Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Յայտարարութիւնը` Հայաստանի Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

July 5, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ ազգը խոր տագնապի պահու մը մէջ կը գտնուի: Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները ցնցումի ալիքներ կը յառաջացնեն Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի լայն տարածքին: Ինչպէս մեր ազգի պատմութեան բախտորոշ բոլոր հանգրուաններուն, ՀԲԸՄ-ը իր ձայնը կը բարձրացնէ` կոչ ուղղելով զսպուածութեան եւ ազգային միասնականութեան:

Մինչ դէպքերը կը զարգանան, կարեւոր է վերահաստատել, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը եւ ժողովրդավարական գործընթացը պէտք է յարգուին այնպէս, ինչպէս համաշխարհային հետեւորդներ ունեցող մեր ազգային եկեղեցիին յստակ վարչակարգը, օրէնքները եւ կանոնագրութիւնը:

Կառավարութեան առաջնային իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները Հայաստանի մէջ կը վերաբերին կառավարչական քաղաքականութեան պահպանումին եւ օրէնքներու գործադրումին, ժողովրդավարական գործընթացի եւ ազատ խօսքի անհատի իրաւունքներու սահմաններուն մէջ: Միաժամանակ եկեղեցւոյ իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները կը վերաբերին արեւելքէն արեւմուտք` համաշխարհային հայ ազգին նկատմամբ իր հոգեւոր հեղինակութեան եւ առաջնորդութեան, ներառեալ` Հայաստանը:

Սահմանադրութիւնը, ինչպէս նաեւ «Խղճի ազատութեան եւ կրօնական կազմակերպութիւններու» օրէնքը յստակօրէն կը սահմանագծեն պետութեան եւ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ դերերը եւ պատասխանատուութիւնները: Կառուցողական քննադատութիւնը կամ տարակածութիւնը որեւէ կառոյցի կամ ղեկավարութեան նկատմամբ ընդունելի եւ տրամաբանական է, սակայն ոչ սահմանադրական քանդիչ միջամտութիւնը եւ խօսոյթը մերժելի են:

Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ներկայ կառավարութիւնը կը գործէ ապահովելու համար Հայաստանի խաղաղութիւնը եւ բարօրութիւնը, Հայ առաքելական եկեղեցին հիմնասիւնն է երկրագունդի տարածքին հայութեան հաւատքին եւ ազգային ինքնութեան: Աւելի քան 1700 տարիներ մեր ազգային եկեղեցին մեր ազգին համար առաջնորդող ուժ եղած է` դիմագրաւելու, տոկալու եւ անխախտ մնալու կայսրութիւններու, թագաւորութիւններու, բռնատիրական իրաւակարգերու, նոյնիսկ Հայոց ցեղասպանութեան միջոցով ծրագրուած կերպով մեր ազգը բնաջնջելու փորձերուն դէմ յանդիման:

Մենք կոչ կ՛ուղղենք բոլոր կողմերուն` ինքնազուսպ ըլլալու, մերժելու պառակտողական տրամադրութիւնները եւ վերադառնալու երկխօսութեան, հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ ազգային հասարակաց շահի գիտակցութեան վրայ: Պէտք է յառաջ ընթանանք միասնաբար, որովհետեւ միութիւնը զօրութիւն է, եւ միայն միասնական ոգիով է, որ կրնանք դիմագրաւել մեր դէմ ցցուած մարտահրաւէրները:

ՀԲԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նիւ Եորք – յունիս 29, 2025

Նախորդը

Փաշինեան Կը Մրցի Թալէաթին Եւ Ստալինին Հետ` Հայ Հոգեւորականներու Հալածանքին Մէջ

Յաջորդը

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Համոյթներու Բարձրորակ Կատարումներ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.