Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Յուլիս 2, 2025
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող օրերուն Հայ եկեղեցւոյ դէմ եղած արշաւը ցնցեց հայութիւնը: Մամուլի եւ լրատուամիջոցներու մէջ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներուն դէմ անպատշաճ արտայայտութիւնները քննադատուեցան շատերու կողմէ: Իշխանութեան, յատկապէս վարչապետին կողմէ անընդունելի այդ արտայայտութիւնները հատեցին յարգանքի սահմանները:

Դպրոցի եւ ակումբի կողքին, եկեղեցին հայ մարդու գոյութեան հիմնական սիւներէն մէկն է: Երբ պետական գործիչ մը դէմ կ՛արտայայտուի այս սիւներուն, յատկապէս` եկեղեցւոյ, այդ արդէն անձնական կարծիք չէ, այլ` քաղաքական ազդակ, որ կրնայ տկարացնել մեր ազգային միասնականութիւնը: Նման արտայայտութիւններ լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն մեր համազգային կառոյցներուն նկատմամբ հաւատքի եւ վստահութեան պահպանումին:

Պատմութեան ծանօթները կրնան յիշել, թէ 120 տարի առաջ ի՛նչ տեղի ունեցաւ, երբ ցարական Ռուսիան Հայ եկեղեցւոյ դէմ արշաւի մը ձեռնարկեց: Ո՞վ եւ ինչո՞ւ դէմ կանգնեցաւ այս արշաւին…

Մարդիկ նաեւ կրնան յիշել, թէ 70 տարի համայնավար Հայաստանի մէջ փակուած եկեղեցիներուն դէմ ո՛վ եւ ինչո՛ւ ձայն բարձրացուց…

Պատմութիւնը ինքզինքը կը կրկնէ տարբեր դերակատարներով:

Երբ հայ ինքնութեան հիմնական սիւներուն դէմ կը հնչեն անվայել արտայայտութիւններ, պարտաւորուած ենք կանգ առնել եւ շեշտել հայապահպանման ուղիին կարեւորութիւնը: Հայապահպանումը զգացումներու կամ պատահական նախաձեռնութիւններու արդիւնք չէ, այլ խոր եւ գիտակցուած պայքար` հիմնուած գաղափարական հաւատքի վրայ: Մեր ինքնութիւնը կը պահպանենք ոչ միայն ծագումով, այլ նաեւ` գործունէութեամբ: Երբ կը խօսինք, կ՛ուսուցանենք եւ կը պաշտպանենք մեր լեզուն, մեր դպրոցը, մեր մշակոյթը, մեր եկեղեցին, այս բոլորին հոգեւոր  առանցքն է, որ կը պահանջէ ոչ թէ արձագանգներու ալիք, այլ հետեւողական քաջութիւն` կանգնելու նման յարձակումներու դէմ:

Ժամանակակից հայ ուսանողը պէտք է ունենայ խոհեմութիւն եւ ինքնագիտակցութիւն, որպէսզի զանազանէ իսկական արժէքները եւ հեռու մնայ անարգական նման կեցուածքներէ: Ան պէտք է հաւատայ, որ իր արմատները ոչ թէ անցեալի մէջ յուշեր են, այլ իր ինքնութեան կենդանի ու կայուն հիմեր: Հայապահպանումը գաղափար չէ միայն, այլ` կեանքի ձեւ, որ կը սկսի մեր մտածողութենէն եւ կը շարունակուի մեր քայլերուն մէջ` լեզուով, մշակոյթով, դպրոցով եւ եկեղեցիով: Եթէ մենք չհասկնանք ու չարժեւորենք մեր անցեալը, եթէ մոռնանք մեր պատմութիւնը, ապագայ չենք ունենար: Անձ մը, ժողովուրդ մը` առանց պատմութեան, կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը:

Հետեւաբար Հայ եկեղեցւոյ դէմ արշաւը ամէն գնով պէտք է ձախողութեան մատնել, որպէսզի ամուր մնայ հայապահպանման սիւներէն մէկը, եւ անխափան մնան հայ եկեղեցւոյ դարերու երթը եւ առաքելութիւնը:

Նախորդը

Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ

Յաջորդը

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

RelatedPosts

Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ
Զաւարեանական

Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ

Յուլիս 2, 2025
Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը
Զաւարեանական

Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը

Յուլիս 2, 2025
Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Խենթացի՛ր

Յուլիս 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?