ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Սիլվիա Պոլթուք, «Սփեշըլ Եուրէյժա» կայքէջի համահիմնադիր, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտին 16 յունիս 2025-ի յօդուածին խորագիրն է վերոնշեալը (1): Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ, իմ կողմէս հարկ եղած ճշդումներով` *շեղագիր.
«Գործադիր ամփոփում:
«Այս տեղեկագիրը կը վերլուծէ աշխարհաքաղաքական զարգացող ուժաբանութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ Հարաւային Կովկասը, յատկապէս Հայաստանն ու Ազրպէյճանը` Իսրայէլ-Իրան շարունակուող հակամարտութեան խորապատկերին:
«Կ՛ուսումնասիրէ Պաքուի հետ Իսրայէլի ռազմական համագործակցութեան պատճառով թէ՛ Հայաստանին եւ թէ՛ Իրանին սպառնացող վտանգները եւ կը քննէ տարածաշրջանային կայունութեան աւելի լայն հետեւանքները:

«Բացի այդ, զեկոյցը գնահատականը կը կատարէ, թէ ինչպէ՛ս Եւրոպայի կողմէ ուժանիւթի զանազան աղբիւրներ ապահովելու ճիգերը, մասնաւորապէս` Իսրայէլի եւ Ազրպէյճանի միջանցքներով, կը փոխեն դաշինքները եւ Հարաւային Կովկասի ու Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութեան աճ կը հրահրեն:
«Հիմնական եզրակացութիւններ:
1.- Իրանի դէմ Իսրայէլի վերջին հարուածներուն Ազրպէյճանի ենթադրեալ օժանդակութիւնը կրնայ պատճառել Թեհրանի անմիջական պատասխան գործողութիւններ` ականահարելով տարածաշրջանային կայունութիւնը:
2.- Պաքուն այժմ կրնայ առիթը օգտագործել Թեհրանի` Թել Աւիւի հետ հակամարտութեան մէջ զբաղած ըլլալուն պատճառով, ուժի միջոցով ապահովելու «Զանգեզուրի միջանցք»-ը` փոխելով տարածաշրջանային տարանցիկ երթուղիները` ի նպաստ իրեն:
3.- Եւրոպական պետութիւնները, խախտելով միջազգային օրէնքը եւ առաջնահերթ նկատելով ուժանիւթի ապահովութիւնը, հիմնականին մէջ ձեռնպահ մնացին Կազայի մէջ Իսրայէլի գործողութիւնները դատապարտելէ, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ` անով իսկ նպաստելով ապակայունացման:
«Տեղեկութիւններուն խորապատկերը:
«13 յունիս 2025-ին Իսրայէլ իրանեան 12 նահանգներու վրայ համակարգուած օդային* հարուածներ հասցուց` սպաննելով իրանցի քանի մը բարձրաստիճան ռազմական եւ գիտական գործիչներ, որոնց մէջ` միջուկային ժողովներուն մասնակից գլխաւոր բանակցողը: Հարուածները տեղի ունեցան Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ընթացող միջուկային բանակցութիւններուն ընթացքին, յարաբերաբար խաղաղ ժամանակաշրջանին: Բանակցութիւններ, որոնք կրնային, թէեւ` սահմանափակ, մեղմացնել Իսլամական Հանրապետութեան դէմ միջազգային պատժամիջոցները: *Առաջին օրուան յարձակումները ներսի գործակալներուն կողմէ խափանարարական գործողութիւններ էին եւ Ազրպէյճանէն անօդաչու սարքեր, ո՛չ թէ` հալածիչ օդանաւեր (2):
«Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ հեռախօսով զրոյցին ընդգծած է, թէ Ազրպէյճանը ո՛չ մէկ պարագայի կ՛արտօնէ, որ իր օդային կամ հողային տարածքը օգտագործուի Իրանի կամ այլ երկիրներու դէմ յարձակումներու:
«Այս տեղի կ՛ունենայ ա՛յն ենթադրութիւններուն* պատճառով, որ Ազրպէյճանը իր տարածքը տրամադրած է Իսրայէլին` Իրանի դէմ ռազմական յարձակումներուն համար: *Այժմ գրեթէ ստոյգ է:
«Հայաստանը դատապարտեց Իսրայէլի հարուածները դրացի Իրանի միջուկային եւ ռազմական դիրքերուն վրայ եւ կոչ ըրաւ անյապաղ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները:
«Աշխարհաքաղաքական դիպաշարը:
«Թեհրանը երկար ատենէ եղած է Երեւանի գլխաւոր դաշնակիցներէն մէկը, որ հետեւողական կերպով դիմադրած է Հայաստանի գերիշխան սահմաններու որեւէ փոփոխութեան, մասնաւորապէս` ի պատասխան այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի վերաբերեալ Ազրպէյճանի յաւակնութիւններուն:
«Իրանի արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր խորհրդականը հաստատեց, որ Թեհրանը յաջողութեամբ արգելք եղած է Ազրպէյճանը Թուրքիոյ կապող ցամաքային միջանցքի առաջարկին, Հայաստանի Սիւնիք նահանգով, զգուշացնելով, որ այս ծրագիրը տարածաշրջանային զգալի ապահովական վտանգներ կը ներկայացնէ եւ կը սպառնայ մեկուսացնել Իրանը հիմնական տարանցիկ երթուղիներէն: Իրանցի պաշտօնեաները շեշտեցին, որ միջանցքը պարզապէս փոխադրական ծրագիր չէ, այլ` Իրանը մեկուսացնելու ռազմավարական աշխարհաքաղաքական միջոց:
«Իրանի Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգին մէջ վերջերս Իսրայէլի կողմէ օդային հարուածները ենթադրութիւններու առիթ ստեղծեցին յարձակումին մէջ Ազրպէյճանի հաւանական մասնակցութեան մասին: Աւելի՛ն. չհաստատուած աղբիւրներ յայտնած են, որ անօդաչու թռչող սարքեր մօտեցած են Կասպից ծովու ափին գտնուող Պանտար Անզալիին` Ազրպէյճանի ծովային սահմանէն 130 քմ հարաւ:

«Հոկտեմբեր 2024-ին «Թիժարաթնիուզ»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ իրանցի դիւանագէտ Ամիր Մուսաուին շեշտած էր, որ Իրանի միջուկային դիրքերը հարուածելու համար իսրայէլեան հրթիռները կա՛մ սուզանաւերէն պէտք էր արձակուէին, կա՛մ ալ Էֆ-35 հալածիչներէն, երկուքն ալ հարեւան երկիրներու օդային տարածք մուտք կը պահանջեն: Մուսաուին զգուշացուցած էր, թէ որեւէ երկիր, որ կ՛արտօնէ նման թռիչքներ, կամ կը պաշտպանէ Իսրայէլի յարձակումը, Իրանի կողմէ կը համարուի օրինական թիրախ, եւ Թեհրանը համապատասխան կերպով կ՛արձագանգէ:
«Վերջերս շրջանային ընկերային ցանցերուն մէջ հաղորդուած է Իսրայէլի հարաւը գտնուող Օվտա ռազմական օդակայանէն դէպի Պաքու բեռնատար թռիչքներու զգալի աճին մասին, որ Թել Աւիւի միակ վայրն է, ուրկէ պայթուցիկ նիւթեր կարելի է փոխադրել: Վերջին թռիչքները` «Իլիուշին Իլ-76»-ը (թիւ 4K-AZ102), տեղի ունեցած է յունիս 9-էն 10, 2025* Էյլաթի եւ Պաքուի միջազգային օդակայանի միջեւ: Նախորդող թռիչքները մարտ 2025-ին էին, Թել Աւիւէն եւ Օվտայէն: *Այսինքն Իսրայէլի` Իրանի վրայ յարձակումէն 3 եւ 4 օր առաջ, նախապատրաստելով Ազրպէյճանէն Իրան յարձակումը, ապա` Սիւնիքի գրաւումը:
«Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթի հետաքննութիւնը մանրամասնօրէն բացայայտեց Իսրայէլի կարեւոր դերը Լեռնային Ղարաբաղի/Արցախի հայերուն ցեղային մաքրագործումը գործադրելուն մէջ, տես` «Իսրայէլի մատնահետքերը կը գտնուին ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի ցեղային մաքրագործումին վրայ». Իսրայէլեան Հաարեց Օրաթերթի Խմբագրականը» յօդուածս (3), (4): Թռիչքներուն հետեւելու տուեալներուն եւ «Էսոշիէյթըտ Փրէսի»-ի լուրերու հաղորդումներու հիման վրայ, իսրայէլեան բեռնատար օդանաւերը զինամթերք փոխադրած են Ազրպէյճան 2023 սեպտեմբերի յարձակումէն անմիջապէս առաջ` ուղղակիօրէն ամրապնդելով Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները:
«2016-2020 Իսրայէլ մատակարարեց Պաքուի հիմնական զէնքի ներածումին 69 տոկոսը, որոնց մէջ` IAI Harop անօդաչու պայթուցիկ սարքեր, տարանջատուող արգիլուած հրթիռներ եւ «Պարաք 8» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր: Այս զէնքերը, մանաւանդ` անօդաչու թռչող սարքերը, հրթիռները եւ պաշտպանական համակարգերը, հիմք հանդիսացան արագընթաց ռազմական արշաւի, որ ստիպեց հայերուն լքել իրենց տուները (հազարամեակներու հայրենիքը*):
«Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղ/Արցախի իննամսեայ շրջափակումը, ապա յարձակումը զուգադիպեցան Ռուսիոյ` Ուքրանիոյ մէջ խորացող ներգրաւումին հետ եւ (Իսրայէլն ու Ազրպէյճանը*) առիթը օգտագործեցին իբրեւ փորձ` մարդկային իրաւունքի, պատերազմական ոճիրի լուրջ խախտումներու նկատմամբ միջազգային եւ Արեւմուտքին արձագանգը ստուգելու համար: Եւրոպական մեծ պետութիւններու կողմէ յատկանշական դատապարտումի բացակայութեան լոյսին տակ, Իտալիան եւ Գերմանիան ձեռնպահ մնացին, մինչ Գերմանիան նո՛յնիսկ ուժանիւթի նոր համաձայնագիր ստորագրեց Պաքուի հետ, եւ Ազրպէյճանի ոճիրները ցարդ անպատժելի մնացին:
«Այս խորապատկերին, եւ այն պահուն, երբ Իրանը ներքաշուած է Իսրայէլի եւ անուղղակիօրէն անոր արեւմտեան դաշնակիցներուն հետ ռազմական գործողութիւններու մէջ, Անգարա-Պաքու* առանցքը կրնայ համարձակիլ ռազմական գործողութիւնով գրաւել Հայաստանի տարածքին մինչեւ 60 տոկոսը, զոր Ազրպէյճանը «Արեւմտեան Ազրպէյճան» կ՛անուանէ: *Կ՛արժէ նշել, որ ինչպէս 44-օրեայ պատերազմի նախօրէին, հիմա ալ 10 յունիս 2025-էն սկսեալ Թուրքիա-Ազրպէյճան միացեալ ռազմափորձեր տեղի կ՛ունենան հայկական Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան մէջ:
«Իրանի դէմ Իսրայէլի վերջին հարուածներուն Ազրպէյճանի հաւանական մասնակցութիւնը կրնայ լուրջ արձագանգ ունենալ: Նախ` զգալիօրէն կը խաթարէ Պաքուի ռազմավարական մեղմ ուժի ջանքերը` խրախուսելու Իրանի ազրպէյճանական բնակչութեան անջատողական շարժումը, մասնաւորապէս` Թաւրիզի մէջ, որ վերջին հարուածներուն թիրախ դարձած քաղաքն էր: Երկրորդ` կրնայ Իրանը մղել վերանայելու 19 մայիս 2024-ի Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգի Ուզիի մօտ տեղի ունեցած ուղղաթիռի արկածին հետաքննութիւնը, որ խլեց նախագահ Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահեանի կեանքը, Ազրպէյճան կատարած պաշտօնական այցէն ետք:
«Եւրոպայի առնչութիւնը` թէ՛ Կազայի ճգնաժամին, թԷ՛ ալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, աւելի մեծ ուշադրութեան արժանացաւ Վրաստանի հետ գործընկերութեան խզումէն ետք: Պրիւքսելը կը փորձէ Հայաստանը Կովկասի մէջ ռազմավարական տարածաշրջանային դաշնակիցի վերածել: Սակայն, Եւրոպայի կողմէ Պաքուն պատասխանատուութեան ենթարկելու տրամադիր չըլլալը` Լեռնային Ղարաբաղի/Արցախի շրջափակումին եւ ցեղային զտումներուն համար, կ՛ընդգծէ, որ ուժանիւթի ապահովութիւնը կը շարունակէ գերակշռել մարդու իրաւունքները եւ միջազգային օրէնքը` իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ:
«Այս ուժանիւթային ռազմավարութիւնը կը ներառէ Կազայի ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ գտնուող կազի ծովային հանքավայրերու իւրացումը (որ կը գնահատուի 1.1 թրիլիոն խորանարդ ոտք բնական կազ), որոնք, միջազգային օրէնքի համաձայն, կը պատկանին պաղեստինցի ժողովուրդին: Այս պաշարները շահագործելու եւ անհրաժեշտ արտահանումի եւ արտածումի ենթակառոյցներ կառուցելու, որոնց մէջ` նաւահանգիստներ, Իսրայէլը կ?ուզէ (ցեղասպանութեան միջոցով*) ֆիզիքական հսկողութիւն պարտադրել (իւրացնել*) Կազայի վրայ: Այս բոլորը Իսրայէլը դէպի Եւրոպա ուժանիւթ արտածելու համար իբրեւ տարածաշրջանային աղբիւր դիրքաւորուելու ջանքերուն մէկ մասն են:
«Նմանապէս, կը շարունակուին Կեդրոնական Ասիոյ ուժանիւթ արտադրողներուն եւրոպական շուկաներ հասնելու աշխատանքները` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջոցով: Մինչ Հայաստանի «խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը կրնայ նման նպատակներու ծառայել, սակայն Անգարան եւ Պաքուն, կարծես, մտադիր են յետաձգել* անոր իրականացումը` տարածաշրջանին մէջ թրքական ազդեցութիւնը պահպանելու համար: *Գրաւելով Սիւնիքը:
«Եզրակացութիւն:
«Ուժանիւթի շահերու բախումը, տարածաշրջանային մրցակցութիւնը եւ փոփոխուող դաշինքները վտանգաւոր մագլցում կ՛առաջացնեն Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ: Իսրայէլի, Ազրպէյճանի եւ արեւմտեան հիմնական պետութիւններու համախմբումը կը վտանգէ միջազգային օրէնքը եւ աւելի կը մեկուսացնէ Իրանի ու Հայաստանի նման դերակատարները:
«Քանի որ Թեհրանը խորապէս զբաղած է Թել Աւիւի հետ հակամարտութեան մէջ, իսկ Ուաշինկթընը* զբաղած է տարածաշրջանային աւելի լայն լարուածութեան կառավարումով, Երեւանը կը բախի Պաքուի կողմէ ռազմական յարձակումի աճող վտանգին, որ կրնայ օգտագործել այս ռազմավարական առիթը` իր տարածքային (ապօրինի*) նպատակներուն հասնելու համար: *Ուաշինկթըն 100 տոկոս Իսրայէլի կողքին է, բանիւ ու գործով:
«Թէեւ պաշտօնապէս չեն իրականացած պաղեստինցիներուն հեռացումը Կազայէն եւ, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ստեղծումը, որոնք ռազմավարական շահեր կրնան ներկայացնեն Եւրոպայի համար: Այս զարգացումները կը նոյնանան Իսրայէլը իբրեւ ուժանիւթի բաշխումի հիմնական կեդրոն դիրքաւորելու անոր նպատակին հետ եւ, վերջապէս, կարելիութիւն կու տայ ուղիղ կապ հաստատելու ուժանիւթով հարուստ Կեդրոնական Ասիոյ պետութիւններուն հետ` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջոցով:
«Առանց ռազմավարական առաջնահերթութիւնները կարգաւորելու այժմու ընթացքը կրնայ խորացնել հակամարտութիւնը եւ անկայուն դարձնել կարեւորագոյն տարանցիկ միջանցքները, որոնք կենսական նշանակութիւն ունին համաշխարհային ուժանիւթի եւ ապահովութեան շրջանակներուն համար»: Վերջ:
Այս յօդուածէն ետք, թէեւ զինադադար եղաւ, սակայն Իսրայէլը բնաւ չի յարգեր որեւէ համաձայնութիւն, կամ օրէնք, ինչպէս` Լիբանանի եւ Կազայի մէջ զինադուլները: Իսկ ԱՄՆ-ի նախագահը անվստահելի դերակատարութիւն ունեցաւ իր վերընտրուելէն ի վեր` բանակցութիւններու ընթացքին հարուածելով Ռուսիան, նմանապէս Իրանը` սպաննելով անոր բանակցութիւն վարողը: Ամբողջ աշխարհին յստակ դարձաւ, որ Ամերիկան եւ Իսրայէլը մէկ են, եւ հաւանաբար փոքրիկ Իսրայէլն է, որ կը կառավարէ հզօր Միացեալ Նահանգները:
Առ այժմ Իրանի արագ պարտութեան եւ իշխանափոխութեան թուրք-ազերի հաշիւները սխալ դուրս եկան, եւ Ազրպէյճանը կրնայ ամբաստանուիլ նախագահ Ռայիսիի սպանութեամբ եւ այժմու պատերազմին Իսրայէլի կողմէ իր հողերէն յարձակումին: Իսրայէլեան օդանաւերը Կասպից ծով կրնան հասնիլ մի՛այն Թուրքիոյ, ապա Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի վրայով: Այդպէս ըսաւ նաեւ ռուսահայ քաղաքագէտ Կարինէ Գէորգեանը 24 յունիս 2025-ի Հ1-ի լուրերէն:
Հայաստանը ո՞ւր է այս խճանկարին մէջ:
25 յունիս 2025
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին կողմէ


