Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին եւ «ցեղասպանութիւն» եզրի հեղինակ, միջազգային իրաւունքի ականաւոր գործիչ Ռաֆայէլ Լեմքինի ծննդեան 125-ամեակին առիթով, 24 յունիս 2025-ին Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Լեմքինի գերեզմանէն բերուած հողի` յուշապատին զետեղման եւ յուշաքարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը` ի նշան ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ կանխարգիլման աշխատանքներուն մէջ անոր ունեցած մեծ աւանդին:

Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին` Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, յանուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Շահան արք. Սարգիսեան, կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեան, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Լեհաստանի ժամանակաւոր հաւատարմատար Մարչին Ռուժեցքի եւ Զարգացման ազգային կեդրոնի հիմնադրամի (National Center Development Foundation) տնօրէն Հրաչեայ Մարգարեան, ինչպէս նաեւ` թանգարանի եւ հիմնարկի անդամներ:

Յայտնենք, որ Շահան սրբազանի նախաձեռնութեամբ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Նիւ Եորքի Մաունթ Հեպրոն գերեզմանատան (Mount Hebron Cemetery) մէջ գտնուող Ռ. Լեմքինի դամբարանէն ափ մը հող ուղարկած էր Անթիլիաս, ուրկէ Հայաստան տեղափոխուեցաւ Շահան սրբազանի ձեռամբ:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Հայոց ցեղասպանութեան հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեան: Ան ըսաւ. «Այսօր մենք ոչ միայն յարգանքի տուրք կը մատուցենք Ռաֆայէլ Լեմքինի իրաւական ժառանգութեան, այլ նաեւ` անոր բարոյական համոզումներուն համար: Ան կը հաւատար, որ յիշողութիւնը` առանց պատասխանատուութեան, դատարկ է, եւ արդարութիւնը կը սկսի ճշմարտութիւնը իր անունով կոչելով: Լեմքին հայ չէր: Ան երբեք չէր այցելած Հայաստան. սակայն Հայոց ցեղասպանութիւնն էր, որ խոր հետք թողուց անոր հոգիին մէջ եւ դարձաւ անոր իրաւական մտածողութեան ելակէտը: Ան էր, որ ձեւակերպեց այդ սարսափելի յանցագործութիւնը եւ մինչեւ իր կեանքի աւարտը պայքարեցաւ, որպէսզի Ցեղասպանութիւնը երբեք անպատիժ չմնայ»:

Թանգարանի հանդիսասրահին մէջ կարդացուեցան երկու զեկոյցներ` թանգարանի գիտաշխատող Նարեկ Պօղոսեանի «Ռաֆայէլ Լեմքինն ու Հայոց ցեղասպանութիւնը» եւ լեհ հետազօտող, ռազմական լրագրող Վիտոլդ Ռեպետովիչի «Ռաֆայէլ Լեմքինի ժառանգութիւնն ու նրա արդիականութիւնը ժամանակակից աշխարհում» աշխատութիւնները:

Հանդիսութեան աւարտին տնօրէն Էդիտա Գզոյեան Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան վերաբերեալ Ռ. Լեմքինի աշխատանքներու ուսումնասիրման եւ հանրահռչակման համար, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու համար պայքարի ու ուսումնասիրութեան գործին ունեցած նշանակալի աւանդին համար նոր թողարկուած «Ռաֆայէլ Լեմքին» յուշամետալով պարգեւատրեց Նարեկ Պօղոսեանն ու Վիտոլդ Ռեպետովիչը. իսկ «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ Շահան արքեպիսկոպոսին յանձնեց շնորհակալագիր մը:

 

Նախորդը

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Եւ Մեկուսի Վարչութիւններու Քարոզչական Պատասխանատուներու Առցանց Բ. Հանդիպումը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?