Վտանգին Դիմաց` Ազգային Միութիւն
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Իսրայէլ ամիսներէ ի վեր կը սպառնար ուժեղ հակահարուածով մը վերջ տալ լիբանանեան Հըզպալլայի (Ալլահի կուսակցութեան) զօրակցութեան` Կազայի պաղեստինցիներուն: Այդ զօրակցութիւնը, ինչպէս կը յայտնէին Հըզպալլայի պատասխանատուները, նպատակ ունէր մեղմել Կազայի վրայ զինական ճնշումը` զօրագունդ մը զբաղեցնելով Իսրայէլի հիւսիսային շրջանին մէջ: Իսրայէլ հիւսիսային շրջանին մէջ պարտաւոր էր ճակատ մը բանալ եւ հաւանական յարձակումներէ ու զինուորական գործողութիւններէ պաշտպանելու համար բնակիչները, զանոնք...


















