Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղին Էսդրատային Նուագախումբին Ելոյթը Նուիրուած Էր Խումբի Հիմնադրութեան 20-Ամեակին
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի երաժշտական յանձնախումբին, 21 եւ 22 յունիսին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի Էսդրատային նուագախումբին ելոյթը, որ նուիրուած էր իր հիմնադրութեան 20-ամեակին: Նուագախումբին գեղարուեստական ղեկավարն է դոկտ. Րաֆֆի Ապէճեան:
Մասնաճիւղի վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Վանենի Մինասեան-Պէպէճեան: Ան ըսաւ, որ երաժշտութիւնը մարդու հոգին, զգացումներն ու ներաշխարհը ազնուացնող այն ազդակն է, որուն ճամբով մարդկային հոգին թռիչք կ՛առնէ եւ երեւակայութեան նոր հորիզոններ կը նուաճէ, աւելցնելով, որ հայ երգն ու երաժշտութիւնը, հայոց դարաւոր պատմութեան հետ առնչուելով, հայ ժողովուրդին անցեալը կը կամրջեն ներկային` հայկական մշակոյթի արմատներուն վրայ յենելով, միաժամանակ` նորարարութեան հետ քայլ պահելով: Պէպէճեան յիշելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի` 2025 տարին «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի» հռչակելու առիթը, յայտնեց, որ մշակութային մեր աւանդութիւններն ու արժէքները պահպանելու եւ զանոնք նոր սերունդներուն փոխանցելու աշխատանքը առաւել հունաւորելու եւ արդիւնաւորելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք:
Օրուան հանդիսավար Քարէն Գատէհճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իւրաքանչիւր երգի սկիզբը հետաքրքրական տեղեկութիւններ տուաւ երգին ու անոր երաժիշտին մասին:
Յայտագիրի ընթացքին հնչեցին հայկական էսդրատային, ինչպէս նաեւ եւրոպական ու արաբական երաժշտութեան ընտիր նմուշներ:
Երաժշտական յանձնախումբը պատրաստած էր տեսերիզ մը, որ մերթ ընդ մերթ կը ներկայացնէր հնչող երգերու նախկին տարիներու տարբերակներէն պատկերներ, ինչպէս նաեւ` նուագախումբի Սուրիայէն դուրս գտնուող նախկին անդամներուն խումբի յոբելեանին առիթով ուղղած բարեմաղթութիւնները:
Աւարտին Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Անի Գալտնեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վաստակաշատ ղեկավար դոկտ. Րաֆֆի Ապէճեանին, որ սիրով եւ բծախնդիր հետեւողականութեամբ ղեկավարեց նուագախումբը` ի կատար ածելու Համազգայինի առաքելութիւնը` պահել ու սերունդներուն ոգեշնչման աղբիւրը դարձնել հայ մշակոյթը: Ապա սրբազան հօր ձեռամբ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Ապէճեանի:
Օրուան եզրափակիչ պատգամով Մակար արք. Աշգարեան գնահատական խօսք ուղղեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, նաեւ` նուագախումբի անդամներուն, մենակատարներուն եւ գեղարուեստական ղեկավարին: Սրբազանը շեշտեց, որ երաժշտական մշակումն ու գործիքաւորումը բարդ աշխատանք է, որ այս պարագային իրականացած է կարճ ժամանակի մը մէջ, աւելցնելով, որ ղեկավար, երաժիշտներ ու մենակատարներ միասնաբար տքնաջան աշխատանքով հրամցուցին սոյն գեղեցիկ համերգը պայծառ գոյն մը հաղորդելով մեր առօրեային:
Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը Ընդունեց Այցելութիւնը ՀՄԸՄ-ի Ս. Շրջ. Խորհուրդի Եւ Շրջանային Խմբապետներուն
29 յունիսին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ յընթացս, ս. պատարագին, Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 30-ամեակին առիթով հայրապետական մաղթանք կատարեց,որուն ներկայ գտնուեցան` Հալէպէն ժամանած ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային խորհուրդի ատենապետ Նազօ Խաչոյեան, խորհրդական Բեկի Պալմանուկեան եւ Շրջանային խմբապետներ` Րաֆֆի Կարապետեան եւ Թամար Աւետեան:
Այնուհետեւ առաջնորդարանի դահլիճէն ներս հայր սուրբը ընդունեց ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ
Թաղական կազմի ներկայացուցիչներուն, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ Անի Սարգիսեանի, Գամիշլիի վարչութեան եւ սկաուտական խորհուրդի անդամներու, մասնաճիւղի խմբապետուհիին եւ աստիճանաւորական կազմին:
ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը անցնող օրերուն այցելած էր Հասիչէի եւ Տերիքի ՀՄԸՄ-ի կորիզները, որոնց մասին զեկոյց ներկայացուց հայր սուրբին` յայտնելով իր խանդավառութիւնը եւ յառաջիկայ ծրագիրները:
Հայր սուրբը ողջունեց ներկաները` բարձր գնահատելով ՀՄԸՄ-ի բեղուն աշխատանքը, մաղթելով իրենց ծրագիրներուն յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք:
Աւարտին Լեւոն վրդ. Եղիայեան յուշանուէր յանձնեց պատուիրակութեան:
Ֆրանսա
Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Ալեքսադր Խատիսեանի Նորոգուած Շիրմաքարին Առջեւ
Շաբաթ, յունիս 21-ին Փարիզի «Փեր Լաշեզ» գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի նորոգուած շիրմաքարին հանդիսութիւնը, եւ այս առիթով տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` վարչապետին եւ կողքին հանգչող անոր կողակից Քսենիա Խատիսեանի յիշատակին:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Ֆրանսա աքսորուած Ալեքսանդր Խատիսեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին ելոյթներով հանդէս եկան բարերարներ` Քրիսթոֆ Խատիսեան (թոռը), Յակոբ Սազճեան եւ Դրօ Էքմէքճեան, հայահոծ Ալֆորվիլ շրջանի փոխքաղաքապետ Կարօ Խաչիկեան, իսկ Ֆրանսայի ՀՅԴ-ի կառոյցի անունով` Հրաչ Վարժապետեան:
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարուեցաւ ձեռամբ Ֆրանսայի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանի եւ Արնուվիլի հոգեւոր հովիւ Մանուէլ քհնյ. Յովհաննիսեանի:
Ներկաներու շարքին էր նաեւ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Շիրազ Յովակիմեան:
Նորոգուած շիրմաքարին վրայ տեղադրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եռագոյնով պատուած զինանշանը:
Վերջին տարիներուն ահաւոր վիճակ մը կը պարզէր գրեթէ փուլ եկած շիրմաքարը: Կացութիւնը ահազանգային էր: Օրէնքը կ՛ըսէր, որ եթէ դամբարանին տիրութիւն ընող չըլլար, անոր հողաշերտը օր մը պիտի վաճառուէր ուրիշի, եւ հոն ամփոփուած աճիւնները հասարակաց փոս պիտի նետուէին: Տարիները կ՛անցնէին, եւ այդ շիրիմները հայ այցելու եւ խնամող չէին ունենար, եւ այն տպաւորութիւնը ձգած էր, որ անոնք անծանօթներ են եւ հայորդիին չեն պատկանիր:
Միեւնոյն գերեզմանատան մէջ նաեւ հանգչած է Խաղաղութեան ժողովի հայկական պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեանը:
Խատիսեան եղած է Թիֆլիսի համբաւաւոր ընտանիքի զաւակ: Անոր հայրը եղած է պետական բարձր պաշտօնեայ` յարգուած հեղինակաւոր հայ եւ օտար շրջանակներու մէջ: Մայրը կրթուած, հասարակական ջիղի տէր հայուհի էր: Ան կը սիրէր հայ մշակոյթը եւ Մարիսեան ծածկանունով վէպեր ունի հրատարակած: Այսպիսի ընտանիքի մը մէջ ծնած է Ալեքսանդրը` 17 փետրուար 1874-ին: Իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած է կիրթ, հայրենասիրական միջավայրի մէջ: Աւարտելով Թիֆլիսի պետական վարժարանը` ան բժշկական կրթութիւնը ստացած է Մոսկուայի եւ Խարքովի համալսարաններուն մէջ, ապա մասնագիտանալով Գերմանիոյ մէջ, ան վերադարձած է Թիֆլիս` նուիրուելով բժշկութեան:
Բժշկական ասպարէզը նեղ էր Խատիսեանի կարողութեան ու խառնուածքի տէր անհատի մը համար: Ան բնածին հասարակական գործիչ էր` բարձր թռիչքներով եւ բազմութիւնները վարելու ձգտումներով: Պերճախօս, հռետոր, բազմազան հետաքրքրութիւններ եւ ծրագիրներ հետապնդող, արտասովոր կերպով աշխատունակ, ցոյց ու ժողովրդականութիւն սիրող, ազատախոհ եւ լաւ իմաստով պատեհապաշտ, կենդանի գործը վերացական տեսութիւններէն գերադասող, հասարակական բոլոր խաւերու լեզուն հասկցող, հանրութեան ծառայելու պատրաստակամ, դիւրահաղորդ եւ ազնիւ նկարագրի տէր` Խատիսեան ստեղծուած էր հասարակական-քաղաքական գործունէութեան համար: Եւ զարմանալի չէ, որ ան շուտով լքեց այնպէս փայլուն կերպով սկսուած բժշկական ասպարէզը եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ հասարակական գործունէութեան:
Խատիսեան միայն ռուսական յեղափոխութենէն ետք` 1917-ին կը մտնէ ՀՅԴաշնակցութեան շարքերը, բայց անկէ առաջ ալ գաղափարներով ու համակրանքով ալ Դաշնակցութեան հետ էր: Դեռ 1905-ին ան կը փափաքէր անդամագրուիլ Դաշնակցութեան շարքերը, բայց Ռոստոմի, Համօ Օհաջանեանի եւ ուրիշ ընկերներու խորհուրդով կը մնայ դուրսը, որպէսզի իբրեւ անկուսակցական համազգային դէմք` ան յաւելեալ ծառայութիւն մատուցէ հայ ժողովուրդին եւ Դաշնակցութեան: Եւ իր կեանքով ու գործով ան արդարացուց այդ կարծիքը:
Փետրուար 1919-էն մինչեւ մայիս 1920, ան վարեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետութիւնը: 1920-ի ամառը կառավարութեան կողմէ ուղարկուեցաւ արտասահման` փոխառութեան ու ոսկիի ֆոնտի կազմակերպութեան համար: Վերադառնալով Երեւան` պատերազմի օրերուն, անոր վիճակուեցաւ Ալեքսանդրապոլի դաշնագրի ստորագրութիւնը, 2 դեկտեմբեր 1920-ին:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Խատիսեան մեկնեցաւ Փարիզ ու շարունակեց քաղաքական գործունէութիւնը` որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամ, ապա փոխնախագահ եւ վերջը` նախագահ, ներկայացնելով ու պաշտպանելով հայկական շահերը պետութիւններու ու ազգերու դաշնակցութեան առջեւ: Տարագրութեան տարիներուն ան աշխատակցեցաւ հայ մամուլին եւ լոյս ընծայեց «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» արժէքաւոր հատորը:
Խատիսեան մահացաւ Փարիզի մէջ, 10 մարտ 1945-ին:
Սպանիա
Լուսանկարիչ Անտրու Ֆերնանտեզի «Արցախ. Ցեղային Զտման Դէմքերը» Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացում
Կազմակերպութեամբ քաղաքապետարանի եւ Քաթալոնիոյ «Արարատ» հայկական միութեան, վերջերս Սպանիոյ Սուրբ Իլարի Սակալմ քաղաքին մէջ նշուեցաւ փախստականներու միջազգային օրը` լուսանկարիչ Անտրու Ֆերնանտեզի «Արցախ. ցեղային զտման դէմքերը» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացումով:
Ցուցահանդէսի ընթացքին բանախօսները ներկայացուցին 2023 թուականին Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած շուրջ 120 հազար հայերու մարդկային ողբերգութիւնը եւ Արցախի ամբողջ բնակչութեան բռնագաղթի պատմութիւնը: Շեշտուեցաւ նաեւ, որ Բերձորի միջանցքի շրջափակումը, որ ըստ նոյեմբերի 9-ի եռակողմ (Հայաստան, Ազրպէյճան, Ռուսիա) համաձայնագրի, Արցախը առանց խոչընդոտի կը կապէր Հայաստանին, արդէն նոր ցեղասպանութեան ձեւ էր, որ շեշտած էր նաեւ միջազգային դատարանը:
Ցուցահանդէսին ելոյթ ունեցան` Քաթալոնիոյ «Արարատ» հայկական միութեան նախագահ Սարգիս Յակոբեան, լուսանկարիչ Անտրու Ֆերնանտեզ եւ բանաստեղծ, փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր Սլաւի Աւիկ Յարութիւնեան, որոնք ներկայացուցին մարդկային իրաւունքներու խախտումներն ու միջազգային հանրութեան լռութիւնը եւ երկակի չափանիշներու կիրարկումը այս ողբերգութեան պարագային:
Ցուցահանդէսին նպատակն է լուսաբանել փախստականներու կրած տառապանքները եւ դատապարտել Արցախի մէջ իրականացուած ցեղային զտումները` միջազգային հասարակութեանը կոչ ուղղելով մտածելու, դատապարտելու Ազրպէյճանի գործողութիւնները եւ համերաշխութիւն ցուցաբերելու արցախցիներու միջազգային իրաւունքներուն:
Գերմանիա
Հայկական Մշակոյթը Ներկայացուեցաւ Համերգով, Ցուցահանդէսով Եւ Բանախօսութեամբ
Կազմակերպութեամբ Տրեստընի «Հայ տուն» մշակութային միութեան, 21 յունիսին տեղի ունեցաւ հայկական մշակոյթին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ընթացքին ներկայացուեցան` համերգ, ցուցահանդէս եւ բանախօսութիւն:
Օրուան հանդիսավարն էր միութեան փոխատենապետ Արմէն Հայդէեան, որ գերմաներէնով ու հայերէնով ներկայացուց ելոյթ ունեցողները, նաեւ ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ հայ մշակոյթի մասին:
Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին` երգչուհի Աննա Առաքելեան, դաշնակահարուհի Նարինէ Մարտոյեան, Գոռ Յարութիւնեան, սոփրանօ Հրաչուհի Բասենց, սաքսոֆոնիստ Արա Առաքելեան:
Օրուան բանախօսն էր արուեստաբան Հայարփի Յակոբեան, որ ներկայացուց «Ճամբորդութիւն անցեալով. հայկական գրքարուեստը միջնադարուն» նիւթով դասախօսութիւնը, որուն ընթացքին ան տեսերիզի միջոցով ցոյց տուաւ հայ մանրանկարչութեան եւ հոգեւոր ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ ձեռարուեստի բացառիկ նմուշներ:
Այնուհետեւ օրուան հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց երեք գեղանկարիչները, որոնց աշխատանքները ցուցադրուած էին սրահին մէջ: Գեղանկարիչ եւ քանդակագործ Արարատ Հայդէեան, երիտասարդ գեղանկարիչներ Արէն Շահնազարեան եւ Նարեկ Արզումանեան, որոնք կիսեցին անցեալի ու ներկայի իրենց մտածումները:
Ուրուկուէյ
ԹՈՒՄՕ–ի Ուրուկուէյի Կեդրոնի Հիմնարկէքին Ներկայ Եղաւ Երկրին Նախագահը
Վերջերս Ուրուկուէյի «ՔԽարրասքօ» միջազգային օդակայանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի հիմնարկէքի արարողութիւնը` ներկայութեամբ Ուրուկուէյի նախագահ Եամանտու Օրսիի, նախարարներու, Ceibal կրթական նորարարական կեդրոնի տնօրէն Ֆիորելլա Խայիմի, Հայաստանի դեսպան Մարիամ Գէորգեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու:
Ելոյթներով հանդէս եկան` Ուրուկուէյի նախագահը, Corporacion America Airports ընկերութեան ընդհանուր գործադիր տնօրէն Մարթին Էռնէկեան եւ Ceibal-ի տնօրէնը:
ԹՈՒՄՕ կեդրոնը Ուրուկուէյի մէջ պիտի բացուի 2026-ին, «ՔԽարրասքօ» օդակայանի յարակից տարածքին մէջ:
Նախագիծը կը գործադրուի Corporacion America Airports-ի եւ Ceibal-ի գործակցութեամբ:
Միացեալ Նահանգներ
Քըննեթիքեթի Ասորիներու Ս. Թովմաս Եկեղեցւոյ Հովիւ Պօղոս Քհնյ. Նամրուտի Այցելութիւնը Ս. Ստեփանոս Եկեղեցի
26 յունիսին Քըննեթիքեթի ասորիներու Ս. Թովմաս եկեղեցւոյ հովիւ Պօղոս քհնյ. Նամրուտ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ գաղութի հովիւ Խորէն արք. Տողրամաճեանի: Երկու հոգեւորականները եկեղեցւոյ մէջ միասնաբար աղօթելէ ետք, մասնաւոր աղօթք կատարեցին 22 յունիսին Դամասկոսի մէջ Ս. Եղիա եկեղեցւոյ առջեւ պայթումի պատճառով նահատակուած զոհերուն հոգիներուն եւ վիրաւորներուն համար: Ապա, սրահէն ներս անոնք ծանօթացման հանդիպում մը ունեցան` ներկայութեամբ եկեղեցւոյ աւագ սարկաւագ Էտ Վարժապետեանի: Հանդիպումի ընթացքին անոնք արծարծեցին զանազան հոգեւոր, ազգային եւ երկու համայնքներուն հետ կապուած նիւթեր: Երկու կողմերը փափաք յայտնեցին, որ յաճախակի ըլլան նման հանդիպումները` առաւել եւս սերտացնելու երկու քոյր եկեղեցիներու յարաբերութիւնները: