Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ե-«Հայրենիք»-էն` Ցտեսութիւն Թուղթին…

Յուլիս 4, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ժամանակին հետ կը մեկնի, ամէն բան կը մեկնի
Կը մոռնանք դէմքը եւ կը մոռնանք ձայնը»

Լէօ Ֆեռէ (1916 – 1993, ֆրանսացի
հանրածանօթ երգիչ-բանաստեղծ)

Այո՛, ժամանակի թաւալումին հետ, «արդի»-ի հասկացողութեան նորովի մեկնաբանութեամբ եւ պարտադրանքով պիտի մոռնանք նա՛եւ տպագիր թերթը` իր դարաւոր նկարագիրով: Կարծէք թէ մեր յիշատակած երգիչին բառերը այսպիսի նորարարութիւններու մասին ալ է:

Դժուար եւ յիշատակելի պիտի ըլլայ մեր այս սիւնակը, որ ուղղուած է մեր ընթերցողներուն` առ ի տեղեկութիւն, յայտարարութիւն, եթէ կ՛ուզէք` ձեւով մը  մխիթարանք: Աւելի յստակ բառերով` ասիկա մեր վերջին խմբագրականն է, որ  թուղթին վրայ տեղադրուած, ապա տպարան առաքուած, հրատարակուած եւ բաժանորդներուն հասցէագրուած է:

Այլ խօսքով, ասիկա «Հայրենիք»-ի վերջին տպագիր համարն է, որ թուղթի վրայ լոյս կ՛ընծայենք: Յուլիսէն սկսեալ մեր թերթը պիտի գործէ առցանց դրութեամբ, իր կայքէջով եւ ե-նամակային առաքումներով: Այսինքն «Հայրենիք»-ն ալ ցտեսութիւն կ՛ըսէ տպագիր տարբերակին:

Պատճառները շատ են: Անշուշտ կարեւորագոյններէն է թուղթի, մելանի եւ տպարանային ծախսերու հետեւողական եւ աներեւակայելի բարձրացումը: Մեր «նոր աշխարհ»-ին մէջ բոլոր սակերը միայն դէպի վեր կը շարժին ու կը ճնշեն անհատներու եւ հաւաքականութեանց պիւտճէներուն վրայ: Կարելի չէ անտեսել այլ  պատճառ մը` կարդացողները հետզհետէ աւելի «առատօրէն» կ՛օգտագործեն իրենց համակարգիչը, կը նախընտրեն  չթերթատել  իսկ իրենց տան նամակատուփին հասած տպագիր (hard copy) «Հայրենիք»-ը,  եւ անշուշտ` «Արմինիըն Ուիքլի»-ն, որոնց հետ կը վերաբերին այնպէս`  իբր թէ ըլլային նոյն նամակատուփը խճողած առեւտրական ծանուցագիրները:

Կայ աւելին. շաբթուան իւրաքանչիւր օրուան ու ժամուն, փոխադրակառքերու մէջ քիթ-քիթի նստած, կամ ոտքի, նաեւ աշխատատեղիներու մէջ, նախաճաշի-ճաշի-ընթրիքի պահուն կամ որեւէ «ազատ ժամու»` ընթերցողները, իրենց ափին մէջ ունենալով բջիջային մը` բութմատով վար ու վեր կ՛ընեն պաստառը: Այս «դասակարգի» ընթերցողներուն թիւն ալ արագ մագլցում արձանագրած է: Տասնեակ մը տարիներ առաջ անոնք ընդհանրապէս երիտասարդներ էին, այժմ մեծ է թիւը ալեհերներու, որոնց կիզակէտը բջիջայինն է: Սակաւաթիւ են լայնածաւալ թերթի մը էջերուն ետին պահուըտած` ոտքի կամ  նստած ընթերցողներ, որոնք  կը դիտուին իբրեւ… յետամնացներ:

Հապա՞ արդի արհեստագիտութեան միւս պտուղները: Շատեր իրենց ինքնաշարժի ղեկին առջեւ նստած` դասաւորում կատարած են, որպէսզի արհեստագիտութեան բարիքներուն միջոցով իրենց համար կարդացուին օրուան լուրերը: Ահաւասիկ` կատարելագործուած լսատեսողական սարքերով օժտուած փոխադրամիջոց մը, որ ժամանակի կորուստէ կը փրկէ նոր ժամանակներու գերզբաղած սերունդը:

Այսուամենայնիւ, տարբեր է տպարանէն «տաք-տաք» դուրս եկած թերթին հոտն ու համը, այսինքն` էջադրուած լուրերուն տեղադրումն ու ներդաշնակութիւնը: Այս իրականութիւնը աւելի՛ զգալի է օրաթերթերու պարագային: Սակայն ստիպուած ենք ընդունիլ, որ այս սովորութիւնն ալ սկսած է մաս կազմել «ժամանակին կար ու չկար»  կամ «էր երբեմն» բառերով սկսող պատումներուն:  Մխիթարա՞նք պէտք է նկատել, որ նման վիճակ կը պարտադրուի քիչ մը ամէն տեղ:

Օրին տեղեկացուցած էինք եւ այդ գծով ալ հաստատ կը մնանք, որ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթը ըլլալով, 1899-ի ծնունդ առած «Հայրենիք»-ը վերանորոգ յանձնառութիւն ու նպատակ ունի ընդլայնելու, արդիականացնելու եւ հասանելի դառնալու բազում հարթակներու վրայ` ապահովելով դիւրահաս, փոխազդեցիկ եւ բարձրորակ լրատուութիւն եւ վերլուծում, ինչպէս նաեւ` խմբագրական հայեացք: Ու մենք գիտենք, որ մեր ընթերցողները միայն Արեւելեան ԱՄՆ-ի շրջանին մէջ չեն, այլ կը հասնինք աշխարհով մէկ տարածուած եւ հայրենի հայութեան:  Եղած ենք ու պիտի մնանք Դաշնակցութեան խօսքն ու տեսակէտները տարածող բեմ մը:

Ծանօթ է, որ աւելի քան տարիէ մը ի վեր, կը գործէ երկլեզու «Հայրենիք մետիա»-ն, որ արդիւնք է վերանորոգման տեսլականին, նոր ժամանակներու հարկադրանքներուն:

Այս բոլորով հանդերձ, ունինք նաեւ աւետիսի իմաստով  տեղեկութիւն մը.  թուղթն ու մելանը վերջնականապէս պիտի չմոռնանք, այլ եռամսեայ դրութեամբ լոյս պիտի ընծայենք գունազարդ բացառիկ թիւեր, որոնք  ցարդ  լոյս կ՛ընծայէինք ոչ յաճախակի պարբերականութեամբ (Ամանոր կամ ազգային տօներ…)

Ֆեռէի յիշեալ տպաւորիչ երգ-բանաստեղծութիւնը (այլ երգերու նման), որքան ալ որ ՍՔԱՆՉԵԼԻ Է ու ձեւով մը կը համապատասխանէ նոր օրերու հարկադրած «մոռացութիւններուն», մենք մանր փոփոխութեամբ մը պիտի վերարտադրենք զայն` ըսելով «ժամանակին հետ պիտի չմոռնանք թերթը` ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ը», իր տպագիր ու առցանց տարբերակներով: Չէ՞ որ աւելի քան մէկ դարու փառաւոր պատմութիւն մը եւ բազում վաստակաւորներ կան այս անունին ետին, չէ՞ որ հայրենիքի գոյութենէն առաջ իսկ ծնունդ առած «Հայրենիք»-ը, ճիգ չէ խնայած ըլլալու ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ին (իր հայրենի եւ սփիւռքեան տարածքներով) արձագանգն ու հայելին…

Նախորդը

Այլ Բա՞ն Կ՛ակնկալէինք

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի. Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?