Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հետազօտողները հաստատած են գոյութիւնը նոր կղզիի մը, որ յանկարծակի յայտնուած է Կասպից ծովու հիւսիսային մասին մէջ` աշխարհի ամէնէն մեծ ցամաքով շրջապատուած ջրային զանգուածին, սակայն ոչ ոք տակաւին կրցած է ոտք դնել անոր վրայ:

Ռուսական հետազօտական արշաւախումբը հաստատած է, որ Կասպից ծովու հիւսիսային մասին մէջ նոր կղզի յայտնուած է:
Կղզին, որ տակաւին անուն չունի, կը գտնուի Մալի Ժեմչուժնի անունով այլ կղզիի մը 19 մղոն (30 քիլոմեթր) հարաւ-արեւմուտքը:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ կղզին ջուրի մակարդակէն քիչ մը բարձր է, իսկ արշաւախմբի ժամանակ անոր մակերեսը խոնաւ էր եւ հարթ, սակայն ծածկուած էր աւազէ ժայռերով:
Նոր կղզին յառաջացած է Կասպից ծովու ջուրի մակարդակի անկման պատճառով:
Ծովը կը գտնուի Եւրոպայի եւ Ասիոյ խաչմերուկին մէջ եւ աշխարհի ամէնէն մեծ ցամաքով շրջապատուած ջրային զանգուածն է 371 հազար քառակուսի քիլոմեթր մակերեսով :
Ռուս հետազօտողները վերջերս հաստատած են ջրային զանգուածին մէջ նոր կղզիի գոյութիւնը, սակայն անոնք չեն կրցած հասնիլ անոր:
Ըստ հետազօտողներու, Կասպից ծովուն մէջ նոր կղզիներու ի յայտ գալը կապուած է փակ ջուրերու մակարդակի երկարատեւ տատանումներու հոլովոյթներու: Աւաշ կղզիները ծովու յատակի բարձրացումներ են, որոնք դուրս կու գան մակերես` ծովու մակարդակի անկումին ժամանակահատուածներուն մէջ:
Կասպից ծովու մակարդակը, ինչպէս յայտնի է, իջած է 1930-ական եւ 1970-ական թուականներուն` նախքան կրկին բարձրանալը, եւ սկսած է կրկին իջնել մօտաւորապէս 2010 թուականին:
Վերջերս կատարուած արշաւախումբի ժամանակ հետազօտողները կրցան մօտենալ կղզիին` հաստատելու համար անոր գոյութիւնը, բայց չկրցան էջք կատարել անոր վրայ` վատ եղանակի եւ մակերեսի ջուրին պատճառով:
Անօդաչու սարքի լուսանկարները ցոյց տուին կղզիին չափը եւ անոր շարք մը առանձնայատկութիւնները, բայց անհրաժեշտ են յաւելեալ հետազօտութիւններ` այդ մանրամասն նկարագրելու համար:
Գիտնականները կը նախատեսեն վերադառնալ կղզի 2025 թուականի երկրորդ կէսին` աւելի մանրամասն ուսումնասիրելու համար:
Հետազօտողները կը կարծեն, որ կլիմայի փոփոխութիւնը, հաւանաբար, վերջին անկման պատճառն է, քանի որ Կասպից ծովու ջուրի մակարդակը մասամբ կախուած է գոլորշիացման արագութենէն:
Ջրային մարմինի տակ կան նաեւ տեղաշարժեր, որոնք կրնան բացատրել ջուրի մակարդակի փոփոխութիւնները:
Գիտնականները նաեւ կը նշեն, որ կղզին ներկայիս կը գտնուի ջուրի մակարդակէն միայն քանի մը սանթիմեթր բարձր, բայց այդ կրնայ բաւական արագ եւ անսպասելի փոխուիլ Կասպից ծովուն մէջ ամրան եւ աշնան գետային հոսքի նուազման պատճառով:
Այս կրնայ իջեցնել կղզիի շուրջը ջուրի մակարդակը եւ բարձրացնել անոր մակերեսը:
Գիտնականները նոր կղզիի հետքեր առաջին անգամ նկատած են արբանեակային պատկերներուն մէջ, 2024 թուականի նոյեմբերին:
Աւազի եւ նստուածքի կոյտը ճեղքած էր ջուրի մակերեսը եւ սկսած էր չորնալ, սակայն այն պնդումը, որ նոր կղզի կը ձեւաւորուի, կը մնայ չափով մը վիճելի:

Որոշում կը տրուի կղզիի պաշտօնական անուանումին վերաբերեալ` կախուած այն բանէն, թէ արդեօ՞ք հետազօտողները կը գտնեն որեւէ նշանակալի իւրայատկութիւն կղզին անուանակոչելու համար:
Հակառակ պարագային, կղզին կրնայ անուանակոչուիլ այն անձին անունով, որ նշանակալի գիտական կամ մշակութային ներդրում ունեցած է տարածքին մէջ:
Նոր Բացայայտուած Կղզի`
Հիւսիսային Բեւեռին Մօտ
Մենք համոզուած էինք, որ կանգնած ենք Ուդաակ կղզիին վրայ, որ մինչ այդ արձանագրուած էր որպէս աշխարհի ամէնէն հիւսիսային կղզին:

Գիտնականներու խումբ մը պատահաբար յայտնուեցաւ Կրինլանտի հիւսիսը գտնուող փոքր կղզիի մը վրայ, որ կազմուած էր տիղմի եւ խճաքարի կոյտերէ:
Արշաւախումբին անդամները կը կարծէին, թէ ճամբորդած են Ուդաակ կղզի` Կրինլանտի ամէնէն հիւսիսային կղզին, բայց իրականութեան մէջ անոնք կեցած էին նախկին անյայտ կղզիի մը վրայ, որ կը գտնուէր աւելի հիւսիս:
Հաւանաբար այս կղզին կը դառնայ հիւսիսային բեւեռին ամէնէն մօտ ցամաքային հատուածը:
«Մենք համոզուած էինք, որ կանգնած ենք Ուդաակ կղզիին վրայ, որ մինչ այդ արձանագրուած էր որպէս աշխարհի ամէնէն հիւսիսային կղզի», յայտարարութեան մէջ ըսած է արշաւախումբի ղեկավար Մորթեն Ռաշ, որ Քոփենհակընի համալսարանի երկրաբանութեան եւ բնական աղբիւրներու կառավարման ամպիոնի աւագ խորհրդատու է:
«Բայց երբ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեցի լուսանկարներ եւ կղզիի աշխարհագրական դիրքը, շարք մը ամերիկացի կղզիներու որսորդներ ըսին, որ այդ չի կրնար ճիշդ ըլլալ» (Կղզիներու որսորդները, ինչպէս անոնց անունը կը յուշէ, կը ձգտին յայտնաբերել անյայտ կղզիներ` զուարճանքի համար):
Այս ընկերային ցանցերուն վրայ եղած մեկնաբանութիւններէն ետք խումբը կապ հաստատեց Դանիոյ արհեստագիտութեան համալսարանի մասնագէտին հետ եւ հասկցաւ, որ Մորթեն Ռաշի GPS-ը սխալած է:
Իրենց ուղղաթիռի GPS-ը գործածելով` խումբը հաստատեց, որ իրենք իսկապէս կը գտնուին նոր կղզիին վրայ, եւ թէ` այդ մոլորակի ամենահիւսիսային կղզին է:
Յայտարարութիւնը կը նշէ, որ կղզին կը գտնուի Ուդաակէն շուրջ 780 մեթր հիւսիս եւ միայն 30 մեթր լայնքով, 60 մեթր երկայնքով, կամ աւելի փոքր, քան` ամերիկեան ֆութպոլի դաշտը:
Ըստ Ռաշի, կղզին կը գտնուի ծովու մակերեսէն 3-4 մեթր բարձրութեան վրայ եւ կազմուած է ծովու յատակի ցեխի, սառցադաշտերու կողմէ մնացած հողի եւ ապարներու փոքր կոյտերէն:
Փոքր կղզին, որ Կրինլանտի եւ Դանիոյ թագաւորութեան տարածքի ընդլայնումն է, կրնայ ըլլալ, որ ձեւաւորուած է հզօր փոթորիկի պատճառով, որ ծովը եւ յատակի այս տարբեր նիւթերը միասին մղած է:
Սակայն կղզին կրնայ շուտով անհետանալ եւ, հաւանաբար, կրնայ դասակարգուիլ որպէս կարճատեւ կղզեակ` ըստ յայտարարութեան:
«Ոչ ոք գիտէ, թէ որքա՛ն ժամանակ անիկա կը մնայ: Կղզեակը կրնայ անհետանալ այն պահուն, երբ նոր հզօր փոթորիկ սկսի», ըսաւ Ռաշ:
Կրինլանտի Սառոյցէ Շերտին Տակ
Թաքնուած Առեղծուածային Կառոյցներ
Տեղ-տեղ, գրեթէ 2 մղոն հաստութեամբ, սառոյցէ շերտը կը ծածկէ կիրճերու, լեռներու, գոհարանման լիճերու ամբողջ տարածք մը :

Ֆրիտիոֆ Նանսէն` Կրինլանտը հատող առաջին արշաւախումբի ղեկավարը, անգամ մը հիւսիսային բեւեռին մէջ գտածը նկարագրած է` որպէս «Սառոյցի մեծ արկած` խոր եւ մաքուր, ինչպէս` անսահմանութիւնը»:
Նանսէն, որ իր ճամբորդութիւնը կատարած է 1888 թուականին, չէր կրնար գիտնալ իր դահոյկներուն ներքեւ սառոյցէ տարածքին տակ պահուըտած հրաշքներու մասին:
Այսօր տեղորոշիչներու (ռատար) եւ այլ արհեստագիտութիւններու շնորհիւ, Կրինլանտի այն հատուածը, որ կը գտնուի անոր 3000 մեթր հաստութեամբ սառոյցէ շերտին տակ, ուշադրութեան կեդրոնին կը յայտնուի:
Այս նոր գործիքները կը բացայայտեն բարդ, անտեսանելի տարածք, որ յուշումներ կը պարունակէ հիւսիսային բեւեռի անցեալի եւ ապագայի մասին:
Աշխարհի ամէնէն մեծ կիրճը
Կրինլանտի սառոյցէ շերտը պահած է աշխարհի ամէնէն մեծ կիրճը:
Յայտնաբերուած` 2013 թուականին, կիրճը կ՛երկարի 740 քիլոմեթր` կեդրոնական Կրինլանտի ամէնէն բարձր կէտէն մինչեւ հիւսիսարեւմտեան ափին գտնուող Պետերման սառցադաշտը: Այս աւելի երկար է, քան` Չինաստանի 496 քմ երկարութեամբ Եարլունկ Ցանգպօ մեծ կիրճը, որ մոլորակի ամէնէն երկար կիրճն է:
Նոր յայտնաբերուած կիրճին խորութիւնը կարգ մը տեղերու մէջ կը հասնի մինչեւ 800 մեթրի, լայնքը` 10 քմ-ի: Կարգ մը հատուածներ կրնան հալած ջուրը սառոյցէ շերտի տակէն ուղղորդել դէպի ծով: Այդ, հաւանաբար, ձեւաւորուած է սառոյցէ շերտէն առաջ եւ ժամանակ մը եղած է հզօր գետի հուն:
Անտեսանելի լեռներ

Կիրճը Կրինլանտի սառոյցէ տարածքի միակ կարծր հատուածը չէ:
Կղզիի սառոյցը թափանցող սարքերու միջոցով տասնամեակներ շարունակ քարտէսագրուիլը բացայայտած է լեռնաշղթաներ եւ սառոյցէ շերտի տակ խոր ֆիորդեր:
Սառոյցէն մաքրուած Կրինլանտի 2017 թուականի քարտէսը ցոյց կու տայ կղզիի կեդրոնը թասի նման փոս մը: Այս փոսը շրջապատուած է ափամերձ լեռնաշղթաներու շրջանակով:
Նախնադարեան լիճ

Հարիւրհազարաւոր կամ միլիոնաւոր տարիներ առաջ, նախքան Կրինլանտը սառոյցով ծածկուիլը, այնտեղ կար լիճ մը, որ հաւասար էր Ռոտ Այլենտի եւ Տելաւերի միացեալ չափերուն: Լիճը ժամանակին լեցուած էր 250 մեթր խորութեամբ ջուրով: Աւազանը 7100 քառակուսի քմ էր եւ կը սանէր առնուազն 18 առուակներէ:
Լիճին յատակը կրնայ արժէքաւոր յուշումներ պարունակել հեռաւոր անցեալի հիւսիսային բեւեռի կլիմայի վերաբերեալ, հակառակ անոր որ այդ բացայայտելու համար անհրաժեշտ կ՛ըլլայ փորել երկու քիլոմեթր սառոյցի մէջ, որ այժմ կը ծածկէ հին վայրը:
Թաքնուած գանձեր
Կրինլանտի սառոյցէ շերտը նաեւ պահած է բիւրեղային հալած ջուրով լեցուած թանկարժէք քարերու նման լիճերու տարածք մը: Այսպիսի փոքր լիճերէն առնուազն կան 60-ը, որոնք հիմնականին մէջ կեդրոնացած են Կրինլանտի հիւսիսային եւ արեւելեան հատուածներուն մէջ:
Լիճերուն չափերը կը տատանին 200 մեթրէն մինչեւ վեց քիլոմեթր լայնքով: Այս լիճերուն հալած ջուրը կրնայ հոսիլ սառոյցէ շերտի մակերեւոյթէն կամ հալիլ սառոյցի շարժման պատճառով:
Երկնաքարեր իյնալու ապացոյցներ
Գիտնականները սառոյցի տակ թաղուած առնուազն երկու հաւանական երկնաքարային խառնարաններ յայտնաբերած են: Երկուքն ալ կը գտնուին Կրինլանտի հիւսիս-արեւմուտքը. մէկը կը գտնուի Հիաւաթա սառցադաշտի տակ, իսկ միւսը` առաջինէն 183 քմ հեռաւորութեան վրայ: Հիաւաթա խառնարանը կը գտնուի 930 մեթր սառոյցի տակ, երկրորդ խառնարանը թաղուած է 2 քմ սառոյցի տակ:
Երկրորդ խառնարանը 36 քմ տրամագծով է: Առաջինը քիչ մը աւելի փոքր է ` 31 քմ տրամագիծով:
Կատարեալ պահպանուած բրածոյ բոյսեր

Պաղ պատերազմի ժամանակ կորիզային զէնքի խարիսխ կառուցելու փորձի ատեն փորուած սառոյցէ միջուկը 2017 թուականին վերագտնուեցաւ սառցախցիկին մէջ եւ պարզուեցաւ, որ այդ կը պարունակէ միլիոն տարի առաջ թուագրուող բոյսերու կատարեալ պահպանուած բրածոներ:
«Անոնք նկարագրելու լաւագոյն ձեւը սառեցուած չորացումն է, – ըսած է երկրաբան եւ դասախօս Էնտրիւ Քրիստ: Երբ մենք զանոնք հանեցինք եւ քիչ մը ջուր լեցուցինք անոնց վրայ, բացուեցան, կարծես երէկ մահացած ըլլային»:
Միջուկը ծագած է Կրինլանտի հիւսիս-արեւմուտքէն եւ անոր մէջ պահուող բոյսերը, հնարաւոր է, աճած են բորեալ անտառին մէջ: Նման անտառը կրնայ աճիլ միայն սառոյցէն զերծ պայմաններու մէջ, եւ այս ենթադրել կու տայ, որ Կրինլանտի սառոյցէ շերտի հատուածներ կրնան աւելի երիտասարդ ըլլալ, քան հետազօտողները նախապէս կը կարծէին:
Live Science