Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Սփիւռք-Հայաստան Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Մէկ Ու Միակ Ուղին Իշխանափոխութիւնն Է

Յուլիս 5, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Յարաբերութիւնները երկու կողմերու համապատասխան մասնակցութեամբ եւ վստահութեամբ կը մշակուին: Առանց փոխադարձ ըմբռնողութեան, գործակցութեան եւ համընդհանուր շահերու հետապնդման մօտեցումին` անիմաստ եւ ապարդիւն են յարաբերութիւնները ե՛ւ յարաբերութիւններու մասին քննարկումներ կատարելը:

Դիւրին է մեծ-մեծ լոզունգներով խօսիլ ու գրել սփիւռք-Հայաստան կապերու հզօրացման ու համախմբումի մասին: Դիւրին է միշտ ըլլալ «մէջտեղ»-ը` օգտուելու հոսկէ-հոնկէ, սակայն դժուարը երկկողմանի յարաբերութիւններու վերականգնումն է, երբ մէկ կողմը` Հայաստանի իշխանութիւնները, սփիւռքի նկատմամբ ոչ մէկ քայլի ձեռնարկած են, ոչ մէկ գործակցութեան ոգի կայ, եւ համապատասխան կամքն ալ գոյութիւն չունի: Ընդհակառակը, այսօր Հայաստանի իշխանութիւնները եւ անոնց հետեւորդները,  այսպէս կոչուած, կը վերականգնեն սփիւռքը «կթան կով»-ի վիճակի մէջ տեսնելու եւ կամ ալ «նարինջ» ուտողի դերը յանձնելու կացութեան մէջ, ինչ որ անընդունելի է:

Ուստի, երբ կը շեշտենք սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ու զարգացման կարեւորութիւնը, ապա իրաւունք չունինք այսօրուան «ամուսնալուծուած» պատկերին մէջ համահաւասար պատասխանատուութիւն փոխանցելու երկու կողմերուն: Ներկայ կացութեան մէջ ու յարաբերութիւններու վատթարացման մէջ իր էական բաժինը ունի Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնց գործօնը անպայմա՛ն պէտք է շեշտուի:

Տակաւի՛ն, Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ճիգ գոյութիւն ունի սփիւռքը պառակտելու եւ մասնատելու: Այս ալ պէտք չէ անտեսել ու մոռնալ: Գաղտնիք չէ, որ սփիւռքի կառոյցներու մէջ «ներգրաւուելու»` թափանցելու փորձի մէջ են պետական լծակները` ներսէն գրաւելու կուսակցութիւնները եւ ի մասնաւորի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան սփիւռքեան կառոյցները, որպէսզի նշեալ կազմակերպութիւններն ալ իրենց էութենէն պարպուին եւ կամակատար դառնան նոր ուղիին` «Նոր Հայաստան»-ին:

Յետոյ, որո՞ւ հետ յարաբերիլ: Իշխանութիւն մը, որ նահատակներու ծնողներուն նկատմամբ նուազագոյն յարգանքը չունի. իշխանութիւն մը, որ 5000 տան ճրագը մարած է. իշխանութիւն մը, որուն համար Շուշին «տժգոյն» է. իշխանութիւն մը, որ ազգային արժեքային համակարգը քանդել կը փորձէ. իշխանութիւն մը, որ պատրաստ է Հայոց ցեղասպանութիւնը «պատմական հարց»-ի վերածելու. իշխանութիւն մը, որ կը շեշտէ, թէ Մուշը, Սասունն ու Վանը Թուրքիա են. իշխանութիւն մը, որ Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ հայ գերիներուն օրակարգը մոռցած է, մինչ Հայաստանի բանտերը կը լեցնէ սրբազաններով եւ դաշնակցականներով. իշխանութիւն մը, որ թշնամիին հետ նահատակներու արեան կաթիլները ոտնահարելով` պատրաստ է ամէն ինչ յանձնելու, զիջելու, տալու, որպէսզի գահը պահէ, հարստութիւն դիզէ, վարպետներուն կամքը կատարէ, հայրենիքը քանդէ…

Կարելի է հարիւրաւոր կէտեր թուել…

Այս իրադրութեան մէջ անհեթեթութիւն է սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին խօսիլը: Այսօր մեր եւ Հայաստանի իշխանութիւններու միջեւ չկան հասարակաց գիծեր, որոնց մասին կարելի է քննարկել, խօսիլ: Նշեալ պայմաններուն մէջ միայն կարելի է քննարկել Հայաստանի իշխանութիւններու ամէնէն արագ, ամէնէն արդիւնաւէտ եւ նուազագոյն ցնցումներով հեռացման գործընթացը: Ուրիշ օրակարգի քննարկումը մեղսակցութիւն է` արձանագրուած բոլոր ոճիրներուն, ձախողութիւններուն եւ դաւաճանութիւններուն:

Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու հիմքը համընդհանուր նպատակներն են, որոնք այսօր գոյութիւն չունին: Կը բաւէ «բարոյախօսութիւններով» եւ «փրկարարական» կարգախօսներով հաւաքականութիւնը նոր ուղիներու առաջնորդելու աւերիչ ճիգի մէջ ըլլալ:

Այդ յարաբերութիւններու բնականոնացման մէկ, միակ, անյետաձգելի եւ մեր ուղին Հայաստանի իշխանափոխութիւնն է, չարիքի հեռացումն է: Այս ուղիէն շեղումը նոյնինքն  դաւաճանութիւն է:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Համոյթներու Բարձրորակ Կատարումներ

Յաջորդը

Ֆութպոլի Փոխանցումներու Լուրեր

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?