Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խենթացի՛ր

Յուլիս 2, 2025
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Խենթացի՛ր: Այո՛, ճիշդ կարդացիր: Թո՛ղ ուրիշները աչք աչքի նայելով` ապրին իրենց յարմար կաղապարին մէջ: Դուն խենթացի՛ր:

Տարբերուէ՛ մնացեալէն: Մի՛ ապրիր ուրիշներուն համաձայն: Եթէ ամէն մարդ նոյն ձեւով կ՛ապրի, նոյն ձեւով կը մտածէ ու նոյն ճամբէն կը քալէ, ո՞վ պիտի փոխէ այս աշխարհը: Քու խենթութիւնդ է, որ կրնայ յեղաշրջում բերել: Թերեւս քիչերը կը հասկնան քեզ, բայց յիշէ՛, թէ ճշմարիտ խենթերն են, որ պատմութիւն կը կերտեն:

Մի՛ վախնար: Վախը երբեք ո՛չ մէկը առջեւ տարած է: Անկայուն մարդն է, որ կը նստի անկարողութեան նստարանին: Ոտքի՛ ել դուն: Շարժէ՛: Թռչէ՛, եթէ պէտք է: Բայց երբեք վախէդ տեղդ մի՛ կանգնիր:

Քեզի ներկայացուած որեւէ գործ կուրօրէն մի՛ ընդունիր: Շարժէ միայն այն ժամանակ, երբ հասկցած ես: Քննական միտքդ, սկզբունքներդ, իտէալներդ, համոզումներդ եւ հաւատքդ թող ըլլան առաջնորդներդ, եւ ո՛չ` ուրիշներու խօսքը: Կառչա՛ծ մնա սկզբունքներուդ, եւ ո՛չ` մարդոց: Հնազա՛նդ եղիր քու համոզումներուդ, եւ ո՛չ` մէկուն կամքին: Մարդոց հնազանդիլը հաւատքի դաւաճանութիւն է: Մտածելէ առաջ,  գործողութիւնը միայն կոյր հնազանդութիւն կը ցուցաբերէ, եւ դուն ծնած չես մարդոց կամքով ապրելու, այլ` քու գաղափարներովդ:

Եղի՛ր քաջ: Եղի՛ր մարտունակ: Նոր առաջարկներ տո՛ւր: Հին զէնքերով նոր պատերազմներ չես կրնար յաղթել: Նոր գաղափարներն են, որ յեղափոխութիւն կը կերտեն:

Եղի՛ր արթուն: Եղի՛ր վճռական: Քու խօսքդ իմացի՛ր, քու կեցուածքդ ունեցի՛ր, եւ երբ պահը գայ, բռունցքդ սեղմէ՛:

Թո՛ղ «մեծերը» հաշիւդ ընեն: Թող հարցնեն` «արդեօք ինքը ի՞նչ կը մտածէ», եւ ոչ` «ըսինք, ըրա՞ւ»:

Եղի՛ր Սիմոն Զաւարեանի մտրակը` արթնցնողը քնացող ազգին:

Բարձր պահէ՛ Ստեփան Զօրեանի բռունցքը` ուժը ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար:

Քրիստափորի պէս եղի՛ր երազող, մտածող, ծրագրող եւ գործող:

Խենթութիւններ փնտռէ, ու խենթութիւնդ իմաստ պիտի ստանայ: Ոչ թէ որովհետեւ բոլորը պիտի հասկնան քեզ, այլ որովհետեւ դուն պիտի փոխես բոլորը:

Պարոյր Սեւակ սխալ չէր: Հնարը այս կամ այն մարդը չէ, որ պիտի գտնէ: Խենթն է, որ պիտի գտնէ:

Դուն խենթացի՛ր, բայց` իմաստով: Խենթացի՛ր` պատասխանատուութեամբ:

Խենթացի՛ր, որպէսզի արթնցնես լռած ժողովուրդդ:

Խենթացի՛ր, որովհետեւ միայն խենթն է, որ կրնայ խաւարին մէջ արշալոյս կերտել:

Քանզի պատմութեան մէջ չկայ ոչ մէկ յիշատակելի մեծութիւն, որ նախ խենթ չէ եղած:

Զաւարեանական

 

 

 

Նախորդը

Մոռցուած Բախտաւորութիւններ

Յաջորդը

Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?