Յարութիւն Քիւրքճեան, Կամ` Վարժեցում Ազատութեան (Սփիւռքեան Մտածողութիւն Մը)
ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ. Ինքնութիւն... 2. Գ.- Յ. Քիւրքճեանի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» գրափորձը ի՞նչ կ’ըսէ: Կը մեկնի նշելով Վարդգէս Պետրոսեանի «Հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» խորհրդածութեան իր ընթերցումը Փարիզի մէջ, Անն տը Պրըթանէի արձանին տակ, եւ այն «բնանկարին գրկին», ուր անցեալի սերունդ մը փորձած էր իր կացութիւնը մտածել (Շահան Շահնուրի սերունդը), սակայն խեղդուած էր իր «աւանդութիւն» համարածին մեռնելուն համար ողբին եւ...




















