաննուեցաւ Արամ Երկանեանի ձեռքով:
***
Ատրպատականի վրայ պետութեան հակակշիռը վերահաստատելէն ետք, Աբաս Միրզա, նախանձախնդիր` Պարսկաստանի փառքի վերականգնման, վճռեց ամէն գնով պահպանել Անդրկովկասի նահանգներուն պարսկական ինքնութիւնը:
Աբաս Միրզա բանակցութեան մէջ մտաւ Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խանին, կովկասեան շարք մը ցեղապետներու, վրաց գահին յաւակնորդ Ալեքսանդր իշխանին եւ Ախալցխայի օսմանեան իշխանութիւններուն հետ, միացեալ ուժերով ռուսերը Անդրկովկասէն դուրս մղելու նպատակով:
Պատրաստուած զինուորական ծրագիրին համաձայն, անմիջապէս որ պարսկական բանակը անցնէր Արաքսը, Ալեքսանդր իշխան երեք կողմէն պիտի յարձակէր Վրաստանի վրայ, Ախալցխայի փաշան պիտի յարձակէր արեւմուտքէն, իսկ աւարները` արեւելքէն: Այսպիսով Վրաստան պիտի ազատագրուէր ռուսական հովանաւորութենէն: Այնուհետեւ Ղարաբաղէն Վրաստան փախած հայերը պիտի վերադարձուէին իրենց գիւղերը եւ Իպրահիմ Խալիլ խանի իշխանութեան տակ պիտի մնային:
Պարսկական տասներկու հազարնոց բանակ մը Աբաս Միրզայի հրամանատարութեան տակ 1800-ի գարնան անցաւ Արաքսը եւ քալեց Երեւանի վրայ:
Պարսկական բանակը արագօրէն յառաջանալով յուլիսի սկիզբը պաշարեց Երեւանը:
Նոյն օրերուն Ալեքսանդր իշխանի եւ իր եղբայրներուն` Լուլոնի, Վախթանգի եւ Փարնաոզի առաջնորդութեամբ Գէորգի ԺԲ.ի հակադրուած վրացական ուժերը քալեցին Թիֆլիսի վրայ: