ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Չեմ գիտեր` առարկողներ պիտի գտնուի՞ն, թէ՞ ոչ, եթէ արձանագրեմ, որ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակէն ետք Հայ դատի ճակատին վրայ արձանագրուող յաղթական յառաջընթացը ոչ միայն կասած է, այլ նաեւ յետընթացի մէջ կը գտնուի ներկայիս` պատճառովը Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան, որ չգիտցաւ կամ չկրցաւ պատմութեան հետ ժամադրուիլ եւ ներկայացուած առիթներէն օգտուիլ: Անցնող երեսուն տարիներու թէկուզ մակերեսային վերաքաղ մը այդ ենթադրել կու տայ, որքան ալ շրջանային ուժերու ռազմավարական թէ քաղաքական կեանքի յարափոփոխութիւնը ծանրակշիռ դեր ունեցած ըլլայ ստեղծուած վիճակներու մէջ:
Արցախեան յաղթանակին յաջորդող շուրջ 25 տարիներուն խնդիրը դրուած էր միջազգային դիւանագիտական քաշքշուքներու սեղանին, ուր Հայաստանի դիւանագէտներն ու գործող նախագահները անկարող եղան յաղթականի դիրքէ ի նպաստ մեզի առաջարկի մը շուրջ համախոհութիւն ստեղծելու եւ լուծում տալու հարցին հակառակ այն իրողութեան, որ հայաբնակ Արցախի պատմական տուեալներու փաստը կար, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի ստեղծումէն ետքն էր միայն, որ վիճելի եղաւ անոր հայապատկանութիւնը… Ի սկզբանէ գիտէինք նաեւ, որ միջազգային ընտանիքին (Մինսքի եռանախագահներուն) համար անպայման ազերիին վերադարձուելու էին ազատագրուած վեց կամ եօթը շրջանները, որպէսզի Արցախի կարգավիճակի մասին կարելի ըլլար եզրակացութեան մը յանգիլ: Չեղաւ: Ապիկարութի՞ւն, յաղթականի գինովութի՞ւն, մեծամտութի՞ւն, թէ՞ առաւելապաշտութիւն, դժուար է ըսել: Թերեւս ալ, ո՛վ գիտէ, մերիններուն խելքն ու միտքը ուրիշ առաջնահերթութիւններով կլանուած էին… Սակայն փաստը այն է, որ այդ 25 տարիներու ընթացքին Ազրպէյճան ամրացուց իր բանակը ,անոր պատերազմական զինանոցը հարստացուց արդիական տարատեսակ զէնքերով: Մինչ մերիննե՞րը… ուրիշ առաջնահերթութիւններու տրուած էին: Առաջին հերթին մեզ չսթափեցուց այն, որ Ազրպէյճան մերժեց Քոչարեանի եւ պապա Ալիեւի միջեւ Քի Ուեսթի մէջ կայացած հողային փոխանակման համաձայնութիւնը, որով Ազրպէյճան պիտի միանար Նախիջեւանին եւ այդ ճամբով` Թուրքիոյ, ինչ որ մահ կրնար ըլլալ մեզի, բայց կեանքի չափ կարեւոր է ազերիին համար: Ասիկա կը նշանակէր, թէ որեւէ հանգամանքներու մէջ Ազրպէյճան պիտի չընդունէր Արցախի անկախութիւնը կամ միացման տարբերակը: Եւ պիտի պատրաստուէր պատերազմի:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը չսթափեցաւ նոյնիսկ 2016-ի քառօրեայ պատերազմէն ետք, որ նախերգանքն էր 44-օրեայ չարաշուք աղէտին, եւ որ` յստակ կը դարձնէր մեր թշնամիին զինական գերակշռութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին անտարբերութիւնը` մեր պահանջին նկատմամբ:
Հայաստանի վերանկախացման առաջին օրերէն հայրենի բնակչութիւնը կը գալարուէր` անարդարութեան, չքաւորութեան, ապօրինի հարստացման, իշխանական դիրքերու շահագործման, իշխանատենչութեան ախտաւոր վիճակներէ, որոնց պատճառով ժողովրդային համատարած ցասումը յանգեցաւ ըմբոստութեան եւ բռնի իշխանափոխութեան, ինչ որ նոր աղետ մը դարձաւ հայութեան ու Հայ դատի ապագային համար: Նոր իշխանաւորները , նուազագոյնը ըսելու համար, անփորձ էին, յաւակնոտ ու ձախաւեր եւ ազգային տեսլական չունէին: Իսկ «հին»-երը անհանդուրժող եղան «նոր»-երուն հանդէպ: Եւ այսպէս, սկսաւ հիներու եւ նորերու անհաշտ ու անզուսպ պայքար մը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր` պատճառ դառնալով ժողովուրդի պառակտումին:
Բնական էր, որ նոր իշխանաւորներու ապիկարութիւնն ու քաղաքական ձախաւերութիւնները, ժողովուրդի պառակտուածութիւնը, շրջանային բեմի վրայ խաղացող մեծապետական ուժերու բարեացակամութիւնը պիտի քաջալերէին Ազրպէյճանը, որ իրեն օժանդակ ունենալով Թուրքիան ու Իսրայէլը , ինչպէս նաեւ իր բանակը վարձկան կռուողներով համալրած` 2020-ի 27 սեպտեմբերին լայնածաւալ ու անակնկալ յարձակում շղթայազերծէ մեր վրայ եւ վերագրաւէ առաջին պատերազմով եւ բազմահազար երիտասարդներու արեան գնով մեր ազատագրած հայրենի հողերը եւ Շուշին: Իսկ 28 սեպտեմբեր 2023-ին նոր յարձակումով մը մէկ օրուան մէջ զինաթափ ընէ Արցախի հայկական բանակը, որուն բարձրագոյն հրամանատարը` Արցախի օրուան նախագահը ամօթալի հրամանագիրով մը պիտի լուծարէր պետութիւնը, որ ձեռք բերուած էր անօրինակ հերոսութեամբ ու հերոսներու նահատակութեանց գնով: Գրաւողները ահ ու սարսափ տարածեցին` տեղի հայութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկելու դիտաւորութեամբ, որմէ խուսափելու համար 120.000 հայեր խուճապի մատնուած` երեք օրուան մէջ լքեցին իրենց տուներն ու պապենական հողերը եւ ապաստան գտան Հայաստանի մէջ: Պատկերացուցէ՛ք, երեք օրուան մէջ 120.000 հայերու խուճապահար փախուստ` կեանքի փրկութեան համար:
Այսպէս էր, որ սեւ վարագոյրը իջաւ հայկական Ղարաբաղի` Արցախի վրան:
Հայ ժողովուրդը շա՜տ ու շատ պարտութիւններ տեսած է իր պատմութեան մէջ: Սակայն միշտ ալ գտնուած են առաջնորդներ, որոնք յոյս ու բարոյական կորով ներշնչած են ազգայիններուն, որպէսզի ազգը ոտքի կանգնի, մէջքը ուղիղ բռնէ, տեսլական ունենայ եւ պարտութիւններուն մէջ յաղթանակ փնտռէ: Շնորհիւ այդօրինակ առաջնորդներուն է, որ վերապրած է ազգը: Օրինակներ բազմաթիւ են, բայց անոնցմէ թուենք գէթ երկուքը, հին ու նոր ժամանակներէն, որոնք հանրածանօթ են: Հինէն` Վարդանանց ապստամբութիւնն է, որ հազիւ մէկ օր տեւեց եւ բոլոր ղեկավարները, ներառեալ` Վարդան, ինկան Աւարայրի մէջ: Օրինաչափ (սթանտարտ) պարտութիւն էր Աւարայրը, բայց մենք յաղթանակի վերածեցինք այդ պարտութիւնը եւ անով սերունդներ ներշնչեցինք հայրենասիրութեամբ… Նորագոյնը Ցեղասպանութենէն ետք հոս-հոն տարտղնուած գաղթական հայերու խլեակներն էին, անղեկ, շուար ու անհեռանկար, որոնք տարին հեղ մը` ապրիլ 24-ին, կը սգային իրենց մեռելները: Ահա այդ օրերուն եւս ունեցանք առաջնորդներ, որոնք նոյնպէս գաղթական, անոնցմէ շատեր պետութիւն ու անկախութիւն կորսնցուցած ցաւատանջ մարդիկ, իրենց մէջ գտան ուժը մէջքերնին շտկելու եւ ոտքի հանելու շուարած ու անտէր հայու խլեակները, քաղաքական կողմնացոյց դարձան անոնց համար, անոնցմով համայնքներ ու սփիւռք կազմակերպեցին եւ զանոնք միաւորեցին ազգային տեսլականներով եւ Հայ դատի նպատակով: Ապրիլ 24-ի սգահանդէսները ողբէն վերածուեցան Հայ դատի պահանջատիրական պայքարի ու այդ պայքարին նոր թափ տալու եւ նոր յառաջընթաց արձանագրելու վճռական համախմբումներու:
Իսկ հիմա՞: Պարտուած իշխանութիւնը փոխանակ ճիգ ընելու, որ վերականգնէ ազգի բարոյական կորովը, ընդհակառակն, ոչ միայն համակերպած է պարտութեան, այլեւ պարտուած է նաե՛ւ հոգիով: Տակաւին աւելի ահաւորը կայ` հետզհետէ տոկմայի կը փորձէ վերածել ու փարիլ կարգախօսի մը, թէ` հայրենասիրութիւնը վտանգաւոր է ազգին ու հայրենիքին համար… Ճահիճի մէջ ինկողը երկու ընտրանք ունի. կա՛մ իր կերը կը փնտռէ ճահիճի մէջ, որ վերապրի, կա՛մ ճիգ կը հանդիսադրէ ճահիճէն դուրս գալու համար: Հայաստանի ներկայ իշխանաւորները ընտրած են առաջին տարբերակը եւ այդ ընտրանքին համար կը ջանան հետեւորդներ բազմացնել իրենց քարոզչական լծակներով:
Ասիկա մահացու վտանգ է ազգին ու Հայ դատին համար: Ե՞լքը. ահա՛ բուն խնդիրը եւ ներկայի մեծագոյն մարտահրաւէրը` քաղաքական բոլոր այրերուն ու խմբաւորումներուն համար:
Իշխանաւոր ըլլալ, չի նշանակեր անպայման իրաւունք ունենալ, ինչպէս նաեւ գործող կուսակցութիւններուն ու քաղաքական այրերուն իրաւունքը չէ սեփական օրակարգ հետապնդելու, երբ ազգին առջեւ ծառացած է մեծագոյն մարտահրաւէրի մը անյետաձգելի օրակարգ մը: Այլապէս, համատարած հիասթափութիւնը կը կրծէ ազգի ուժականութիւնը, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այս օրերուն: Սթափի՛նք…
Բազմահազար երիտասարդներու արեան գնով Արցախի առաջին պատերազմի յաղթանակը եւ հայրենի հողատարածքներու ազատագրութիւնը հսկայաքայլ ոստում մը կազմեցին Հայ դատի յառաջընթացին մէջ: Իսկ հիմա, հայկական Արցախի կորուստով անփառունակ յետընթացի մը մէջ կը գտնուինք:
Աթէնք, 24 սեպտ. 2024