Հայուհիներ Կը Մասնակցին
Վենետիկեան Ոճի Թիավարութեան Մրցանակի
ԱՒԵՏԻՍ ՀԱՃԵԱՆ
Կիրակի, 22 յունիսին Մխիթարեան միաբանութեան Սուրբ Ղազար մայրավանքի մէջ տրուեցաւ համերգ` ի յիշատակ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի վարդապետաց, ուսուցչաց եւ սանաց, որուն ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով մեկնաբանուեցաւ հ. Վահան Յովհաննիսեանի ցայժմ անյայտ մէկ բանաստեղծութիւնը, որուն երաժշտութիւնը գրած է իտալացի Ճաքոմօ Սաւինի (Giacomo Savini):

Հ. Գէորգ Սարգսեան` Մխիթարեան վարդապետ, անակնկալ կերպով յայտնաբերեց երաժշտական նոթագրութեան տետրակը, որուն մէջ գրուած էր հ. Վահանի իտալերէն բանաստեղծութիւնը` «Աղօթք ի սիրտս» (բնագիրը` «Preghiera per i cuori»): Տաղանդաւոր դաշնակահարուհի Զոյա Թուխմանովայի եւ սոփրանօ Մարիա Քլարա Մայտզեքուիի դիւթական մեկնաբանութեամբ հրամցուած բանաստեղծութեան գրութեան հանգամանքները նոյնպէս հետաքրքրական են. հ. Վահան այս աղօթքը գրած է Քենիոյ ճամբարի մը մէջ, 1946-ին: 1937-ին միաբանական որոշումով տեղափոխուած էր Եթովպիոյ մայրաքաղաք Ատիս Ապեպա, ծառայած է իբրեւ իտալական բանակի գնդերէց, երբ Մեծն Բրիտանիան կը գրաւէ քաղաքը, ու զինք կը գերեվարեն իտալացի զինուորներու շարքին, որոնցմէ էր նաեւ իր բանաստեղծութեան երաժշտութեան հեղինակ Սաւինին: Մինչեւ 1947 հայր Վահան գերի կը մնայ Քենիոյ եւ Ուկանտայի մէջ:

Համերգին նպատակը եղած էր Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի նախկին սան` սրտաբան Յակոբ Այնթապլեանի առաջարկը` համախմբելու սաներ մայրավանքին մէջ: Ճոխ յայտագիրին մեծ մասը մեկնաբանեցին Մարթելլաքօ քաղաքի Գ. Սինոպոլի երաժշտութեան դպրոցի անդամներ, որոնք նուագեցին Շումանի, Շոփենի եւ այլ երաժիշտներու կտորներ: Սինոպոլի դպրոցի երգչախումբը հանդէս եկաւ նաեւ իտալացի եւ ուրիշ օտար հեղինակներու ստեղծագործութիւններով: Համերգը, որ տեղի ունեցաւ վանքի պատմական գրադարանին մէջ, սկսաւ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի քայլերգով: Երեկոն փակեց Թուխմանովա` երգեհոնի վրայ նուագելով Յարութիւն Սինանեանի «Քայլերգ Մխիթարայ» (Marche Méchitar):

Յ. Այնթապլեանն ալ հակիրճ պատգամով իր սրտի խօսքը արտասանեց` յիշատակելով իրեն ուսուցիչ եղած հ. Վահանն ու հ. Եղիա Փեչիկեանը, նաեւ անոնց ազգանուէր վեհանձնութիւնը` հարազատ Մխիթարեան ոգիին:
Թիավարութեան մրցանակ

Նոյն օրը վարպետ հայուհի թիավարներ Արսինէ Նազարեան եւ Շողիկ Պաղտասարեան ներկայացուցին Հայաստանը Վենետիկի Քուէրինի թիավարութեան ընկերակցութեան կազմակերպած վենետիկեան ոճի կնոջական ոտնկաց թիավարութեան միջազգային մրցանակին, որուն մասնակցեցան Աւստրալիոյ, Գերմանիոյ, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դրօշակակիր զոյգեր` յատուկ մրցանակի պաղլեղածինէ (ալիւմինիոնէ) նաւակներով:
Արսինէ Նազարեան իտալահայ արուեստագէտ է, իսկ հայրենածին` այժմ վենետիկաբնակ Շողիկ Պաղտասարեան` լեզուագէտ եւ ուղեցոյց:
* * *
Վենետիկ քաղաքի հայութիւնը շատ սակաւ է թիւով, հազիւ թէ քսան հայ անհատէ աւելի բաղկացած ըլլայ, եթէ բացառենք անշուշտ Սուրբ Ղազարի վանահայրերը եւ կղզեաքաղաքի պատմական սահմաններէն` ցամաքային առուարձաններու իտալահայութիւն կամ վերջին տասնամեակներուն հաստատուած հայ գաղթականներ, գլխաւորաբար` Հայաստանէն ու Միջին Արեւելքէն:
Այսուհանդերձ, Մխիթարեան միաբանութիւնը անխուսափելիօրէն իր հոգեկան ու մշակութային արձակած լոյսով այդ փոքր զանգուածն ալ կեանքի կը կոչէ, քանի որ այդ հայակերտ ու հայաշունչ փոքր հայրենի հատուածը անխուսափելիօրէն իր ձգողական ուժով կը ներքաշէ հայրենակիցները, որոնք կը գտնուին ո՛չ միայն Վենետիկի ու Վենետի շրջանին մէջ, այլ նաեւ` Իտալիա, որ այլապէս լուսանցքային դերակատարութիւն ունի հայոց աշխարհի (աշխարհաբարի ըմբռնումով` ոչ գրաբարեան «երկիր» առումով) կեանքի մէջ, մանաւանդ եթէ բաղդատենք Կ. Պոլսոյ եւ Միջին Արեւելքի, Ֆրանսայի, կամ Միացեալ Նահանգներու աւանդական եւ հայահոծ գաղութներուն: