Մայիս 28-ն Ուխտ Է` Պաշտպանելու Հայրենիքը, Վերականգնելու Ազգային Արժանապատուութիւնը, Կերտելու Ազատ, Անկախ Եւ Միացեալ Հայաստան*
ԵՂԻԿ ԹԱՇՃԵԱՆ Այսօր հաւաքուած ենք ոչ միայն յիշատակելու պատմական թուական մը կամ խոնարհելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրներուն յիշատակին առջեւ, այլ նաեւ` վերակենդանացնելու ազգի մը աննկուն կամքը, կամքը այն ժողովուրդին, որ դարեր շարունակ մերժեց ստրկութիւնը, մերժեց օտարին լուծը եւ ընտրեց պայքարը` իբրեւ ապրելու ուղի: Մայիս 28-ը դաշնակցականի մը համար սովորական օր մը չէ: Ան մեր ազգային վերածնունդին օրն է: Այն պատմական...



















