Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաք. Արժանի Չէ՞ Ապտակի…

Յուլիս 3, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Յակոբ Պարոնեանի գրածներուն մէջ, յաճախ կը հանդիպինք «Առտնին տեսարաններ» խորագրեալ պատկերներու:

Փարիզէն լուրեր սպրդած են, որ նման առտնին տեսարան մը տեղի ունեցած է նախագահին տան մէջ: Տիկին Պրիժիթ Մաքրոն իմանալով, որ ամուսինը` Հայաստանի բարեկա՜մ ճանչցուած Էմմանուէլը, զօրակցութիւն յայտներ է Նիկոլ Փաշինեանի խաղաղասիրութեան ու մանաւանդ ժողովրդավարական կիրարկումներուն, շառաչուն ապտակ մը իջեցուցեր է անոր երեսին: Գիտէ՛ք, չէ՞, Պրիժիթը (Պարտոն չէ) Մաքրոնի ուսուցչուհին եղած է, երբեմն կ՛ապտակէ (եղեր) չարաճճին: Վստահաբար շատեր կը յիշեն, որ 28 մայիսին, երբ անոնք Վիեթնամ հասեր էին եւ կը պատրաստուէին օդանաւէն դուրս գալու, ազնուաշուք տիկինը լրագրողներու ոսպնեակներուն դիմաց ապտակած էր ամուսինը (տեսնել լուսանկարը):

Հիմա պիտի հարցնէք, թէ մատամ Պրիժիթը ինչո՞ւ դարձեալ ապտակեր է Մաքրոնը:

Լսող եղած է անոնց միջեւ հետեւեալ վէճը:

ՊՐԻԺԻԹ – Չե՞ս ամչնար եւ գնահատանքով կը խօսիս Փաշինեանի ժողովրդավար ըլլալուն մասին: Լուր չունի՞ս, որ ան Հայաստանը վերածած է ոստիկանական երկրի մը, ընդդիմադիրները հալածանքի եւ անտեղի կալանաւորման կ՛ենթարկէ, վերջին օրերուն ալ կրօնաւորներ աւելցուցեր է ցանկին վրայ:

ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ – Լուր ունիմ, ամէն բանէ տեղեակ եմ:

ՊՐԻԺԻԹ – Է՞, ինչպէ՞ս կրնաս զօրակցութիւն յայտնել… Ա՞յս է ժողովրդավարութիւնը… մենք` ֆրանսացիներս, որ կը հպարտանանք ժողովրդավարութեան դրօշակիրներէն ըլլալնուս համար… Քեզի այսպէ՞ս սորվեցուցինք ժողովրդավարութիւնը… (շրա՜խ, ապտակը իջեր է):

ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ (Կարմրած այտը շփելով) – Ամա՛ն, կնի՛կ, դուն ո՞ր դարուն մէջ ես: Գիրքերուն մէջի եւ իրական կեանքի ժողովրդավարութիւնները իրարու նման չեն, յաճախ մէկը միւսին հակառակն է:

ՊՐԻԺԻԹ – Չհասկցայ… Այս ի՞նչ նորութիւն է:

ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ – Նորութիւն չէ. նոր աշխարհին մէջ, երբ ժողովրդավարութիւն ըսենք, քու գիտցած բաներդ պէտք է մոռնաս: Երբ տեղ մը որեւէ շահ ունիս` քաղաքական, նիւթական կամ ուրիշ տեսակի, իրաւունք ունիս իրական ժողովրդավարութիւնը դարակի մը մէջ դնելու, կղպելու եւ բանալին գետը նետելու:

ՊՐԻԺԻԹ – Չեմ համոզուիր: Մենք Ֆրանսական յեղափոխութիւնները (յիշեցուցեր է որ, 1789-ի յեղափոխութենէն ետք ուրիշներ ալ եղած են) կատարեցինք, որպէսզի ազատութիւն, արդարութիւն, հաւասարութիւն եւ մարդկային իրաւունքներ հաստատուին: Հիմա ի՞նչ ապուշութիւններ դուրս կու տաս… (փորձեր է երկրորդ ապտակ մը հասնցել, ճարպիկ Էմմանուէլը դէպի ետ արագ ոստումով մը կաշին փրկեր է):

ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ – Մոն ուազօ (կը նշանակէ թռչնիկս, Պարոնեան պիտի ըսէր` ղուշիկս), բացատրեմ, որ հասկնաս: Եթէ մեր շահը պահանջէ մենք կրնանք ժողովրդավար նկատել Ալիեւն ու Էրտողանը, Փաշինեանն ու բոլոր անոնք, որոնցմէ շահ կ՛ապահովենք…

ՊՐԻԺԻԹ – Հասկնալի է, որ Ալիեւէն քարիւղի եւ այլ շահու ակնկալութիւններ ունինք, բայց սա Փաշինեան-կտորէն ի՞նչ շահ…

ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ – Լուր չունի՞ս… հիմա կ՛աշխատինք անոր միջոցով Կովկասի մէջ ոտք ունենալ ընդդէմ ռուսերուն: Մեր ամերիկացի պոսերն ալ նոյնը կ՛ընեն, ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներն ալ նոյնը կ՛ընեն, մի՛ մոռնար, որ Թուրքիան ալ` Ազրպէյճանի պոսը, ՆԱԹՕ-ի անդամ է: Բոլորս ալ փաշինեանականները ժողովրդավար կը նկատենք, աչք կը փակենք անոր բոլոր բռնարարքներուն, ժողվուրդին վրայ կրակելուն: Ան հիմա կը նմանի լարուող խաղալիքի մը (թէեւ նոր խաղալիքները ելեկտրոնային սարքերով օժտուած են, բայց դեռ լարուող տեսակներն ալ կան), որուն ընել կու տանք` ինչ որ ուզենք: Մենք չէի՞նք կնքահայրերէն մէկը, երբ Փաշինեան Արցախը նուիրեց Ազրպէյճանին եւ հպարտացաւ, որ նման առաջին որոշում տուողն էր, մեր սիրելի բարեկամ Շարլ Միշէլն ալ ծափահարեց անոր «քաջ քայլը»: Թող միամիտ հայերը շարունակեն հաւատալ, որ «նախկինները» տուած են Արցախը: Մենք ալ երբեմն բարի տրամադրութիւններ կ՛արտայայտենք արցախցիներուն մասին, որովհետեւ Ազրպէյճանէ՛ն ալ ակնկալիքներ ունինք:

ՊՐԻԺԻԹ – Ականջներուս չեմ հաւատար… Մեր երկիրը երբէ՞ն ի վեր ա՛յսքան շահամոլ դարձած է…

ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ – Եթէ քիչ մը պատմութիւն կարդաս, պիտի տեսնես, որ բոլորովին ալ նորութիւն չէ: Անցեալին ասկէ աւելի՛ վատն ալ ըրեր ենք: Ա. Աշխարհամարտին հայերը մեր կողքին կռուեցան օսմանցիներուն դէմ, իրենց խոստացանք, որ, օրինակի համար, Կիլիկիոյ մէջ հայկական տիրապետութիւն պիտի ունենան, յետոյ, մէկ գիշերուան մէջ ծախեցինք մեր դաշնակիցները եւ սկսանք գործակցիլ Մուսթաֆա Քեմալին հետ: Հասկցա՞ր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ շահ…

Վէճը այս ընթացքով քիչ մըն ալ շարունակուեր է: Պրիժիթ Մաքրոն այս բոլորը մտիկ ըրեր է թերահաւատութեամբ ու սկսեր է մտածել, որ ինք իսկապէս մանկամիտ մըն է աշխարհը ղեկավարել յաւակնողներու «վարպետութիւններուն» դիմաց:

1 յուլիս 2025

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Աւարտական Հանդէս, Վկայականներու Բաշխում Եւ Ուսուցիչներու Պարգեւատրում

RelatedPosts

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը
Անդրադարձ

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը

Նոյեմբեր 1, 2025
Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»
Անդրադարձ

Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»

Նոյեմբեր 1, 2025
Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի.  Արցախո՛վ
Անդրադարձ

Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի. Արցախո՛վ

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?