Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւար Տօներէն Խաչվերաց

September 10, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է Խաչվերացը, որ կը տօնուի սեպտեմբեր 14-ին մօտիկ կիրակին:

Եկեղեցական աւանդութեան համաձայն, Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոս Յակոբոս առաքեալ Քրիստոսի խաչի նմանակը ցոյց տուաւ ժողովուրդին եւ առաջին անգամ երգեց

«Խաչի քո Քրիստոս, երկիր պագանեմք» շարականը:

Հռոմէական կայսրութեան Կոստանդիանոս Մեծ կայսեր մայրը` Հեղինէ թագուհին, տեսիլքի մը մէջ վկայութիւն ստանալով, 326-ին մեկնեցաւ Երուսաղէմ եւ ձեռնամուխ եղաւ Քրիստոսի խաչափայտի գտնուելուն: Խաչի վրայ մահացած մարդու յայտնաբերումը վկայեց Քրիստոսի իրական խաչափայտի յայտնաբերման մասին: Սուրբ խաչի գիւտէն ետք Հեղինէ թագուհի Գողգոթայի վրայ կառուցեց Սուրբ Յարութեան տաճարը եւ հոն կանգնեցուց Տիրոջ խաչափայտը: Տաճարին օծումը տեղի ունեցաւ 14 սեպտեմբեր 335-ին:

Պարսից Խոսրով Բ. Փարւէզ թագաւոր 614-ին յարձակեցաւ Երուսաղէմի վրայ եւ գերեվարեց ու Պարսկաստան տարաւ խաչափայտը:

Բիւզանդիոնի Հերակլ կայսր 628-ին ազատագրեց գերեվարուած խաչափայտը:

Խաչափայտը հանդիսաւոր թափօրով վերադարձուեցաւ Երուսաղէմ: Վերադարձի ճամբուն վրայ խաչափայտը անցաւ Հայաստանէն: Պարսիկներ փորձեցին վերագրաւել խաչը, բայց հայեր` զայն Կարնոյ դաշտին արեւելեան կողմի լեռներուն վրայ ձգելով, դիմագրաւեցին թշնամին եւ ետ մղեցին յարձակումը: Երբ յաղթական վերադարձան, տեսան խաչը դրուած տեղը նոր վճիտ աղբիւր մը բխած է: Կարնոյ արեւելեան կողմը խոյացող այդ լեռը կոչուեցաւ Խաչափայտ, իսկ աղբիւրը դարձաւ ուխտատեղի, որուն մօտ կառուցուեցաւ Խաչկավանքը:

Հերակլ կայսր խաչափայտը երեք տարի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ պահելէ ետք անձամբ տարաւ Երուսաղէմ եւ զայն իր ուսին վրայ դրած, Գողգոթայի գագաթը հանելով բարձրացուց Սուրբ Յարութեան վերանորոգուած տաճարին վրայ:

*
*    *

Հայ եկեղեցին ունի Սուրբ Խաչին նուիրուած չորս տօն. Սուրբ Խաչի երեւման, Խաչվերաց, Վարագայ Սուրբ Խաչ եւ Սուրբ Խաչի գիւտ:

Խաչվերացի տօնի երեկոյեան եկեղեցւոյ մէջ Կենաց փայտի մասունք պարունակող խաչը ռեհանով եւ բազմերանգ ծաղիկներով կը զարդարեն եւ վարդաջուրով կը ցօղեն: Ապա խաչով ու Աւետարանով թափօր կը կազմուի եւ Անդաստանի կարգ կը կատարուի,  տեառնագրելով աշխարհի չորս կողմերը: Արարողութենէն ետք կը սկսի երեկոյեան ժամերգութիւնը:

 

 

Նախորդը

Բազմավաստակ Հոգեւորականը (Տէր Արսէն Ա. Քհնյ. Քէշիշեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Գլխաւոր Հիւպատոսը Կը Մեկնի Լոս Անճելըսէն` Ետին Ձգելով Խաբէութեան Հետք

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.